Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւանդութիւն Եւ Կեանքի Նոր Էջեր

May 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Lean-on-MeՀիւանդութեան  եւ տան մէջ մնալուս պատճառով կեանքի նոր էջեր բանալու սկսայ, ո՛չ միայն գիրքի իմաստով, այլ նաեւ` կեանքի փորձառութիւններով:

Օրինակ, վերջերս կարդացի օտար լեզուով հետաքրքրական  գիրք մը, ուր հեղինակը ինք` երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունենալով, հիմա կու տար տասը գործնական խրատներ` բժշկական ախտաճանաչումէն անդին անցնելու եւ կեանքդ կրկին պէտք եղած փոփոխութիւններով ապրելու: Այս գիրքին վերնագիրն է. «Lean on Me»  10 Powerful Steps to Moving Beyond Your Diagnosis and Taking Back Your Life. հեղինակն է Նենսի Տէյվիս:

Կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ ներկայացուած տասը խրատներէն հինգը, որոնց  ես ալ կը փորձեմ հետեւիլ ամէն օր:

1. Ընդգրկէ՛ կամ ընդունէ՛ հիւանդութեան բերած փոփոխութիւնը: Համոզուէ՛, որպէսզի խաղաղ ապրիս:
2. Սննդականոնիդ զգուշ եղի՛ր: Աւելի շատ ջուր խմէ, տապկուած ուտելիքներէն հեռու մնա՛, եւ առաւելաբար կանանչեղէն կե՛ր:
3. Մարզանքի հետեւէ՛: Թեթեւ մարզանքները եւ քալելը օգտակար են:
4. Սերտէ բուժումի բժշկական այլ ձեւեր: Կարդա՛ եւ սերտէ՛ զգուշութեամբ, ապա որոշում տո՛ւր` մասնագէտի մը հարցնելէ ետք:
5. Բաժնեկցի՛ր քու փորձառութենէդ: Գրէ՛, պատմէ՛ եւ օգնէ՛ այլ մարդոց:

Գիրքին հեղինակն ալ կը տառապի իմ ունեցած հիւանդութենէս: Ահա տասնչորս տարի եղաւ, որ ամէն օր հիւանդութեան դէմ կը պայքարիմ: Հիւանդութեան անունը անգլերէնով  Multiple Sclerosis է (տառացի հայերէն թարգմանութիւնն է` բազմապատիկ հարծրախտ), փոխանցիկ կամ ժառանգական չէ: Միայն անձին մարմնի վրայ կը յարձակի` գողնալով մանաւանդ քալելու կարողութիւնը:

Հիմա լոկ ախտանիշերը թեթեւցնող դեղահատեր առնելով, մարզանքով, յօդուածներ գրելով, շաբաթը մէկ անգամ եկեղեցի երթալով, ուտելիքներուս զգուշ ըլլալով, կարդալով Աստուածաշունչը եւ աղօթելով Տէր  Յիսուսին կը շարունակեմ կեանքս:

Կարեւոր է գիտնաս, թէ ի՛նչ հիւանդութենէ  կը տառապիս, որովհետեւ այլազան հիւանդութիւններ եւ դեռ չլսուած ախտեր  կան, եւ եթէ չգիտնաս կամ չվստահիս բժիշկիդ, կրնաս շուարիլ: Որովհետեւ  երկարատեւ հիւանդութիւններ կը կարօտին այլ բուժման ձեւերու, որոնք տարբեր են կարճատեւ հիւանդութիւններու բուժման ձեւէն: Ամէնքը  կը փորձեն գիտնալ պատճառները հիւանդութեան: Կ՛ըսեն պատճառը կրնայ ըլլալ` «օդէն կամ մեր կերած ուտելիքներէն»: Յետոյ, աջէն-ձախէն կը լսես ձայներ, որոնք սիրով կ՛ըսեն. «Այս դեղն ալ փորձէ կամ այսինչին քով գնա (որ բժիշկ է կամ ոչ, յայտնի չէ), որուն մասին շատեր կը խօսին: Կամ դեռ այսինչ վարդապետին կամ  քարոզիչին քով գնա, թող աղօթէ վրադ»:

Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ես ալ կ՛ըսեմ. «Իմ  հիւանդութեանս դեռ բուժում չկայ: Երկարատեւ հիւանդութիւն մըն է»:

Բայց կարծեմ իբրեւ քրիստոնեայ նախ պիտի հարցնենք մեզ ստեղծողին` Աստուծոյ:

Եւ կ՛աղօթեմ Տիրոջս` Յիսուս Քրիստոսին եւ սփոփանք կը գտնամ Սուրբ Գիրքի էջերուն մէջ, որ կը կոչուի նաեւ Կեանքի Գիրք: Օրինակ, հետեւեալ համարը կ՛ըսէ. «Յոյսով ուրախ եղէք, նեղութեան մէջ համբերեցէք, ստէպ աղօթքի կեցէք»: (Հռովմէացիս 12.12):

Այո՛, Տիրոջ զօրութեամբ պիտի համբերեմ, աշխարհի վրայ այս կեանքը ժամանակաւոր է, յոյսով պիտի սպասեմ յաւիտենական կեանքին: Նաեւ կը քաջալերեմ շատեր, որ Աստուածաշունչը կարդան, Տիրոջմէն խնդրեն, որ ապրին:

 

Կրնաք հետս կապուիլ ե-նամակով. Dsalpie@yahoo.com

Նախորդը

Վատիկանի Արխիւները Կը Լուսաբանեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Տպաւորութիւն. Խոնարհ Եւ Բռնցքացած Հոգիներուն Արցունքը (ՀՄԸՄ-ի Կեանքի Պատառիկներ)

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.