Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Մահասփիւռ Ռմբակոծումներ Եւ Ծանրագոյն Օրեր Պուրճ Համուտի Եւ Շրջակայքին Մէջ

Մարտ 18, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

1978_Bourj_Hammoud4-3-18Պէյրութի արեւելեան թաղամասերը եւ շրջակայ արուարձանները 1978-ի սեպտեմբերի վերջաւորութենէն սկսեալ անխնայ կը ռմբակոծուէին: Ռումբերու որոտումին տակ, արաբական զսպիչ ուժերը եւ քրիստոնեայ միլիսները կը շարունակէին բախումները, քաղաքացիներու շարքերէն նորանոր զոհեր կը հնձուէին եւ աւերածութիւնները կը բազմապատկուէին: Շարունակուող բախումները պատերազմ չէին, այլ` միջդիրքային բախումներ` առանց հակառակորդի դիրքերու գրաւման, եւ պարզապէս` անմեղ բնակչութեան մաշեցում:

Յատկապէս Նահրի կամուրջներու տիրապետութեան համար, Պուրճ Համուտի դուռերուն մղուող կռիւները եւ անխնայ ռմբակոծումները շատ ծանր էին եւ աներեւակայելի:

Հոկտեմբերի առաջին օրերու ռմբակոծումներուն ընթացքին գործածուած ռումբերուն ու հրթիռներուն թիւը, զինուորական մասնագէտներու համաձայն, աւելի բազմաթիւ էին քան Բ. Աշխարհամարտէն ետք տեղի ունեցած որեւէ պատերազմի ընթացքին գործածուած ռումբերը:

Օրերէ ի վեր սեւ ծուխի ամպհովանի մը կը ծածկէր Պէյրութի արեւելեան շրջանները եւ արուարձանները: Այդ ամպհովանիին տակ, աւերակուած թաղամասերուն մէջ կարելի էր տեսնել հոս ու հոն ինկած դիակներ ու վիրաւորներ, որոնց մօտենալու կը վախնային նոյն թաղերու բնակիչները, խուսափելով անոնց ճակատագրին ենթարկուելու վտանգէն:

 ***

Էշրեֆիէ, Հայաշէն, Մար Մըխայէլ, Հաճըն, Խալիլ Պատաուի, Պուրճ Համուտ, Տորա եւ Ամանոս կը մնային բուռն ռմբակոծումներու տարափին տակ եւ քանդումները ահաւոր համեմատութիւններու հասած էին:

Պուրճ Համուտի մէջ ռմբակոծումները առաւելաբար հանրակառքի գիծին` Թրիփոլի (ներկայիս` Արմենիա) պողոտային վրայ կեդրոնացած էին, ուր զգալի քանդումներ տեղի ունեցան: Ինկան տասնեակ մը հայ զոհեր եւ քսանհինգ վիրաւորներ:

Էշրեֆիէի մէջ զոհուեցան երեք հայեր, Հայաշէնի մէջ` երեք հայեր, իսկ Հաճընի եւ Խալիլ Պատաուիի մէջ, որոնք Նահրի կամուրջներուն աւելի մօտ ըլլալնուն պատճառով ենթարկուած էին սաստիկ ռմբակոծումներու, մարդկային կորուստները շատ քիչ եղան:

Անթիլիասի եւ շրջակայ թաղամասերուն մէջ, որոնք համեմատաբար աւելի մեղմ գօտիներ կը նկատուէին, ինկան վեց հայ զոհեր: Իսկ Ամանոսի, Նահր Մոթի եւ Զալքայի մէջ եղան թեթեւ վիրաւորներ:

Ապաստանարաններուն մէջ պատսպարուած ժողովուրդը ենթակայ էր ամէն տեսակ զրկանքներու: Արդէն բոլոր ապաստանարանները բերնէ բերան լեցուած էին: Կային ապաստանարաններ, որոնք այնքան ալ ապահով չէին: Կային թաղամասեր, ուր ժողովուրդին համար բաւարար ապաստանարաններ չկային: Մասաքինի շրջանի քաղաքապետարանի շէնքերուն ապաստանարանները ջուրով լեցուն էին, որոնք հապճեպօրէն մաքրուեցան: Ապաստանարան չունեցող շէնքերու բնակիչները այլ շէնքեր եւ թաղեր փոխադրուած էին: Կային ընտանիքներ, որոնք գետնայարկերը, նկուղներու մէջ կամ աստիճաններուն վրայ կը մնային:

1978_Bourj_Hammoud-3-18Ռումբերուն տեղատարափը եւ ահաւոր պայթումները ահ ու դողի մատնած էին ժողովուրդը: Ջուր գրեթէ գոյութիւն չունէր, ուտեստեղէնի պակասը աւելի ու աւելի մտահոգիչ կը դառնար, իսկ մանուկներուն համար կաթ չէր մնացած: Մայրեր եւ երեխաներ կու լային եւ ամէն կողմ ողբերգական տեսարաններ կը պարզուէին:

Նոր Մարաշի մէջ, ջուրի տագնապը լուծելու համար Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մուտքի ջուրի խողովակը բացուեցաւ:

Հայ պահակ տղաք եւ պատասխանատուներ օրինակելի նուիրումով կը հսկէին եւ կապ կը պահէին շրջանէ շրջան` ժողովուրդին այլազան կարիքներուն հասնելու համար:

Հակառակ անընդմէջ տեղացող ռումբերուն եւ հրթիռներուն, պահակ տղաքը եւ Օգնութեան խաչի կիներն ու աղջիկները, ձեռք ձեռքի տուած, մարդկօրէն կը կիրարկէին հնարաւոր բոլոր միջոցները` ի խնդիր ժողովուրդի ապահովութեան, մատակարարման եւ բժշկական խնամքին: Արդէն պահակ տղոց ուտեստեղէն պատրաստելու ամբողջ պարտականութիւնը ինկած էր Օգնութեան խաչի կիներու եւ աղջիկներու ուսերուն:

 ***

Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Քարանթինայի եւ Տորայի մէջ դիրք գրաւած փաղանգաւոր 150 միլիսներ, թեթեւ զրահապատներով եւ Սիւփըր Շերման երկու հրասայլերով զինուած, հաւաքուեցան Պուրճ Համուտը եզերող շրջաններէն ներս: Հայ պատասխանատուներու հետ կապ պահելով, անոնք տեղեկացուցին, որ յարձակումի պիտի անցնին կամուրջներուն վրայ, եւ համոզում յայտնեցին, որ մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00 վերջ պիտի գտնէ յարձակումը: Հայ ղեկավարները փորձեցին համոզել զանոնք, որ յարձակումը տեղի չունենայ, բայց ապարդիւն:

Փաղանգաւորները յարձակումի անցան Պուրճ Համուտի շրջակայքէն եւ Նահրի քորնիշէն եւ փորձեցին թափանցումներ կատարել, կամուրջներուն վրայ իշխող կարգ մը շէնքերու հասնելու նպատակով:

Արաբական զսպիչ ուժերը հակադարձեցին` սաստկօրէն ռմբակոծելով Քարանթինայէն Տորա երկարող գօտին: Քանի մը ժամ անընդհատ շարունակուած ռմբակոծումներու ընթացքին փաղանգաւոր միլիսներու երկու հրասայլերը քանդուեցան, իսկ մնացեալները քաշուեցան իրենց դիրքերը:

Անիշխանութենէն օգտուելով, գիշերուան ժամը 22:25-ին Պէյրութի հարաւ-արեւմտեան Ռամլէթ Պայտայի ծովափին իսրայէլեան երեք ռազմանաւեր յայտնուեցան, որոնք քսան վայրկեան անընդհատ ռմբակոծեցին Ռամլէթ Պայտան:

Արաբական զսպիչ ուժերու հրետանին, որ Ռամլէթ Պայտա կը գտնուէր, կրաւ չբացաւ: Միայն պաղեստինեան թնդանօթներն էին, որոնք կրակ բացին: Ծովափի երկայնքին պաղեստինցիները արդէն ահազանգի մէջ դրուած էին:

Իսրայէլեան հաւանական ցամաքահանումի մը առաջքը առնելու համար ֆետայիները, արաբական զսպիչ ուժերը եւ լիբանանցի յառաջդիմականներուն զինեալները խիստ հսկողութիւն հաստատեցին ամբողջ ծովեզերքի երկայնքին:

Նախագահ Իլիաս Սարգիս, արեւելեան Պէյրութի շարունակուող ռմբակոծումներուն լուծում մը գտնելու եւ զինադուլ հաստատելու առաջադրանքով ուրբաթ, 6 հոկտեմբեր 1978-ին նախարարական ու զինուորական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Դամասկոս մեկնեցաւ: Մինչ ռմբակոծումները նոյն սաստկութեամբ կը շարունակուէին Նահրի կամուրջներուն վրայ: Տագնապի զանազան երեսներուն հարթումին նպատակով լիբանանեւսուրիական գերաստիճան տեղի ունեցաւ: Սարգիս-Ասատ գերաստիճանը շարունակուեցաւ մինչեւ կիրակի, 8 հոկտեմբերի ուշ գիշեր: Ասատ ընդունեց նաեւ լիբանանեան կարգ մը կազմակերպութեանց ու խմբաւորումներու պատասխանատուներ: «Սուրիա նախանձախնդիր կը մնայ Լիբանանի հողային ամբողջականութեան ու միասնականութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ երկրի տարածքին խաղաղութեան վերահաստատման ու ամրապնդման», հաստատեց նախագահ Ասատ:

 ***

1978_Bourj_Hammoud3-3-18Շաբաթ, 7 հոկտեմբերի երեկոյեան զինադուլ յայտարարուեցաւ եւ աւելի քան մէկ շաբաթ տեւած ռմբակոծումները դադրեցան: Պուրճ Համուտի, Էշրեֆիէի, Հայաշէնի, Մար Մըխայէլի, Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի, Ամանոսի, Նահր Մոթի, Զալքայի եւ Անթիլիասի ապաստանարաններուն մէջ կծկուած ժողովուրդը մեծ զգուշութեամբ սպասեց խոստացուած զինադուլի գործադրումին:

Սակայն Պուրճ Համուտ կը շարունակէր արձակազէններու թիրախ մնալ: Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութիւնը կողոպտուեցաւ միլիսներուն կողմէ: Կողոպուտի ենթարկուեցաւ նաեւ Մեսրոպեան վարժարանը: Նախապէս կողոպտուած էր արդէն Էհրամճեան վարժարանը: Նաեւ Պուրճ Համուտի շուկան կողոպտելու փորձ մը կատարուեցաւ, որուն պատճառով նոր բախումներ տեղի ունեցան միլիսներուն եւ հայ տղոց միջեւ:

Զինադուլի յայտարարութեան յաջորդեցին համեմատաբար հանդարտ պահեր եւ յոյսը սկսաւ ամրանալ ջղասպառ ժողովուրդի հոգիներէն ներս: Ռմբակոծումը գրեթէ դադրեցաւ, բայց տաք գօտիներուն մէջ տակաւին կը լսուէին գնդացիրներու համազարկեր: Հետզհետէ անոնք եւս սկսան մեղմանալ, ինչ որ սարսափահար քաղաքացիին շնորհեց կէս քուն – կէս արթուն գիշեր մը անցընելու բախտը:

Կիրակի, հոկտեմբեր 8-ի առաւօտուն, հակառակ զինադուլը ականահարել փորձող անիշխանական ճիգերուն, անիկա մեծ համեմատութեամբ յարգուած էր:

Նաեւ սկսան մարել հրդեհները, որոնք կուլ տուած էին հարիւրաւոր տուներ, խանութներ եւ ամբողջ շէնքեր: Այրուածքի հոտը, կործանած բնակարաններէն բարձրացող փոշին խառնուեցաւ արեւին առաջին նշոյլներուն:

Յուզիչ տեսարաններ կը պարզուէին ամէնուրեք: Դրացիներ իրարու ձեռք կը սեղմէին: Շաբաթէ մը ի վեր իրարմէ ամբողջովին կտրուած հարազատներ ու ծանօթներ ջերմագին կ՛ողջագուրուէին արցունքը իրենց աչքերուն: Տղամարդիկ ջուր եւ սնունդ կը հասցնէին կիներուն ու մանուկներուն, կամ կ՛օժանդակէին ծանօթին եւ անծանօթին` կիսափուլ պատին քարերը մէկ կողմ առնելու, ճամբայ բանալու, կարիքաւորին հասնելու եւ վշտահարը մխիթարելու զոհաբերումով:

Ուրիշներ, մեծ զգուշութեամբ, պատրաստութիւններ կը տեսնէին աւելի ապահով վայրեր ապաստանելու համար: Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ փոխադրուեցան Այնճար, Թրիփոլի, արեւմտեան Պէյրութ, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն», Զմմառի եւ Անթիլիասի վանքերը, ինչպէս նաեւ Հալէպ եւ Քեսապ, եւ ամէնուրեք ասպնջականութիւն եւ հոգատարութիւն գտան: Պատասխանատու մարմիններ եւ ժողովուրդ մահէն փախուստ տուած իրենց արենակիցները դիմաւորեցին հայավայել ասպնջականութեամբ:

Սակայն հայութիւնը, իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, մնաց կառչած իր բնակարանին եւ տակաւին քանի մը օր առաջ իր կենսունակութեամբ խայտացող թաղին, որ հրդեհներէն ու ռումբերու տարափէն դուրս կու գար, վերապրելու հաստատ վճռականութեամբ:

Փաղանգաւոր միլիսներ կը շարունակէին գրգռութիւններ յառաջացնել հայկական թաղերէն ներս: Արդարեւ, հոկտեմբեր 8-ին, մինչ այլ շրջաններու մէջ զինադուլը կը պահպանուէր, փաղանգաւոր 200 միլիսներ պաշարեցին Ամանոսի Թեհլիրեան ակումբը եւ յարձակումի անցան, գրաւելու համար զայն: Ակումբ գտնուող տղաքը հակադարձեցին յարձակումին: Բախումներու ընթացքին նահատակուեցաւ քսանմէկամեայ Գէորգ Աշճեան, իսկ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Նոյն օրը փաղանգաւոր զինեալներ խուժեցին Զմմառի վանքը, ուր պատսպարուած էին ռմբակոծուած թաղերէն հեռացած բազմաթիւ հայ ընտանիքներ: Անարգ, վայրագ եւ անորակելի գրգռութիւններ կատարուեցան հոգեւորականներուն եւ պատսպարուողներուն հանդէպ: Յետոյ շէյխ Փիեռ Ժեմայէլ անձամբ Զմմառ գնաց, տեսնուեցաւ վանքի մեծաւորին հետ եւ ներողութիւն խնդրեց ցաւալի պատահարին համար:

Վրիժառութեան արարքներ պատահեցան Պուրճ Համուտէն դուրս, յատկապէս Զալքա եւ Ժէլ էլ Տիպ բնակող հայերու հանդէպ: Տասնեակ մը հայեր առեւանգուեցան: Տեղի ունեցան գողութիւններ եւ վայրագութիւններ: Գտնուեցան սպաննուած հայերու դիակներ:

1978 հոկտեմբերի շուրջ մէկ շաբթուան վայրագ ռմբակոծումներն ու բախումները ծանր հետեւանքներ ունեցան հայութեան համար: Ինկան 65 զոհեր եւ 300 վիրաւորներ, որոնցմէ յիսունը` ծանր: Նահրի կամուրջէն մինչեւ Քաղաքապետարանի հրապարակ երկարող ճամբուն, Արաքս պողոտային ու Նոր Կիլիկիա շրջաններուն մէջ յատկապէս, ահաւոր աւերումներ կատարուեցան եւ շուրջ 300 բնակարաններ քանդուեցան: Պուրճ Համուտի շուկայէն ներս շուրջ հարիւր վաճառատուներ քանդուեցան: Ծովեզերեայ ճարտարարուեստական գօտիէն ներս ահաւոր վնասներ արձանագրուեցան եւ մեծ թիւով գործարաններ քանդուեցան, իսկ անոնց պաշտօնեաները անգործութեան դատապարտուեցան: Իսկ Պաուշրիէի ճարտարարուեստական գօտիին մէջ հայերու պատկանող հարիւրէ աւելի աշխատանոցներ կողոպտուեցան: Իրենց բնակարաններէն հեռացող եւ ապահով վայրեր փոխադրուող հայերուն թիւը հասաւ տասը հազարի:

***

PAR162661Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի, Հայաշէնի եւ Էշրեֆիէի հայահոծ թաղերուն պարզած աւերակային պատկերները ողբերգական համայնապատկերներ կը պարզէին: Սակայն ժողովուրդին բարոյական կորովը կը մնար բարձր: Հայութիւնը վճռած էր իր ձեռքերով ու ճակտի քրտինքով վերակերտել իրեն սիրելի թաղամասերը եւ բուժել իր վէրքերը: Պատասխանատու մարմիններ, պատանի ու երիտասարդ պահակ տղաք, բարեսիրական հաստատութեանց անդամներ, բժիշկներ ու բուժքոյրեր, անձնազոհութեան բարձր գիտակցութեամբ, ժողովուրդի բազում կարիքներուն կը հասնէին եւ կը ջանային ամոքել վէրքերը:

«Ազդակ», 9 հոկտեմբեր 1978-ի իր թիւով եւ «Այլեւս կարելի չէ լուռ մնալ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ մայրաքաղաքին արեւելեան թաղամասերուն մահաբոյր անձկութիւնը այլեւս ոչ մէկ արդարացում ունի: Ուրուական քաղաքի պատկերը, որ կը պարզուէր լիբանանցիներու լուռ մեծամասնութեան դիմաց, այլեւս անհանդուրժելի էր եւ փողոցը ձգուած էր անիշխանական տարրերու կամքին:

«Լիբանանցիներու լուռ մեծամասնութեան համար այլեւս հաստատ համոզում է, որ այս հայրենիքը քաղաքացիական պատերազմ չունի, պէտք չէ՛ ունենայ, նոյնիսկ եթէ քաղաքացիական սուր տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: Եթէ ընդհանրապէս բիրտ ուժով կարելի չէ հարցերուն մնայուն լուծում գտնել, Լիբանանի նման հաւասարակշռուած հայրենիքի մը պարագային բիրտ ուժը ո՛չ միայն լուծումի միջոց չէ, այլ հարցերուն ու տագնապներուն աղբիւրն իսկ է», կը շեշտէր «Ազդակ», աւելցնելով, որ լիբանանցիներու «լուռ» մեծամասնութիւնը չի կրնար լուռ մնալ, որովհետեւ հակառակ օրինական իշխանութեան գոյութեան, կարգ մը տարրեր կը փորձեն շարունակել օրինական իշխանութիւնը փոխարինելու իրենց խաղը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ գոյութիւն ունի լիբանանեան աւանդ մը, որ կը մարմնաւորուի պետութեան սահմանադրական կառոյցներով, ուր իւրաքանչիւր համայնք կամ հատուած իր արդար իրաւունքները կը վայելէ: Անգամ մը որ խախտի այդ օրինականութիւնը, ոչ մէկ հատուած կրնայ բռնանալ միւսներուն վրայ: Լիբանանեան հաւասարակշռութեան խախտումը ոչ մէկ կողմի հաշուոյն նպաստաւոր եղած է: Պետական կառոյցներէն դուրս ոչ մէկ գերակայութիւն արդարանալի է եւ անիշխանութեան էջը պէտք է միանգամընդմիշտ փակուի:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?