Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Գաղթականները Եւրոպա Ուղարկելու Անգարայի Խաղը

Սեպտեմբեր 4, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

migrants_9-03-15

Միջինարեւելեան թէ ափրիկեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա գաղթականներու անօրինական մուտքը երկար ժամանակէ ի վեր երեւոյթի վերածուած էր: Յատկապէս սուրիացի գաղթականներու նոր եւ յանկարծակի հոսքը համաեւրոպական ճգնաժամի վերածուելու նախադրեալները կը պարզէ:

Լուսաբանման մեծ լուսարձակներ բացուած են մարդկային աղէտի սահմանները անցած եւ կեանքի ու մահուան առանցքին վրայ մեծ վտանգներ աչք առնելով ճամբայ ելած գաղթականներու ոդիսականներուն վրայ: Ցնցիչ լուսանկարներ, ծովեզերքին մահացած մանուկի պատկեր, փշաթելերու նեղ անցքերէ սողացող ընտանիքներ  կը մրցին իրարու հետ տարեվերջին ամէնէն հռչակաւոր ամսագիրներուն կողքերը գրաւելու եւ տարուան լուսանկար մրցանակին արժանանալու համար….

Գաղթականներու յանկարծակի մակընթացութիւնը ներեւրոպական տագնապի վերածուած է. երկիրներ իրարու հետ կը բանակցին գաղթականներ ընդունելու չափաբաժինները բաշխելու եւ մանաւանդ անոնց համարժէք պիւտճէները համաեւրոպական կառոյցներէն գանձելու առումով:

Մարդկային հոսքի մաքսանենգ ճանապարհներու տրամադրումը ունի անշուշտ զուտ ֆինանսական առումով շահութային դրդապատճառ եւ մանաւանդ քաղաքական շարժառիթներ: Ամէնէն պարզունակ բացատրութիւնը այս իրականութեան, մաքսանենգային առեւտուրով զբաղող անօրինական վաճառականութիւնն է, Եւրոպա հասցնելու համար, նաւով, թէ սահմանային կէտեր հակագօտի (contre bande) եղանակով անցընելով, ապաստանեալի կարգավիճակի խոստումով:

Գաղթականական հոսքի մաքսանենգութիւնը յաճախ անհրաժեշտութիւնը կը զգայ պետական սահմանապահ մարմիններուն մէջ ծառայողներու համագործակցութեան: Գումարները կը շրջանառուին նաեւ այդ շրջանակներուն մէջ եւ արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ կը կիսապաշտօնականացուի մարդկային հոսքի ընդունումը տուեալ պետութեան կողմէ:

Արդի երեւոյթները զուտ ֆինանսագաղթականականէն շատ աւելի են եւ ծայրայեղօրէն քաղաքական: Սուրիոյ մէջ ապահովական կացութեան կտրուկ մագլցողականութիւն մը չերեւաց, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք գաղթականական այս իրավիճակը ստեղծուէր: Այլ խօսքով, զինուորական ներկայ դրութեան համաչափ չէր յառաջացած ալիքի բարձրացումը, եւ այն ալ` այս յանկարծակիութեամբ:

Դէպի Եւրոպա մարդկային հոսքի երեւոյթը մտածել կու տայ շարժիչ գործօնի մը մասին, որուն հանգամանքը եթէ մասամբ տնտեսական է, ըստ էութեան սակայն քաղաքական է: Եւրոպա հասնող սուրիացիները Սուրիայէն նոր դուրս եկողները չեն անպայման: Թէեւ որոշ համեմատութիւն կայ  նաեւ երկիրը նոր ձգողներու առումով: Հիմնականը արդէն իսկ Սուրիայէն դուրս գտնուողներն են եւ այս պարագային Թուրքիա տեղակայուածները: Մաքսանենգ ճանապարհը` թէ՛ ծովու եւ թէ՛ ցամաքի, երկու պարագաներուն ալ Թուրքիայէն կ՛անցնի: Տակաւին. տարողութիւնը նկատի ունենալով, երեւոյթը մտածել կու տայ նոր հոսքի գոյացման եւ ուղեւորման, նոյնիսկ աջակցման առումով պետական գործօնի մը մասին: Պարզ մեկնաբանութիւնը այն է, որ Անգարան միջազգային կառոյցներէն եւ յատկապէս Եւրոպայէն պիւտճէ պահանջած է իր մօտ գտնուող միլիոնաւոր սուրիացի ապաստանեալներուն համար, որուն ոչ ակնկալուած արձագանգին դիմաց իր տարածքներէն դէպի Եւրոպա մղած է որոշ համրանք:

Աւելի՛ն է սակայն պատահածը: Պատանդ-գաղթականութիւնը ճնշամիջոց է քաղաքական գործընթացներու համար: Գուցէ նաեւ հակակշիռ ճնշամիջոց Արեւմուտքի կողմէ Անգարայի դէմ կիրարկուող քայլերուն դիմաց: Այս շտեմարանը միանգամայն չի սպառեր Անգարան: Անկախ Սուրիոյ ապահովական կացութեան վերիվայրումներէն, տուեալ պահու գաղթականական նոր հոսքեր կը թակեն Եւրոպայի սահմանները:

Անգարան ներկայացման տեսքով միացաւ Միացեալ Նահանգներուն եւ հարուածեց ՏԱՀԵՇ-ի ռազմակայանները: Դիմացը առ այս պահը չի յաջողիր ստանալ միջազգային համաձայնութիւն` անվտանգութեան գօտի ստեղծելու: Անգարան կը խաղայ գաղթականներ դէպի Եւրոպա ուղարկելու վտանգաւոր խաղը:

Կը փորձէ նաեւ այս խաղը քողարկել` պատահարներու պատասխանատուութիւնը բարդելով Եւրոպայի ուսերուն: Բոլորովին պատահական չէր էրտողանի յայտարարութիւնը, ուր Անգարայի վարիչը կ՛ամբաստանէր Եւրոպան Միջերկրական ծովը գաղթականներու գերեզման սարքելու յանցանքով:

Հայկական լրատուամիջոցը, համաշխարհային ուշադրութիւն գրաւած համաեւրոպական այս տագնապին լուսաբանման պահուն, անպայման մատնացոյց պիտի ընէ Անգարայի թելադրած այս վտանգաւոր խաղը:

«Ա.»

Նախորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան Պատուիրակութիւնը Հայաստան Եւ Արցախ Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Պիւֆոն Յոյս Ունի Մասնակցելու 2018-ի Մոնտիալին

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?