Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրակաան. Առաւել Հզօր Հայաստանի Հանրապետութեան Համար (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակին Առիթով)

May 28, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MHM58093-copyԵրեք տարի ետք հայկական աշխարհը պիտի նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Թուականը ինքնին  կը պարտադրէ խորհրդածել Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման մեր ընդհանուր ընկալումի նորօրեայ հասկացողութիւններուն մասին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շրջադարձային գլխաւոր կէտը ճանաչումէն հատուցուման պահանջի անցումն էր. այլ խօսքով` հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու ճանաչման պահանջատիրական փուլի յայտարարութիւնը:  Յունուար 29-ին որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրը կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէր   «(Հռչակագիրը կ՛արտայայտէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ, որուն համար կը մշակէ իրաւական պահանջներու  թղթածրար` դիտելով զայն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման գործընթացի մեկնարկ»:

Տրուած ըլլալով, որ հռչակագիրը կը փոխանցէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի, համախորհուրդ սփիւռքի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու ճամբով արտայայտուած հայ ժողովուրդին միասնական կամքը, եւ կը յենի 1990-ի օգոստոսի 23-ի` Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան վրայ, այս հիմնադրոյթը կամ իրաւունքներու վերականգնման պահաջատիրութիւնը կը պետականանայ այս ձեւով:

Մայիս 28-ով կերտուած հանրապետութեան այսօրուան ժառանգորդ պետութիւնը կը ստանձնէ հայ ժողովուրդի համազգային իրաւունքներու բարձրացման եւ հետապնդման գործընթացը: Այս մէկը կարեւորագոյն իրագործումներէն կարելի է համարել 100-ամեակին, որ սերտօրէն կ՛առնչուի նաեւ մայիս 28-եան ժամանակակից խորհուրդին:

Իրաւատիրական աշխատանքներու ստանձումը կ՛ենթադրէ` հզօր իրավիճակ, պետական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակ, իրաւաբանական մասնագիտութիւն, դիւանագիտական արուեստ եւ քաղաքական ակներեւ հմտութիւն, եւ այս բոլորին համար` համահայկական մարդուժ համախմբելու կարողութիւն:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակը ազգի մարդուժը համախմբելու առումով նշանակալից առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի պետական տանիքի տակ համախմբուին` հայկական երկու պետութիւնները, եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, միութիւններն ու ամենաազդեցիկ կազմակերպութիւնները: Այս համախմբուածութիւնը պահելու, կառուցակարգելու եւ նպատակուղղուած աշխատանքը շարունակելու համար  անհրաժեշտ է առաջին հանրապետութեան իրաւական եւ իրողական ժառանգորդ այսօրուան հանրապետութեան հզօրացումը: դարձեալ յղում կատարենք  հռչակագրին եւ մայիս 28-ի ժամանակակից խորհուրդին հետ առնչենք հռչակագրին հետեւալ բաժինը.

«(Հռչակագիրը) կոչ կ՛ուղղէ հայորդիներու գալիք սերունդներուն` հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնիլ հայրենի սրբազան ժառանգութեան,աննահանջ պայքարով ծառայել, յանուն` առաւել հզօր հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան»:

Առաւել հզօր, ազատ եւ ժողովրդավար հայաստանի հանրապետութիւն ստեղծելը մեր բոլորին պարտականութիւնն է: Հռչակագիրը համահայկական բնորոշիչ ունի եւ այդ բնորոշումին կը ներառուի համայն հայութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող իւրաքանչիւր իրագործումին մէջ իւրաքանչիւր հայ իր ներդրումը զգալու համար աւելի քան անհրաժեշտ է մասնակցութիւնը: Հեռակայ զգացական հայրենասիրութեան ժամանակները անցած են վաղուց եւ գործնապէս տեղւոյն մասնակցութիւնն է միայն, որ կրնայ աւանդ ապահովել հայրենակերտման եւ պետականաշինութեան առաջնային խնդրին:

Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը իբրեւ առաջադրանք բանաձեւուած է Ցեղասպանութեան վերաբերող Համահայկական հռչակարգին մէջ: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ մեր իրաւունքներու վերականգնման նպատակին զուգահեռ, մեր համահայկական նպատակն է այսօրուան հանրապետութեան` մայիս 28-ով փրկուած ու կերտուած հանրապետութեան հզօրացումը:

Այս կը նշանակէ նաեւ, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման մեր հայեցակարգի ընկալումը կ՛ենթադրէ հայրենասիրական զգացողականութիւնը փոխարինել հայրենատիրական գործնական աշխատանքով: Այո՛,  յանուն առաւել հզօր, ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման համար:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը
Գաղութային

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

March 13, 2026
Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.