ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լիբանանի հայութեան վերականգնման աշխատանքները եւ աշխարհի չորս ծագերէն օժանդակութիւնները լայն ծաւալ ստացան: Իր կարգին Վազգէն Ա. վեհափառ կոչ ուղղեց համայն հայութեան, անոնցմէ խնդրելով որ օգնեն Լիբանանի իրենց հայրենակիցներուն:
«Խորունկ վիշտով իմացանք, որ բազմաթիւ հայեր մեռած են Պէյրութի մէջ, թէ 20 հազարէ աւելի անձեր կը մնան անպատսպար կամ ապրուստի միջոցներէ զուրկ, թէ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ հայկական մշակոյթի կեդրոններ քանդուած են», յայտարարեց կաթողիկոսը:
«Համոզուած ենք, որ մեր բոլոր հայրենակիցները անխտիր պէտք է միացեալ ճիգով մը կատարեն մարդասիրական իրենց պարտականութիւնը` օգնելով Լիբանանի հայերուն, որպէսզի դարմանեն իրենց վէրքերը, նորոգեն քանդուած եկեղեցիները, դպրոցները եւ մշակութային կեդրոնները: Բոլոր հայերուն նուիրական պարտականութիւնն է մասնակցիլ Լիբանանի հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային կեանքի վերաշխուժացման», շեշտեց Վազգէն Ա. վեհափառ:
Իսկ կիրակի, 12 նոյեմբեր 1978-ին, Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն, Լիբանանի մէջ զոհուած հայերու յիշատակին: Այդ առիթով Վազգէն Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ քարոզ մը: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի հայկական համայնքը, աւելի քան երկու հարիւր հազար հայութեամբ, կը հանդիսանայ ամբողջ հայ սփիւռքի ողնաշարը:
Վեհափառը նշեց, որ հայերը Լիբանանի մէջ կ՛ապրէին խաղաղ եւ բարգաւաճ կեանք մը, բայց քաղաքացիական կռիւներու բռնկումէն ետք զոհ գացած են նաեւ հայեր, իսկ հոկտեմբերի բախումներուն առաւելապէս ծանրօրէն տուժեցին հայաբնակ թաղամասերը:
Այս տխուր կացութեան առջեւ բոլոր հայերը թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ աշխարհի բոլոր ծագերէն սկսան օգնութիւն կազմակերպել լիբանանահայ գաղութին, ընդգծեց վեհափառը եւ շեշտեց, որ մտահոգուած է նաեւ հայրենի կառավարութիւնը, որ որոշած է պետական միջոցներով օգնութիւն հասցնել Լիբանանի հայութեան: Վեհափառը ըսաւ նաեւ, որ մայր աթոռի սեփական միջոցներէն տրամադրուած է յիսուն հազար տոլար Պէյրութի Կեդրոնական մարմինին իբրեւ Սուրբ Էջմիածնի նպաստը Լիբանանի հայ աղէտեալներուն:
Միւս կողմէ, Լիբանանի հայութեան հանդէպ գործադրուող գրգռութիւնները եւ յատկապէս Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին դէմ կատարուած խափանարարութիւնը ցասում եւ վրդովմունք յառաջացուցին հայրենի հայութեան մօտ: Հայրենի մտաւորականներ եւ պետական դէմքեր ուժգնօրէն դատապարտեցին գրգռութիւնները, պահանջելով կասեցնել տեռորը եւ դադրեցնել կամայականութիւնը խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ:
Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ Սուրէն Երէմեան յայտարարեց, որ հայրենի պատմաբանները «հոգու ամբողջ զայրոյթով» կը դատապարտեն հակահայ գրգռիչ գործունէութիւնները եւ կը պահանջեն վերջ տալ բռնութեան:
Իսկ Հայաստանի գրողներուն անունով հանդէս գալով բանաստեղծ Համօ Սահեան ընդգծեց, որ կը սպաննեն խաղաղ բնակիչները, կը պղծեն հայոց սրբութիւնները եւ կ՛աւերեն յուշարձանները: Ան եզրակացուց ըսելով, որ գրգռութիւնները կը ձգտին հասնիլ այն բանին, որ հազարաւոր հայեր լքեն իրենց տուները եւ ապաստան որոնեն երկրի այլ մասերուն մէջ:
Ընդվզումի նամակ ստորագրեց նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Սերգէյ Համբարձումեան, պահանջելով անյապաղ դադրեցնել տեռորն ու կամայականութիւնները խաղաղ բնակչութեան դէմ:
Իսկ Նայիրի հիմնարկի վարիչ Սուրէն Պետրոսեան դատապարտեց այն ծայրայեղականները, որոնք ցանկանալով թշնամանք սերմանել Լիբանանի ժողովուրդներուն միջեւ, կը հետապնդեն խաղաղ բնակիչները, որոնց շարքին նաեւ հայերը:
***
Լիբանանեան տագնապի վերիվայրումներու եւ հակահայ գրգռութիւններու ու տրամադրութիւններու ծիրէն ներս, «Ազդակ», 4 դեկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Սեփական ուժի հաւատքով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ եթէ անապահովութիւնը ֆիզիքապէս կը սպաննէ, քաղաքական անորոշութիւնը բարոյապէս կը քայքայէ, իսկ լիբանանցին բռնուած էր անորոշութեան ուռկանին մէջ:
«Փաստօրէն, մարդիկ թնդանօթները հեռացուցին լիբանանեան բեմէն, որպէսզի անհանդուրժելի պայմաններու եւ պահանջներու միջոցաւ` միշտ զգալի պահեն այդ զէնքերուն քողարկուած ներկայութիւնը», կը նշէր «Ազդակ», աւելցնելով որ զինեալ կողմերը շարունակ նոր բախումներու ժամկէտ կը ճշդեն, տեւաբար զգացնելու համար թէ լիբանանեան կացութիւնը միշտ ենթակայ է իրենց կամքին:
«Ազդակ» կը պարզաբանէր ըսելով որ զինեալ կողմերուն կիրարկած ռազմավարութիւնը ուրիշ բան չի հետապնդեր, եթէ ոչ հաւատքի խախտումը Լիբանանի կարելիութեան հանդէպ: Անոնք կ՛ուզեն հարուածել եւ խախտել հաւատքը յատկապէս ա՛յն տարրերուն, որոնք օրինական պետութենէն դուրս ոչ մէկ ուժի գերակայութիւնը կ՛ընդունին:
«Հակահայ գրգռութեանց վերջին ալիքը լաւագոյն ապացոյցն էր այս իրողութեան, երբ Լիբանանի արժէքներուն կառչած եւ իր օրինական պետութեան կամ ազգային ղեկավարութեան շուրջ բոլորուած հայութիւնը զինեալ կողմերու ճնշումին ենթարկուեցաւ, որովհետեւ կ՛ուզէր դրական չէզոքութիւն պահել, եւ որովհետեւ լիբանանեան հարցերու լուծման քաղաքական իր անկախ մօտեցումը ունէր», կը շեշտէր «Ազդակ», եզրափակելով որ պէտք է խորապէս անդրադառնալ Լիբանանի հանդէպ սեփական հաւաքը անխախտ պահելու անհրաժեշտութեան:
***
Լիբանանի հայութեան վերականգնումի կեդրոնական մարմինը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ շնորհիւ վեհափառ հայրապետներու նախաձեռնութիւններուն, եւ զանազան բարեպաշտ եւ հայանուէր ազգայիններու գործակցութեան եւ անմիջական օգնութեան համար կատարուած ինքնաբուխ նուիրատուութիւններու, հաւաքուած էր աւելի քան 800 հազար լիբանանեան ոսկիի գումար մը, զոր վեհափառ հայրապետները փոխանցած էին կեդրոնական մարմինին եւ դրած այդ նպատակին համար բացուած դրամատնային յատուկ հաշիւին մէջ:
Մարմինը որոշած էր ուժ տալ համագաղութային տարողութեամբ կատարուելիք հանգանակային արշաւին` սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ:
Վեհափառ հայրապետները արդէն իսկ հարկ եղած հրահանգները եւ ցուցմունքները կատարած էին թեմերու առաջնորդներուն եւ ազգային իշխանութիւններուն, ուղարկելով յատուկ շրջաբերական պաշտօնագիրեր եւ կոչեր: Մարմինը եւս, իր կարգին, յատուկ շրջաբերական նամակով` ուղղուած բոլոր թեմերուն, կը յայտնէր իր պատրաստակամութիւնը ուժ տալու հանգանակային արշաւին` բոլոր թեմերու եւ գաղութներու մէջ:
Տնահան եղած կամ տնաքանդ մնացած կարօտեալ ժողովուրդի սննդեղէնի անմիջական կարիքներուն գոհացում տալու համար, մարմինը կատարած էր հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի յատկացում մը:
Կեդրոնական մարմինը, ընդառաջելով քանդուած եկեղեցիներու եւ դպրոցներու վերանորոգութեան համար Լիբանանի ազգային առաջնորդարանի ներկայացուցած ծրագիրին, յատկապէս դպրոցներու վերանորոգութեան համար յատկացուց հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի գումար մը, վերաշինութեան գործին անմիջապէս սկսելու համար:
***
Հակահայ գրգռութիւնները միասնական ճիգերով դիմագրաւելու համար, «Ազդակ» 6 դեկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Ազգային հասունութեամբ» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ հայոց պատմութիւնը յատկանշող երեւոյթ է, որ հաւաքական ցաւը միշտ միացուցած է մեզ: Լիբանանի հայութեան սպառնացող վտանգը փաստօրէն միացուց մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածները:
«Երբ կ՛անդրադառնանք որ անհրաժեշտ է միասնաբար դիմագրաւել հայութեան սպառնացող վտանգները, ժամանակն է որ նաեւ տեսնենք թէ թշնամի հարուածներու կարելի է տոկալ ներքին միասնականութիւնը շարունակ ամրապնդելով, գործակցութեան մարզերը միշտ ընդարձակելով եւ հաւաքական նպատակներու իրագործման ի խնդիր միասին պայքարելով», կը շեշտէր «Ազդակ», եզրափակելով որ ապագան կրնան նուաճել միայն այն ժողովուրդները, որոնք գիտեն իրեն ընդհանրական շահերուն շուրջ մնայուն միասնականութիւն եւ գործակցութիւն հաստատել:
Իսկ 9 դեկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Տագնապէն վեր» խորագիրով ակնարկով «Ազդակ» կը գրէր, որ Հայաստանէն մինչեւ Ամերիկաներ` հայ մարդը նոյն ապրումով կը նայի Լիբանանի: Հայահոծ այդ կեդրոնը պէտք էր փրկել իր անկումային ընթացքէն, որովհետեւ անփոխարինելի էր անոր դիրքը մեր ազգային ընդհանուր պայքարին մէջ:
«Փաստօրէն ամբողջ հայութեան մարմինը վիրաւոր է, որովհետեւ խոցուած է Լիբանանէն անցնող անոր մայր երակը», կը շեշտէր «Ազդակ» հաստատելով, որ պարտաւոր ենք տագնապէն անդին դիտել եւ անդրադառնալ որ ազգային ամէն առումով կանգուն պէտք է պահել լիբանանեան գաղութը: Ամբողջ հայութիւնը իր կշիռը դրած էր այս կենսական կռուանին փրկութեան նժարին վրայ եւ մեր ժողոովուրդին պէտք էր խնայել բարոյալքող նոր ընկրկում մը:
Ակամայ վտանգուած է ազգային մեր պահանջատիրութեան անփոխարինելի մէկ կռուանը, որուն վէրքը կը տագնապեցնէ հանուր հայութիւնը, կ՛ընդգրկէր «Ազդակ» եզրափակելով որ պատմական մեր պատասխանատուութեան տէր կանգնելու վճռականութենէն դուրս ոչ մէկ կեցուածք ներելի է:
***
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Արամ վարդապետ Քէշիշեան կիրակի, 10 դեկտեմբեր 1978-ին Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ լիբանանահայութեան ուղղեց իր անդրանիկ պատգամը, կեդրոնանալով միասնական վճռականութեամբ տագնապէն վեր մնալու եւ մեր ազգային, մշակութային, կրթական ու քաղաքական կեանքը վերակազմակերպելու անխուսափելի հրամայականին վրայ:
«Ազգապահպանման ու ազգային իրաւունքներու հետապնդման պայքարին մէջ կենսական դեր վիճակուած է լիբանանահայութեան», շեշտեց հայր սուրբը եւ աւելցուց, որ «Լիբանանի երկնքի տակ ապրող իւրաքանչիւր հայ պէտք է ուխտէ իր ամբողջ հոգիով` իրեն յատուկ սահմաններուն մէջ, մեր սրբազան պապերու ուխտին նուիրականութեամբ ու հաւատարմութեամբ մասնակցիլ լիբանանահայ գաղութի վերականգնումի աշխատանքներուն»:
***
Լիբանանահայ ազգային վարժարանները երկուշաբթի, 18 դեկտեմբեր 1978-ին բացին իրենց դռները: Հայ դպրոցին հարազատութիւնը վերագտնող մանուկներուն եւ պատանիներուն ուրախութիւնը բաժնելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը արագացնող փաստին վկայութիւնը փոխանցելու համար, «Ազդակ»-ի աշխատակիցները այցելեցին հայկական վարժարաններ: Անոնք հանդիպումներ ունեցան տնօրէններու ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու հետ: Ականատես եղան թէ ինչպէս տնօրէն-ուսուցիչ-աշակերտ միասնաբար լծուած էին դասարանները մաքրելու եւ դասաւորելու աշխատանքին:
«Ազդակ»-ի թղթակիցները կ՛արձանագրէին, որ լիբանանեան տագնապին հետեւանքով, երկրի կացութեան ընդհանուր պատկերը իր հարազատ արտացոլացումը ունէր հայ դպրոցի վերաբացման մէջ: Կային «բախտաւոր» եւ «անբախտ» վարժարաններ, նայած թէ աշխարհագրականօրէն ուր կը գտնուէր իւրաքանչիւրը:
«Բախտաւոր»ները (թիւով համեմատաբար քիչ) անոնք էին, որոնք տագնապէն դուրս եկած էին փշրուած ապակիներով ու նման աննշան վնասներով: «Անբախտ»-ները իրենց կարգին կարելի էր բաժնել խմբաւորումներու: Կարգ մը վարժարաններ կրած էին վնասներ` իբրեւ հետեւանք ռումբի մը (կամ ռումբերու) պայթումին: Աւերուած էին դասարաններ կամ շէնքերու ամբողջ մասեր, որոնց վերանորոգութեան աշխատանքը աւարտած էր կամ կը շարունակուէր: Այլ «անբախտ»-ներ թէեւ ռումբերէ մեծ բաժին չէին ստացած, սակայն մնացած էին անկարգապահ զինեալներու տրամադրութեան տակ: Այդպիսի վարժարաններու կպած համեմատութիւնը արհամարհելի չէր: Կողոպտուած էին դասարաններ`մինչեւ իսկ ամրացուած գրատախտակը, պատուհանին փեղկերն ու անոնց շրջանակները: Կողոպտուած էին գրասենեակներ, մինչեւ իսկ լոյսի կոճակները, գրասենեակներու թղթածրարները փճացած էին ամբողջութեամբ:
Այսուհանդերձ, «բախտաւոր» թէ «անբախտ» վարժարաններուն արձանագրութիւնները կը շարունակուէին «բախտաւոր»-ներէն քիչեր միայն վերամուտի առաջին օրերուն կրցան յարգել ժամադրութիւնը եւ դպրոց եկած աշակերտները դասարան ընդունիլ: Այլ վարժարաններու պարագային, արձանագրուած աշակերտներու թիւը անբաւարար կը նկատուէր դասաւանդութիւնները սկսելու համար. աշակերտութեան «արձակուրդը» կը շարունակուէր դպրոցի բակին մէջ կամ տուներէ ներս:
Խալիլ Պատաուէի Ռուբինեան վարժարանը ամէնէն աւելի ծանր վնասներու ենթարկուած էր, դպրոցի շէնքի «ողջ» մնացած մասերուն մէջ, աշակերտներն ու ուսուցիչները ձեռք-ձեռքի լծուեցան մաքրութեան ու վերամուտի նախապատրաստութեան աշխատանքին:
Նոր Հաճընի Սահակ Մեսրոպեան վարժարանի պարագային, դպրոցի շէնքին վնասներէն անդին, կողոպտուած էին գոյքեր եւ մանկապարտէզին յատուկ խաղալիքներ:
Սին Էլ Ֆիլի Արամեան վարժարանին պարագային, դէպի շրջան երթեւեկը անապահով կը նկատուէր:
Ամանոսի Էհրամճեան վարժարանի պարագային, գրասեղաններէ, աթոռներէ եւ պատուհաններէ «մաքրուած» դասարանները առժամաբար ի վիճակի չէին աշակերտ ընդունելու:
Հայ դպրոցի վերամուտին առիթով «Ազդակ» 22 դեկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Վերամուտին հետ» խորագիրով ակնարկով շեշտը կը դնէր լիբանանեան տագնապէն հանուած այն որոշումին վրայ, որուն պաշտօնական բանաձեւումը կատարուած էր ազգային իշխանութեանց կողմէ, որուն համաձայն ոչ մէկ հայ աշակերտ նիւթական պատճառներով պիտի զրկուի հայ դպրոցէն:
«Ազդակ» կ՛ըսէր, որ առաւելագոյն հետեւողականութեամբ պէտք է կիրարկուի այս որոշումը, որպէսզի ոչ մէկ հայ մանուկ կամ պատանի շարունակէ ենթակայ մնալ լիբանանեան փողոցի գործած աւերին:
Միաժամանակ «Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ ծնողներ իրենց կարգին պէտք է տէր կանգնին իրենց բաժին հանուած պատասխանատուութեան եւ ներելի չէ, որ ամբոխային պատեհապաշտութեամբ շահագործումի առիթ դարձնեն հայ դպրոցին յանձնառութիւնը, ոչ մէկ հայ աշակերտ դպրոցէ զրկելու հանրային նախաձախնդրութիւնը: