ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան 43-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ ՔԵՄ-ի (Քանատայի երիտասարդական միութիւն) 43-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 29-30 օգոստոս 2015-ին, Թորոնթոյի մէջ: Ներկայ էին 35 պատգամաւորներ, Օնթարիոյի, Քեպեքի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի զանազան շրջաններէն: Ժողովին հիւրաբար նաեւ մասնակցեցան ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրիան» կոմիտէի , ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի եւ ՀԵԴ Միացեալ Նահանգների Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչները: Պատգամաւորական...


















