Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեզարդուած Հոգիներով

Մայիս 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Երբեմն ձայն մը, գոյք մը, բացիկ մը քեզ կը տանի հեռուները: Կը տանի եւ կ՛ալեկոծէ հոգիդ: Յիշատակներու տարափ մը կը տեղայ մտքիդ մէջ, եւ պահ մը կը վերարժեւորուիս եւ յիշելով մեզմէ առյաւէտ բաժնուողներուն յիշատակը` հոգիդ կը թեթեւանայ:

Անցեալ ուրբաթ գրասենեակս հանդիպեցաւ Համազգայինի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղին ատենապետը եւ հրաւէր մը տուաւ: Բարեզարդուած ակումբի բացման հրաւէրն էր: Քարտը ձեռքս` մտաբերեցի հին օրերը  ու ինքզինքս գտայ այն տարիներուն մէջ, երբ ակումբը խճողուած կ՛ըլլար զանազան սերունդներու ներկայացուցիչներով: Թաթուլ Այնեճեանը, Յարութ Գաբրիէլեանը , Մարի Ճինպաշեանը, Զոհրապ Եագուպեանը, Շահանդուխտը, Յակոբ Մանուկեանը, Գրիգոր Սուքիասեանը, Նազ Տէր Սարգիսեանը եւ ուրիշներ…  Ակմբային դրութիւնները, լուսանկարչական ցուցահանդէսները, թատերական քննարկումները, մանկապատանեկան թատրոնը, գրական խմբակը, գրական դասախօսական շարքերը, հրատարակութիւնները , մանուկներու շաբաթօրեայ հաւաքը , «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի դասարանները , «Գորանի» երգի ու պարի համոյթը, մեծարանքի երեկոները եւ այլն:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դժուար օրերուն:

Այս բոլորը կը կազմակերպուէին վաղուան յոյսով: Այդ օրերուն Շրջանային վարչութեան ատենապետն էր Գրիգոր Շահինեանը` իրեն հետ ունենալով Գեղանի Էթիեմեզեանը , Ալիս Գազանճեանը,, Սեդրակ Պալեանը, Վարանդ Ալեքսանտրեանը, Սարգիս Չոլոյեանը եւ ուրիշներ: Մասնաճիւղերու վերապահուած դերը կարեւոր էր եւ հետեւողական:

Պուրճ Համուտի պատմութեան մէջ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին մշակութային վաստակը ինքնուրոյն տեղ ունի: Կ՛ըսեն, որ ժամանակին առաջին թատերական ներկայացումները տեղի ունեցած են «Սինեմա Արաքսի» սրահին մէջ: Կ՛ըսեն, որ Մուշեղ Իշխանը երբ դասախօսութիւն տար, ակումբը նստելու տեղ չէր ըլլար: Այս մթնոլորտով սերունդներ դաստիարակուեցան: Այս մթնոլորտէն «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահի անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ: Այս մթնոլորտով նաեւ «Լ. Շանթ» կեդրոնի անհրաժեշտութիւնը անյետաձգելի եղաւ: Այդ օրերու «խենթերը»  երկրի ամէնէն յուսահատական ժամանակաշրջանին Գարեգին Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ հիմնարկէքը կ՛ընէին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին որ սկզբունքով երաժշտանոց պիտի ըլլար միայն, սակայն հիմնադրութենէն ետք կամաց կամաց բաժանմունքները աւելցան, եւ այսօր փաստօրէն կը գործեն չորս գեղարուեստական դպրոցներ` երաժշտական, պարի, թատերական եւ կերպարուեստի:

Այսօրուան «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղը բարեզարդուած ակումբին բացումը մասնաճիւղային կեանքի աշխուժացման նոր յոյս մը կու տայ: Կարեւորը` մեր հոգիները նորոգենք եւ բարեզարդուած միտքերով նոր նախաձեռնութիւններով մասնաճիւղերու կեանքին ալ նոր թափ եւ շունչ տանք: Կը հաւատամ, որ միայն «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի դպրոցներով պէտք չէ բաւարարուինք: Կը հաւատամ, որ միայն միաւորներու, այսինքն պարի, թատերական եւ երգչախումբի միաւորներով պէտք չէ գոհանանք: Ժողովրդային իմաստով մասնաճիւղերը ընելիք ունին եւ այդ ալ նոր սերունդին պարտականութիւնն է: Նոր ոճով եւ նոր թափով: Մշակութասէր հանրութիւն պատրաստելու առաքելութիւնը մասնաճիւղերուն վերապահած է: Աշխատանքի դաշտը լայն է եւ` պահանջկոտ: Կը մնայ, որ աշխատողներ ըլլան:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Մեր Դրօշակին Հորիզոնական Երրորդ Գոյնը Նարնջագոյն Է

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?