Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեռակայ Ծաղկեփունջ Մը Սարգիս Կիրակոսեանի Շիրիմին

Սեպտեմբեր 3, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sako-Girag_9-03-15

Ինչպէ՞ս կարելի է մարմնաւորել մեզմէ առաւէտ բաժնուած բանաստեղծ մտաւորականի մը մասին դուրեանական բաղձանք մը, վկայելու` թէ մեկնողը չէ մոռցուած ու մի՛շտ կենդանի է հարազատներու եւ բարեկամներու սիրտերուն մէջ:

Նման մարմնաւորում մը տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 օգոստոսի կէսօրին, արեւմտեան կողմն աշխարհի` Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին Սարգիս Կիրակոսեանի ընտանեկան հարազատները, բարեկամները, գրչակիցներն ու գաղափարի ընկերները, բանաստեղծին մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգիստէն ետք, յիշելու եւ յիշեցնելու, որ մեր մշակոյթի արարման մասնակիցները ոչ միայն արժանի են համահայկական յիշատակութեան, այլ նաեւ կը սպասեն, որ իրենց քալած ճամբան ունենայ շարունակութիւն, իրենց կեանքով ամրագրուած արժէքները ունենան պաշտպաններ, տիրութիւն ընողներ:

Կարապետեան սրահին մէջ հաւաքուածները, սգալէ աւելի, ստեղծեցին Սարգիս Կիրակոսեանի կեանքին ու վաստակին մասին անդրադարձումի մթնոլորտ մը. պահը նաեւ պաշտօնական հանդիսութեան մը բնոյթը չունէր, այլ եղաւ Սարգիսին հետ մտերմութեան բաժնեկցութեան նորագոյն առիթ մը, համապատասխան այն մտերմութեան, որ մեզմէ բաժնուած ընկերը ստեղծած էր իր շրջապատին հետ, իմացական կեանքի իւրաքանչիւր օրը, մտերմութիւն` որ ահա կը շարունակուի նաեւ անոր մեկնումէն ետք ալ` փաստելով, որ նման ընկերներ մեռած չեն, այլ կը շարունակեն ապրիլ մեր կողքին, կը մնան մեր սիրտերուն ու յուշերուն մէջ:

Հանդիպումը առիթ եղաւ սրտի խօսքերու, յուշերու եւ Սարգիսի կեանքէն մանրապատումներու վերաքաղի, անոր բանաստեղծական գործերուն եւ խոհերուն հետ հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ նկարագրային որոշ գիծեր լուսարձակի տակ բերելու, յիշելու` հայրենասիրութիւնը, մայրենիին հանդէպ պաշտամունքը, դաշնակցական զինուորագրեալի արժանիքները, բանասէրի յատկանիշները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարկին տակ հայագիտական աշխատանքներու եւ դաստիարակի հանգամանքը, բայց մանաւանդ բանաստեղծ, բարութեամբ հարուստ հոգիով մը օժտուած` մեծ մարդ ըլլալը, ինչ որ կը շեշտէ իր ու նմաններու կորուստով մեծցող բացը…

Այս ու բազում արժանիքներ արտայայտութիւն գտան Վաչէ Բրուտեանի, Խոսրով Ասոյեանի, Սեդօ Պօյաճեանի, Սարօ Նազարեանի, Վարուժ Ուրֆալեանի, Գէորգ  Սարգիսեանի, Արփի Համբարեան-Ճիէրեանի, Խաժակ Տիքիճեանի եւ Սարգիս Մահսէրէճեանի յուշերուն, սրտի խօսքերուն եւ վկայութիւններուն ընդմէջէն: Բնականաբար կարելի չէր Սարգիս Կիրակոսեանի կեանքին, գործին, գրական ու ազգային գործի վաստակին մասին ամբողջական ու ընդգրկուն պատկեր մը կազմել նման մտերմիկ արտայայտութիւններով. յուսալի է, որ ատիկա կատարուի համապատասխան մօտեցումով յուշահանդէսի մը կազմակերպումով…: Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր խօսք տարբեր գոյնով ծաղիկ մը աւելցուց աննիւթական ծաղկեփունջին վրայ, որ ահա իբրեւ հարազատներու, գրչակիցներու եւ ընկերներու կողմէ կազմուած պսակ` Լոս Անճելըսէն կը հասնի Պէյրութ, զետեղուելու համար անոր թարմ շիրիմին` շեշտելու, որ Սարգիս Կիրակոսեանի գործն ու վաստակը, ցարդ անտիպ մնացած գործերը պէտք է ունենան տիրութիւն ընողներ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

30 օգոստոս 2015

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Այսպէս Ենք Ապրում

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?