Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Անարգ Ոճիրներ

Մայիս 27, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Իսրայէլեան Յարձակումներ
Հարաւի Վրայ

Գէորգ Թէքէեան
Գէորգ Թէքէեան
Ստեփան Մարգարեան
Ստեփան Մարգարեան

Արագածի շրջանին մէջ 1979 մայիս 7-ի, 8-ի եւ 9-ի բախումներէն ետք հաստատուած զինադուլը ամրապնդելու նպատակով շփումները շարունակուեցան. կողմերը յանձնառու մնացին առնուած որոշումին, ինչ որ առիթ ստեղծեց Պուրճ Համուտի եւ յատկապէս Արագածի շրջանին մէջ կեանքի բնականոն պայմաններու վերահաստատման:

Արագածի շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումներով շահագրգիռ կողմերուն ներկայացուցիչներէն կազմուած համակարգումի խառն յանձնախումբը քննական շրջապտոյտ մը կատարեց բախումներու թատերաբեմ հանդիսացած շրջանները: Այնուհետեւ յանձնախումբը յաջորդաբար այցելեց շէյխ Փիեռ Ժըմայէլի եւ Քամիլ Շամունի, որոնք գոհունակութիւն յայտնեցին ձեռք բերուած արդիւնքներուն համար:

Արագածի կռիւներուն ընթացքին, մայիս 8-ին, արձակազէնի մը փամփուշտէն ծանրօրէն վիրաւորուած եւ հիւանդանոց փոխադրուած Ստեփան Մարգարեան (ծնած` 1957-ին) մահացաւ մայիս 9-ին: Իսկ Գէորգ Թէքէեան (ծնած` 1962-ին), որ ողնայարէն ծանրօրէն վիրաւորուած էր մայիս 9-ին, «Հրայր Դժոխք» կեդրոնին մէջ, երբ կը փորձէր ընկերոջ մը օգնութեան փութալ, մահացաւ մայիս 13-ի երեկոյեան, Ապու Ժաուտէ հիւանդանոցին մէջ:

* * *

Լիբանանեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ փաղանգաւոր եւ ազատական պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ շաբաթ, 12 մայիսին այցելեց Նոր Մարաշի «Սարդարապատ» ակումբ, ուր ընդունուեցաւ պատասխանատու մարմիններու կողմէ:

Հանդիպումի ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում կատարուեցաւ Արագածի բախումներուն շուրջ եւ շեշտուեցաւ լարուած մթնոլորտին արմատական լուծում մը տալու անհրաժեշտութիւնը: Այցելութեան աւարտին շէյխ Պեշիր յայտարարեց, որ «նոյն ընտանիքի անդամներուն միջեւ» պատահած թիւրիմացութիւններուն եւ բախումներուն վերջակէտը պէտք է նկատել Արագածի միջադէպը:

Միւս  կողմէ, 13 մայիսին շէյխ Ամին Ժըմայէլ փրկուեցաւ մահափորձէ մը, երբ Պիքֆայայի իր բնակարանէն կ՛ուղղուէր դէպի Զալքա: Ականի պայթումին հետեւանքով ան թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ դէմքէն:

* * *

Արագածի կռիւներու լոյսին տակ, «Ազդակ», 14 մայիս 1979-ի թիւով եւ «Պէտք է գիտնան» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Լիբանանի հայութիւնը անխուսափելիօրէն կը դրուի ծանրագոյն հարցականի առջեւ. ո՛ւր պէտք է յանգին հակահայ գրգռութիւնները եւ մեր ժողովուրդը քաղաքականապէս ընկճելու հետեւողական կեցուածք մը մատնող ոտնձգութիւնները:

Ժամանակն է, որ միանգամ ընդմիշտ վերջակէտ դրուի կասկածի եւ սպառնալիքներու այս մթնոլորտին մէջ քաղաքական տիալոկ զարգացնելու այս ոճին, կ՛ըսէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր. «Մենք տակաւին հաւատացողն ենք, որ պատասխանատու ղեկավարներու մակարդակին վրայ, Լիբանանեան ճակատը կը տեսնէ ա՛յն անվիճելի երաշխիքները, որոնց համաձայն` հայութիւնը կառչած կը մնայ լիբանանեան հայրենիքի անփոխարինելի արժէքներուն, ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան, քաղաքակրթական ուրոյն դիմագիծին եւ համակեցութեան եզակի տարազին»:

«Վերջին բախումներու դառն փորձառութեան լոյսին տակ` պէ՛տք է գիտնան բոլորն ալ որ Լիբանանի հայութիւնը ոչ ոքի հետ կռիւ ունի, բայց չի կրնար անտարբեր մնալ հակահայ գրգռութեանց ալիքին հանդէպ», կը շեշտէր «Ազդակ», աւելցնելով.

Պէ՛տք է գիտնան, որ իր արժանաւորութեան խորապէս գիտակից մեր ժողովուրդը, սերունդներու անհուն տառապանքով եւ պայքարով, գիտցած է ամէն բանէ վեր դասել իր ազգային կռուաններուն պահպանումը, որուն ի խնդիր ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ կ՛առնէ:

Պէ՛տք է գիտնան, որ Լիբանանի հայութիւնը պատմական փորձառութեամբ հասած է ա՛յն վճռական համոզումին, որ ինքնապաշտպանութեան իր սեփական ուժերէն դուրս չկայ ազգային ապահովութեան այլ երաշխիք, երբ քաղաքացիական պատերազմ է իր շուրջ եւ բիրտ ուժի լեզուն կը տիրապետէ:

«Մեր հաստատ համոզումն է, որ այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունին Լիբանանի հայութեան բարեկամաբար թէ թշնամաբար նայող պատասխանատուները եւ լիովին կը հասկնան, որ հակահայ գրգռութիւնները եւ մեր ժողովուրդը քաղաքական սպառնալիքի տակ առնելու փորձութիւնները չեն կրնար կացութիւնը փոխել, այլ պարզապէս կը պղտորեն ժողովուրդին տրամադրութիւնները եւ դուռը բաց կը ձգեն հրձիգ խռովութեանց առջեւ», կ՛եզրափակէր «Ազդակ»:

* * *

Իսրայէլեան քոմանտօ մը ուրբաթ, 18 մայիս 1979-ի արեւածագէն առաջ յարձակում գործեց Սուրէն հիւսիս գտնուող պաղեստինեան խարիսխի մը վրայ, որ իբրեւ մեկնակէտ կը ծառայէր Իսրայէլէն ներս գործողութիւններ կատարող ֆետայիներուն: Իսրայէլեան ուժերը երեք փոքր նաւակներով լիբանանեան ծովեզերք հասան, մինչ նոյն պահուն մարտանաւեր ու ուղղաթիռներ ռմբակոծեցին ծովեզերեայ դիրքերը: Յարձակումին ընթացքին սպաննուեցան 20 պաղեստինցիներ:

Քանի մը օր ետք, երկուշաբթի, 21 մայիսի երեկոյեան իսրայէլեան մարտանաւեր նոր յարձակում մը շղթայազերծեցին Սուրի մօտակայ Ռաշիտիէ գաղթակայանին վրայ: Իսրայէլեան զինուորական փոխադրակառքեր նաեւ թափանցեցին հարաւային Լիբանանէն ներս եւ ուղղուեցան դէպի Շապաա գիւղը: Բայց «ֆինիւլ»-ին մաս կազմող նորվեկիացի զինուորները արգիլեցին իսրայէլեան ջոկատին յառաջխաղացքը եւ ստիպեցին, որ անոնք հեռանան լիբանանեան հողամասէն:

Իսկ չորեքշաբթի, մայիս 23-ի երեկոյեան Տամուրէն մինչեւ Սուր եւ Ռաշիտիէ երկարող ծովեզերեայ շրջաններ բուռն ռմբակոծման ենթարկուեցան իսրայէլեան օդուժին, ծովուժին եւ հրետանիին կողմէ:

Երկու շաբթուան զինադուլէ ետք, ուրբաթ, 8 յունիսին իսրայէլեան օդուժին պատկանող օդանաւեր ռմբակոծեցին Նապաթիէն եւ շրջակայ կարգ մը գիւղեր: Պաղեստինցի զինեալներ քաշուեցան բնակարանային շրջաններէ, որպէսզի Իսրայէլ որեւէ պատրուակ չունենայ ռմբակոծելու քաղաքային դիրքեր:

Յաջորդող օրերուն հարաւի կացութիւնը դէպի գահավիժում ընթացաւ: Իսրայէլեան հրետանին առօրեայ հերթականութեամբ եւ քանի մը հանգրուաններուն կը ռմբակոծէր Նապաթիէն ու շրջակայ գիւղերը եւ Սուրը, իսկ օդանաւեր թռիչք կը կատարէին շրջանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն վերեւ: Յունիս 24-էն սկսեալ իսրայէլեան օդուժը գործօն մասնակցութիւն բերաւ ռմբակոծումներուն: Ամէնէն աւելի ուժգին ռմբակոծումներու ենթարկուեցան Նապաթիէն, Արնունը, Քֆարթպնինը, Եոհմորը եւ Այշիէն:

Այնուհետեւ, չորեքշաբթի, 27 յունիս 1979-ին իսրայէլեան եւ սուրիական օդանաւեր բուռն բախումներ ունեցան Սուրէն մինչեւ Տամուր երկարող լիբանանեան ծովեզերեայ շրջաններու վերեւ:

Լիբանանեան երկինքին վրայ առաջին երեւցողները իսրայէլեան «Էֆ. 15», «Սքայհոք» եւ «Քֆիր» օդանաւերն էին: Անոնք նախ թռիչքներ կատարեցին Նապաթիէ – Սուր – Տամուր շրջաններուն վերեւ ու սկսան ռմբակոծել Սայտայի ու Տամուրի մօտակայ շրջաններ:

Լիբանանեան շրջաններ պաշտպանելու եւ իսրայէլեան օդանաւերը ետ մղելու նպատակով, սուրիական «Միկ 21» տիպի օդանաւեր միջամտեցին ու բախումը դարձաւ անխուսափելի: Երկու կողմերէն ալ ինկան օդանաւեր:

* * *

Բանակային զրահապատ մը Ֆըրն Շըպպէքի մէջ
Բանակային զրահապատ մը Ֆըրն Շըպպէքի մէջ

Այն Ռըմմանէի եւ Ֆըրն Շըպպէքի մէջ փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներուն միջեւ մայիս 14-ին բախումներ ծայր առին, որոնք բուռն կերպով վերարծարծուեցան յաջորդող օրերուն:

Շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ յունիս 4-ին փրկուեցաւ մահափորձէ մը, երբ կ՛ուղղուէր Սարպայի Տէյր Մըքալլէս վանքը, ժողովի մը համար: Ականի պայթումին հետեւանքով ան թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ գլուխէն:

Երկուշաբթի, 18 յունիս 1979-ին բանակային միաւորներ մտան Այն Ռըմմանէ եւ Ֆըրն Շըպպէք: Շրջանի բնակիչները երգով, պարով, ծաղիկներով ու այլ աւանդական ելոյթներով դիմաւորեցին զանոնք:

Այնուհետեւ սկսաւ բացումը գլխաւոր պողոտաներուն, որոնց անունները կարմիր տառերով արձանագրուած էին լիբանանեան տագնապի պատմութեան մէջ: Բացուեցան հետեւեալ գիծերը.

ա) Հազմիէ – Շեվրոլէ – Թահուիթա – Ֆըրն Շըպպէք – Թանգարան:

բ) Հազմիէ – Կալըրի Սըմաան – Մար Մըխայէլ:

գ) Հազմիէ – Կալըրի Սըմաան – Քամիլ Շամուն պողոտայ:

Բանակին մուտքը տեղի ունեցաւ զրահապատ կառքերով, որոնց կ՛ընկերանային նաեւ պուլտոզըրներ` ճամբաներուն ու պողոտաներուն վրայ լեռնացած պատնէշները քանդելու եւ երթեւեկը դիւրացնելու նպատակով: Բանակային մասնագէտներ միաժամանակ լծուեցան կարգ մը վայրերու մէջ լարուած ականներու փճացման աշխատանքին: Բացի բանակայիններէ, զինեալ տարրեր կամ զինեալ երեւոյթներ աներեւութացած էին:

* * *

Չորեքշաբթի, 6 յունիս 1979-ի արեւածագին, Նահրի Քորնիշին վրայ եւ Ջաղացքին մերձակայքը, երեք զաւակներու հայր Ռուբէն Հայրապետեան (ծնած` 1933-ին, 46 տարեկան) զոհ գնաց փաղանգաւոր տարրերու կողմէ գործուած անարգ ոճիրի մը:

Ռուբէն Հայրապետեան, որ մսավաճառ էր եւ վաղ առաւօտեան իր գործին կ՛երթար, մահացու կերպով վիրաւորուեցաւ եւ քիչ ետք իր հոգին աւանդեց «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին մէջ, շտապ օգնութեան գործողութեան մը ընթացքին:

Հիւանդանոցին մէջ, ներքին ապահովութեան  ուժերու պատասխանատուներուն իր վկայութիւնը տալով Ռուբէն Հայրապետեան յայտնեց, թէ փաղանգաւոր տարրեր կանգնելու ազդանշան տուած են իր ինքնաշարժին եւ ստուգելէ ետք, որ հայ էր ու Պուրճ Համուտէն, համազարկ բացած են իր ուղղութեամբ: Վիրաւորուած` Ռուբէն խոյս տուած է ու հասած արդարութեան պալատի բոլորակին մօտ գտնուող լիբանանեան բանակի անցարգելին. բանակայինները ձերբակալած են զինք հետապնդող Ժան Շաուան, իսկ Ռուբէնը փոխադրած հիւանդանոց:

* * *

Երկուշաբթի, 18 յունիսի առաւօտեան կանուխ ժամերուն (ժամը 0:30-ին) երեք հայեր` Ստեփան Տէօվլէթեան, Րաֆֆի Թովմասեան եւ Յարութիւն Տէր Սահակեան առեւանգուեցան Ատոնիսէն Զալքա ճամբուն վրայ:

Առեւանգումը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ անոնք կը վերադառնային քազինոյէն: Անոնց հետքը սկիզբը կորսուեցաւ:

Աւելի ուշ, ժամեր ետք, Յարութիւն Տէր Սահակեանի անշունչ մարմինը գտնուեցաւ Նահրի քորնիշին վրայ` ճամբեզրի փոսի մը մէջ: Երկու օր ետք, նոյն պայմաններուն մէջ գտնուեցաւ Րաֆֆի Թովմասեանի մարմինը:

* * *

Ուրբաթ, 27 յուլիս 1979-ի երեկոյեան ժամը 6-ին Անթիլիասի օթոսթրատին վրայ զինեալ միջադէպ մը պատահեցաւ, իրարու դէմ հանելով մէկ կողմէ տեղական կազմակերպութեան մը անդամ երկու հայ երիտասարդներ եւ միւս կողմէ` փաղանգաւոր զինեալներ: Միջադէպին ընթացքին երկու կողմերէն չորս վիրաւորներ ինկան:

Զոյգ երիտասարդներուն հայ ծագումը պատրուակելով շրջանի փաղանգաւոր ուժերը անմիջապէս թռուցիկ անցարգելներ հաստատեցին Անթիլիասի, Զալքայի եւ Ժըտէյտէի մէջ եւ պատահաբար անցորդ քսանհինգ հայ երիտասարդներ առեւանգելով տարին Տըպայայի փաղանգաւորներու կեդրոնը:

Հայ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ արագ միջամտութեան դիմեցին եւ յաջողեցան նոյն գիշերն իսկ ապահովել ազատ արձակումը անարդարօրէն առեւանգուած հայ տղոց, միաժամանակ ընդգծելով, որ զոյգ զինեալները հայկական որեւէ կազմակերպութեան հետ կապ չունին, եւ թէ` միջադէպը Լիբանանեան ճակատի ներքին ուժերուն միջեւ էր:

* * *

Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ ապահովութեան կացութիւնը 1979 յուլիսի վերջաւորութեան պայթեցաւ եւ Տեպպաս հրապարակէն մինչեւ կեդրոնական շուկաներ ու Սէյֆի տարածուող գօտիին մէջ բախումները հետզհետէ սաստկացան փաղանգաւոր միլիսներուն եւ արաբական զսպիչ ուժերուն միջեւ:

Յաջորդող օրերուն Այուն Սիմանի եւ այնուհետեւ ալ արեւելեան Պէյրութի մէջ բախումներ ծայր առին լիբանանեան բանակին եւ փաղանգաւոր միլիսներուն միջեւ:

Ապահովութեան կացութեան գահավէժ ընթացքի պայմաններուն տակ «Ազդակ», 6 օգոստոս 1979-ի թիւով եւ «Լիբանանի հետ` պատնէշներէն վեր» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ տագնապը որքան երկարաձգուի, նոյնքան ստիպողական կը դառնայ Լիբանանը ամէն բանէ վեր դասելու անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք հաւատացողներն ենք, որ լիբանանցին շատոնց կատարած է իր պատմական ընտրութիւնը. փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի վրայ հիմնուած լիբանանեան ինքնուրոյն գոյավիճակը շատոնց միացուցած է այս հայրենիքին զաւակները: Համայնքային թէ գաղափարական ի՛նչ պատկանելիութիւն ալ ունենան անոնք: Ահա՛ թէ ինչո՛ւ շեշտակիօրէն արտաքին միջամտութեանց կը վերագրենք լիբանանեան այդ ընտրութիւնը կասկածի թէ հարցականի տակ առնող բոլոր դիրքորոշումները, խորապէս համոզուած` որ վերջին հաշուով ամբողջական անկախ, գերիշխան եւ համերաշխ Լիբանանի կամքը պիտի պարտադրէ իր ճշմարտութիւնը, հայրենիքը դուրս բերելով անցողակի այս տագնապէն», կ՛ըսէր «Ազդակ»:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ Լիբանանի հայութիւնը չի կրնար տկարանալ իր խոր հաւատքին մէջ, թէ լիբանանեան հայրենիքը մնայուն արժէք է, նոյնիսկ անոնց համար` որոնք գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, ուղղակի թէ անուղղակի կերպերով կը վնասեն անոր միասնականութեան ու անկախութեան: Հայութիւնը նախանձախնդիր ու վճռական  կեցուածքով կառչած կը մնայ կողմերէն վեր դասուող Լիբանանի ծառայելու ու անոր վերականգնումին սատարելու սկզբունքային իր քաղաքականութեան:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Լիբանան կը սպասէ իր ուժերու մէկտեղումին, իսկ հայութիւնը կը շարունակէր գործել խզումի պատնէշներուն միջեւ հաղորդակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան բեմը միշտ բաց պահելու նախանձախնդրութեամբ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Մայիս 1965)

Յաջորդը

Հարիւրամեակի Հունձքով 29 Շրջանաւարտներ Եւս Կ՛աւելնան Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Ուռճացող Փաղանգին

RelatedPosts

Շատերու Համար Վտանգաւոր Է Դպրոց Յաճախելը
Մշակութային եւ Այլազան

Շատերու Համար Վտանգաւոր Է Դպրոց Յաճախելը

Մարտ 31, 2023
Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է

Մարտ 24, 2023
Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In