Կը Զարմանա՞ն Իշխանաւորները
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Հսկայական է թիւը լիբանանցի այն քաղաքացիներուն, որոնք զարմանքով դիտեցին անդրհամայնքային ցոյցերու տեսարանները եւ լսեցին ցուցարարներուն երբեմն աղմկոտ, երբեմն պոռթկացող, երբեմն հանդարտ, սակայն ամէն պարագայի` անկեղծ արտայայտութիւնները: Համայնքային պատմուճանը իրենց ուսերուն կրող իշխանաւորները, կամ արդար ըլլալու համար, համայնքային պատկանելիութիւնը վահանի վերածած իշխանաւորները բնաւ չէին ակնկալեր, որ լիբանանեան բոլոր կողմերէն ու բոլոր համայնքներէն ցուցարարներ գէթ մէկ անգամուան համար քաղաքական իրենց...



















