«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Փաղանգաւոր-Ազատական Բուռն Կռիւներ Եւ Ազատական Միլիսներու Լուծարքը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արեւելեան շրջաններուն մէջ 1980-ի ամրան սկիզբը բախումները յաճախակի դարձած էին փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներուն միջեւ: Միւս կողմէ, Վերին Մեթնի Պասքինթա եւ Զաարուր շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենային փաղանգաւոր եւ ղովմի զինեալներուն միջեւ: Իսկ Պաթրունի եւ Ժիպէյլի լեռնային շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար` Նիհա-Տէյր Պալլա-Տումա-Պըժժէ-Մայֆուզ-Մեթրիթ-Շաննաթա գիծերուն եւ Քանաթի ու Հարտինի բարձունքներուն վրայ մարտերը իրարու հակադրած էին փաղանգաւոր եւ մարատա ուժերը: Լեռնային...



















