Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Պէյրութ էքզհիպիշըն սենթըր»-ը մայիսի սկիզբէն վերածուած էր արուեստի ճամբով Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հայ դատը, հայկական ցաւն ու պոռթկումը ներկայացնող կեդրոնի մը, ուր այցելողները դուրս կու գային տարբեր զգացումներով լիացած ու մտածումներով տոգորուած: Արդարեւ, ցուցասրահի երդիքին տակ համախմբուած են հայկական կերպարուեստի լաւագոյններուն լաւագոյն գործերը, յատկապէս անոնք, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան գեղեցկագոյն դրսեւորումը կը հանդիսանան իբրեւ արուեստ: Նման իւրայատուկ ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Նոազ Արք» ցուցասրահի տէր ու տնօրէն, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի հետ:
Ստորեւ` հարցազրոյցը:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս ծագեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նման համապարփակ ցուցահանդէս մը կազմակերպելու գաղափարը: Նման հսկայական աշխատանքի մը համադրումն ու յաջողութիւնը նոյնքան հսկայական ճիգ եւ մանաւանդ համադրում կ՛ենթադրէ: Ինչպէ՞ս կարելի եղաւ այս բոլորը կատարել:
ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ.- Շուրջ տարի մը առաջ նման գաղափար մը ծագեցաւ Շահան Գանտահարեանի կողմէ, որուն հետ գրեթէ շաբաթական դրութեամբ «Ազդակ»-ի յարկին տակ հանդիպում կ’ունենանք: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ կերպարուեստի նուիրուած յատուկ ձեռնարկ մը գոյութիւն չունի, սակայն շատ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ նման բան կարելի ըլլայ իրականացնել: Ինք գիտէր, որ Եղեռնի թեմայով արդէն իսկ շուրջ 20 նկար ունէի: Համաձայնութիւն տուի` հաստատելով, որ տրամադիր եմ նման նախաձեռնութեան մը համար աշխատելու, որովհետեւ ատիկա նաեւ ինծի համար խղճի պարտք է, սակայն շեշտեցի, որ եթէ ատիկա իրականութիւն պիտի դարձնենք, ուրեմն կարելի եղածին չափ լաւագոյնը պէտք է ընենք, այլապէս նախընտրելի է չըլլայ:
Այս առիթով Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան յարկին տակ գումարած իր մէկ ժողովէն ետք հաստատեց, որ տրամադիր է նման ցուցահանդէս մը իրականութիւն դարձնել եւ այդ աշխատանքը կը վստահի ինծի: Յաջորդող հանգրուանին ծրագիրը մշակեցի եւ ներկայացուցի Կեդրոնական մարմինին. անոր մէջ ներառուած էին կարգ մը հիմնական կէտեր, ինչպէս` անպայման պատկերագիրք մը հրատարակուի նախաձեռնութիւնը յաւերժացնելու համար, ցուցադրութեան վայրը ըլլայ «Պէյրութ էքզհիպիշըն սենթըր»-ը, որովհետեւ թէ, իբրեւ տարածք շատ յարմար է եւ թէ՛ կան այնպիսի մասնագէտներ, որոնք ցուցահանդէսը թանգարանի մակարդակով կը ներկայացնեն, ինչպէս նաեւ գործերու եւ արուեստագէտներու ընտրութիւնը դարձեալ վստահուի ինծի` ցուցահանդէսին մակարդակը պահելու համար: Թէեւ վերջին կէտին շուրջ որոշ մտահոգութիւններ կային Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամներուն կողմէ, սակայն յետ քննարկումներու այս աշխատանքը կատարելը վստահուեցաւ «Նոազ Արք»-ին, որուն համար շնորհակալ եմ:
Սկիզբը կարկինը բաւական լայն բացուած էր, սակայն երեսուն լուսանկարներ` սփիւռքէն եւ Հայաստանէն, դուրս մնացին ցուցահանդէսէն տեղի չգոյութեան պատճառով: Ցուցահանդէսը ունի երկու բաժին` Ցեղասպանութիւն եւ Վերածնունդ: Առաջին բաժինին մէջ` յանուն թեմայի, մակարդակի որոշ զիջումներ ըրած ենք, սակայն երկրորդի պարագային պահած ենք մակարդակը:
Սկիզբը որոշուած էր, որ կազմակերպողը ըլլայ «Նոազ Արք»-ը, հովանաւորը ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը, բայց երբ պատկերագիրքը հրատարակուեցաւ, եւ «Սոլիտէր»-ը որդեգրեց զայն, ցուցահանդէսը դարձաւ «Սոլիտէր»-ի ծրագիրը: Ուրեմն այսպիսով կազմակերպողները եղան «Սոլիտէր»-ը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը` «Նոազ Արք»¬ին հետ գործակցաբար: Այսպիսով ցուցահանդէսը միայն կը շահէր: Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Սոլիտէր»-ին, որովհետեւ անոնք առաւել եւս օգնեցին մեզի եւ մեծապէս նպաստեցին ցուցահանդէսի յաջողութեան: Այսպիսով տեղական մամուլին հետ կապը «Սոլիտէր»-ի պատասխանատուները յանձն առին, իրենց յաճախորդներուն հրաւէրներ ուղղեցին եւ ցուցապաստառներու վրայ ծանուցումներ տեղադրեցին, ինչպէս նաեւ ներքին ձեւաւորման հարցերով նիւթապէս թէ բարոյապէս օժանդակեցին մեզի: Ցուցասրահի տնօրէնները` Մունիր Թուէյնին եւ Ռանտա Արմանազին մեծապէս օժանդակեցին մեզի:
Պէտք է յայտնել, որ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի շնորհիւ կարելի եղաւ ցուցասրահը ապահովել ձրիօրէն, ինչ որ մեծ բան է:
«Ա.».- Բաւական տպաւորիչ եւ արժէքաւոր պատկերագիրք մը կարելի եղած է այս առիթով հասանելի դարձնել հայ ու օտար արուեստասէրներուն: Խնդրեմ` խօսինք այս մասին:
Մ. Հ.- Պատկերագիրքի տպաքանակը հազար օրինակ է, պատկերագիրքի վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին, սակայն երկու հարիւր օրինակը վերապահուած է «Նոազ Արք»-ին: Երբ կողքին համար կը փնտռէինք վերածնունդին համապատասխանող նկար, յիշեցինք, որ Եուրոզը ստեղծագործած է նկարներ, որոնք վերածուած են ՄԱԿ-ի պաշտօնական դրոշմաթուղթի. սկիզբը «Մեծարանք գաղթականներուն» գործը ըրածն էր, 2004-ի թուականին վեց պատկերէ բաղկացած շարք մը գծեց, անոնց վեցերորդը կը կոչուէր «Ռիպըրթ աֆ է նէյշըն», որ խորքին մէջ մեր ազգին մեծարանքն էր: Ստեղծագործութիւնը կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, զայն ֆետեքսով բերել տուինք, անիկա ո՛չ միայն շատ յարմար էր այս առիթին, այլ նաեւ պատկերագիրքին կողքին վրայ տեղ գրաւեց:
Պատկերագիրքի տպագրական ծախսերուն մասնակցեցայ ես, հրատարակութիւնը կատարած «Շիրակ» տպարանը` յանձինս Վիգէն Հաննէսեանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` անդրադառնանք ձեր ընտրութեան ընթացքին, ի՞նչ հիման վրայ տուեալ հեղինակները եւ անոնցմէ տուեալ գործերը ընտրեցիք:
Մ. Հ.- Ցուցահանդէսը ունի երկու հիմնական թեմա` Ցեղասպանութիւնը եւ Վերածնունդը, որ իր կարգին ունի երկու մաս` երէցները եւ համեմատաբար երիտասարդները:
Ընտրութիւն կատարելու ընթացքին սկիզբը նկատի առած էինք միայն Լիբանանը, թէեւ Հայաստանի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահը մեզի տրամադրեց հինգ բարձր մակարդակի արուեստի գործ, յատկապէս` Թիւթիւնճեանի քանդակը, Երուանդ Քոչարի «Նկարչութիւն տարածութեան մէջ» գործը, Գառզուի շատ գեղեցիկ մէկ գործը, որոնք իսկապէս առաւել շուք տուին ցուցահանդէսին:
Լիբանանի մէջ ունինք կարեւոր հաւաքածոներ, որոնցմէ շատերէն չկրցանք օգտուիլ: Բարեբախտաբար Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը լայն բացաւ իր դռները, եւ մենք կրցանք հոնկէ բերել Այվազովսքիին նկարը, որ ուղղակիօրէն նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Ինչպէս նաեւ Էտկար Շահինի եւ կամ Տիրան Աճէմեանի նման յայտնի արուեստագէտներու գործերը:
Անհատական հաւաքածոներ ունեցողներէն շատեր չուզեցին տրամադրել իրենց մօտ եղածը. հոս ըսեմ, որ երբ նման պարագաներ ըլլան, ատիկա գնահատելի է մէկ կողմէ, այպանելի չէ, որովհետեւ թէեւ նկարները ապահովագրուած էին, սակայն միշտ չէ, որ դրամը կը փոխարինէ արուեստը, ատոր համար ես ոչ ոք կը մեղադրեմ: Բայց եւ այնպէս եղան անհատական հաւաքածոներ ունեցողներ, որոնք մեզի տրամադրեցին արժէքաւոր գործեր, ինչպէս` տէր եւ տիկին Սարգիս Տեմիրճեանները, օգտուեցան Փոլ Սարգիսեանի, Լիւսի Թիւթիւնճեանի, Արշօ Թիւթիւնճեանի, տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի եւ ուրիշներու հաւաքածոներէն: Անհատ արուեստագէտներ իրենց գործերը սիրայօժար տուին. այսպիսով կարողացանք թէ՛ որակը պահել, եւ թէ քանակը ապահովել:
Սակայն ժամանակի ընթացքին միայն Լիբանանէն գործեր ցուցադրելու մեր սկզբնական որոշումը փոփոխութեան ենթարկելով` ճշդեցինք, որ մէկ երրորդը ըլլար լիբանանահայ, մէկ երրորդը սփիւռք, մէկ երրորդը Հայաստան, այդպէս ալ ըրինք:
Յստակացնեմ, որ մենք շեշտը դրինք ո՛չ թէ արուեստագէտին նշանաւոր ըլլալուն վրայ, այլ ներկայացուած գործին որակին վրայ` մեր ընտրած նիւթով մարմնաւորուած պաստառով: Հոն կան պաստառները այնպիսի արուեստագէտներու, որոնք ճանաչում չունին Լիբանանի մէջ կամ այլուր, սակայն շատ որակաւոր գործեր ստեղծագործած են: Իբրեւ օրինակ յիշենք Ճեմարանի հաւաքածոյէն առնուած Եղիա Գասպարեանի ինքնանկարն ու ուրիշ քաղաքային ստեղծագործութիւն մը: Եղիա Գասպարեանը անցնող դարուս սկիզբը Լիբանան ապրած ու ստեղծագործած է, կենսագրութիւնը գրեթէ ոչ ոք գիտէ, ունեցած է արուեստի դպրոց, որմէ շրջանաւարտ եղած են Թորոս Եզեկելի, Արմիսի նման աշակերտներ: Կայ նաեւ Ժան Դարբինեանը, որ շրջան մը ապրած է Քարանթինայի մէջ, շատ տպաւորիչ կերպով Քարանթինայի կեանքը նկարած է. հոն ապրածներէն շատեր երբ տեսան Դարբինեանին գործերը` լալով հեռացան, որովհետեւ վերյիշեցին Քարանթինայի կեանքը: Մոռցուած արուեստագէտներու եւս տեղ տրուեցաւ այս ցուցահանդէսին, ինչպէս` Օշինը, Թորոս Տէր Յակոբեանը, որոնք այդքան ալ ճանչցուած չեն, սակայն այս բոլոր յիշածներս ալ եղած են որակաւոր արուեստագէտներ, սակայն նկատի ունենալով, որ եղած են համեստ, իրենց կողքին կանգնող չեն ունեցած, մնացած են շուքի մէջ: Նախընտրեցինք նման արուեստագէտներու տեղ տալ, զանոնք ծանօթացնել, փոխանակ ներառելու արդէն իսկ լիբանանցիներուն յայտնի ժամանակակից արուեստագէտներ: Սակայն ըսեմ նաեւ, որ բոլորը զանց չառինք, ժամանակակից արուեստագէտներէն` քանդակագործ թէ գեղանկարիչ, գործեր ցուցադրուած են: Երկու ամսուան ընթացքին չէի կրնար այցելել բոլոր արուեստագէտներուն եւ սերտել անոնց կատարած նոր գործերը ու ընտրութիւն ընել: Ընտրեցի անոնք, որոնք լիբանանցի ժողովուրդին համար հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն եւ մակարդակ կը լրացնեն: Ազգի մը մշակութային մէկ կարեւոր երակը կը ներկայացնէինք, ուստի կարելի չէր որակը սակարկութեան նիւթ դարձնել եւ զիջում ընել այս առումով:
Կը կարծեմ, թէ շատ աննախընթաց ցուցահանդէս մը եղաւ, այցելուներէն մէկը` լեհ ճարտարապետ մը, ցուցահանդէսէն դուրս ելած ատեն ըսաւ, թէ ինք եկած էր ցուցահանդէս մը տեսնելու, սակայն դուրս ելած է թանգարան մը այցելած ըլլալու գոհունակութեամբ: Ան աւելցուց, թէ երբեք չէր երեւակայեր, որ հայկական կերպարուեստը այսքան բարձր մակարդակ կ՛ունենայ:
Պէտք է ըսել, որ լիբանանեան տեղեկատուական գրեթէ բոլոր միջոցները, որոնց կարգին նաեւ անգլիատառ եւ ֆրանսատառ մամուլը, անդրադարձած են այս ցուցահանդէսին, որուն մասին դրական տեսակէտներ արտայայտելու կողքին անոնք բոլորը կը հրաւիրէին այցելելու ցուցահանդէս: Այցելողներուն կարգին էին նաեւ «Ռոյթըրզ»-ի եւ «Ուոլ սթրիթ ժուրնըլ»-ի ներկայացուցիչները:
Նեղացուցիչ է այն, որ մեր կերպարուեստի եւ սովորական դպրոցներու աշակերտներէն միայն Այնճարէն եկան երկու խումբ: Ցանկալի պիտի ըլլար, որ գէթ արուեստի խմբակները այցելէին ցուցահանդէս, որովհետեւ հոն կայ ուսանելի շատ բան, զորս պէտք է տեսնել անպայման:
«Ա.».- Ցուցահանդէսի դրական ներուժներէն էր նաեւ Եուրոզի ներկայութիւնը, որ խորքին մէջ անակնկալ էր:
Մ. Հ.- Վերջընթեր օրը, երբ նկարները կը շարէինք, Եուրոզը հեռաձայնեց Միացեալ Նահանգներէն եւ, այսօրուան հաղորդակցութեան դիւրութիւններէն օգտուելով, երբ սքայփի միջոցով իրեն ցոյց կու տայի տարուած աշխատանքը, յանկարծ ըսաւ, թէ պիտի գայ Լիբանան: Սկիզբը անհաւատալի էր, սակայն աւելի ուշ հաստատեց գալուստը: Եուրոզ իր ներկայութեամբ, բացման օրը արտասանած խօսքով յաւելեալ շուք տուաւ ցուցահանդէսին: Կայ աւելին, ան ճշդեց օր մը` հինգշաբթի, 7 մայիսի երեկոյեան ժամը 4:00-8:00, երբ 100 երեխաներու վերնաշապիկ նկարազարդեց: Սակայն նկատի ունենալով, որ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ այս նախաձեռնութիւնը, բազմաթիւ մայրեր չկրցան իրենց երեխաները բերել. անոնք խնդրեցին, որ իրենց ալ առիթ տրուի, Եուրոզ, որ սկզբունքով պէտք էր ճամբորդէր, մնաց եւ երկրորդ օրուան մը ընթացքին եւս աւելի քան 150 շապիկ նկարազարդեց, որովհետեւ ծնողներէն շատեր եւս ուզեցին, որ իրենց շապիկներուն վրայ նկարէ Եուրոզ: Ձեռնարկը բաւական իւրայատուկ էր, իսկ Եուրոզի նախաձեռնութիւնը` շատ խորհրդանշական:
«Ա.».- Եուրոզի կողմէ նկարազարդուած շապիկ մը ունենալը որքանո՞վ կարեւոր է աշակերտներուն համար, մանաւանդ որ պատմական առիթի ու թուականի տեղի կ’ունենայ, այդ ալ այսքան նշանաւոր արուեստագէտի մը ձեռամբ:
Մ. Հ.- Չեմ ուզեր խօսիլ նիւթական արժէքին մասին, սակայն բարոյական գետնի վրայ այդ բոլոր երեխաները ապագային կրնան իսկապէս հպարտանալ, որ իրենք Եուրոզի հանդիպած են, մեծ արուեստագէտը իրենց շապիկները նկարազարդած է անձամբ: Ասիկա ո՛չ միայն յիշատակ է, այլ նաեւ խթան, որ իրենք ալ նկարեն, գեղեցիկին ու վսեմին արժէքը գիտնան:
«Ա.».- Արուեստի ճամբով Ցեղասպանութիւնն ու մեր վերապրումը հանրութեան ներկայացնելը որքա՞ն կարեւոր ու ազդեցիկ է, ըստ ձեզի:
Մ. Հ.- Մշակոյթի ճամբով ծանուցման շատ աւելի կը հաւատամ, քան` քաղաքական եւ այլ տեսակի ծանուցումներուն: Չեմ ըսեր, որ այս վերջինները անիմաստ կամ աւելորդ են, անոնք երբեմն հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, երբեմն կը տպաւորեն ալ, կարգ մը պարագաներու` ժխտական: Իսկ արուեստը ո՛չ միայն հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ եւ կը տպաւորէ, այլ նաեւ կը համոզէ եւ համակրանք կը ստեղծէ: Ցուցահանդէսին թիրախը արտագաղութային հանրութիւնն էր, անոր նպատակը Լիբանանի արուեստասէր հասարակութիւնը ցուցահանդէսին բերելն էր, ցոյց տալու, թէ ինչպէ՛ս այսքան տաղանդաւոր ժողովուրդ մը ուզեցին ոչնչացնել աշխարհի երեսէն, չյաջողեցան, եւ մենք արդէն բաւական արժէքաւոր մշակոյթ ունինք այսօր: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ այդ մշակոյթին մէջ ո՛չ վայրագութիւն կայ, ո՛չ ալ վրէժխնդրութիւն. հոն չկայ լաց, նաեւ լալկանութիւն, սակայն ցաւ կայ, վիրաւորանք ու պայքար կայ: Հոն կան մարդկային փոխյարաբերութեան, մարդկային վսեմ սկզբունքներ, այդ պատճառով ալ արուեստը շատ աւելի խոր կը տպաւորէ, դրոշմ կը ձգէ դիտողին վրայ, քան` այլ տեսակի ծանուցումներ:
Այս առումով ես քաջալերած եմ նաեւ մտայղացքային արուեստը, որ շատ կարեւոր է մեզի համար, որովհետեւ այդ գործերը իրենց մէջ ունին պատգամ մը: Մենք Դատ ունեցող ժողովուրդ ենք, մեր ձայնը տարբեր ձեւերով լսելի դարձնելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուինք, ուստի արուեստի այս ոճն ալ մեզի համար օգտակար է: Մենք միշտ օտարներուն պատգամելու, իրենց հետ արուեստի լեզուով խօսելու եւ աշխարհի վրայ տեղի ունեցած անարդարութիւնը լուսարձակի տակ առնելու կարիք ունինք, ուստի ասոնք շատ կարեւոր են: Այս պատճառով ալ այս ցուցահանդէսին կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել մտայղացքային արուեստի երեք ստեղծագործութիւնները: Առաջինը այս ճիւղին մէջ Լիբանանի լաւագոյն արուեստագէտներէն Շարպէլ Աունն է, որ ցուցասրահէն դուրս տեղադրած էր իր ստեղծագործութիւնը. ներսը ունինք երկու զետեղում, մէկը Անիթա Թութիկեանինն է, որ այս բնագաւառին մէջ ճանչցուած է, իսկ միւսը Իտալիա ուսում ստացած, երիտասարդ կերպարուեստագէտ Գօգօ Կարապետինն է: Այս առիթով շնորհակալութիւն` երեք արուեստագէտներուն ալ, որովհետեւ իրենց զետեղումներով իսկապէս յաւելեալ ազդու պատգամ փոխանցեցին այցելուներուն:
«Ա.».- Մտահոգութիւն յայտնեցիք այն մասին, որ աշակերտները չայցելեցին ցուցահանդէս, առիթ չունեցան ըմբոշխնելու արուեստի գործերը: Ինչո՞ւ կարեւոր կը նկատէք անոնց այս այցելութիւնը, այս առիթով կարելի է կոչով դիմել մեր դպրոցներուն:
Մ. Հ.- Զիս յատկապէս կը հետաքրքրեն արուեստի աշակերտները, դպրոցներուն մէջ արուեստի խմբակները, որովհետեւ անոնց համար կարեւոր է տեսնել ցուցադրուած իւրայատուկ գործերը, որոնց մէկ մասը երբեք չէ ներկայացուած լիբանանեան մակարդակի վրայ, հաւանաբար նաեւ դժուար ըլլայ կրկին ցուցադրել զանոնք: Մեր ամէնէն մեծերուն գործերը համախմբուած են մէկ երդիքի տակ, ինչ որ բաւական աննախընթաց ու անկրկնելի կրնայ ըլլալ:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 30 մայիս, ուստի կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին իրենց զաւակները, աշակերտները, արուեստի ուսանողները տանելու
«Պէյրութ էքզհիպիշըն սենթըր» այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը տեսնելու, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ նման 160 արժէքաւոր գործեր, որոնք մեր կերպարուեստի սերուցքը կը հանդիսանան, ե՛րբ կրկին պիտի համախմբուին մէկ վայրի մէջ: Մեծերէն ու կարեւորագոյններէն կ՛արժէ յիշել Այվազովսքին, Քոչարը, Մ. Սարեանը, Կալենցը, Գառզուն, Էտկար Շահինը, Ժանսեմը, Լեւոն Թիւթիւնճեանը, Յովսէփ Փուշմանը, Մինասը, Փանոս Թերլեմեզեանը եւ այլն:
Այս առիթով կ՛ուզեմ իմ շնորհակալական խօսքս ուղղել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին, որ լիովին վստահեցաւ ինծի, որովհետեւ առանց այդ վստահութեան կարելի պիտի չըլլար այս ցուցահանդէսը յաջողցնել, Եուրոզին, որ ո՛չ միայն եկաւ եւ երկու օր տրամադրեց երեխաներուն, այլ որովհետեւ նիւթապէս օժանդակեց ձեռնարկին, նաեւ հայ ու օտար մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն: