Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մենք ենք ապագան» խորագիրով ցուցահանդէս` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Ֆրանսա ապաստան գտած հայ որբերու ճակատագիրին:
Ֆրանսայի գաղութէն յայտնած են, որ ցուցադրութիւնը շրջուն է եւ կը ներառէ 1918-1923 թուականներուն Ֆրանսա գաղթած հայ որբերուն փաստաթուղթերը, լուսանկարները, անոնց կենսագրականներն ու կատարած աշխատանքները:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի նաեւ այն, թէ հայ որբերը ինչպիսի՛ նուաճումներու հասած են Ֆրանսայի մէջ: Այսպիսով, Ֆրանսայի հայ գաղութը իր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնէ Ֆրանսային` անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի 8 սեպտեմբերին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 20 սեպտեմբեր: