Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաղթանակներու Ամիսը Եւ Մենք

Մայիս 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

5-28-15_SARDARAPAT-1

Քիչ ժողովուրդներ երկրագունդի վրայ մնայուն աղէտներու ու կորուստներու շարքէ մը ետք ունեցած են վերականգնելու եւ զօրաւոր թափով պատմութեան մէջ իրենց ընթացքը շարունակելու պատեհութիւն: Քիչ ժողովուրդներ գրեթէ ամէն ինչ կորսնցնելէ ետք գերմարդկային ճիգով մը ոտքի կանգնելով, կրցած են կերտել անկախ պետական տուն` պատերազմի դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակներու իբրեւ անմիջական արդիւնք, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ կը կարծուէր, թէ ամէն ինչ կորսուած է այդ ժողովուրդին համար: Աշխարհի վրայ նաեւ քիչ ժողովուրդներ կան, որոնք իրենց օրացոյցին վրայ գտնուող ողբի ու աղէտի ամիսէն ետք ունին պատերազմական մնայուն յաղթանակներու շարքի ամիս մը: Այդ ժողովուրդներուն շարքին է հայ ազգը, որ մայիսեան այս օրերուն, ամսուան առաջին կիսուն յաղթանակներուն տօնական նշումէն ետք, նոյնպիսի տօնական մթնոլորտի մէջ կը նշէ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ այլ յաղթանակներու տարեդարձները, որոնց շնորհիւ էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբի թուականէն ճիշդ 3 տարի ետք հայութիւնը, հիւծուած, բայց ճակատը բարձր, կրցաւ վերականգնել իր պետականութիւնը` 6 դարերու կորուստէ եւ օտարին լուծին տակ ճզմուած մնալէ ետք:

Այսօր անհրաժեշտ է պատիւը վերապահել արժանաւորներուն, այն անյայտ աշխարհազօրայիններուն, որոնք հայութեան մահ ու կենաց մայիսեան այդ գուպարներուն մէջ իրենք զիրենք նետեցին` յոյսի նշոյլ մը փրկելու վերջին ճիգով մը: Անոնք եկած էին տարբեր գաղափարական պատկանելիութիւններէ, սակայն եկած էին ու ճակատին վրայ կը գտնուէին մեկնելով մէկ նպատակէ` թոյլ չտալ, որ հայութեան արեւելեան հատուածն ալ ենթարկուի արեւմտեան հատուածի դաժան ճակատագիրին: Անոնք եկած էին հազարներով` իրենց խաղաղ գիւղերէն ու քաղաքներէն, եկած էին նոյնիսկ զինման պատշաճ մակարդակը չունենալով, անոնցմէ շատերուն գերեզմանները անյայտ են այսօր, բայց այդ հերոսներն են, ժողովուրդի համեստ խաւերէն ելած այդ աշխարհազօրայինները, որոնք վերջին ճիգով մը փրկեցին հայութեան պատիւը, անոր տուին պետականութիւն, անոր տուին անկախ ու ազատ ապրելու արժանապատուութեան զգացում:

Պահ մը հարց տանք. ի՞նչ տուին մեզի 1918-ի մայիսեան յաղթանակները: Այդ յաղթանակները մեզի շատ բան տուին: Կը բաւէ միայն, որ այդ յաղթանակները առաջին անգամ ըլլալով, երկար ժամանակէ ի վեր, կարելիութիւնը ընձեռեցին հայ ժողովուրդին, որ պահ մը թօթափէ պարտուածի իր հոգեբանութիւնը, որ տեւական ժամանակ բոյն դրած էր հայ մարդոց հոգիներուն մէջ: Ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ ծայր աստիճան յուսահատական վիճակի մը մէջ հայոց բազուկի ուժը իր հատու խօսքը կ՛ըսէր, հայկական փոքրաթիւ զօրքեր, որոնց մեծ մասը` աշխարհազօրայիններ, կը ջախջախէին իրենցմէ կրկնապատիկը երեւութապէս աւելի զօրաւոր կանոնաւոր բանակ, եւ ասիկա քիչ ձեռքբերում մը չէ հայոց ժամանակակից ռազմարուեստի պատմութեան մէջ: Իրականութեան մէջ սակայն 1918-ի մայիսեան ճակատամարտերուն ընթացքին կիրարկուածը հայոց բանակի ռազմարուեստի պատմութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն շարունակութիւնն էր: Նոյն կորովն էր, որ համակած էր իր հայրենիքի վերջին բաժինին պաշտպանութեան համար ոտքի կանգնած հայ մարդը, նոյն ոգին էր, որ այդ մարդը կը մղէր գերագոյն զոհաբերութեան` յանուն իր հայրենի հողին եւ ազգին: Նոյնն էր, յար եւ նման Մամիկոնեաններուն, որոնք աւելի նախանձելի պայմաններու մէջ չէր, որ հայութեան արժանապատուութիւնը փրկելու համար քանիցս զէնքի դիմած էին պատմութեան տեւողութեան: Մայիսեան յաղթանակներուն հերոսները այդ իմաստով ալ պատմութեան դասը ըմբռնած էին. չկար փրկութիւն` առանց ապաւինելու սեփական  ուժերուն, առանց անսալու ազգին կանչին:

Ո՞ւր ենք մենք այսօր 1918-ի մայիսեան զինուորական յաղթանակներէն: Այդ յաղթանակները աննախադէպ իրադարձութիւններ էին հայութեան ինկած կորովն ու ոգին բարձրացնելու, համախմբելու զայն  միեւնոյն նպատակին` ազգին պետական տունը զերոյէն կերտելու նպատակին շուրջ: Այդ սերունդը արժանաւորապէս կատարեց իր պարտականութիւնը, մեզի տուաւ ազատ ու անկախ ապրելու, պետական առանձին տուն ունենալու տեսլական մը, որ չխաթարուեցաւ 70 տարուան խորհրդային ամբողջատիրութեան խարդաւանքներէն: Այդ ամբողջատիրական ժամանակաշրջանէն ետք դարձեալ վերականգնեցինք անկախութիւնը, վերականգնեցինք ազգային խորհրդանիշները, որոնք գոյութիւն ունէին 1918-ի հանրապետութեան օրերուն: Սակայն կարեւորը այսօր է: Նոյնքան ծանր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ հայութիւնը այսօր, որքան 97 տարի առաջ: Ազատ եւ անկախ ապրիլը նոյնքան եւ աւելի ճիգ կ՛ենթադրէ այսօր, որքան 97 տարի առաջ: 97 տարիներ առաջ մարդիկ սովէն կը մեռնէին Երեւանի փողոցներուն մէջ, այսօր երկիրը կը դատարկուի շարունակուող արտագաղթին պատճառով: 97 տարիներ առաջ Հայաստանը եւ առհասարակ ամբողջ հայութիւնը տարրական անվտանգութեան ապահովման հարց կը դիմագրաւէին, ամէն կողմէ շրջապատուած ըլլալով թշնամական երկիրներով, բայց այսօր ալ նոյնն է  պարագան, հայրենիքը` Հայաստանի Հանրապետութեամբ եւ Արցախով անվտանգութեան մնայուն մարտահրաւէրը կը դիմագրաւեն, բայց այդ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ նաեւ գաղութահայութիւնը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ` վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:

Ինչի՞ մէջ կը կայանայ ելքը: Այդ ելքը կը կայանայ անգամ մը եւս 1918-ի մայիսեան յաղթանակներու ժամանակաշրջանին օրինակով ազգային համախմբումը իրագործելով եւ այդ միասնականութեան ոգիին միջոցով ճիգ չխնայելով, որ հայկական ներկայութիւնը պահպանուի ու հզօրանայ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Անցեալ ամիս հայութիւնը աննախադէպ օրինակ մը տուաւ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ համախմբում, միասնականութիւն: Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ, Թեհրան, Լոս Անճելըս, եւրոպական քաղաքներ եւ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր հրապարակ, ուր հարիւր հազարաւոր հայորդիներ իջած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, ապացոյցն են այն բանի, թէ միասնական ճիգը ինչպիսի հոգեփոխում մը մտցուց հայ ժողովուրդին մէջ: Այդ միասնական ճիգը այն բանի արդիւնքն էր նաեւ, որ 100-ամեակի սերունդը ինքզինք ճանչցաւ Սարդարապատէն: Եւ Սարդարապատը, Ղարաքիլիսան, Բաշ Ապարանը պիտի շարունակեն այդ ճանաչողութիւնը մտցնել յաջորդ սերունդներուն մէջ: Կարեւորը` մենք գիտակցինք այդ ճանաչողութեան կարեւորութեան եւ համախմբուած, մէկ բռունցք ըլլալու անհրաժեշտութեան:

 

 

Նախորդը

Մեծն Արամի Պատգամին Ականջալուր Ենք Կամ Մայիսի 28 Եւ Անկախութեան Հիմնահարցեր

Յաջորդը

25-28 Մայիս 1918. Հայ Մարտիկները Ետ Մղեցին Երեւանի Վրայ Արշաւող Թրքական Բանակը

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In