Յօդուածներ

Ամուլ, Ստերջ, Չբեր…. Ջորի… «Տիւտիւկ»

Հայկական արուարձանի մը սրճարանը հանդիպեցայ Կեդրոնականցիին: Վարակուեր էր շուտով հարստանալու ախտէն, եւ կիրակի օրերը աւանակ կը վազցնէր կամ վիճակահանութեան տոմս կը գնէր: - Եթէ մեծ պարգեւը շահիմ, ազգային բարերար կը դառնամ: Երկու սենեակի կառուցման դրամ կու տամ, անունս կը գրեն մարմարի վրայ: - Արմենա՛կ, ո՛չ շահող ես, ո՛չ ալ մարմար փնտռող,- ըսի,- ի՞նչ պատահեր է: Արմենակ չես գիտեր ինչպէ՛ս, քանի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաժանում

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Նոյնիսկ եթէ մենք ամէն օր Չենք տեսնուիր, լուռ ենք, մոլոր: Նոյնիսկ եթէ սրտերը մեր Սիրոյ երգը չեն տրոփեր: Շրթները մեր պիտի մոռնա՛ն Համբոյրները մեր խօլական: Մատները մեր պիտի փնտռե՛ն Շոյանքները մեր անցեալէն: Նոյնիսկ եթէ մենք այս գիշեր Միասին չենք ու անտարբեր: Աստղերը վառ մեր երկնքին Փայլփլուն են, կարօտագին: Սիրոյ ուղին լուսնի լոյսին Լուսաւոր է, բայց ամայի: Երազները մեր...

Ակնարկ.  Գաղթականները Եւրոպա  Ուղարկելու Անգարայի Խաղը

Ակնարկ. Գաղթականները Եւրոպա Ուղարկելու Անգարայի Խաղը

Միջինարեւելեան թէ ափրիկեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա գաղթականներու անօրինական մուտքը երկար ժամանակէ ի վեր երեւոյթի վերածուած էր: Յատկապէս սուրիացի գաղթականներու նոր եւ յանկարծակի հոսքը համաեւրոպական ճգնաժամի վերածուելու նախադրեալները կը պարզէ: Լուսաբանման մեծ լուսարձակներ բացուած են մարդկային աղէտի սահմանները անցած եւ կեանքի ու մահուան առանցքին վրայ մեծ վտանգներ աչք առնելով ճամբայ ելած գաղթականներու ոդիսականներուն վրայ: Ցնցիչ լուսանկարներ, ծովեզերքին մահացած մանուկի պատկեր, փշաթելերու...

Եւրոպա. Նորօրեայ Պանդուխտներ

Եւրոպա. Նորօրեայ Պանդուխտներ

Պատրաստեց`  ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Պանդխտութիւնը, գաղթը, տարագրութիւնը դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը առաւելագոյնս պատուհասած են: Հինէն ի վեր հայերու արտագաղթը միշտ ալ մտահոգիչ եղած է, իսկ այսօր ատիկա կը հասնի վտանգաւոր չափերու` Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն: Եթէ արեւմուտքցի լրագրողներ այսօր ոչ այնքան խորանալով կ՛անդրադառնան միջազգային հրատապ տագնապի վերածուած այս աղէտին, աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներէն` Հրանդ (Մելքոն Կիւրճեան)...

Խօսող Դիակը

Խօսող Դիակը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Եթէ ծովափին վրայ այս սուրիացի մանուկին դիակին ցնցիչ նկարները Եւրոպայի կեցուածքը պիտի չփոխեն գաղթականներուն հանդէպ, ի՞նչը պիտի փոխէ Այս մանուկը Պոտրումի մէջ խեղդուած է այլ 11 անձերու հետ, որոնք կը կը փախչէին Սուրիոյ պատերազմէն: Անոնք կը գտնուէին 2 նաւերու վրայ, որոնք կը փորձէին հատել Միջերկրական ծովը հասնելու համար Յունաստանի Քոս կղզին` յուսալով մուտք գործել Եւրոպա: Միայն 2...

Սլաք.  Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնները Դատապարտուած Չեն Տապալման. «1915» Ժապաւէնը Դատապարտուա՛ծ Է

Սլաք. Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնները Դատապարտուած Չեն Տապալման. «1915» Ժապաւէնը Դատապարտուա՛ծ Է

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԵՒԻՐԵԱՆ Շնորհիւ «1915» ժապաւէնին` երկրորդ գայթակղութիւն մը եւս ապրեցայ (առաջինը` երբ զայն դիտած էի), երբ «Ասպարէզ»-ի 15 յուլիս 2015-ի թիւին մէջ կարդացի Շուշան Շատիկեանի զրոյցին ամփոփ տեղեկատւութիւնը` «1915» տեսաժապաւէնի հեղինակ-բեմադրիչներուն` Կարին Յովհաննիսեանի եւ Ալեք Մուհիպեանի հետ: Ըստ «1915» ժապաւէնի հեղինակներուն (գոնէ մէկուն), «Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէնները դատապարտուած են տապալման»: Ըստ այս տողերու համեստ գրողին, բացարձակապէ՛ս սխալ կարծիք է տրուածը...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Ո՞Վ Լսած Է Քէսիրիկի Մասին

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Երբ ունեցայ Քէսիրիկի ընդհանուր միութեան ծրագիր-կանոնագիրը պարունակող պրակը (տպուած` Պոսթըն, 1925), ամէն բանէ առաջ հարց տուի ես ինծի` թէ ո՞ւր կրնար գտնուիլ այս բնակավայրը… Վստահ էի քաղաք մը չէր Քէսիրիկը, որովհետեւ երբեք չէի լսած այս անունը: - Կ՛երեւի թէ գիւղ մըն է,- մտածեցի, միւս կողմէ ալ զարմանալով, որ աննշան գիւղի մը փոքրաթիւ վերապրող գիւղացիները կրնան կազմած ըլլալ իրենց...

Մեր Յաջողութիւնների Եւ Յաղթանակների Հիմքը Հզօր Պետութիւնն Է. Բակօ Սահակեան

Մեր Յաջողութիւնների Եւ Յաղթանակների Հիմքը Հզօր Պետութիւնն Է. Բակօ Սահակեան

Հարցազրոյցը վարեց ՄԻՀՐԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով Հայաստանի «Արարատ» պատկերասփիւռի կայանը բացառիկ հարցազրոյց մը ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Ստորեւ` հարցազրոյցը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- 1991թ. սեպտեմբերի 2-ին ԼՂԻՄ եւ Շահումեանի շրջանի պատգամաւորները հռչակեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Այդ օրը ինչպէ՞ս է ձեր մէջ տպաւորուել, ի՞նչ յիշողութիւններ ունէք: ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Այդ օրը ողջ Արցախը լցուած էր խանդավառութեամբ: Բոլորը հասկանում էին, որ...

Արցախը Նոր` Աւելի Խոր Իմաստ Ու Արժէք Է Ստանում Բոլորիս Համար

Արցախը Նոր` Աւելի Խոր Իմաստ Ու Արժէք Է Ստանում Բոլորիս Համար

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան տօնին առթիւ: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Շնորհաւորում եմ ձեզ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տօնի առթիւ: Արցախի անկախութեան օրը համայն հայութեան մեծ տօնն է, բայց առաջին հերթին ձեր` արցախցիներիդ տօնն է: 1991 թուականի նուիրական այս օրը` անկախութեան հռչակմամբ բռնութեան ու բռնապետութեան ճիրաններից, ազգային ու կրօնական խտրականութեան, հալածանքների ու ջարդերի, ստի, կեղծիքի ու...

Միասնաբար Մենք Անպայման Կը Հասնենք Համազգային Նպատակների Իրականացմանը

Միասնաբար Մենք Անպայման Կը Հասնենք Համազգային Նպատակների Իրականացմանը

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Արցախի Հանրապետութեան օրուայ առթիւ: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Իշխանութիւնների եւ անձամբ իմ անունից ի սրտէ շնորհաւորում եմ ձեզ Արցախի Հանրապետութեան օրուայ առթիւ, տօն, որն առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի մեր ժողովրդի կեանքում: 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ին Արցախի Հանրապետութեան ծնունդով հայ ժողովուրդն ունեցաւ ազատ եւ անկախ երկու պետութիւն, իրականութիւն դարձաւ դարեր շարունակ փայփայած, բազում փորձութիւնների...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած Որբերուն Նուիրուած Ցուցահանդէս Վալանսի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մենք ենք ապագան» խորագիրով ցուցահանդէս` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Ֆրանսա ապաստան գտած հայ որբերու ճակատագիրին: Ֆրանսայի գաղութէն յայտնած են, որ ցուցադրութիւնը շրջուն է եւ կը ներառէ 1918-1923 թուականներուն Ֆրանսա գաղթած հայ որբերուն փաստաթուղթերը, լուսանկարները, անոնց կենսագրականներն ու կատարած աշխատանքները: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի նաեւ այն, թէ հայ...

Ըստ ՄԱԿ-ի Զեկոյցին, 2100-ին Հայաստանի Բնակչութեան Թիւը Պիտի Կազմէ 1,7 Միլիոն

«ՓԱՆՈՐԱՄԱ» ՄԱԿ-ը հրապարակած է «Աշխարհի բնակչութեան հեռանկարներ - 2015» տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ ներկայացուցած է Երկիր մոլորակի բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերը մինչեւ 2100 թուական: Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերին վերաբերեալ նշուած է, որ 2015 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի կազմէ 3 միլիոն 18 հազար, 2030 թուականին անիկա պիտի կազմէ 2 միլիոն 993 հազար, 2050 թուականին` 2 միլիոն 729 հազար` 9,6 տոկոս կորուստով, իսկ 2100...

Թուրք Վերլուծաբան. Փոքրամասնութիւններին Որպէս Սպառնալիք Ընկալելը Հանգեցրեց Հայոց Ցեղասպանութեան

«ՆԻՈՒԶ. ԱՄ» Թուրքիայում քրտերի հանդէպ խտրականութիւնը շարունակւում է, եւ այդ երեւոյթը կանխելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցները դեռեւս բաւարար չեն: Այս մասին «Թուտէյզ Զաման» հրապարակուած յօդուածում գրել է թուրք վերլուծաբան Կիւնալ Քուրշունը: Նրա խօսքով, Թուրքիայում դեռեւս գերիշխող ազգեր կան. թուրքերը` քրտերի դէմ, մահմետականները` ոչ մահմետականների դէմ, սիւննիները` ալեւիների դէմ: Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներին երկիրը կառավարող երիտթուրքերի կուսակցութիւնն ազգային բոլոր փոքրամասնութիւններին որպէս պետութեան...

Մարի Յովհաննիսեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Ժխտողները Նպաստում Են Դրա Տարածմանը»

  Զրուցեց ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ «Ակունք» կայքը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է Միացեալ Նահանգներու Քլարք համալսարանին մէջ Քառնեկի հետազօտական կրթաթոշակային ծրագրի ծիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան թեմայով ուսումնասիրութիւններ կատարող Մարի Յովհաննիսեանի հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խնդրեմ` ներկայացէք: Որտե՞ղ էք ուսանել եւ աշխատել, ներկայում որտե՞ղ էք սովորում:  ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ.- Սովորել եմ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքում: Ապա ուսումս շարունակել եմ Կենտրոնական եւրոպական համալսարանի քաղաքագիտութեան լրագրութեան...

Բարի Լոյս 8.  Սուրիահայութեան Տագնապ.  Զգուշ Ըլլանք Բոլորս

Բարի Լոյս 10. Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ 15-28 սեպտեմբերին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը պիտի նշէ քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակը եւ յարգէ այդ հանգրուանին զոհուած տղոց յիշատակը: ՀՅ Դաշնակցութեան ակումբներուն եւ ժողովրդային տուներուն մէջ պիտի կազմակերպուին յիշատակի հանդիսութիւններ, եւ 28 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ համաժողովրդային եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Լիբանանի ապրած այսօրուան դժնդակ պայմաններուն եւ ընկերային ու տնտեսական ծանր իրավիճակին մէջ, 40-ամեակի համաժողովրդային նշումը այժմէական խոր պատգամներ...

Հայը… Մենք Ենք

Այսպէս Ենք Ապրում

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Հէնց այսպէս ենք ապրում Մեր սիրած քաղաքում» (Ֆորշ):   https://www.youtube.com/watch?v=NkSYI1dPQHc Սովորութիւն դարձած էր. շաբաթ օրերը, նուագի աւարտին, Պէյրութի հայ եւ արաբ նուագախումբի անդամները անպայման իրարու պիտի հանդիպէինք Համրա թաղի, Ամերիկեան համալսարանի մայր դրան դիմացի «Մարրուշ» ճաշարանը, նախաճաշելու ու ապա մեկնելու մեր տուները: Արեւածագի մօտ, երբ հասնէինք ճաշարան, այդ ժամուն քանի մը սեղան միայն կարելի էր գտնել, եւ յանկարծ...

Հեռակայ Ծաղկեփունջ Մը Սարգիս Կիրակոսեանի Շիրիմին

Հեռակայ Ծաղկեփունջ Մը Սարգիս Կիրակոսեանի Շիրիմին

Ինչպէ՞ս կարելի է մարմնաւորել մեզմէ առաւէտ բաժնուած բանաստեղծ մտաւորականի մը մասին դուրեանական բաղձանք մը, վկայելու` թէ մեկնողը չէ մոռցուած ու մի՛շտ կենդանի է հարազատներու եւ բարեկամներու սիրտերուն մէջ: Նման մարմնաւորում մը տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 օգոստոսի կէսօրին, արեւմտեան կողմն աշխարհի` Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին Սարգիս Կիրակոսեանի ընտանեկան հարազատները, բարեկամները, գրչակիցներն ու գաղափարի ընկերները, բանաստեղծին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Գանձասար»-ի Աշխատակիցներու Խորհրդակցական Հանդիպում «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակիցները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան շաբաթ, 29 օգոստոս 2015-ին` «Սուրիահայութեան տագնապն ու «Գանձասար»-ին դերը» նիւթին շուրջ զրուցելու եւ կարծիքներ փոխանակելու համար: «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան անդրադարձաւ մամլոյ դերին` լրատուութեան ներկայ բաց համակարգին մէջ սուրիահայութեան տագնապի ու համայնքային կեանքի իսկական պատկերը ներկայացնելու յոյժ կարեւոր աշխատանքին մէջ, ապա նաեւ կարեւոր նկատեց ազատ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՕՄ-ը Միօրեայ Ծրագիր Կազմակերպած Է 60 Պատանիներու Համար Օգոստոս 23-ին ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը միօրեայ ծրագիր մը կազմակերպած էր Շուշիի եւ Ասկերանի ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու 60 երեխաներուն համար: ՀՕՄ-ի անդամները օրուան ընթացքին կազմակերպած են հաճելի խաղեր, ժամանց եւ ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում: Օրուան աւարտին պատանիները նուէրներ ստացած են: Գործարար Սիլվա Չաքմաքճեան Պիտի Օգնէ Հալէպի Ծերանոցին Օգոստոս...

Խմբագրական.   Երկրորդ Հանրապետութիւն.  Նախ` Կարգավիճակը  (Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Երկրորդ Հանրապետութիւն. Նախ` Կարգավիճակը (Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Առիթով)

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրուան նշումը բազմախորհուրդ բովանդակութիւն կը պարփակէ: Այլեւս դասականացած համոզումներ են Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխիք ըլլալու հանգամանքը, մեր երկրորդ Սարդարապատի կարգավիճակը, երկրորդ պետութիւն ունենալու իրականութիւնը եւ նման բախտորոշ իրողութիւններ` ամրագրուած ծով զոհողութիւններով: Հերթական փորձը` կեդրոնանալու ամէնէն նորագոյն եւ հրատապ երեւոյթներուն վրայ, որոնք սերտօրէն առնչուած են հայկական երկրորդ հանրապետութեան այսօրուան խնդիրներուն հետ, բնականաբար հիմնականին մէջ ունի զինուորաքաղաքական նշանակութիւն:...

Page 1020 of 1110 1 … 1,019 1,020 1,021 … 1,110

Արխիւներ