Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Պանդխտութիւնը, գաղթը, տարագրութիւնը դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը առաւելագոյնս պատուհասած են: Հինէն ի վեր հայերու արտագաղթը միշտ ալ մտահոգիչ եղած է, իսկ այսօր ատիկա կը հասնի վտանգաւոր չափերու` Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն: Եթէ արեւմուտքցի լրագրողներ այսօր ոչ այնքան խորանալով կ՛անդրադառնան միջազգային հրատապ տագնապի վերածուած այս աղէտին, աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներէն` Հրանդ (Մելքոն Կիւրճեան) իր «Պանդուխտի կեանքէն» (հատուած մը` քովի սիւնակով) կոթողական գործով ներկայացուցած է մարդոց տառապանքը, որ հաւանաբար որոշ հաշիւներով կամ տաղանդի չգոյութեան պատճառով այսօր կը վրիպի արեւմուտքցի լրագրողներու աչքերէն եւ գրիչներէն: Հազարաւոր նորօրեայ պանդուխտներ այս օրերուն Միջին Արեւելքէն կ՛ուղղուին դէպի Գերմանիա եւ հիւսիսային Եւրոպա` այս ուղեւորութեան ընթացքին դիմագրաւելով վտանգներ` Եգէական ծովուն նաւեր խորտակող ալիքները, պալքանեան երկիրներու աւազակները եւ Եւրոպայի ցամաքամասի երկար ուղին: Ստորեւ` այս ոդիսականը ներկայացնող լրագրողներու` Քրիս Պաքլըրի (Մակեդոնիա), Կի Տելոնիի (Պելկրատ), Նիք Թորփի (Հունգարիա), Պեթանի Պելի (Վիեննա) եւ Ճենի Հիլի (Պերլին) յօդուածները` աննշան կրճատումներով:
Նաւակով դէպի Յունաստան, ապա Կռիւ` Մակեդոնիա մեկնող շոգեկառքին համար
Լեսպոս կղզի (Յունաստան) – Քրիս Պաքլըր
Նոր կեանք փնտռող պանդուխտներուն եւ գաղթականներուն համար Եւրոպա անցնիլը յաճախ կը նշանակէ հատել ծովը: Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ատիկա կրնայ ըլլալ կարճ ուղեւորութիւն մը, բայց նաեւ`շատ վտանգաւոր, մասնաւորաբար անոնց համար,որոնք նաւակ բնաւ չեն օգտագործած: Այդպիսիները բազմաթիւ են: Նախքան արեւածագը` Թուրքիոյ ափամերձ շրջաններուն մէջ սովորական դարձած է տեսնել մարդիկ, որոնք մութին մէջ կը չարչարուին իրենց նաւակներով, որոնք պատրաստուած են ծովեզերքը շրջագայող զբօսաշրջիկներու եւ ոչ ճամբորդներու համար:
Ոմանք կը փրկուին ափամերձ հսկողութիւն կատարող նաւերու կողմէ, ուրիշներ կը կորսուին ջուրին մէջ: Գոհունակութիւնը, թեթեւացումը յստակ է անոնց մօտ, որոնք կը յաջողին հասնիլ Քոս եւ Լեսպոս կղզիներու ափերը, սակայն մեծամասնութեան համար այդ ուղեւորութիւնը միայն սկիզբն է: Անոնք ապա պէտք է արձանագրուին ստանալու համար փաստաթուղթեր, որոնց միջոցով կրնան ճամբորդել Եւրոպայի այլ շրջաններ եւ դուրս գալ կղզիէն:Դէպի Աթէնք տանող նաւեր կան, բայց բազմաթիւ ընտանիքներ կ՛ուզեն այլ տեղ մեկնիլ: Իսկ ասիկա կը նշանակէ Յունաստանի մայրաքաղաքէն դուրս երկար ուղեւորութիւն` հիւսիս, ոչ միայն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու տարածքէն, այլ` պալքաններէն: Կեւկելիճա շոգեկառքի կայարանը (Մակեդոնիա), ճիշդ սահմանին վրայ,ամէնէն յայտնի դժուարանցանելի կէտն է: Գաղթականները պէտք է արձանագրուին ոստիկանատան մէջ, որպէսզի ստանան անհրաժեշտ փաստաթուղթեր` 72 ժամէն երկրի տարածքէն անցնելով դուրս գալու համար: Կայարանին մէջ մարդիկ զայրացկոտ եւ երկար կը սպասեն,որպէսզի ի վերջոյ տեղ գտնեն խճողուած շոգեկառքին մէջ,որ զիրենք դուրս պիտի բերէ Կեւկելիճայէն:Ոմանք ստիպուած կը գիշերեն տախտակամածին վրայ: Երկաթուղին կ՛առաջնորդէ սահմանը Սերպիոյ, որ պալքանեան այլ երկիր մըն է` Եւրոպայէն անցնող եւ հետզհետէ աւելի բանուկ դարձող ուղիով:
Կարճատեւ դադար Սերպիոյ մէջ
Պելկրատ– Կի Տելոնի
Սերպիա Մակեդոնիայէն աւելի ջերմ կ՛ընդունի գաղթականները: Սերպիոյ իշխանութիւնները ամիսներէ ի վեր պատրաստուած են այս ներհոսքին,եւ սահմանային Միթրովաչ աւանին մէջ հաստատած են ժամանակաւոր ընդունման կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ աւելի մնայուն հանրակացարան մը` մօտակայ Փրեսովի մէջ: Ասոնք վայրեր են, ուր մարդոց կը տրամադրուին ուտեստեղէն, ջուր, ապաստարան, ինչպէս նաեւ` երկրին մէջ կեցութիւնը արտօնող փաստաթուղթեր: Տեսականօրէն անոնք 72 ժամ ունին ներկայանալու ապաստան խնդրողներու Սերպիոյ 5 բնակարանային կեդրոններէն մէկը: Սակայն մեծամասնութիւնը այդ ժամանակը կ՛օգտագործէ հասնելու համար Հունգարիոյ սահմանը, ուրկէ կը յուսան անցնիլ Եւրոպական Միութիւն եւ առանց սահմաններու շէնկենեան տարածք:
Արեւմտեան պալքաններ ուղի
181.500 գաղթականներ ցարդ այս տարի նաւով հասած են Յունաստան:
3 հազար` օրական կը սպասուի Մակեդոնիա:
90 հազար` յունուարէն ի վեր անցած են Սերպիայէն:
80 հազար` ապաստան խնդրողներ կը սպասուին Աւստրիոյ մէջ, 2015-ին:
800 հազար ապաստան խնդրողներ կը սպասուին Գերմանիոյ մէջ, 2015-ին:
Այս մասին կը հաղորդեն այդ երկիրներու ներքին գործոց նախարարութիւնները:
Շատեր նախ կու գան Պելկրատ,ուր անոնք կը փոխադրուին այլ հանրակառքեր, դրամի փոխանցման գրասենեակներէն կանխիկ գումարներ կը ստանան, կամ ալ պահ մը կը հանգչին երկարատեւ եւ վտանգաւոր ուղեւորութենէ մը ետք: Հանրակառքի կայարանին կից գտնուող հրապարակը գաղթականներու անպաշտօն կեդրոնը եղած է ամիսներէ ի վեր:
Սերպիոյ գաղթականներու յանձնակատարութիւնը այս տարի ցարդ արձանագրած է 90 հազար անձի ժամանակաւոր կեցութեան հաստատագիրներ: Բայց միայն 500-ը մտած է ապաստան խնդրելու հոլովոյթ: Մնացեալներուն համար երազը Գերմանիոյ, Շուէտի կամ Նորվեկիոյ նման երկիրներու մէջ նոր կեանք մը սկսիլն է:
Շրջանցելով Հունգարիոյ սահմանային նոր պաշտնէշը
Ռոծքէ (Հունգարիա)- Նիք Թորփ
Հունգարիոյ ոստիկանական ուժերը կը հսկեն սահմանային անցարգելին մօտ, որ կազմուած է փշալարերէ (իսկական պատնէշը հաստատուած է աւելի անդին), եւ գաղթականներ ատոր վրայ նետած են վերմակներ, շարժական անկողիններ նուազեցնելու համար վիրաւորուելու վտանգը: Բայց սահմանի այս կէտին վրայ շատեր աւելի դիւրին տարբերակը կ՛ընտրեն. պարզապէս կը քալեն շատ հազուադէպ օգտագործուող երկաթուղիին վրայէն, որ անցք մը կը բանայ փշալարերուն մէջէն: Այնտեղ կան զիրենք դիմաւորող լուրջ, բայց ոչ այլամերժ յաւելեալ ոստիկաններ, որոնք անգլերէն խօսելով` կ՛ըսեն. «Շարունակեցէք երկաթուղին`մէկ քիլոմեթր»:
Արտառոց հակադրութիւն մը ի յայտ եկած է գաղթականներու ճգնաժամը լուծելու Հունգարիոյ ջանքերուն մէջ: Մինչ կառավարութիւնը իր զայրոյթը կ՛արտայայտէ «ապօրինի ներգաղթին» դէմ, ոստիկանութիւնը սահմանին վրայ կը շարունակէ ընթացակարգերը, ամբողջովին ներդաշնակ երկրի պարտաւորութիւններուն` 1951 թուականի ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հռչակագիրին հիմամբ:
«Հունգարիոյ ոստիկանը լաւ է: Սերպիոյ ոստիկանը լաւ է: Թուրքիոյ ոստիկանը գէշ է», կ՛ըսէ սուրիացի մը` կտրտուած անգլերէնով:
Գաղթականներէն ոմանք կը գործադրեն այն ինչ որ իրենց ըսուած է` գաղթակայաններու միջեւ ճամբորդել փաստաթուղթերով, որոնք ի զօրու են 48 ժամ: Սակայն մեծամասնութիւնը կը փնտռէ շոգեկառքեր, հանրակառքեր, թաքսիներ, որոնք զիրենք Աւստրիա կամ Գերմանիա պիտի տանին:
Աւստրիա դժուարութեան դիմաց` նոր ժամանումներով
Վիեննա-Պեթանի Պել
Բազմաթիւ գաղթականներ, որոնք Աւստրիա կը հասնին, կը յուսան շարունակել իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Գերմանիա եւ այլ վայրեր Եւրոպայի մէջ: Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգի պատասխանատուներ ըսին, որ ամէն օր սահմանը անցած են 1400 գաղթականներ, մեծամասնութիւնը` Աւստրիայէն:
Սակայն 8,5 միլիոն բնակիչ ունեցող Աւստրիոյ մէջ ապաստան խնդրողները հետզհետէ կը բազմանան: Մայիսէն ի վեր, շաբաթը միջին հաշուով 2 հազար հոգի կեցութեան իրաւունք ստացած է` ըստ ներքին գործոց նախարարութեան: Այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն, 28 հազար հոգի ապաստան խնդրած է (աւելի` քան ամբողջ 2014-ին): Կը սպասուի, որ այս թիւը մինչեւ տարեվերջ հասնի 80 հազարի: Գաղթականներուն աւելի քան 50 առ հարիւրը շոգեկառքերով, բեռնատարներով, փոքր հանրակառքերով Աւստրիա կու գայ, դրացի Հունգարիան եւ պալքանեան երկիրները հատելով: Գաղթականներու խումբեր, յաճախ երեխաներով, սկսած են սովորական տեսարաններ ըլլալ Աւստրիոյ գնացքի կայարաններուն մէջ:
Վերջերս արեւելեան Աւստրիոյ մէջ բազմացած են գաղթականներ փոխադրող հանրակառքերու արկածները: Ոմանք ծանրօրէն վիրաւորուած են, վարորդներ ձերբակալուած են երթեւեկի կանոններու խախտումներու համար:
Գաղթականներու ապաստան շնորհելու հոլովոյթի գլխաւոր կեդրոնը` Թրէյսքիրչըն, որ կը գտնուի Վիեննայի հարաւը, շաբաթներէ ի վեր խճողուած է: Հարիւրաւոր մարդիկ, ներառեալ երեխաներ, ստիպուած` դուրսը կը քնանան, մինչ Աւստրիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը, նահանգապետարաններ եւ քաղաքապետարաններ կը վիճին, թէ անոնք ո՛ւր պիտի տեղաւորուին: Ներման միջազգային կազմակերպութիւնը վերջերս դատապարտեց Թրէյսքիրչընի մէջ կացութիւնը` ատիկա անուանելով «ամօթալի», յատկապէս` Աւստրիոյ նման հարուստ երկրի մը համար:
Ներհոսքը կը սպառնայ ճնշել Գերմանիոյ կառավարութիւնը
Պերլին – Ճենի Հիլ
Դէտի մը համար Գերմանիոյ դրութիւնը վտանգաւոր կերպով քաոսային կը թուի: Երբ ես Պերլինի ընդունելութեան կայան այցելեցի, հարիւրաւոր գաղթականներ ամառնային տաք եղանակին ժամերէ ի վեր կանգնած կը սպասէին, որպէսզի արձանագրուին: Կամաւոր բժիշկ մը, որ կայանին մօտ ժամանակաւոր տեղակայուած բուժարանին պատասխանատուն էր, ըսաւ. «Իշխանութիւնները զարմացած են մարդոց անակնկալ հոսքով»:
Նոր հասնողները նախ կ՛արձանագրուին գերմանական նահանգի մը մէջ, որ կը յատկացնէ որոշ գումար մը (ամսական շուրջ 140 եւրօ) եւ ժամանակաւոր բնակարան, յարմարութիւններ, մինչեւ որ աւարտի ապաստանի դիմումի հոլովոյթը, որ միջին հաշուով կը տեւէ 7 ամիս: Յաջողելու պարագային, նահանգը գաղթականին մնայուն բնակարան եւ յարմարութիւններ կը յատկացնէ:
Բայց ամէն նահանգ իր սեփական ընթացակարգերը, իր դժուարութիւնները եւ խնդիրները ունի: Մեծամասնութիւնը կը դժուարանայ բնակարաններով օժտել ամէն օր հասնող բազմաթիւ գաղթականները, որոնք կը բնակին վրաններու տակ, կեցութեան վայրի վերածուած պահեստանոցներու եւ պանդոկներու մէջ: Ես հանդիպեցայ սուրիացիի մը, որ իր աղջնակը ցոյց տալով ըսաւ, թէ վերջին քանի մը օրերուն փողոցը պառկած են:
Գրեթէ ամէն օր Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը կրկնէ իր պահանջները. Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները,ներառեալ Բրիտանիա, պէտք է յաւելեալ գաղթականներ ընդունին, իսկ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է համաձայնի գաղթականներու տագնապը դիմագրաւելու ջանքերու համակարգման:
Թէեւ ապաստան խնդրողներուն դէմ յարձակումները կ՛աւելնան, սակայն թիւերը յարաբերաբար ցած են, եւ արտասովոր թիւով մարդիկ նոր հասնողներուն օգնելու համար կը յատկացնեն իրենց ժամանակը, կամ` ունեցուածքը:
Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարը նախատեսեց, որ 800 հազար անձ այս տարի ապաստան պիտի խնդրէ: Ան աւելցուց.« Մտահոգ եմ,որ ընդունելութեան այս լաւ վերաբերումը կրնայ փոխուիլ: Առանց կամաւորներու ջանքերուն` դժուար կ՛ըլլայ խնդիրը լուծել»:
Աղբիւր` «Պի.Պի.Սի»
————————-
Հրանդի (Մելքոն Կիւրճեանի 1859-1915) «Պանդուխտի կեանքէն» շարքէն առնուած այս հատուածը պանդուխտ հայ պատանիի մը տառապանքին ընդմէջէն ամենավառ ձեւով կ՛արտայայտէ 19-րդ դարու ազգային մեր ողբերգութեան մէկ երեսը:
Ալ տեղ չմնաց, տեղ չկայ խաներուն մէջ, լցուած են իրարու վրայ ամէն կողմէ, ամէն քաղաքէ ու գիւղէ նոր մարդիկ, նոր պատանիներ… նորեկ պանդուխտներու մեծ թիւը կը կազմեն 14-16 տարեկանները, խեղճուկ հագուած, ոտքերուն հինցած պատռուած կօշիկ մը, որոնք 15-20 օր լեռ ու ձոր կտրելով Պոլիս հասեր են: Կը նստին օրերով, կը սպասեն ամիսներով: Պարտքով ճամբայ ելած, պարտքով շոգենաւի վարձք հատուցած` հիմա ալ պարտքով պարապ կը նստին դեռատի պատանիներ` զրկուած սիրելիներէ եւ կենսական օդէն ալ:
Օր մը խանի մը սենեակը կը մտնէի,նորահաս պատանի մը անկողնին վրայ մէկ քով կռթնած էր` ձեռքը դրած գլխին եւ մտախոհ: «Բան մը չունիմ» ըսելով` ծածկեց ինձմէ իր վշտագին սիրտը, թէեւ ես դժուարութիւն չունէի իմանալու: Մայրը թուղթ ղրկած էր, հէք կինը պարտքեր ու պէտքեր դրած էր զաւկին առջեւ, իսկ տղան ոչ միայն գործ չունէր, այլեւ գործելու ալ վարժուած չէր տակաւին…
Կը նետուին դժուարութեամբ վարպետի մը քով. Տասներկու ժամ բեռնաւորեալ կ՛ելլեն, կ՛իջնեն լաստակներէն վեր ու վար: Մէկն իր ուսին դրած է կրախառն շաղախն, ուսն ուռած ու կարմրած է. ծոծրակն այրած կիրէն. ինքը` խաշած ու մաշած: Ուրիշ մը կը նետեն բեռնակրի ձողերուն տակ: Ա՜խ, ես քանինե՜ր տեսեր եմ, թարմ ու առոյգ տղաներ, հսկաներ ըլլալու խմորով շինուած, որք տաժանելի աշխատութեանց տակ սմքած մնացին, քանինե՜ր ճնշուեցան, ճմլուեցան ու կը ճզմուին: Հոս զանց կ՛ընեմ յիշատակել այն մատաղ զոհերն ալ, որոնք միշտ եւ ամէն տարի կու տանք պատերէն վար, լաստակներէն վար….
Ողջ մնացողներն ի՞նչ կ՛ընեն… Մեր Մարտիկն ասոնց կարգէն է եւ իր պատմութիւնը մասամբ անոնցն է: Երկու տարի անցաւ, որմէ ետք Պոլիս եկած է. իր տարիքն է հիմա տասնեւվեց: Իր հայրն պանդխտութենէ ի տուն դարձին Կարնոյ լեռներուն մէջ կորսուած է: Թագուհի` այդ տղուն հէք մայրը, իր չորս մատաղ որբերովը քանի տարի տառապելէ ետքը, Մարտիկը ճամբայ կը հանէ 14 տարեկան:
Այս Մարտիկն հիմա ալ հոս է. հօրմէն մնացած 50 ոսկւոյ պարտքն ունի վզէն կախուած, տունն ալ, որ իրեն կը նայի. պէտք ունի, դարդ ունի. ասոնց ամէնուն ալ պիտի հասնի նա: Բայց Մարտիկը մեր ձեռքն հասած է. մինչեւ 16 տարիքը վար դրինք զինքը, գործելու վարժեցնել տուինք. մօրը թղթերն ալ անպատասխան թողուցինք շատ անգամ:
Օր մը երեկոյեան տուն դարձայ. Մարտիկ չերեւաց, զի խան գացեր էր… Արժանապատուութեան զգացումը զինքը հոն նետեր է. աշխատիլ, ինքնութիւն ունենալ, ապրիլ եւ ապրեցնել իր քսակովն ու քրտինքովը: Այս կիրակի ալ այցելութեան եկեր էր Մարտիկը. այտերուն կարմրութիւնը տակաւ մարելու սկսած է, վրան գլուխը պատռտած… Ի՞նչ շահած էր հապա այսչափ կորուստներու փոխարէն. 75 դահեկան 40 օրուան մէջ, կէսն ապառիկ, եւ սա յոյսը` թէ քանի մը օրէն եթէ գործ ունենայ, մէկ ոսկւոյ կը հասցնէ այդ գումարն եւ մօրը կը ղրկէ…
Ասոնք` հոս, հապա անդի՜ն: Գարնան առաջին օրերը, արագիլն ու ծիծառը հազիւ թէ ոտք դրած մեր սարերուն վերեւ, 3000 երիտասարդ միայն Տարօնոյ գիւղերէն` ճամբայ ելած են, առանց հրաժեշտի ողջոյնի ծնողաց եւ ընտանեաց: Այս վերջին սփոփանքէ զրկուելուն բո՛ւն պատճառն եղած է անցագրի պակասը, այսինքն` տասներեք դահեկանի: Ասոնք քալելով, ծուռումուռ ճամբաներով մինչեւ Տրապիզոն կը հասնին թէեւ, բայց նաւապետներն յանձն չեն առներ այդ անպէտ բեռներն իրենց նաւերու տախտակաշարին վրայ նետելու:
Այնուհետեւ նոր տեսարան մը կը սկսի. ո՞ ւր դարձան, ո՞ւր գացին, մարդ չի գիտեր. այսպիսի կորուստներ ալ անպակաս են ամէն տարի…
Ահա՜ մեր յոյսերը…