Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսպէս Ենք Ապրում

Սեպտեմբեր 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Հէնց այսպէս ենք ապրում
Մեր սիրած քաղաքում» (Ֆորշ):

 

https://www.youtube.com/watch?v=NkSYI1dPQHc

Սովորութիւն դարձած էր. շաբաթ օրերը, նուագի աւարտին, Պէյրութի հայ եւ արաբ նուագախումբի անդամները անպայման իրարու պիտի հանդիպէինք Համրա թաղի, Ամերիկեան համալսարանի մայր դրան դիմացի «Մարրուշ» ճաշարանը, նախաճաշելու ու ապա մեկնելու մեր տուները: Արեւածագի մօտ, երբ հասնէինք ճաշարան, այդ ժամուն քանի մը սեղան միայն կարելի էր գտնել, եւ յանկարծ կեանքը կը վերակենդանանար, երբ երաժիշտներս կը ժամանէինք եւ խումբ առ խումբ, իրարմէ ոչ շատ հեռու կը գրաւէինք մեր սեղանները: Քանի մը վայրկեան ետք սեղանները լեցուած էին ֆուլի ամաններով, սոխով, լոլիկով ու կանաչ ձիթապտուղով: Ամբողջ գիշերուան յոգնութենէն ետք, սոված, կը յարձակէինք այնքան համով լիբանանեան ֆուլին վրայ: Ամէն շաբաթ նոյն ձեւով կը սկսէր մեր խօսակցութիւնը: «Ո՞ւր էիք այս գիշեր». «Պրիսթոլ պանդոկ». «Մենք Մարթինեզ էինք». «Մեր տեղը յայտնի է. «Caves du Roy». « Epi Club». «Crazy Horse»: Կը սկսէինք պատմել նուագի ժամանակ պատահած զուարճալի դէպքեր: Արեւը արդէն ծագած է. Ճաշարանին սպասեակները աթոռները ծուռ դարձուցած` կը տեղաւորեն պարապ սեղաններու վրայ, գետինը աւլելու ու սրբելու, միեւնոյն ժամանակ մեզի քաղաքավարօրէն հասկցնելու, թէ պէտք է մեկնինք:

Los-Angeles_9-03-15

Ունէինք նաեւ ուրիշ ժամադրավայր մը` Համրա պողոտայի վրայի «Հորս շու» բացօթեայ սրճարանը, ուր յաճախ կ’երթայինք եւրոպացի զբօսաշրջիկներ «որսալու»:

Հէնց այդպէս էինք ապրում
Մեր սիրած քաղաքում

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վերջ տուաւ շատ մը հաճելի սովորութիւններու: Գիշերային վայրերը մեծամասնութամբ Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուելուն` շատերը քար ու քանդ եղան, մնացածները փակեցին իրենց դռները: Տեղեակ չեմ «Մարրուշ» ճաշարանին ճակատագրին մասին, սակայն մենք` այլեւս առիթը չունեցանք այցելելու յիշատակներով լեցուն այդ ճաշարանը:

 

Los-Angeles_Alkazar_9-03-15

Գիշերային կեանքը սառած էր Պէյրութի մէջ: Մեծ թիւով լիբանանեան նուագախումբեր ճամբորդած էին Իրան:

Թեհրանի «քլապ»-ներու մէջ աշխատող նուագախումբերուն մեծամասնութիւնը Լիբանանցիներ էին, եւ երաժիշտները, հեռու իրենց ծննդավայրէն ու ընտանիքներէն, շաբաթը քանի մը անգամ իրարու քով կը հաւաքուէին քիչ մը զրուցելու, քիչ մըն ալ… «փոքեր» խաղալով ժամանակ անցընելու, եւ արեւը ծագելէն ետք, երբ սովորաբար մարդիկ կ’արթննան գործի երթալու, երաժիշտները տուն կամ պանդոկ կ’երթային քնանալու: Քանի մը առիթներով պատահած է նաեւ, որ իրարու հանդիպին` կիրակի օրերը եկեղեցի երթալով:

«The News» նուագախումբի թմբկահար Աւոյին ամուսնութիւնն է անգլուհիի մը  հետ, հայկական եկեղեցիի մը մէջ: Աւոն եւ անգլուհին, երկուքն ալ հարազատներ չունին Թեհրանի մէջ, սակայն եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն է լիբանանցի երաժիշտներով: Մեծ է թիւը, լիբանանցի հայ թէ օտար նուագախումբերուն, որոնք կը գտնուին Իրան, ուր գիշերային կեանքը այնքա՜ն նման էր Պէյրութի ոսկի օրերու գիշերային կեանքին:

Հէնց այդպէս էինք ապրում
Մենք` Թեհրան քաղաքում

Վրայ հասաւ Իրանի յեղափոխութիւնը, եւ Լիբանանի նման, գիշերային կեանքը վերջ գտաւ նաեւ Իրանի մէջ: Լիբանանցի երաժիշտները, պանդուխտի ցուպի փոխարէն, իրենց նուագարանները շալկած, մեկնեցան Արաբական ծոցի երկիրներ, Ափրիկէ եւ Եւրոպայի սկանտինաւեան երկիրները:

Շուէտի եւ Նորվեկիոյ մէջ լիբանանցի երաժիշտներուն թիւը բաւական մեծ էր, եւ օտարութեան մէջ ամենամեծ հաճոյքն էր իրարու հանդիպիլ արաբ երաժիշտ Սէյֆ Հայտարի հօրը Միջինարեւելեան ճաշարանին մէջ` վայելելու լիբանանեան ֆուլը ու յիշել «Մարրուշ»-ի օրերը:

Հենց այդպէս էինք ապրում
Այդ օտար քաղաքում

Լոս Անճելըս սկսած է դառնալ սփիւռքի ամենամեծ հայկական գաղութներէն մէկը: Կեանքերնուն մէկ կարեւոր մասը օտարութեան մէջ անցընելէ ձանձրացած` մեծ թիւով հայ երաժիշտներ կու գան միանալու մայր հայրենիքէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն ու Իրանէն Լոս Անճելըս հաստատուած գործընկերներու:

1980-ականներու սկիզբն էր: Գիշերային վայրերը լեցուած են հայ երաժիշտներով: Ատիս Հարմանտեան Հոլիվուտ քաղաքի մէջ ունի իր անձնական «քլապ»-ը` «Adiss Golden Village», ուր ամէն գիշեր ելոյթ կ’ունենան շատ մը հայ երգիչներ, որոնց շարքին` Յովիկ Գրիգորեան, Արա  Շահպազեան, Մաքսիմ Փանոսեան, Փոլ Պաղտատլեան, Յարօ Բուրեան եւ անշուշտ` Ատիս Հարմանտեան:

Միջին Արեւելքը եղածին պէս փոխադրուած է Ատիսին «քլապ»-ը:

Հէնց այսպէս ենք ապրում
Մեր «սիրած» քաղաքում

40 տարիներ անցած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այդ տխուր թուականէն: Երգիչ-երաժիշտ բարեկամներէն շատեր հեռացած են այս աշխարհէն: Մնացածները` սպիտակ մազերով, փոխարինուած են աւելի երիտասարդ նոր արուեստագէտներով: Հին սերունդին պատկանող արուեստագէտներու բերնէն յաճախ կը լսենք նոյն խօսքերը

«Աւա՜ղ, փառացս անցաւորի»:

«Յիսուն տարիս կոտրեց  դուռս (չըսելու համար 60 եւ աւելի)
Սեւ մազերս թափուեց բուռս
ճերմակեցին մազերս սեւ,
Կեանքս դարձաւ աշնան տերեւ»

Այս է կեանքի օրէնքը: Տեսանք լաւ ու վատ օրեր, ու տեսնելով վատ օրերը` շատ աւելի գնահատեցինք մեր լաւ օրերը:

Գրեթէ բոլորս դադրած ենք մեր երաժշտական ասպարէզէն, սակայն մեր բարեկամական կապեր մնացած են ամուր: Իրարու քով հաւաքուելու հին սովորութիւնը կը շարունակուի: «Փոքեր»-ի սեղանները փոխարինուած են կերուխումի սեղաններով, եւ ամէն հաւաքի, անպայման կը յիշենք հին օրերէն զուարճալի դէպքեր:

«Dark Eyes» նուագախումբը Պոսթըն հրաւիրուած է` ճոխացնելու հայկական հարսանիքի մը խրախճանքը: Նուագախումբին անդամները, Պոսթընի օդակայանը հասնելնուն` կը հեռաձայնեն հարսնցուին հօրը, որպէսզի զիրենք դիմաւորէ: Այդպէս համաձայնուած է: «Բարեկա՛մ, մեր հարսանիքը յաջորդ շաբաթ է» կը տեղեկացնէ հարսին հայրը: Սխալ հասկացողութեամբ կամ մոռացութեամբ, Պոսթըն հասած են հարսանիքի որոշուած թուականէն ճիշդ շաբաթ մը առաջ…

Մեր բարեկամ երաժիշտներէն Լու Վարուժան, իր նուագարանը շալկած, կը մեկնի պանդոկ մը, եւ երբ կը տեսնէ իրեն անծանօթ նուագախումբ մը, որ արդէն սկսած է նուագել, գլխի կ’իյնայ, թէ սխալ հասցէի գացած է, մինչ այդ իր նուագախումբին ընկերները, մտահոգ, կը հեռաձայնեն ամէն կողմ` տեղեկանալու  ուշացումին պատճառը:

Կարծես արուեստագէտի խառնուածք է. այսպէս եղած են երաժիշտները:

Մեր սիրելի երգիչները գրեթէ ամէն երգի մէջ անպայման յիշեցին «Հեռանալ, մոռանալ» տողերը: Այսօր բեմերէ հեռացած են, սակայն… ո՛չ մոռացուած:

Ո՞ւր են, ի՞նչ կ’ընեն այդ երաժիշտները, որոնք իրենց ծննդավայրը  ձգելէ ետք, երկրէ երկիր թափառելով, վերջապէս հաստատուեցան Լոս Անճելըս:

Սա Ատիսն է, Հարմանտեանը
Սա էլ Լեւոն Գաթրճեանը
Սա Մաքսիմն է, Փանոսեանը
Սա էլ Յովիկ Գրիգորեանը

Սա Վաչէն է, Մկրտիչեանը
Սա էլ Մայք, Փոսթեանը
Սա Մանուէլն է Մէնէնկիչեանը
Սա էլ Ճորճ Պաղտոյեանը

Սա Յարութն է, Լիբանանէն
Սա էլ Հարութը` հայրենիքէն
Պալեանը որ չի երգում
Փամպուքճեանը, միշդ եռանդուն

Սա Վահիկն է, սա էլ Վահէն
Սա Միմոն է, սա էլ Վագոն
Սա Սագոն է, սա էլ Աւոն
Լու Վարուժանն ու Ժիրոն

Սա Կրեկն է, սա էլ Զոհրապը
Սա Փիէռն է, Ատիսի եղբայրը
Սա Րաֆֆին է, Խարտալեանը,
Սա էլ Շահէ, Սգայեանը

Սա Ճանին է, Սա էլ Զաւէնը
Սա Գառնիկն է, Սարգիսեանը
Սա Ժոզէֆն է Գրիգորեանը                    
Ու բոլորիս բարեկամ`  Տիգրանը

Մեր երաժիշտ բարեկամներէն քանի մը հատը միայն մնացած են Լիբանան:

Սա Զարեհն է, Քէշիշեանը
Սա էլ Ճօ Պարութճեանը
Սա Սարգիսն է Թոփալեանը
Սա էլ Սեդօ Պաղտասարեանը:
Թող ինձ ներեն բոլոր այն տղերքը
Ում անունները, ես չեմ նշում
Թող որ կարդան իմ այս տողերը
Ու թող հարբեն իրենց քաղաքում:

Հէնց այսպէս ենք ապրում
Հեռու մեր սիրած քաղաքէն
Հէնց այսպէս ենք ապրում
Մեր «սիրած» քաղաքում:

Սա մեր կիթառն է, մի անկիւնում
Սա էլ երգիչները որ չեն երգում
Ժաք Գոճեանը, որ չի նուագում
Սա էլ Պօղոսը, որ յուշերն է գրում:

Հենց այսպէս ենք ապրում
Հեռու մեր սիրած քաղաքէն
Հենց այսպէս ենք ապրում
Մեր «սիրած» քաղաքում:

 

Լոս Անճելըս 2015

 

 

Նախորդը

Հեռակայ Ծաղկեփունջ Մը Սարգիս Կիրակոսեանի Շիրիմին

Յաջորդը

Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Սիւլէյմանիէ-Վիլլաներ Գիծին Վրայ Հրասանդի Պայթիւն Մը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով

Մայիս 19, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոր Փուլ, Նոր Մարտահրաւէրներ

Մայիս 19, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Տիրական Ուժը ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններուն

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?