Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատիկանի Արխիւները Կը Լուսաբանեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Մայիս 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ

5-27-15_vatican-archivesՆախքան թեւակոխելը սոյն տարեթիւին` համատարած համոզում էր, որ անսպասելի զարգացումներ պիտի ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին շուրջ: Սակայն ի դէմ այս ընդհանուր համոզումին` քիչեր միայն կը պատկերացնէին այդ զարգացումները: Քանի որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազգային խնդրի վերածած է Ցեղասպանութեան միջազգային գետնի վրայ ճանաչումը, բնականաբար պիտի մշակուէր միջպետական որոշ ռազմավարութիւն: Բայց հաւանաբար շատ քիչեր միայն պիտի կարենային մտաբերել, թէ կաթողիկէ դաւանանքի պետը` Հռոմի պապը եւս բերէ իր ներդրումը: Արդարեւ, Ֆրանչիսկոս պապը 12 ապրիլին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ յատուկ արարողութիւնով մը պիտի յիշատակէ 1915-ի զոհերը:

Մինչ այդ Վատիկանի արխիւներուն մէջ մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր մոռացութեան մատնուած նիւթերն ալ կրկին լոյս աշխարհ կու գան` շնորհիւ այս եկեղեցւոյ նախաձեռնութեան: «Լա Սիվիլթա Կաթոլիկա» պարբերականի մէջ հրատարակուած փաստաթուղթերը կը վկայեն Վատիկանի` Հայոց ցեղասպանութեան գործադրուած օրերուն կատարուած դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները եւ օգնութեան աշխատութիւնները: Հայր Ճորճ Հանրի Ռայսընի կողմէ պատրաստուած եւ 21 մարտին հրատարակուած են այս նիւթով փաստաթուղթեր պարունակող չորս հատորներ: Արխիւի ամբողջութիւնը հրատարակուած պիտի ըլլայ մարտ ամսու վերջերուն: Փաստաթուղթերը կը պատկանէին Արեւելեան եկեղեցիներու սենաթի արխիւներուն: Անոնց մէջ կը հանդիպինք Հռոմի պապերուն` օսմանեան սուլթաններուն ղրկած նամակներու, Վատիկանի արտաքին գործոց ներկայացուցչութեան եւ եկեղեցւոյ այլ վարչական կազմերուն մասին փաստաթուղթերու, միսիոնարներու տեղեկագրերու, հայոց պատրիարքներէն եւ այլ հոգեւորականներէն եկած նամակներու եւ եկեղեցի հասած վկայութիւններու:

Այս փաստաթուղթերէն շատեր առաջին անգամ է, որ կը հրապարակուին: Անոնց մէջ ուշագրաւ է Պենետիկտոս ԺԵ-ի` օսմանեան սուլթան Ռեշատին ղրկած երկու նամակները: 10 սեպտեմբեր 1915 թուակիր նամակին մէջ պապը կը պահանջէ, որ սուլթանը դիրք բռնէ հայոց ուղղուած բռնութեան դէմ: Իսկ 12 մարտ 1918 թուակիր նամակին մէջ դիւրութիւններ կը պահանջուին հայոց ի նպաստ օգնութեան գործադրման համար:

Պարբերականին համաձայն, այս նամակները կ՛ապացուցեն, թէ Վատիկան չէզոք չէ մնացած կոտորածներուն դէմ, այլ աշխուժ աշխատութիւն տարած է դրութիւնը բարելաւելու համար: Տակաւին կը պնդուի, որ Պենետիկտոս պապը այդ շրջանին միակ քաղաքական եւ հոգեւոր պետն էր, որ այս զանգուածային յանցագործութեան դէմ կը բողոքէր:

Վատիկանի դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները այսքանով չեն սահմանուած: Կաթողիկէ եկեղեցին 1917-ին Ճեմալ փաշային կողմէ Սուրիոյ մէջ մահապատիժի դատապարտուած 60 հայերու ազատ արձակման համար միջնորդութիւն ըրած է: Վատիկան 1921-ին կարտինալ Փիէթրօ Գասպարի միջոցով տեսակցած է Մուսթաֆա Քեմալի հետ եւ պահանջած` ցեղասպանութենէն փրկուած քրիստոնեաներու կեանքի եւ ինչքերու անվտանգութեան պահպանումը:

Հրապարակուած փաստաթուղթերով յայտնի կը դառնայ, թէ Վատիկան, բացի դիւանագիտական միջամտութիւններէ, գործադրած է նաեւ Ցեղասպանութենէն փրկուածներու ի նպաստ օգնութեան աշխատանքներ: Պարբերականը կը պնդէ, որ բացի Կարմիր խաչէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կազմակերպութենէն, արեւմտեան որեւէ մարդասիրական կազմակերպութիւն հայոց օգնութեան չէ փութացած: Մինչ Վատիկան հայ որբուհիները պատսպարած է Հռոմի մօտակայ Քաստել Կանտոլֆօ ուղղափառ եկեղեցւոյ որբանոցին մէջ:

1887-1904 թուականներուն միջեւ Պոլսոյ մէջ պաշտօնավարած Ակուստօ արք. Պոնեթիի Վատիկան ուղարկած տեղեկագիրներն ալ կարեւոր փաստաթուղթերէն կը համարուին: Ան ԺԹ. դարու վերջերուն կարեւորագոյն օրակարգը հանդիսացող հայկական խնդրին եւրոպացիներու կողմէ օր ըստ օրէ մոռացութեան մատնուիլը կը բացատրէ անոնց «ի գին ամէն ինչի Օսմանեան կայսրութեան ամբողջութիւնը պահպանելու մարմաջ»-ին: Պոնեթի կ՛ըսէ, որ Ֆրանսա մեծ ներդրումներ ունեցած է կայսրութենէն ներս, այդ պատճառով այս դիրքը կը պահէ: Ռուսիա իր հեռաւոր Արեւելքի ռազմավարութիւններուն համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ վերապահ կը մնայ: Գերմանիոյ նիւթական շահերը կը պահանջեն, որ թուրքերու եւ յոյներու միջեւ պատերազմը շարունակուի, իսկ Անգլիա շատ կարեւոր քաղաքական ակնկալութիւններ ունի:

Բացի վերեւ նշուած հոգեհանգստեան արարողութենէն, անուանի երգիչ Շարլ Ազնաւուր ալ համերգ մը պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ:

 

 

Նախորդը

Վանի Հերոսամարտին Շնորհիւ Ստոյգ Մահէ Փրկուեցան Տասնեակ Հազարաւոր Հայեր

Յաջորդը

Հիւանդութիւն Եւ Կեանքի Նոր Էջեր

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?