Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 3, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՕՄ-ը Միօրեայ Ծրագիր Կազմակերպած Է
60
Պատանիներու Համար

arsartsakh_9-03-15

Օգոստոս 23-ին ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը միօրեայ ծրագիր մը կազմակերպած էր Շուշիի եւ Ասկերանի ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու 60 երեխաներուն համար:

ՀՕՄ-ի անդամները օրուան ընթացքին կազմակերպած են հաճելի խաղեր, ժամանց եւ ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում: Օրուան աւարտին պատանիները նուէրներ ստացած են:

Գործարար Սիլվա Չաքմաքճեան
Պիտի Օգնէ Հալէպի Ծերանոցին

0828silva1

Օգոստոս 25-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկաբնակ գործարար, աշխարհահռչակ «Հագուստ Սիլվիայէն» հագուստներու պատրաստութեան սրահի հիմնադիր-տնօրէն, բարերար Սիլվա Չաքմաքճեանը:

Բարձր գնահատելով Սիլվա Չաքմաքճեանի գործունէութիւնն ու ձեռքբերումները` նախարար Յակոբեան ըսաւ, թէ սուրիահայ ընտանիքի երդիքին տակ Պէյրութ ծնած Սիլվան 1946-1947 մեծ հայրենադարձութեան տարիներուն ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հայաստան, իսկ 19 տարեկանին մօրը հետ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ: 33 տարեկանին հիմնելով սեփական գործը` «Հագուստ Սիլվիայէն» (Silvia՛s Costumes) ընկերութիւնը սկսած է հագուստներ կարելու յայտնի արուեստագէտներու, երգիչներու, մշակութային նշանաւոր գործիչներու համար: Նախարարին համաձայն, 30 տարի շարունակ ամերիկեան շօ-գործառնութեան բնագաւառին մէջ ան ունեցած է իւրայատուկ տեղ ու փայլք` դառնալով այս մարզի հանրայայտ ձեւագէտներու վստահելի ու լաւագոյն գործընկերը: «Սիլվան մշտապէս օգնած է Լոս Անճելըսի հայ համայնքին եւ եկեղեցւոյ, իրականացուցած է բազմաթիւ ծրագիրներ, դարձած է շատ ու շատ կառոյցներու բարեկամ, բարերար, բարեգործ: Ձեռք երկարած է նաեւ Հայաստանի մէջ ընկերային-տնտեսական հարցեր ունեցողներուն` հագուստ եւ օգնութիւն  ուղարկելով», ըսած է նախարարը:

Նախարարը կարեւոր նկատած է Սիլվա Չաքմաքճեանին կողմէ ցուցաբերուած օգնութիւնը Հալէպի ծերանոցին, ուր ապաստանած են 46 ծերեր, որոնցմէ 13-ը գամուած են անկողինին: Սիլվա ստանձնած է անոնց սնունդի եւ խնամքի ապահովումը:

«Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»-ի նախագահ Լենա Հալաջեան եւս շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցաբերուած օգնութեան ու բարերարութեան համար` նշելով, թէ հպարտ է նման հայրենակիցով:

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ Անի Պալըխեան հաստատած է, որ` «Հալէպը երկար ատեն պիտի յիշէ այդ բարեգործութիւնը: Աստուած միշտ պահէ եւ պահպանէ ձեր զաւակները», ըսած է ան:

Իբրեւ գործարար կին` Սիլվա Չաքմաքճեանը ստացած է բազմաթիւ պարգեւներ, նաեւ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ:  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ան արժանացած է «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանին` իր իսկ հիմնած «Գառնի» հաստատութեան միջոցով տարիներ շարունակ աշխարհասփիւռ հայութեան ու յատկապէս հայրենիքին տրամադրուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը Կը Շարունակէ Օժանդակել
Տնաշինական Աշխատանքներուն

IMG_8726IMG_8731«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, ընկերութեան աշխատակիցները եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի խումբը տարբեր շրջաններու մէջ կատարած իրենց մարդասիրական գործունէութեան եւ տնաշինութեան օժանդակելու նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Արարատի մարզի Փոքր Վեդի շրջանին մէջ մասնակցած են Հայրապետեաններու կիսակառոյց տան շինարարութեան: Անկէ առաջ համագործակցող կողմերը չորս ընտանիքի մտահոգութիւն եւս փարատած են` նոյն մարզի Խոր Վիրապ եւ Մարմարաշէն շրջաններուն մէջ:

Հայրապետեանները իրենց տան շինարարութեան սկսած են 25 տարի առաջ: Այդ տարիներուն ընտանիքը կրցած է կառուցել միայն նկուղը, ուր ապրած են տասը տարի, ապա արտերկիր մեկնող դրացիներէն մէկը ժամանակաւորապէս անոնց տրամադրած է իր բնակարանը: Ընտանիքը տասնհինգ տարուան մէջ հազիւ կրցած է կանգնեցնել տան պատերը:

«Տղաս` Յարութիւնը, ծնուել ու մեծացել է մութ ու խոնաւ նկուղում: Ամուսինս ու ես երկար տարիներ չէինք կարողանում ներել մեզ, որ չկարողացանք տարրական պայմաններ ապահովել մեր տղայի համար: Հիմա որդիս ինքն էլ ընտանիք ունի, ու ես այնքան երջանիկ եմ, որ վերջապէս կարող ենք ապրել սեփական յարկի տակ եւ զգալ օճախի ջերմութիւնը», ըսած է ընտանիքին մայրը` Ռայան:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ֆինանսաւորմամբ եւ «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ին կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրին շնորհիւ` այս տարի 40 ընտանիք յաղթահարած է տուն կառուցելու խնդիրը` ձերբազատելով երկար տարիներու մտահոգութենէն եւ զրկուածութենէն:

«Մենք սիրով եւ հպարտութեամբ ենք մասնակցում այս ծրագրի իրականացմանը: Հաճելի է տեսնել, թէ ինչպէս է եւս մէկ ընտանիք թօթափում իր ուսերի բեռը եւ վերագտնում ապագայի հանդէպ յոյսը: Եւ ամենեւին պատահական չէ, որ մենք մեր աջակցութիւնը չենք սահմանափակում միայն ֆինանսական ներդրմամբ: Շինարարական աշխատանքներում ներգրաւուելու մեր աշխատակիցների պատրաստակամութիւնը խնդրի լուծման բարոյական կողմն է, ինչն աւելի կարեւոր է», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Յիշեցնենք, որ այս ծրագիրի իրականացման համար 2015-ին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 100 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է (2014-ին` 55 միլիոն դրամ), իսկ Հայաստանի «Ֆուլեր Տնաշինական Կենտրոն»-ը կ՛իրականացնէ ծրագիրը: Այս համագործակցութեան շնորհիւ 2007-էն մինչ օրս հանրապետութեան տարբեր շրջաններու 53 ընտանիք կացարան ունեցած է: Տարեվերջին բարեկարգուած կամ կիսակառոյց տան շինարարութիւնը աւարտին հասցուցած ընտանիքներուն թիւը պիտի հասնի 93-ի:

Տեղի Ունեցաւ Սփիւռքահայ Դաշնակահարներ
Միքայէլ Հայրապետեանի Եւ Րաֆֆի Պետրոսեանի
Համերգը

Mikayel_9-03-15

Օգոստոս 5-ի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ դաշնակահարներ Միքայէլ Հայրապետեանի (Ռուսիա) եւ  Րաֆֆի Պետրոսեանի (Քանատա) «Հայկական երաժշտութեան երեկոյ» խորագիրը կրող համերգը, որուն ներկայ էր Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան:

Քանատահայ դաշնակահար Րաֆֆի Պետրոսեան կատարեց հայկական դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեան սիրուած եւ յայտնի կտորներ` Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Էտկար Յովհաննիսեանի, Ալան Յովհաննէսի եւ Ալեքսանդր Ալեքսանեանի ստեղծագործութիւններէն:

Ծագումով պոլսահայ երաժիշտը` Րաֆֆի Պետրոսեան, մասնագիտութեամբ շինարար-ճարտարագէտ է եւ կը զբաղի բարեգործութեամբ, ինչպէս նաեւ իսլամացած հայերը իրենց հայրենիքին, հայ մշակոյթին ծանօթացնելու ծրագիրներ կ՛իրականացնէ:

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ համերգներէն եւ ձայնասկաւառակներու վաճառքէն ստացուած հասոյթը ան տրամադրած է Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներուն, ճանապարհներու եւ ջրատարներու կառուցման ծրագիրներու իրականացման, անձամբ իր մասնակցութիւնը ունեցած է նաեւ որպէս շինարար-ճարտարագէտ:

Վերջին տարիներուն Ր. Պետրոսեանը մասնակցած է Տիգրանակերտի  Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգման ծրագիրին եւ հանդէս եկած է այլ նախաձեռնութիւններով: 2014-ին ան կազմակերպած է Տիգրանակերտի 50 ծպտեալ հայերու այցելութիւնը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին, որպէսզի անոնք վերագտնեն իրենց լեզուն, մշակոյթը եւ վերադառնան իրենց ազգային արմատներուն: 2015-ին նոյն առաքելութեամբ Րաֆֆի Պետրոսեան Հայաստան գալով` կազմակերպած է 87 իսլամացած հայերու մասնակցութիւնը ծրագրին:

Միքայէլ Հայրապետեանի կատարմամբ հնչեցին Արամ Խաչատուրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Բաղդասարեանի, Ռոբերտ Ամիրխանեանի եւ Էդուարդ Աբրահամեանի ստեղծագործութիւնները:

Միքայէլ Հայրապետեան աւարտած է Մոսկուայի Չայքովսկիի անուան պետական երաժշտանոցը, այնուհետեւ ասպիրանթուրան: Ան համերգներով հանդէս եկած է եւրոպական, ասիական եւ ամերիկեան բեմերու վրայ` տարածելով հայ դասական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ յօրինողներու` աշխարհին տակաւին անյայտ ստեղծագործութիւնները:

Մ. Հայրապետեան նաեւ «Հայաստանի գաղտնիքներ» նախագիծի հիմնադիրն ու գլխաւոր բեմադրողն է: Նախագիծի ծիրին մէջ աշխարհի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ համերգներ: Յատկանշական է Մոսկուայի երաժշտանոցի մեծ սրահին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Ռուսիոյ հայկական երիտասարդական քոնկրեսին կազմակերպած հայկական դասական երաժշտութեան համանուն երեկոն, որ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ մշակոյթի նախարարութեան եւ Մոսկուայի մշակոյթի բաժանմունքին աջակցութեամբ:

Ողջունելով սփիւռքահայ արուեստագէտները` նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ նախարարութեան անունով, կարեւոր նկատեց հայրենիքին մէջ համերգային ծրագիրով համատեղ հանդէս գալու եւ նման հաճելի զգացողութիւններ պարգեւելու համար: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Դուք կրնաք հայ երաժշտութիւնը տարածել աշխարհի մէջ եւ օտար հանդիսատեսը հասու դարձնել մեր թախիծը եւ ուրախութիւնը, մեր արցունքներն ու մեր պայքարի ոգին, պիտի ուզէի, որ դուք այսպիսի համերգներով հանդէս գաք նաեւ Մուշի, Սասունի մէջ եւ անգամ մը եւս ապացուցէք, որ անհնար է ծունկի բերել մեր ժողովուրդը»:

Նախարարի տեղակալը սփիւռքահայ դաշնակահարներուն յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրեր. Միքայէլ Հայրապետեանին` Հայաստան-սփիւռք մշակութային գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար, իսկ Րաֆֆի Պետրոսեանին` հայապահպանութեան, հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման նպաստելու, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման համար:

Խաչարձանի Դպրոցի Վերակառուցման
Կը Յաջորդեն Այլ Ձեռնարկներ

Khatch_9-03-15

Օգոստոս 14-ին հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ Տաւուշի մարզի Խաչարձան գիւղի վերակառուցուած միջնակարգ դպրոցը: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինի բարերարներ Արթօ եւ Հիլտա Գալճիեաններու հովանաւորութեամբ վերակառուցուած եւ ամբողջովին կահաւորուած դպրոցը սեպտեմբերին նորովի կը ներկայանայ համայնքի աշակերտներուն: Այս մասին կը յայտնեն հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն:

Նորացուած կազամատակարարման եւ ջեռուցման համակարգերը շուրջ տարի մը յարմարաւէտ պայմաններ կ’ապահովեն կրթօճախին: Բարերարներուն կողմէ դպրոցին նուիրաբերուած հանրակառքն ալ անհրաժեշտութեան պարագային  կը ծառայէ նաեւ համայնքի կարիքներուն:

Շուրջ 480 բնակիչ ունեցող համայնքը գրկաբաց  ընդունեց Գալճիեանները, որոնց հովանաւորութեամբ գիւղին մէջ կառուցուած են նաեւ ժամանակակից  դարմանատուն, բազմաբնոյթ կարիքներու համար սրահ, դպրոցականներուն նուիրուած են գրենական պիտոյքներ, շարունակաբար կը խրախուսուին նոր ծնունդները համայնքին մէջ: Բարերար ամուսինները ներդրումներ կ՛ընեն նաեւ համայնքի բնակիչներուն մնայուն եկամուտով ապահովելու ուղղութեամբ: Այդ նպատակով օրերս գիւղին պիտի նուիրուին  մեղուափեթակներ (500 հատ) եւ անհրաժեշտ սարքաւորումներ:

Գալճիեան ընտանիքը կը գլխաւորէր արժանթինահայ բարերարներու խումբը, որուն այցելութեամբ զարգացման նոր հեռանկարներ կ՛ուրուագծուին համայնքին մէջ: Այս այցին Գալճիեանները, արժանթինահայ Թերզեան եւ Աւագեան ընտանիքներուն հետ միասին, ստանձնեցին ըմպելի ջուրի ներքին ցանցի վերակառուցման ծրագրին հովանաւորութիւնը: Այս օրերուն բարերարները պիտի ծանօթանան նաեւ գիւղի մարմնամարզական կեանքը խթանելու հնարաւորութիւններուն:

Ձեռնարկի ընթացքին Գալճիեան ամուսինները յայտարարեցին, որ այսուհետեւ իւրաքանչիւր տարի կը հոգան նաեւ դպրոցի երկու շրջանաւարտի ուսման ծախսերը` բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի խօսքով` հեռաւոր Արժանթինի մեր հայրենակիցները կը շարունակեն իրենց ներդրումը բերել Հայաստանի եւ Արցախի ենթակառուցուածքներու զարգացման գործին: «Նախորդ այցելութեան ժամանակ խաչարձանցիները Գալճիեաններուն արժանիօրէն շնորհեցին Խաչարձանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում»,  կը նշէ տնօրէնը:

Գետնանցումը Օժտուած Է Հաշմանդամներու
Յատուկ Վերելակներով

62279_b

Երեւանի քաղաքապետարան-սեփական մարզ  համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` մայրաքաղաքի Իսահակեան 22/10 հասցէի գետնանցումը օժտուած է յատուկ կարիքներով մարդոց համար նախատեսուած արտասահմանեան արտադրութեան վերելակով:

Իրականացուած աշխատանքին ծանօթացած են Երեւանի քաղաքապետի օգնական Սամուէլ Մերթարջեանն ու Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի քաղաքաշինութեան եւ հողի վերահսկողութեան վարչութեան պետ Հայկ Ասատրեանը:

Վերելակը առաջին անգամ փորձած է հաշմանդամներու «Ունիսոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արմէն Ալավերդեանը, որ իր գոհունակութիւնը յայտնած է յատուկ կարիքներով մարդոց համար մայրաքաղաքին մէջ կեանքի կոչուած հերթական նախաձեռնութեան առիթով եւ` նշած, որ Երեւանի քաղաքապետարանը վերջին տարիներուն մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է ոլորտի խնդիրներուն, որոնք քաղաքային իշխանութիւններու հետեւողականութեան շնորհիւ` հետզհետէ աւելի կը նուազին: Հարկ է նշել, որ վերելակները նախատեսուած են նաեւ մանկասայլակներու համար:

Վերելակներու առկայութեան վերաբերեալ յատուկ ցուցանակներ պիտի տեղադրուին, իսկ անոնցմէ օգտուիլ ուզողներուն պիտի օժանդակեն տարածքի անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները:

«Արագած» Մանկական Ճամբար

arakatz_9-03-15

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած 6-րդ «Ամառնային ճամբար» ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանէն եւ Արցախէն 72 աշակերտներ իրենց ամառնային հանգիստը անցուցին Հանքաւանի «Արագած» մանկական ճամբարին մէջ: Ծրագիրը մեծապէս կը նպաստէր տարբեր շրջաններ բնակող փոքրիկներու մերձեցման եւ անոնց մտաւոր, ֆիզիքական զարգացման:

Մանկավարժներու եւ ճամբարի ջոկատավարներու միացեալ աշխատանքին շնորհիւ` փոքրիկներու ութօրեայ ճամբարային առօրեան յագեցած էր մտաւոր, մարզական, մշակութային գործունէութիւններով, հետաքրքրական  արշաւներով, մրցոյթային ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ` ազգագրական երգերու ու պարերու փառատօնով: Լաւագոյն մասնակիցները պարգեւատրուեցան շնորհակալագրերով:

Հանգիստի վերջին օրը չորս Թէքէեան դպրոցները միւս ճամբարականներուն ներկայացուցին իրենց քաղաքներու եւ դպրոցներու պատմութիւնը: Իսկ երեկոյեան վառեցաւ հրաժեշտի խարոյկը: Բաժանումը յուզիչ էր: Փոքրիկները կը դժուարանային հեռանալ մտերիմ ընկերներէն, հոգատար «Արագած»-էն, ուր կ՛իշխէին` սէրն ու բարութիւնը, ժպիտն ու ծիծաղը:

 

Նախորդը

Հոգեբաններու Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պայքարիլ Արձակուրդներուն Յաջորդող Ընկճախտին

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Կարեւորում Եմ Երիտասարդութեան Քաղաքական Աշխուժութիւնը, Բայց Դա Պէտք Չէ Արհեստական Լինի. Լեռնիկ Յովհաննիսեան
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մայիս 21, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մայիս 14, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?