Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ համարկումի կամ ընկերակցումի (աւելի շատ օգտագործուած` «ասոցացման» բառեզրով) ընթացակարգը կը թուի, որ բաւական բարդ է եւ թեւակոխելի հետեւողական հանգրուաններ կը ներառէ:
Թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ կը հնչէին տեսակէտներ, որ Վիլնիւսէն ետք պահը հասունցած է ստորագրելու նոր վերամշակուած փաստաթուղթ, որ կը ճշդէ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու նոր հայեցակարգը: Աւելի՛ն. կար տեսակէտ, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար պատրաստած է այնպիսի փաստաթուղթ, որուն իրաւադրոյթները չեն հակասեր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան: Շրջանառութեան մէջ դրուած այս տեսակէտները համոզիչի սահմանը կը հատէին, երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը այս մասին կ՛ակնարկէր, յիշեցնելով հակասութիւններու բացառման անհրաժեշտութիւնը:
Ռիկայի մէջ ընկերակցումի նոր փաստաթուղթ չէ ստորագրուած: Ի՞նչ ապահոված է սակայն Ռիկան Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
Ա.- Նոյեմբերին սկսած Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն խորհրդատուութիւնները աւարտած են մարտին: Այս կը նշանակէ, որ այս ամիսներուն միջեւ ինկող ժամանակահատուածին Եւրոպական Միութիւնը չունէր լիազօրութիւն վերաբանակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Խորհրդատուութիւններու կարգով տեղի ունեցող երկխօսութեան փուլը աւարտած է մարտ ամսուն:
Բ.- Եզրակացուած է, որ բանակցութիւնները վերսկսին: Ուրեմն անցումի նախաբանը յայտարարուած է` խորհրդատուութենէն բանակցութիւն: Այլ խօսքով, համաձայնութիւն կայացած է, որ մօտակայ ժամանակներուն Եւրոպական Միութեան խորհուրդը կը հաստատէ այդ լիազօրութիւնը բանակցող կողմին համար:
Գ.- Բանակցելու լիազօրութեան հաստատումէն ետք կը սկսին բանակցութիւնները` մշակելու համար նոր իրաւական փաստաթուղթ` Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման, խորացման եւ զարգացման:
Իրաւական նոր փաստաթուղթի ձեւակերպումէն եւ ստորագրութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը եզակի կարգավիճակ կրնայ ստանալ: Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ միակ պետութիւնը կը դառնայ, որուն համար Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ընկերակցումի յատուկ փաստաթուղթ կը մշակուի: Այստեղ է, որ կը սկսի արդիւնաւորուիլ «Ե՛ւ, ե՛ւ»-ի վարքագիծը: Մօտակայ ժամանակները միջազգային գործնական քաղաքականութեան մէջ կրնան անորոշութիւն ենթադրել: Ողջմիտ ժամկէտ հասկացողութիւնը նման է մօտակայ ժամանակներու պատկերացումին: Յամենայն դէպս կը թուի, որ Եւրոպական Միութիւնը ի՛նք շահագրգռուած է դէպի այս ուղղութիւն հրաւիրելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այս բոլորին զուգահեռ, այս հռչակագիրին մէջ նշուած է կարեւոր ուղղութիւն մը եւս, որ կը վերաբերի շարժունակութեան բնագաւառին: Խօսքը Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրի դիւրացման գործընթացին մասին է: Այստեղ եւս անհրաժեշտ են յստակացումներ:
Մուտքի արտօնագիրներու դիւրացման վերաբերեալ Երեւանը Եւրոպական Միութեան հետ կնքած է համաձայնագիրներ, որոնք սկսան գործել այս տարուան յունուար ամիսէն սկսեալ: Ռիկան կը հաստատէ, որ այս բնագաւառին վերաբերեալ պիտի սկսի նոր գործընթաց, որ ի վերջոյ պիտի յանգի մուտքի արտօնագիրի դրութեան ջնջումին (աւելի օգտագործուած` «վիզային ռեժիմի ազատականացում» ըսելաձեւով):
Վերջապէս Ռիկայի հռչակագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող մասով կը խօսի տարբեր ոլորտներու համագործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս բոլորը կը շեշտեն, որ Եւրոպական Միութիւնը ի՛նք առաջադրանք ունի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ նոր փաստաթուղթ ստորագրելու:
Մօտակայ ժամանակներուն (արդէն աշնան) Երեւանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը նախագահին պիտի ներկայացնէ նոր սահմանադրութեան նախագիծը: Մինչ այդ, բարեփոխումներու յանձնախումբը յօդուած առ յօդուած նոր նախագիծը կը քննարկէ Եւրոպական խորհուրդի սահմանադրագէտներուն հետ (ծանօթ` Վենետիկի յանձնախումբ անունով):
Եւրոպական Միութեան ընկերակցման եւ նոր սահմանադրութեան որդեգրումին միջեւ գործընթացներու զուգահեռներ կարելի է տեսնել: Երեւանը, հանրապետութեան նոր սահմանադրութիւնը կը համաձայնեցնէ եւրոպական համապատասխան կառոյցներուն հետ: Այս մէկը կարեւոր պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստանայ եզակի կարգավիճակ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէ ետք, ներառուելու Արեւելեան գործընկերութեան ընկերակցումի գործընթացներուն մէջ: Նոր սահմանադրութեան նախագիծն ու Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցումի նոր իրաւաթուղթը կրնան համընկնիլ միաժամանակ: Մօտակայ ժամանակներուն:
«Ա.»