Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամուլ, Ստերջ, Չբեր…. Ջորի… «Տիւտիւկ»

September 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական արուարձանի մը սրճարանը հանդիպեցայ Կեդրոնականցիին: Վարակուեր էր շուտով հարստանալու ախտէն, եւ կիրակի օրերը աւանակ կը վազցնէր կամ վիճակահանութեան տոմս կը գնէր:

– Եթէ մեծ պարգեւը շահիմ, ազգային բարերար կը դառնամ: Երկու սենեակի կառուցման դրամ կու տամ, անունս կը գրեն մարմարի վրայ:

– Արմենա՛կ, ո՛չ շահող ես, ո՛չ ալ մարմար փնտռող,- ըսի,- ի՞նչ պատահեր է:

Արմենակ չես գիտեր ինչպէ՛ս, քանի մը հարիւր աստիճանի շրջադարձ մը ընելով` հարցուց.

– Դեռ Մոլիեր կարդացողներ կա՞ն… Ճիշդ է, որ Մոլիեր կը ներկայացնեն ֆրանսերէն, երբեմն նաեւ` հայերէն:  Մեծ երգիծագիրի «Իմաստուն կիներ»-ը (Les femmes savantes) դժուար է հայերէնով ներկայացնել: Անոր թիրախը քաղքենի դասակարգի մը շփացած կիներն էին, որոնք  բանգէտի լուսապսակ կ’ուզէին կրել, բառերու դատարկ պատկերներով կ’ուզէին արտայայտուիլ` անիմաստ խաղի մը անձնատուր ըլլալով: Մոլիեր ձաղկելու համար զանոնք կը կոչէր «Ծիծաղելի յարգարժանուհիները», եթէ այս թարգմանութիւնը հայերէնով իմաստ մը ունի (Les precieuses ridicules): Այդ ալ դո՛ւն ճշդէ:

– Արմենա՛կ, կը զարմանամ, որ դեռ կը զարմանաս:

– Այդ բանգէտները ամէնուրեք են: Այր թէ կին: Չես գիտեր` աստուածատուր ո՞ր շնորհով իրենք իրենց կը թոյլատրեն, շրջապատն ալ կ’ընդունի, որ Մոլիերի «Իմաստուն կիներ»-ուն պէս, ինքնահռչակ տիեզերական եւ անսխալական իրաւարար ըլլան: Կը սպասեն, որ Սարգիսը, Մարկոսը կամ Շուշանիկը խօսին, առաջարկեն կամ գրեն, որպէսզի իրենք ոտքի ելլեն եւ ըսեն` «ճիշդ չէ», «օգտակար չէ», «կարելի չէ»: Իրենք ըսելիք չունին, միտքով եւ հոգիով ամուլ են, չբեր կիներու պէս, բառարանը բանաք` հոմանիշներ կը գտնէք, մտքով չբեր այրեր ալ կան: Նախկին զինուոր հայ մը, իր չոր դատումով, նման անձի մը համար ըսաւ` ան «տիւտիւկ» է:

– Սիրելի՛ Արմենակ, դեռ չվարժուցա՞ր, որ կարեւոր ըլլալու համար միւսին մասին գէշ պէտք է ըսել: Հին յոյներու պատմութիւնը գիտես, կօշկակարը, որ կը քննադատէ քանդակագործ Ֆիտիասը, եւ ան կ’ըսէ` կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր: Չբերները, չես գիտեր` ո՛ր ախտէն տառապելով, չեն հանդուրժեր Ֆիտիասները, չարախօսութիւնը եւ խծբծանքը արուեստ կը համարեն, «տիւտիւկ» կ’ըլլան:

– Մակա՛ր, դուն խելօք մարդ ես: Ի՛նչ պէտք է ընել ջորիական աղմկարարներուն:

– Ինչո՞ւ կ’ուզես բան մը ընել: Ջորիէն ո՛չ էշ եւ ո՛չ ձի կը ծնի: Առնէտ ալ չի ծնիր: Բայց «տիւտիւկ»-ները հազիւ առնէտ են եւ կը կրծեն, մանաւանդ երբ մութ է:

Արմենակ գլուխը օրօրելով` հրաժեշտ տուաւ, կրկնելով` չբեր, ամուլ, ստերջ, ջորի…

Հեռուէն հրաժեշտի բարեւ տալով` ըսաւ.

– Ինչո՞ւ հրապարակէն չեն աւլեր եւ վերցներ չբեր «տիւտիւկ»-ները, որպէսզի Ֆիտիասները չխանգարուին մոծակներով:

Մտածեցի, որ Արմենակ կամ ես եթէ «տիւտիւկ»-ները անհետացնելու շիճուկը ունենայինք, նոր Պուտտա կ’ըլլայինք:

Բայց չհասկցայ, թէ ինչո՛ւ Արմենակ բռնկած էր «տիւտիւկ»-ներուն դէմ, որոնք միշտ եղած են:

Չըսաւ, թէ ո՞վ էր զինք զայրացուցած վերջին «տիւտիւկ»-ը…

 

ՄԱԿԱՐ, 30 օգոստոս 2015, ի Գաղիա

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաժանում

Յաջորդը

Դիլիջանի Միջազգային Քոլեճը Դռները Բացած Է 94 Նոր Ուսանողի Առջեւ

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.