Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Գանձասար»-ի Աշխատակիցներու
Խորհրդակցական Հանդիպում
«Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակիցները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան շաբաթ, 29 օգոստոս 2015-ին` «Սուրիահայութեան տագնապն ու «Գանձասար»-ին դերը» նիւթին շուրջ զրուցելու եւ կարծիքներ փոխանակելու համար:
«Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան անդրադարձաւ մամլոյ դերին` լրատուութեան ներկայ բաց համակարգին մէջ սուրիահայութեան տագնապի ու համայնքային կեանքի իսկական պատկերը ներկայացնելու յոյժ կարեւոր աշխատանքին մէջ, ապա նաեւ կարեւոր նկատեց ազատ խօսքն ու բազմակարծութիւնը, միաժամանակ, լրատուութեան հանրային կարծիքին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը նկատի առած, ապատեղեկատուութեան դէմ դնելու եւ համայնքի դժուարութիւններուն եւ տարբեր աշխատանքներուն հարազատօրէն արձագանգելու կարեւորութիւնը:
Պատկան մարմինի անդամ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան ներկայացուց սուրիական տագնապի անցնող չորս տարիներուն ապրած զարգացումներուն հոլովոյթն ու հայ համայնքին մօտեցումը` շեշտելով, որ համայնքը իր յարաբերական, ապահովական, տնտեսական, կազմակերպչական բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դրաւ` տագնապէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու եւ հաւասարակշռուած դիրքերէ հանդէս գալու համար:
«Գանձասար»-ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Ապահունի կարեւոր նկատեց նման հանդիպումները եւ փափաք յայտնեց շարունակական դարձնել զանոնք` համայնքը յուզող տարբեր հարցերու շուրջ խորհրդակցելու եւ կարծիքներ փոխանակելու համար:
Այնուհետեւ «Գանձասար»-ի աշխատակիցները կարծիքներ փոխանակեցին սուրիահայ համայնքի ներկայ վիճակին առնչութեամբ մամուլին մէջ տեղ գտած արձագանգներուն ու «Գանձասար»-ի դերին մասին, ապա անոնք այս մարզին առնչուող առաջարկներ ներկայացուցին:
Սուրիոյ Հայկական Վարժարանները
Կը Պատրաստուին Վերամուտի
Հալէպի մէջ ապահովական վիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: Նախանցեալ օր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի Մոկամպօ շրջանը, արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց կողքին` նիւթական մեծ վնասներ: Երէկ Նոր Գիւղ շրջանի բանջարեղէնի շուկային մօտ ինկած հրթիռի մը պատճառով փուլ եկաւ շէնք մը, զոհեր չարձանագրուեցան, հրթիռներ արձակուեցան նաեւ դէպի Թիլել եւ Ճելեէ շրջանները:
Կենցաղային առումով, ջուրը հասանելի է քաղաքի համարեա՛ բոլոր շրջաններուն, ելեկտրականութիւնը 2 օրուան ընթացքին մէկուկէս ժամով միայն կը միանայ, իսկ համացանցային ծառայութիւնը ցարդ կը մնայ խափանուած:
Թէեւ Նահանգային խորհուրդը սկսած է բնակարաններուն նախքան ձմեռնամուտը վառելանիւթ հայթայթելու աշխատանքին, այնուամենայնիւ, վերջին օրերուն բարձրացած են վառելանիւթի գիները, նահանգին յատկացուած վառելանիւթի քանակին համեմատական նուազեցման իբրեւ հետեւանք:
Այս պատճառով բարձրանալ սկսած են նաեւ կարգ մը ելեկտրածին շարժակներու (ամփերներու) մասնակցութեան շաբաթական գիներն ու նուազիլ սկսած են սոյն շարժակներու սեփականատէրերուն կողմէ ելեկտրականութեան հայթայթման ժամերը:
Կրթական առումով, Սուրիոյ հայկական վարժարանները կը նախապատրաստուին 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին:
Հալէպի Ազգային պատսպարանի սաները Քեսապի մէջ իրենց ամառնային արձակուրդը աւարտելով, կազդուրուած ու հոգեփոխուած` վերադարձան Հալէպ:
Պոլիս
Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ Պոլսահայ
Բանաստեղծ Վարդ Շիկահերի Նոր Հատորը`
«Պարտիզակ» Խորագիրով
Պոլսհայ բանաստեղծ Վարդ Շիկահեր հրապարակեց նոր հատոր մը, որ կը կրէ «Պարտիզակ» խորագիրը: Հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող Պարտիզակ աւանին, որ իր ուրոյն տեղը ունի արեւմտահայ գրականութեան եւ մշակոյթին մէջ: Հատորին մէջ տեղ գտած են արձակ եւ բանաստեղծական գրութիւններ:
Միացեալ Նահանգներ
Յարութ Սասունեան Եւ Աղասի Վարդանեան
Կը Մեծարուին
Նախաձեռնութեամբ Մայքըլ Անթոնովիչի, 18 օգոստոսին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը պատուոյ գիրեր յանձնեց «Ո՛չ` մարդկութեան դէմ ոճիրներու» կազմակերպութեան նախագահ Յարութ Սասունեանին եւ Պըրպենքի մէջ ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն 55-օրեայ հացադուլի միջոցով մարդոց ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վրայ սեւեռած Աղասի Վարդանեանին:
Մայքըլ Անթոնովիչ իր խօսքին մէջ գնահատեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ ցեղասպանութիւններու մասին իրազեկման վերաբերեալ կազմակերպութեան եւ Աղասի Վարդանեանին ջանքերը: Ան շեշտեց, որ այդ ոճիրի ժխտման պատճառով, այսօր կը շարունակուին մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները` Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ, աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ճիշդ պահն է աշխարհին ցոյց տալու այն փաստերը, զորս շատերը կը շարունակեն անտեսել:
Իր կարգին Յարութ Սասունեան յայտնեց, որ ապրիլ 24-ով մեր պայքարը չէ աւարտած: Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ պահանջատիրութեան ոգին պիտի շարունակուին նաեւ յաջորդ տարիներուն, եւ աւելցուց, որ մեր Դատը չէ աւարտած, եւ մենք մեր պայքարը պիտի զօրացնենք` մեր իրաւունքները եւ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու համար:
Ատրպատականի Առաջնորդ Գրիգոր Եպս.
Չիֆթճեան Առաջնորդարան Կ՛այցելէ
Օգոստոս 11-ին Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան այցելեց առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ:
Հանդիպումը առիթ ծառայեց երկու թեմերու ծառայական աշխատանքի մարզերուն մասին խորհրդակցութեան` մասնաւորաբար շեշտը դնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միւռոնօրհնէքին արարողութեան տպաւորութեան վրայ:
Ատրպատականի Առաջնորդ Գրիգոր Եպս.
Չիֆթճեանի Հանդիպումը Լոս Անճելըսի
«Ջան Թաւրիզ» Միութեան Վարչութեան Հետ
Օգոստոս 12-ին Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան Կլենտէյլի մէջ աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Ջան Թաւրիզ» միութեան վարչութեան հետ: Վարչութեան անդամները տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան անցնող շրջանի գործունէութեան եւ վարչական նոր ընտրութեան արդիւնքին մասին: Ապա, սրբազան հայրը փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին ողջոյնը, որ միշտ կը հետեւի միութեան գործունէութեան Լոս Անճելըսի մէջ եւ ներկայացուցիչներու միջոցով կը մասնակցի գլխաւոր ծրագիրներուն:
Հանդիպումին գլխաւոր օրակարգը դարձաւ, Թաւրիզի «Թամարեան» դպրոցի հիմնադրութեան 120-ամեակի մօտալուտ հանդիսութիւնը` Թաւրիզի մէջ, որուն կազմակերպական աշխատանքներուն մասնակցելու համար միութիւնը խոստացաւ լոսանճելըսաբնակ շրջանաւարտներէն տեսագրուած պատգամներ փոխանցել դպրոցի տեսչութեան եւ հոգաբարձական կազմին:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շարք մը հրատապ հարցեր:
Յակոբ Եւ Քնար Մանճիկեաններուն Անունով
Գրադարանի Բաժանմունք
Օգոստոս 11-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Աղասարգիսեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին գրադարանին Հայոց ցեղասպանութեան յատկացուած բաժանմունքը կոչուեցաւ Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեան ամոլին անունով:
Թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան դրուատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններուն տարած երկարամեայ գործունէութիւնը:
Յակոբ Մանճիկեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտեց այս պատիւին համար, որմէ ետք ասմունքեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հայոց լեռներում» կտորը:
Նշենք, որ Մանճիկեան ամոլը տարիներու ընթացքին յատկանշական թիւով հատորներ նուիրած է առաջնորդարանի գրադարանին: Անոնք հիմնադիրներն են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան գրադարանի հաւաքածոյին (Armenian Genocide Library Collection, www.genocidememoirs.com), որ կը հրատարակէ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններուն անգլերէն թարգմանութիւնը:
Գրիգոր Շէնեան Երեք Հազար Ամերիկեան
Տոլար Կը Նուիրէ Սիսի Դատը Հետապնդելու
Նպատակին
«Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագիր-սեփականատէր Գրիգոր Շէնեան երեք հազար ամերիկեան տոլար նուիրատուութեամբ որոշեց իր մասնակցութիւնը բերել Սիսի դատի հետապնդման աշխատանքներուն:
Ազգային առաջնորդարանի խողովակով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կատարուած այս նուիրատուութիւնը` «դպրեվանեցի» Շէնեան կը կատարէ նաեւ օրինակ դառնալու համար Անթիլիասի դպրեվանքի բոլոր նախկին ուսանողներուն եւ կը հրաւիրէ զանոնք միանալու իր քայլին: Գրիգոր Շէնեան մօտէն կը հետեւի համայնքի իրադարձութիւններուն:
Ակնաբուժ Միրէյ Համբարեան Մաս Կը Կազմէ
«Լաւագոյն Բժիշկ»-ներու Ցանկին
Այս տարի «2015-ի լաւագոյն բժիշկ»-ի կոչումին արժանացողներու ցանկին վրայ իր պատուաւոր տեղը գրաւած է ակնաբուժ Միրէյ Համբարեանը: Չորս զաւակներու տէր տոքթ. Համբարեան ունի իր սեփական բժշկական կեդրոնը:
Հրաչ Սեփեթճեան` ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան
Վարժարանի Հայկական Բաժինի Վարիչ Տնօրէն
ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ Հրաչ Սեփեթճեան նշանակուեցաւ վարժարանի հայկական բաժինի եւ ծրագիրներու վարիչ տնօրէն: Անոր պարտականութիւններուն մաս պիտի կազմէ համադրել եւ ղեկավարել հայեցի դաստիարակութեան ընդհանուր աշխատանքները` ծաղկոցէն մինչեւ երկրորդական բաժին:
Այս աշխատանքը պիտի նպաստէ հայերէնի դասաւանդութեան արդիականացման եւ հայերէնի ուսուցիչներու աշխատանքի աւելիով արդիւնաւէտութեան:
Բրիտանիա
«Արամ, Արամ» Ժապաւէնը Պիտի Ցուցադրուի
Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ
Հովանաւորութեամբ «Լիան Ս. Փիթըրզ» հիմնարկին, նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող «Սինէքալչըր» եւ Հայագիտական ծրագիրին 28 օգոստոսին, համալսարանի «Փիթըրզ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ, Արամ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Քրիսթըֆըր Չէյմպըրզի բեմադրած «Արամ, Արամ» ժապաւէնը պատմութիւնն է 12 տարեկան Արամին, որ Պէյրութէն գաղթելով, կը հաստատուի Լոս Անճելըս ապրող իր մեծ հօր մօտ` դիմագրաւելով նոր միջավայրին ընտելանալու դժուարութիւնները:
Քանատա
ՀՕՄ-ը 25 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին
ՀՕՄ-ի Քանատայի շրջանը իր հիմնադրութեան 25-ամեակի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի զոյգ առիթներով, 25 հազար տոլար կը նուիրէ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին` հայոց պահանջատիրութեան աշխատանքներու խթանման ի խնդիր: