ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ 1978-ի սեպտեմբերի վերջաւորութեան սաստկացած կռիւները եւ փաղանգաւորներու ու արաբական զսպիչ ուժերու ձեռնարկած անխնայ ռմբակոծումները ուրբաթ, սեպտեմբեր 29-ի առաւօտուն դադրեցան, բայց ընդհատ հրացանաձգութիւնները շարունակուեցան:
Քանի մը ժամուան զինադուլէ ետք, ուշ երեկոյեան ծանր բախումները վերսկսան եւ Հատէթ ամբողջովին պաշարուեցաւ արաբական զսպիչ ուժերու սուրիացի չորս հազար զինուորներու կողմէ: Շուրջ 40 հազար բնակչութիւն ունեցող շրջանին ելեկտրականութեան եւ ջուրի հոսանքները եւ հեռաձայնի գիծերը ամբողջութեամբ կտրուեցան: Սուրիական ուժերը արտակարգ պատրաստութիւններ կատարեցին դէպի Հատէթ տանող բոլոր գլխաւոր ճամբաներուն վրայ:
Շաբաթ, սեպտեմբեր 30-ի առաւօտուն ռմբակոծումները սաստկացան: Հրետանին գոռաց, հրասայլը հարուածեց եւ հրթիռն ու ռումբը մահ սփռեցին ու հրդեհներ յառաջացուցին բազմաթիւ շրջաններու մէջ:
Արաբական զսպիչ ուժերը անխնայ ռմբակոծեցին փաղանգաւորներու դիրքերը եւ արեւելեան շրջաններու թաղամասերը: Անընդհատ ռմբակոծումները աւերեցին Էշրեֆիէի մէկ մասը, որ հրդեհներէն յառաջացած մուխի եւ ծուխի ամպով ծածկուեցաւ: Մայրաքաղաքէն կամ մերձակայ բլուրներէն տեղացող ռումբերու անձրեւը ծանրօրէն ցնցեց Էշրեֆիէն:
Փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսները հակազդեցին ռումբով եւ հրթիռով, Սիուֆիէն, Սին էլ Ֆիլէն եւ Տըպպայայէն ռմբակոծելով արեւմտեան Պէյրութի թաղերը եւ արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերը:
Քաոսը աներեւակայելի էր եւ ռազմադաշտին ընդլայնումը եղաւ սպասուածէն արագ: Կռիւներն ու հրթիռարձակումները տարածուեցան: Ֆաքհանիի կողքին` Անթիլիաս, Ալէյի դիմաց` Պէյթ Մերի, Մտէյրէժի դէմ` Պաապտան չխնայուեցան:
Եօթը երկար ժամերու ընթացքին սթալին օրկերը, 160 եւ 240 միլիմեթրնոց մորթիէները, կրատ հրթիռները, հրասայլերը, ծանր զէնքերը եւ հակաօդայինները գործի լծուեցան, լռութեան մատնելու համար փաղանգաւորներու եւ ազատականներու կրակի աղբիւրները:
Միայն արեւելեան քրիստոնէաբնակ շրջաններուն մէջ ինկան մօտաւորապէս 300 զոհեր, մեծ մասամբ քաղաքայիններ, սպաննուած կամ վիրաւոր, եւ երկու հազարէ աւելի շէնքեր քանդուեցան եւ նիւթական հսկայական վնասներ արձանագրուեցան յատկապէս Էշրեֆիէի մէջ:
Երեկոյեան, նախագահներ Սարգիս – Ասատ հեռաձայնային խօսակցութենէն եւ Դամասկոսի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին միջամտութենէն ետք զինադուլ հաստատուեցաւ եւ ողջ մնացող քաղաքացիին դժոխային քաւարանը վերջ գտաւ:
Կիրակի, հոկտեմբեր 1-ի առաւօտուն, Էշրեֆիէ կը ներկայացնէր ցնցիչ տեսարանը ռումբերու հեղեղով հերկուած քաղաքի մը, ուր բազմայարկ շէնքեր փլած էին խաւաքարտէ դղեակներու պէս եւ հարիւրամեայ ծառեր արմատախիլ եղած` յարդէ շիւղերու նման, պայթումներուն հետեւանքով: Ռումբերով եւ հրթիռներով շեշտակիօրէն հարուածուած բազմայարկ շէնքերը փոթորիկի մը կողմէ ճմռթկուած կառոյցներու պատկեր մը կը ներկայացնէին:
Մղձաւանջային օրուան մը հարուածին ազդեցութեան տակ գտնուող Էշրեֆիէի բնակիչները զգուշութեամբ սկսան դուրս ելլել իրենց թաքստոցներէն, մարդկային ու նիւթական վնասներու գնահատումը կատարելու համար: Անոնք կը սահէին պատերուն քսուելով, բռնուած հրետանիի տարափի վերսկսման վախէն:
Քանդուած պատերով, պայթած ինքնաշարժներու կմախքով, փշրուած ապակիներով, ռումբերու կտորներէն փրցուած ճիւղերով լեցուն փողոցներուն մէջ մարդիկ կը դիտէին փլատակներու կոյտեր, որոնք անցեալին իրենց բնակարանները եղած էին եւ ուր գուցէ կը գտնուէին իրենց հարազատներուն անշնչացած մարմինները:
Երկու շէնքեր փուլ եկած էին եւ անոնց ապաստանարաններուն մէջ բանտարկուած մնացած էին շուրջ երեսուն անձեր, որոնց որեւէ ձեւով օգնութեան փութալ կարելի չէր: Այլ ապաստանարանի մը մէջ շուրջ տասնեակ մը անձեր փլատակներուն տակ սպաննուած էին:
***
Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբերի «սեւ արշալոյսը» գլեց-անցաւ նախորդող օրերուն ծանր յիշատակները: Ռումբերու եւ հրթիռներու տեղատարափը, երկինքէն տեղացող կրակներու երկաթը, որոտումն ու սթալին օրկերուն երաժշտութիւնը հասան աննախընթաց սաստկութեան:
Արեւածագէն առաջ իսկ, Պէյրութի երկինքը լուսաւորուած էր հրթիռներով եւ անոնց պատճառով ծագած հրդեհներով: Օգնութեան փութացող չկար, ոչ ալ միջամտող: Կեանքն ու մահը այնքան մօտ էին իրարու:
Պուրճ Համուտ եւ շրջակայ հայաբնակ թաղերը ինկան հակամարտ կողմերու ռումբերուն եւ փամփուշտներուն տակ. ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Պէյրութը Պուրճ Համուտին միացնող զոյգ կամուրջներուն վրայ կատարուած յարձակումներուն ընթացքին, Պուրճ Համուտ սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ:
Հայաշէնի մէջ, Վարդիվառեան ընտանիքին շէնքը փուլ եկաւ: Ընտանիքին անդամները մնացին փլատակներուն տակ: Հայ պահակ տղաքը ժամեր շարունակ աշխատեցան վերցնելու փլատակները եւ փրկելու վիրաւորները: Կարելի եղաւ փլատակներուն տակէն ազատել ընտանիքին երեք անդամները` մայրը եւ երկու տղաքը, որոնք հիւանդանոց փոխադրուեցան: Ընտանիքին հայրը եւ երկու տղաքը մահացած էին:
Էշրեֆիէի մէջ, մանաւանդ Ժեհթաուիի շրջանը, քսանհինգ հայ ընտանիքներու բնակարանները քար ու քանդ եղան:
Անթիլիասի Աղբալեան ակումբին ապակիները փշրուեցան ու ակումբին շէնքը վնասուեցաւ մօտակայ անկելանոցին վրայ ինկած ռումբին պատճառով:
Սուրիացի սպայ մը եւ 13 զինուորներ գերի բռնուեցան Էշրեֆիէի մէջ եւ տարուեցան փաղանգաւորներու Սայֆիի կեդրոնական ակումբը:
Արեւելեան Պէյրութի հիւանդանոցները մերժեցին խնամել թեթեւ վիրաւորները, իսկ յուսահատական վիճակի մէջ եղողները դարմանուեցան հիւանդանոցներու գետնայարկերը:
Գիշերուան մասնակի հանդարտութենէն ետք, երեքշաբթի, 3 հոկտեմբերը դիմաւորող քաղաքացին յուսաց եւ հաւատաց, որ հանդարտ օր մը պիտի անցընէր: Մինչեւ կէսօր, հակառակ լսուող պայթումներուն ու մանաւանդ արձակազէններու անմարդկային արարքներուն, քաղաքացին ինքզինք քաջալերեց որոշ լաւատեսութեամբ:
Բայց կացութիւնը յանկարծ պղտորեցաւ, երբ մայրաքաղաքին արեւելեան մուտքին, վերստին պայթեցան օր մը առաջ սկսած ու զսպուած բախումներն ու ռմբակոծումները: Ռմբակոծումները բուռն թափ առին կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ու ծագած բազմաթիւ հրդեհներու ծուխը սեւ ծածկոցով մը պարուրեց Պէյրութի արեւելեան շրջանները:
Պուրճ Համուտի դուռերուն առջեւ գործուող աւերները աննախընթաց տարողութեան հասան: Արդէն ամբողջ ժողովուրդը ապաստանարաններուն մէջ եւ շէնքերուն գետնայարկերը թաքնուած էր: Պահակ տղաքը, ստոյգ վտանգի տակ, դիրքերուն վրայ կը հսկէին, կարելիութեան սահմանին մէջ ժողովուրդի կարիքներուն կը հասնէին եւ հաց ու անհրաժեշտ սննդեղէն կը հայթայթէին:
Փաղանգաւոր, ազատական եւ մայրիի պահակներու միլիսներ, յաջորդական երկու օրերու ընթացքին Նահրի կամուրջին վրայ ապարդիւն յարձակումներ գործելէ ետք, դարձեալ փորձեցին արաբական զսպիչ ուժերը հեռացնել այդ կամուրջներէն եւ մօտակայ շէնքերու վրայ անոնց գրաւած դիրքերէն: Բուռն բախումներէն ետք սկսաւ ռմբակոծումը: Քարանթինայէն մինչեւ Նահր Մոթ երկարող ծովեզերեայ շրջանը կրակի գօտիի վերածուեցաւ: Բազմաթիւ շէնքեր քանդուեցան եւ հարիւրաւոր անձեր զոհուեցան ու վիրաւորուեցան:
Պուրճ Համուտի հայութիւնը վճարեց արեան իր գինը եւ կրեց «Հայրենիքի ազատագրում» կամ «օրինականութեան պահպանում» բնութագրումներով շարունակուող աղէտալի բախումներուն հետեւանքները: Ան ինկաւ երկինքէն տեղացող երկաթին ու կրակին տակ, եւ լուռ համրեց իր մարդկային ու նիւթական վնասները:
Արաբական զսպիչ ուժերը երկար ժամեր ռմբակոծեցին Քարանթինայէն Նահր Մոթ երկարող գօտին: Ռմբակոծումներուն շրջագիծը հետզհետէ ընդլայնեցաւ եւ ընդգրկեց այլ շրջաններ: Յետմիջօրէին, Զալքայի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ դիմացի թաղին մէջ ինկած ծանր հրթիռը աւերակի վերածեց շրջանի քանի մը տուները, ուր մահացան Աբրահամ Ղազալեանի մայրը, կինը` Ալիս, եւ երկու աղջիկները` Անի եւ Մարիժան, մինչ ինք ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: Նոյն թաղին մէջ զոհուեցաւ ուրիշ հայ մը` Նուպար, իսկ Անթիլիասի Աղբալեան ակումբին մօտակայ շրջանները բազմաթիւ ռումբեր ինկան: Ռմբակոծուեցան նաեւ Ժտէյտէն եւ Ժէլ էլ Տիպը: Բազմաթիւ հրթիռներ ծովը ինկան:
Պիքֆայան եւս ռմբակոծուեցաւ եւ մէկէ աւելի հրդեհներ ծագեցան աւանին մէջ: Ժունիէի նաւահանգիստին վրայ եւս քանի մը հրթիռներ ինկան:
Հաճընի մօտ, օթոսթրատին վրայ գտնուող պենզինի կայարան մը եւ շէնք մը այրեցան ինկած ռումբերուն հետեւանքով:
Երեկոյեան, դէպի Նահր Մոթ տանող քորնիշին ձախին գտնուող կազի մթերանոցներէն մէկուն վրայ ինկած հրթիռի մը պատճառով հսկայ հրդեհ մը ծագեցաւ: Բարձրացող բոցերը նոյնիսկ արեւմտեան Պէյրութէն կը տեսնուէին:
***
Բախումները եւ ռմբակոծումները նոյն սաստկութեամբ շարունակուեցան չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբերին:
Հսկայական հրդեհները, որոնք ծագած էին քարիւղի եւ կազի ամբարներուն մէջ, շարունակուեցան, մինչ քանի մը երկվայրկեանը անգամ մը ինկող ռումբերը եւ հրձիգ հրթիռները պատճառ դարձան նոր զոհերու եւ մեծ աւերներու:
Յաջորդաբար երկրորդ օրը ըլլալով, ամէնէն ծանր բախումներուն թատերավայրը հանդիսացաւ Քարանթինայի եւ Պուրճ Համուտի կամուրջներուն շրջանը: Փաղանգաւոր, ազատական եւ մայրիի պահակներու միլիսներ շարունակեցին կամուրջներուն տիրանալու իրենց փորձերը, սակայն կռուախնձոր շրջանները մնացին արաբական զսպիչ ուժերու հակակշիռին տակ:
Արաբական զսպիչ ուժերը մնացին իրենց նախկին դիրքերուն վրայ, բայց շէնքէ շէնք տեղափոխութիւններ կատարեցին, կամուրջները իրենց հակակշիռին տակ լաւապէս պահելու համար:
Անծանօթ նաւ մը, Պէյրութի հիւսիսային բացերը հասնելով, ռմբակոծեց ծովափնեայ շրջանները: Երկու կողմերն ալ ռմբակոծեցին նաւը, որ յաջողեցաւ հեռանալ:
Կռիւները տարածուեցան նաեւ լեռնային շրջաններուն մէջ: Պիքֆայան բուռն ռմբակոծման ենթարկուեցաւ, Քեսրուանի շրջանը` նոյնպէս, իսկ Հատէթի եւ Այն Ռըմմանէի կռիւները շարունակուեցան սովորական թափով:
Հրետանիի մենամարտը տարածուեցաւ մինչեւ Ժունիէի նաւահանգիստը: Երեք մարտանաւեր տեսնուեցան Ժունիէի բացերը:
Լեռներուն վրայ, Պիքֆայայի կողքին, Պրումմանա, Պաապտաթ, Պէյթ Մերի, Պհամտուն եւ Ալէյ ստացան բազմաթիւ ռումբեր. նոյնիսկ Հարիսայի անտառներուն մէջ հրթիռներ ինկան:
Պաապտայի նախագահական ապարանքը կրկին անգամ ռմբակոծուեցաւ եւ հանրապետական պահակագունդի երեք զինուորներ վիրաւորուեցան:
Էշրեֆիէի մէջ բազմաթիւ շէնքեր եւ բնակարաններ փուլ եկան: Ռմբակոծումներուն սաստկութիւնը աւելի զգալի դարձաւ երեկոյեան, երբ մեռելային լռութեան մէջ թաղուած մայրաքաղաքը մէկ վայրկեանի ընթացքին ութ անգամ ցնցուեցաւ պայթումներու հետեւանքով:
Գիշերուան ուշ ժամերուն, կրատներ եւ 240 միլիմեթրնոց հրթիռներ քարաքունդ ըրին Սասին հրապարակին, Թապարիսի եւ Սոտեքոյի եռանկիւնէն ներս բազմաթիւ շէնքեր:
Արեւմտեան Պէյրութ եւ յատկապէս Մազրաա եւ Ժընահ ընդունեցին ռումբերու իրենց բաժինը:
Պէյրութցիք, շատ վատ գիշեր մը անցընելու համոզումով, ապաստանարաններուն եւ նկուղներուն մէջ պատսպարուած, սպասեցին զինադուլին, որ սակայն կ՛ուշանար:
***
Պէյրութի եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի ու շրջակայ հայաշատ թաղերու անխնայ ռմբակոծումներու պայմաններուն տակ, «Ազդակ» 5 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Վեհութիւնը» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ շաբաթէ մը ի վեր, կարճատեւ ընդհատումներով, ռումբերը կը տեղան եւ հրթիռները հուրով կ՛ողողեն Պէյրութի այն թաղամասերը, ուր հայութիւնը կ՛ապրի համախումբ, ազգային ու մշակութային արիւնատար իր կեդրոններուն շուրջ:
Շրջանները, նոյնիսկ իրարու ամէնէն մօտիկները, կտրուած էին իրարմէ եւ իւրաքանչիւրը կը շնչէր առանձինն, առանց աւելի հեռուներէն ու «բախտաւորներէն» որեւէ օժանդակութիւն ստանալու: Լոյսի պակաս, ջուրի պակաս, հացի տագնապ ու մահասփիւռ ու ամենահաս պայթումներ գետնէն ու երկինքէն, անցնող իւրաքանչիւր ժամը` «քսանհինգերորդ ժամ» իւրաքանչիւրին համար, մեծ զրկանքներու հետ` վիրաւորներ ու ինկողներ հոս ու հոն:
«Ինկած ամէն մէկ ռումբ կ՛իյնայ մեզմէ ամէն մէկուն գլխուն, իւրաքանչիւր վիրաւորի հետ կ՛արիւնի մեր սիրտը ու մեռնող իւրաքանչիւր անմեղի հետ բան մը կը մահանայ ապրող իւրաքանչիւր հոգիի մէջ», կ՛ըսէր «Ազդակ», նշելով, որ դէպքերէն հեռու ապրող հայ մը չկայ որ անմասն մնայ, կարենայ անմասն մնալ սարսափի ու զրկանքի մէջ տապլտկող հազարաւոր հարազատներու դառն ճակատագիրէն:
«Ոչ ոք կրնանք համարել մեր մարմինէն անջատ, արիւնէն օտար, հոգիէն խորթ, մենք` որ այս դժնդակ օրերուն կ՛ապրինք մէկ մարմինի պէս, իբրեւ հայութիւն, մէկը ամբողջին ապրումով, ամբողջը` մէկուն բախտով:… Թոյլ պիտի չտանք, որ թուլնան մեր ջիղերը ու տղամարդկային արժանաւորութեան տեղ յուսաբեկութիւն չոքի մեր հոգիներուն ու աւերէ ռումբերուն աւերել չկրցածը, ծանր ժամերուն դիմաց մարդ մնալու մարդուն աստուածային շնորհը», կ՛ընդգծէր «Ազդակ», աւելցնելով, որ խօսքը լաւատեսութեան մասին չէ, վայրկեանը թոյլատու չէ լաւատեսութեան, միւս արժանիքին մասին է, ցաւը կրելու եղանակին ու վերահաս վտանգ մը հակակշռելու այն կորովին մասին, որուն զօրութեամբ դէպքերը դիմագրաւելու հրամայականին առջեւ կը գտնուէր հայութիւնը:
***
Նախագահ Իլիաս Սարգիս, կացութեան աննախընթաց գահավիժումին հետեւանքով, որոշեց տագնապը հարթել ապահովութեան ու քաղաքական գետիններուն վրայ: Լիբանանցի ժողովուրդին ուղղուած պատգամով մը նախագահը յայտարարեց երկու հիմնական որոշում, որոնցմով վճռած էր վերջ մը դնելու երկրի ապահովութեան ու քաղաքական կացութեանց մէջ ստեղծուած անտանելի ու քաոսային վիճակին:
«Ամէն սահման անցած ապահովութեան կացութեան գահավիժումը» փրկելու ձգտող նախագահ Սարգիսի որոշումները կ՛առաջադրէին տագնապը լուծել իր հիմնական երկու երեսներով` ապահովութեան ու քաղաքական գետիններու վրայ: Նախագահը որոշեց գործադրութեան դնել ապահովութեան նոր ուղեգիծ մը, որ պիտի գար դադրեցնելու ռազմական ճակատներու վրայ շփումները, նաեւ` երկրի քաղաքական գլխաւոր հոսանքներէն կազմել քաղաքական կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար երկիրը փրկել տագնապալի վիճակէն` ներքին, արաբական թէ միջազգային իրադարձութիւններու տուեալներուն լոյսին տակ: