Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երկրորդ Հանրապետութիւն. Նախ` Կարգավիճակը (Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Առիթով)

September 2, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_9-02-15

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրուան նշումը բազմախորհուրդ բովանդակութիւն կը պարփակէ: Այլեւս դասականացած համոզումներ են Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխիք ըլլալու հանգամանքը, մեր երկրորդ Սարդարապատի կարգավիճակը, երկրորդ պետութիւն ունենալու իրականութիւնը եւ նման բախտորոշ իրողութիւններ` ամրագրուած ծով զոհողութիւններով:

Հերթական փորձը` կեդրոնանալու ամէնէն նորագոյն եւ հրատապ երեւոյթներուն վրայ, որոնք սերտօրէն առնչուած են հայկական երկրորդ հանրապետութեան այսօրուան խնդիրներուն հետ, բնականաբար հիմնականին մէջ ունի զինուորաքաղաքական նշանակութիւն:

Արցախեան այսօրուան սահմաններուն անխորտակելիութիւնը  փաստ է ոչ միայն Պաքուին եւ Անգարային, այլ նաեւ համայն աշխարհին, յատկապէս տարածաշրջանի զինուորաքաղաքական իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւող միջազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն համար:

Հակառակ այս իրողութեան, Պաքուի անընդհատ կրկնուող ոտնձգութիւնները ոչ թէ տարածք վերագրաւելու նպատակը կը հետապնդեն, այլ առաջնային իմաստով ներքին սպառման համար են: Ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, հետախուզաթափանցման գործողութիւնները, դիպուկահարներու աշխուժութիւնը եւ անվերջանալի կրակահերթերը գետնի վրայ որեւէ արդիւնքի չեն յանգած: Այս տիպի ոչ ճակատային, գիշերային կամ թաքուն փորձերը կը շարունակուին` ընդգծելու համար իրավիճակի կիսապատերազմական ըլլալը: Այն, որ Պաքուն իբրեւ թէ չէ հրաժարած իր «կորսնցուցած» տարածքներէն եւ թէ յարձակողական վարքագիծը կը շարունակուի` վերատիրանալու համար ազրպէյճանական իրաւունքներուն:

Այս վարքագիծը  անշուշտ խախտում է միջազգային համաձայնութիւններու: Միջնորդական ամէն հանդիպման վերընդգծուող ուժի կիրարկումը բացառելու, բացառապէս խաղաղ լուծումը գերադասելու, ռազմական պիւտճէները սահմանափակելու եւ նման սկզբունքներ կոպտօրէն խախտուած են Պաքուի կողմէ: Խնդիրը այն է, որ իւրաքանչիւր պատահարի առիթով, խնամքով անուշադրութեան մատնելով միջազգային կառոյցները պատասխանատուութեան հաւասարեցում կը յայտարարեն երկու կողմերուն:

Մերթ ընդ մերթ թէկուզ աննկատ անուղղակիօրէն հաւասարեցումի խաղը կը խախտի եւ զգուշաւորութեամբ Պաքուին կ՛ուղղուի զինադադարը պահպանելու կոչը: Մերթ ընդ մերթի այս շարքին կարելի է նկատել նաեւ ամերիկացի համանախագահին վերջին յայտարարութիւնը, որ Արցախի տագնապի լուծման համար ամէն բանէ առաջ Արցախի կարգավիճակին յստակացումը նկատեց լուծելի առաջնային կէտը: Պաշտօնական Ստեփանակերտի արձագանգը այս առումով համաձայնելու Ուորլիքի յայտարարութեան չուշացաւ: Այս կը նշանակէ, որ Արցախի անկախ հանրապետութեան ճանաչումը մեկնակէտն է բանակցային միւս խնդիրներու լուծման:

Ուորլիքի յայտարարութիւնն ու Ստեփանակերտի արձագանգը կը յուշեն այլ անշրջանցելի կէտ մը եւս: Առանց Ստեփանակերտի մասնակցութեան որեւէ բանակցութիւն չի կրնար յանգիլ լուծումի: Ինքնորոշուած Արցախն է, հանրաքուէով անկախութիւնը ամրագրած հանրապետութիւնը, ժողովրդավար հասարակարգով ղեկավարուող իրողապէս անկախ տարածքը, այնտեղ ապրող բնակչութիւնը ներկայացնող պետութիւնը, որ կարգաւորման լուծման իր համաձայնութիւնը պիտի յայտնէ:

Մինչ, Արցախի պետութեան ներկայացուցիչներու աշխուժ մասնակցութիւնը տարբեր պետական հաստատութիւններու նախաձեռնած լսումներուն, քննարկումներուն, նիստերուն եւ փոխադարձաբար տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները Ստեփանակերտ նախադրեալներ են Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման:

Հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը կայացած է: Միջազգային ընտանիքը հաշուի կը նստի այս փաստացի իրականութեան հետ:

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մեկնած Է Լեռնային Ղարաբաղ

Յաջորդը

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Հայ Ճատրակ Խաղացողներուն Գրաւած Դիրքերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.