ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԵՒԻՐԵԱՆ
Շնորհիւ «1915» ժապաւէնին` երկրորդ գայթակղութիւն մը եւս ապրեցայ (առաջինը` երբ զայն դիտած էի), երբ «Ասպարէզ»-ի 15 յուլիս 2015-ի թիւին մէջ կարդացի Շուշան Շատիկեանի զրոյցին ամփոփ տեղեկատւութիւնը` «1915» տեսաժապաւէնի հեղինակ-բեմադրիչներուն` Կարին Յովհաննիսեանի եւ Ալեք Մուհիպեանի հետ:
Ըստ «1915» ժապաւէնի հեղինակներուն (գոնէ մէկուն), «Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէնները դատապարտուած են տապալման»: Ըստ այս տողերու համեստ գրողին, բացարձակապէ՛ս սխալ կարծիք է տրուածը ու` իր (կամ իրենց) ձախողութիւնը ընդհանրացնելու ձախաւեր փորձ մը: Այս ժապաւէնի հեղինակները երբեք թող յաւակնութիւնը չունենան իրենց «տապալած» գործը Հայոց ցեղասպանութիւնը շօշափած շարք մը այլ հոյակապ ժապաւէններու մակարդակին դնելու:
Կարգ մը ժապաւէններ, նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, տակաւին քաղաքական ու մարդկային ազատութիւններու սեղմումներու եւ հսկողութեան տարիներուն ու մթնոլորտին մէջ, ինչպէս «Նահապետ»-ը եւ «Ձորի Միրօ»-ն, որոնց գլխաւոր առանցքը եղած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ոչ միայն «տապալած չեն», այլեւ իրենց բովանդակութեամբ ու հայրենասիրական նպատակասլաց պատգամներով նուաճած են խորքային բարձունքներ: Մեզի` սփիւռքի հայութեան, հիացմունք ու նաեւ գոհաբանութիւն պատճառած էին այդ ժապաւէնները` երկաթեայ վարագոյրին ետեւէն լուսարձակուած:
Իսկ քանի մը տարիներ առաջ հրապարակուած «Արարատ»-ը եւս «տապալած չէ»: «Արարատ»-ը թէ՛ թեքնիքով, թէ՛ խորքով ու թէ՛ իր սպասարկած հարցերով, Հայոց ցեղասպանութիւնը հայկականօրէն շօշափելէ անդին, հոգեբանական եւ ընկերաբանական վերլուծումներով այնպէ՛ս համամարդկայնացուցած է, որ անիկա կրնայ վերաբերիլ համաշխարհային պատմութեան մէջ որեւէ ցեղասպանութեան ու անկէ վերապրած որեւէ սերունդի, բայց առանց, մեզի համար, ազգային պարտուողականութեան:
«1915»-ի բովանդակութիւնը պարտուողական պատգամով կ՛եզրակացուէր` հետեւեալ ձեւով. «Պէտք է մոռնալ անցեալը (Հայոց ցեղասպանութիւնը) եւ նայիլ դէպի ապագան, որպէսզի փրկուինք տառապանքէ ու «հիւանդութիւններ»-է…» (այս մասին աւելի մանրամասն կարելի է տեսնել նաեւ 2 մայիս 2015-ի «Ասպարէզ»-ի թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածս` «1915» ժապաւէնը. պարտուողական պատգամ»): Խնդրեմ` յուշեցէք ինծի, թէ թուրքերը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ որեւէ ձեւի մերձեցման նպատակով կապի կամ յարաբերութեան մէջ մտած են հայ քաղաքական ղեկավարութեան հետ, ի՞նչ հիմքով մեկնարկած են իրենց բանակցութեան թեզը: Հայ-թուրք արձանագրութիւնները` 2009-ին, որոնք հիմը պէտք է դնէին երկու երկիրներու հաշտութեան, ի՞նչ կը պարունակէին` Թուրքիոյ կողմէն շեշտուած… «Մոռցէ՛ք անցեալը»…
Թէ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի դատական կազմը կամ հովանաւորները ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն, ինծի համար անորոշ է, բայց «1915» ժապաւէնը հոն պէտք չէ ցուցադրուի, այլ` Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող փառատօնի մը ընթացքին, որովհետեւ Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւններուն թեզով է, որ կ՛եզրակացուի անիկա: Կայացած հայ արուեստագէտներու անուններուն ետին թաքնուելով` կարելի չէ որակաւորել Թուրքիոյ ջրաղացին ջուր լեցնող որեւէ աշխատանք: Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը շահարկելը` նման եզրակացութիւն մը հրամցնելու, վերը յիշուած թրքական թեզին ու սպիտակ ջարդին շարունակութիւնն է:
Մեր հայրենակիցները, որոնք Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա կ՛այցելեն, ի՞նչ նպատակ ունին. կ՛ուզեն մահէն մազապուրծ իրենց ծնողներուն ապրած շրջանները տեսնելով եւ մասնաւորապէս տուներու քարերը շօշափելով` յիշողութեան աւարտի վարագո՞յրը քաշել աղէտալի անցեալին վրայ, թէ՞ կորուստի մակարդակը տեսնելով` անցնիլ «հատուցումի պահանջատիրութեան»:
Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած ու անմիջապէս անոր յաջորդ սերունդներու հայ մտաւորականութիւնը «չէ կրցած» կամ «չէ ուզած» Մեծ եղեռնի մասին խորապէս գրել, որպէսզի չնսեմացնէ անոր անչափելի ահաւորութիւնը («Վազգէն Շուշանեան եւ Եղեռնը գրելու անկարելիութիւնը», Յարութիւն Պէրպէրեան, «Ասպարէզ», 24 ապրիլ 2015): Այդ մտաւորական սերունդները անկարողութիւն ապրեցան, բայց իրենց ստեղծագործութիւնները, ըստ ամենայնի` կոթողային, «չտապալեցան», եւ թէկուզ «մոխիրներու մէջ»` պարտուողականութիւն չպատգամեցին:
Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման մակարդակը արդէն թեւակոխեցինք հայրենիքով ու սփիւռքով միասնաբար, 100-ամեակի այս տարին: Այդ մակարդակը առանցք գործածող եւ հայ միտքը այդ ուղղութեամբ պատրաստող մտաւորականներ, արուեստագէտներ, գիտնականներ ու քաղաքական գործիչներ հրապարակային եւ ուսումնասիրական աշխատանքի մարզ պէտք է նետուին, թրքական քաղաքական, քարոզչական ու եղեռնագործ մեքենան` իր գործակալներով ու դաշնակիցներով, դիմագրաւելու եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ տապալելու համար. ասոր առաջին քայլը թշնամիին թեզի մանրամասնութիւնները լաւապէս քննելն ու ըստ այնմ` եզրակացութիւններու յանգիլն է: