ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
15-28 սեպտեմբերին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը պիտի նշէ քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակը եւ յարգէ այդ հանգրուանին զոհուած տղոց յիշատակը:
ՀՅ Դաշնակցութեան ակումբներուն եւ ժողովրդային տուներուն մէջ պիտի կազմակերպուին յիշատակի հանդիսութիւններ, եւ 28 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ համաժողովրդային եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
Լիբանանի ապրած այսօրուան դժնդակ պայմաններուն եւ ընկերային ու տնտեսական ծանր իրավիճակին մէջ, 40-ամեակի համաժողովրդային նշումը այժմէական խոր պատգամներ եւ թելադրանքներ ունի անտարակո՛յս: Անցնող 40 տարիներուն ընթացքին լիբանանահայ գաղութը կրեց մեծ վնասներ եւ ենթարկուեցաւ ծանր հարուածներու: Սփիւռքի կեդրոնական գաղութի առաքելութիւնը բազմաթիւ պարագաներու դարձաւ բաւական դժուար, ճամբան` փշոտ, իսկ ապագան` անյստակ:
Արդէն տագնապին սկզբնական հանգրուանին իսկ, արտագաղթի պատճառով գաղութը կորսնցուց իր մարդկային պաշարէն պատկառելի տոկոս մը: Աւելի ուշ, մայրաքաղաքի հայութիւնը դարձաւ տեղահան, Պուրճ Համուտը ենթարկուեցաւ ծանր ռմբակոծումներու: Հայկական թաղամասերը ստացան մեծ հարուածներ: Արձանագրուեցան մեծ թիւով զոհեր եւ առեւանգուեցան հայորդիներ: Հեռակայ հայաշատ շրջանները մի՛շտ ալ ապրեցան իրենց գոյութեան սպառնացող արհաւիրքը: Համայնքի անվտանգութեան եւ քաղաքական ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման համար գաղութը տուաւ նաեւ մեծ թիւով նահատակներ:
Հետեւաբար`
Ա- Համաժողովրդային այս նշումը նախ եւ առաջ յարգանքի նուազագոյն տուրք մըն է այդ տղոց, որոնք լիբանանահայութեան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համար չսակարկեցին նոյնիսկ իրենց կեանքը եւ բարձր պահեցին հայութեան արժանապատուութիւնը:
Բ- Այս ձեռնարկներուն կազմակերպումը գաղութի վճռակամութեան ու տոկունութեան հարազատ դրսեւորումն է: Այո՛, այս գաղութը հակառակ իր դէմ փչած հողմերուն, ստացած հարուածներուն, կրած կորուստներուն եւ վնասներուն կը շարունակէ իր կենսունակ, աշխուժ եւ կազմակերպ կեանքը:
Գ- Նոր ժամանակներու մարտահրաւէրները հաւաքաբար դիմագրաւելու եւ գօտեպնդուելու առիթ է այս օրը: Նահատակներու պատգամով ու խորհուրդով ապրելու եւ անոնց վարակիչ օրինակը մեր կեանքին մէջ աւելի ամրօրէն դարբնելու եզակի պահ մըն է այս թուականը:
Դ- Քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին գաղութին նուաճած հարուստ կենսափորձը նորահաս սերունդին փոխանցելու օգտաշատ առիթ է նաեւ 40-ամեակի այս նշումը:
Անհրաժեշտ է, որ ներկայ սերունդները իրազեկ դառնան, թէ ինչպիսի՞ դժուարութիւններով եւ բազում զոհողութիւններով կարելի եղաւ պահպանել այս գաղութը եւ երաշխաւորել անոր գոյերթը:
Ե- Քաղաքացիական պատերազմին մէջ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործին իրենց մարտական փորձառութիւնը ստացած տղաք, կարճ ժամանակ մը ետք պիտի գային ոսկի տառերով արձանագրելու իրենց անունները հայութեան նորօրեայ պատմութեան պայքարին մէջ: Հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան այդ համեստ զինուորագրեալ տղաքը, Հայաստանը չտեսած, սակայն Հայաստանի համար պիտի դառնային Հայ դատի զինուոր ու հայութեան արդար իրաւունքներուն համար պիտի չսակարկէին նաեւ իրենց կեանքերը: Անձնուրաց այդ կտրիճները պիտի անսային նաեւ Արցախէն լսուող կանչին ու դառնային արցախեան ազատագրական պայքարի մարտիկներ եւ այդ նուիրական պարտականութիւնը կատարէին անգնահատելի նուիրումով ու զոհաբերութեան բարձր գիտակցութեամբ:
Հետեւաբար այս առիթով մենք պիտի խոնարհինք նաեւ ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան տեսլականին իրագործման ճամբուն վրայ ինկած մեր հերոսներու յիշատակին դիմաց:
Զ- Բոլորին իսկ վկայութեամբ, տագնապին ամբողջ տեւողութեան, լիբանանահայ գաղութը դրսեւորեց քաղաքական ու քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը մեծ արկածախնդրութիւններէ եւ փորձանքներէ հեռու պահեց մեր հաւաքական կեանքը: Հետեւաբար քաղաքական այդ կառուցողական եւ օրինակելի կեցուածքին վերարժեւորման պահն է նաեւ այս նշումը:
Է- Վերջապէս, Լիբանանի նկատմամբ մեր ունեցած անվերապահ վստահութեան եւ հաւատարմութեան դրսեւորման առիթ է այս օրը: Առիթ` անգամ մը եւս յիշեցնելու բոլորին, որ հայ համայնքը ամրօրէն կառչած կը մնայ այս երկրին հողային ամբողջականութեան, ժողովրդավարութեան, համայնքներուն միջեւ խաղաղ գոյակցութեան, հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու ընտրանքին, պետական կառոյցներու արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ քաղաքացիական առողջ միջավայրի ստեղծման:
Անշուշտ այս բոլորին համապարփակ կերպով անդրադառնալու առիթ պիտի ունենանք: Պիտի մտածենք միասին, հիմնական առաջադրանք ունենալով մեր համայնքը` մեր տունը դարձնելու աւելի՛ կազմակերպ, աւելի՛ ուժեղ ու մեր աշխատանքը աւելի՛ նպատակասլաց եւ աւելի՛ համահայկական:
Հայ քաղաքական միտքը կը շարունակէ կառչած մնալ «Լիբանանի հետ եւ հայութեան համար» գաղափարական հարուստ կենսափորձ նուաճած հասկացողութեան: Այս հասկացողութեան վրայ պիտի շարունակենք կառուցել մեր վաղուան օրը, մեր ապագան:
Մտածենք հաւաքաբար,
Գործենք միասնաբար…