Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Գրգռութիւններ Եւ Ոտնձգութիւններ Հայահոծ Թաղերուն Մէջ

Մարտ 4, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Փաղանգաւոր-Արաբական
Զսպիչ Ուժեր Բուռն Բախումներ

PAR94464Արեւելեան Պէյրութի ռմբակոծումներէն եւ արաբական զսպիչ ուժերու ապահովութեան նոր ծրագիրի գործադրութենէն ետք, 1978-ի ամրան վերջաւորութեան, փաղանգաւոր միլիսները նոր կեդրոնացումներ կատարեցին եւ նոր դիրքեր հաստատեցին: Սակայն, արեւելեան շրջաններուն մէջ, Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերը փաղանգաւորներու զինուորական գօտիէն դուրս կը մնային:

Կուսակցական պիտակի տակ գործող զինեալներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, որոնք օրին լիբանանեան ճակատին կողմէ երրորդ կողմ կոչուեցան, սկսան հակահայ տրամադրութիւններ եւ գրգռութիւններ յառաջացնել: Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքին մէջ անհանդուրժելի ոտնձգութիւններ կատարուեցան: Արձանագրուեցան անհատական առեւանգումի, ոճիրի, կողոպուտի, գրգռութեանց եւ պարտադիր դրամահաւաքի երեւոյթներ:

Հայ պատասխանատուներ պաշտօնապէս արտայայտեցին իրենց դժգոհութիւնը, յատկապէս երբ անիշխանական նկատուած տարրերու բացած «կրպակները» անհակակշռելի դարձան: Անոնք յստակօրէն յայտարարեցին, որ ոչ մէկ ուժի իրաւունք կու տան հայահոծ շրջաններուն վրայ բռնանալու, կամայական դրամահաւաք կատարելու, ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու եւ գրգռիչ կեցուածք ունենալու: Գոյութիւն ունէին այս կամ այն կուսակցութեան դրօշին տակ գործող կամ անոնց հեղինակութիւնը շահագործող անիշխանական խմբակցութիւններ, որոնք ամէն գնով կ՛ուզէին նպաստաւորուիլ քաղաքացիական տագնապներէն, պղտոր ջուրի մէջ իրենց շահաբեր ձկնորսութիւնը անխափան շարունակելու համար: Գաղափարական ու բարոյական ամէն արժէքէ զուրկ այդ տարրերը կը փորձէին խրամատ խորացնել հայուն եւ տեղացի քրիստոնեային միջեւ, արուեստական լարուածութեան այդ մթնոլորտին մէջ իրենց շահատակութիւնները սանձարձակ կերպով յառաջ տանելու համար:

Ուրբաթ, 15 սեպտեմբեր 1978-ի երեկոյեան, Նոր Սիսի մէջ, կուսակցական պիտակի տակ գործող զինելաներ փորձեցին, նկարներ ու աֆիշներ փակցնելու պատրուակով, գրգռութիւն յառաջացնել թաղին մէջ. բան մը, որուն ընդդիմացան տեղւոյն անդորրութեան հսկող հայ տղաքը, նախ` բարեկամական կեցուածքով, որ սակայն չըմբռնուեցաւ անկարգ զինեալներուն կողմէ, որոնք փորձեցին զինեալ ուժի դիմել: Իբրեւ ազդարարութիւն` հայ երիտասարդ մը օդը կրակեց, սակայն օտարամուտները իրենց ատրճանակները սպառնագին դարձուցին ուղղակի հայ տղոց, որոնք փոխադարձեցին` վիրաւորելով խմբակին պետը, որուն տասնչորս ընկերները իսկոյն խոյս տուին, իսկ թաղին տղաքը վիրաւորը հիւանդանոց փոխադրեցին դարմանումի համար: Հարցը այսպիսով փակուեցաւ շրջանին կուսակցական պատասխանատուներու միջեւ հասկացողութեան կայացումով:

Սակայն, անպատասխանատու տարրեր շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը եւ առեւանգեցին տասնեակ մը հայեր, բոլորն ալ անզէն, խաղաղ անցորդներ, որոնք սակայն շուտով արձակուեցան:

Յաջորդ օր, շաբաթ, 16 սեպտեմբերի առաւօտուն գտնուեցան դիակները անպաշտպան երկու հայերու, որոնք փողոցէ մը անցնելու պահուն առեւանգուած էին զինեալներու կողմէ եւ սպաննուած:

Նոյն օրը կէսօրին երեսփոխաններ Մելգոն Էպլիղաթեան եւ Խաչիկ Պապիկեան այցելեցին փաղանգաւոր կուսակցութեան պետ շէյխ Փիեռ Ժըմայէլի, օրուան ընդհանուր կացութեան շուրջ տեսակէտներու փոխանակութեան համար:

Հայ երկու երեսփոխանները լայնօրէն բացատրեցին հայ համայնքին որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան ըմբռնումը, շեշտը դնելով կարգ մը տարրերու կողմէ ցուցաբերուող հակահայ տրամադրութիւններուն վրայ, տրուած ըլլալով, որ այդ տրամադրութիւնները անհանդուրժելիօրէն հրապարակային ելոյթներով եւ ամուլով լայն տարողութիւն ստացած էին, դուռ բանալով զինեալ միջադէպերու:

Շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ խոր հասկացողութիւն ցուցաբերեց արտայայտուած տեսակէտներուն նկատմամբ, մասնաւորաբար` վրդովում յայտնեց անպատասխանատու արարքներուն համար, ըլլան անոնք մամուլի թէ այլ մարզերու մէջ, եւ խոստացաւ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին տնօրինել պարտն ու պատշաճը` անբաղձալի տրամադրութիւններն ու երեւոյթները հարթելու, եղբայրական իրարհասկացողութիւն հաստատելու համար: Ան համոզում յայտնեց, որ երրորդ կողմ մը կը գտնուի այդ արարքներուն ետին, եւ թէ ինք ու իր կուսակցութիւնը միայն յարգանք կը տածեն հայ համայնքին հանդէպ:

PAR107271Երկուշաբթի, 18 սեպտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Հայութիւնը անտէր չէ» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ կացութիւնը չի կրնար այսպէս շարունակուիլ: Հայութիւնը անտէր ժողովուրդ կամ զանգուած չէ, որ զինեալ տարրեր բաց կրկէսի վերածեն մեր թաղամասերը: «Երբ փաստերը աղաղակող կը դառնան եւ այլեւս անվիճելի իրողութիւն է, որ լիբանանեան արտակարգ կացութենէն օգտուելով` ոմանք կը փորձեն անտառի օրէնքը պարտադրել մեր շրջաններուն, վտանգաւոր այդ խաղին դիմաց անտարբեր չենք կրնար մնալ ու ձեռնածալ պիտի չմնա՛նք», կ՛ընդգծէր «Ազդակ», աւելցնելով.

«Հայահոծ շրջաններէ ներս կատարուած ամէն ոտնձգութիւն եւ գրգռուածութիւն վերջ պէտք է գտնեն, եւ նոյնինքն լիբանանեան կուսակցութիւնները պարտաւոր են հակակշռելու իրենց վարկը ոտնակոխող այդ տարրերը:

Հայութիւնը ունի իր քաղաքական կամքը մարմնաւորող կազմակերպութիւններ, որոնք այլապէս գիտեն ու կրնան դուռը փակել իրենց ժողովուրդին քաղաքացիական արժանապատուութիւնը խոցող բոլոր ոտնձգութիւններուն դէմ», կ՛եզրակացնէր «Ազդակ»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան պետ շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ, որդին` Ամին Ժըմայէլ եւ կուսակցութեան այլ պատասխանատուներ երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին Պուրճ Համուտի Սարդարապատ ակումբ այցելեցին եւ հանդիպում ունեցան պետական երեսփոխաններ Մելգոն Էպլիղաթեանի, Խաչիկ Պապիկեանի եւ շրջանի պատասխանատուներու հետ:

Հայ երեսփոխանները եւ պատասխանատուները փաղանգաւոր այցելուներու ուշադրութեան յանձնեցին հայահոծ թաղամասերէն ներս պարբերաբար պարզուող անախորժ երեւոյթները: Շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ եւ անոր ընկերակիցները խոստացան ոչինչ խնայել` առաջքը առնելու համար նմանօրինակ միջադէպերու:

* * *

PAR94472PAR162659«Ազդակ», 23 սեպտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Հացէն եւ նոյնիսկ ապահովութենէն առաջ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Լիբանան հացէն եւ ապահովութենէն առաջ պէտք ունի իշխանութեան: «Այլուր ժողովուրդներ իշխանութենէն կը պահանջեն հաց, արդարութիւն եւ յառաջդիմութիւն, որովհետեւ անհեթեթ է իշխանութենէ մը իշխանութիւն պահանջել ու սպասել: Սակայն, Լիբանանի մէջ պէտք է ապրիլ, անդրադառնալու համար, որ իշխանութիւն մը կրնայ երկու տարի գործել եւ տակաւին իշխանութիւն չդառնալ, իր ժողովուրդին կամքը արտայայտող եւ այդ կամքը հատուածական ամէն տրամադրութենէ գերիվեր դասող պետական հեղինակութեան իմաստով», կը նշէր «Ազդակ»:

Իսկ 27 սեպտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Աններելին…» խորագիրով ակնարկով «Ազդակ» հակահայ գրգռութիւններուն եւ յատկապէս «Ճապհա» թերթին կողմէ հայութեան հասցէին ուղղուած վերագրումներուն անդրադառնալով կը գրէր, որ «չենք ուզեր լուրջի առնել այս մարդոց վերագրումները եւ ըստ էութեան պատասխանել անոնց»:

Արդարեւ «Ճապհա» ջուր կը խմէր ամէն աղբիւրէ, ամբոխը գրգռելու համար Լիբանանի հայութեան դէմ: Տեղ մը հայութիւնը կը նոյնացուէր համայնավարութեան հետ, ուրիշ տեղ մը քիւրտերուն դաշնակից կը նկատուէր, տեղ մը սպառնական ոճով կ՛արտայայտուէր եւ տողատակի կը հասկցնէր, որ 1915-ի «հայերուն սխալը» կրնայ կրկնուիլ, իսկ ուրիշ տեղ մը կը դրուատէր «առողջ» կեցուածքը այն հայերուն, որոնք «խոր վերապահութիւն ունին հայկական ղեկավարութեանց» նկատմամբ:

«Իրենց այլամերժութեամբ կուրցած այս տարրերը ոչ մէկ սահման կը յարգեն եւ լիբանանեան այս կամ այն կողմին իրենց ուղղութիւնը պարտադրելու համար սպառնալիքը կը խառնեն թունաւոր մաղձին, առանց անդրադառնալու, որ արիւնաքամ հայրենիքին զաւակները այլեւս չեն կրնար հանդուրժել հատուածական գրգռութեանց», կ՛ըսէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրակացնէր:

«Թերեւս կարենայինք անտարբեր մնալ իրենց սխալներուն գերին դարձած այս մարդոց անզօր գրգռութեանց նկատմամբ, եթէ հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու հանդէպ իրենց դժգոհութիւնը չտարածէին ամբողջ հայութեան վրայ, եւ եթէ հարցականի տակ չառնէին մեր ժողովուրդին լիբանանցիութիւնը: Մանաւանդ` եթէ հայոց պատմութեան կամայական մեկնաբանութիւններ տալու իրենց փորձութեան մէջ չհասնէին հոն, ուր հայասպանութիւնը «յիշեցնող» ակնարկութիւն կատարէին…»:

«Ազդակ» աններելի կը նկատէր այն, որ լիբանանեան որոշ կազմակերպութիւններ ոչ մէկ ճիգ կը թափէին այդ անլրջութեան վերջակէտ մը դնելու համար, հակառակ անոր որ ի վիճակի էին անիշխանական նման երեւոյթներու առաջքը առնելու: Անոնք ակամայ թէ դիտումնաւոր կերպով հրապարակը բաց կը ձգէին գրգռիչ տարրերու հակահայ ելոյթներուն առջեւ:

«Վճռականօրէն կը դիրքաւորոշուինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն մեր լիբանանցիութիւնը հարցականի տակ առնել, պարզապէս իրենց քաղաքական ուղղութիւնը մեր ժողովուրդին պարտադրելու համար», կը շեշտէր «Ազդակ», եզրափակելով, որ «նոյնիսկ հայկական ջարդերուն ակնարկելով տողատակի սպառնալիքները ոչինչ կը փոխեն մեր վճռականութենէն, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ Լիբանան կրնայ ապրիլ միայն իր բոլոր զաւակներուն միացեալ ճիգերով եւ ոչ թէ այս կամ այն կողմի այլամերժութեամբ»:

* * *

Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ ապահովական կացութիւնը արագօրէն վատթարացաւ երեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 1978-ին: Էշրեֆիէի, Տըպպայէի, Ռումիէի եւ Պէյթ Մերիի մէջ կեդրոնացած փաղանգաւորներու դիրքերը բուռն կերպով ռմբակոծեցին արաբական զսպիչ ուժերուն գտնուած շրջանները եւ կրակի տակ առին զանոնք:

Մինչ ռմբակոծումը կը շարունակուէր, Հազմիէի շրջանին մէջ գտնուեցաւ լուսարձակ մը, որ ականուած էր եւ պիտի պայթէր անմիջապէս որ վառուէր:

Յաջորդ օր, սեպտեմբեր 27-ին, Հատէթի ճամբուն վրայ գտնուեցաւ թրանզիսթէօր մը, ականուած, որուն պայթումը վտանգաւոր հետեւանքներ կ՛ունենայ մարմնին վրայ: Արաբական զսպիչ ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը զգուշացուց քաղաքացիները եւ զանոնք հրաւիրեց, որ նման առարկաներու հանդիպելու պարագային անմիջապէս տեղեկացնեն արաբական զսպիչ ուժերու, ներքին ապահովութեան ուժերու կամ լիբանանեան բանակի ամէնէն մօտ կեդրոնները, պատշաճ կարգադրութեանց համար:

Սեպտեմբեր 27-էն 28 լուսցող գիշերուան ընթացքին Էշրեֆիէ, Ժըմմէյզի, Սեյֆի, Սիուֆի եւ Օթել Տիէօ հիւանդանոցի շրջանները սաստկօրէն ռմբակոծուեցան արաբական զսպիչ ուժերու հրետանիին կողմէ:

Առաւօտեան ժամը 5:30-ին, Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու հրետանին սաստկօրէն ռմբակոծեց Ռըզք, Հապիս եւ Ապու Համատ շէնքերուն մէջ կեդրոնացած արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերը:

Արձակազինութիւնն ու գրգռութիւնները արագօրէն մագլցում արձանագրեցին ամէն կողմ եւ Ֆըրն Շըպպէքէն մինչեւ Հազմիէ երկարող շրջանները եւ յատկապէս Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատը բռնկեցան:

Արաբական զսպիչ ուժերուն կողմէ կատարուած ռմբակոծումները եղան անխնայ: Սասին հրապարակին վրայ տեղացող ռումբերուն հետեւանքով երեք հրդեհներ ծագեցան, որոնցմէ մէկը հսկայ քանդումներ յառաջացուց: Էշրեֆիէի մէջ ելեկտրական հոսանքը ընդհատուեցաւ ռումբերու հետեւանքով:

Փաղանգաւորները շարունակեցին ռմբակոծել արաբական զսպիչ ուժերու Էշրեֆիէի, Սին Էլ Ֆիլի, Շեվրոլէի, Հատէթի եւ Հազմիէի դիրքերը, ինչպէս նաեւ` արեւմտեան Պէյրութի թաղամասերը:

Պաապտայի նախագահական պալատին շրջակայքը ինկան եօթը ռումբեր, որոնցմէ մէկը քանդեց ջուրի ամբարը եւ փշրեց ապարանքին սրահներէն մէկուն ապակիները: Մօտակայ անտառներուն մէջ ծագած հրդեհը տարածուեցաւ եւ կարելի չեղաւ մարել կրակը:

Քսան հրթիռներ ինկան Պէյրութի նաւահանգիստին վրայ եւ շուրջը, նիւթական մեծ վնասներ պատճառելով շէնքերուն: Վարչապետարանը եւս թիրախ դարձաւ ռումբերու:

Արաբական զսպիչ ուժերուն կողմէ Ռըզք աշտարակէն արձակուած հրթիռները աւերներ գործեցին Սայֆի շրջանին մէջ, ուր կը գտնուէր փաղանգաւորներուն կեդրոնական ակումբը:

Օթէլ Տիէօ հիւանդանոցին վրայ եւ շրջակայքը ինկան հինգ կրատ հրթիռներ, որոնցմէ մէկը անգործածելի դարձուց ստիպողական գործողութեան սենեակը: Ծանր հիւանդներ ուրիշ հիւանդանոց փոխադրուեցան:

Ֆըրն Շըպպէքի մէջ, Սքալա շարժապատկերի սրահին մօտ գտնուող պենզինի կայան մը այրեցաւ:

Պարպիր-Թանգարան ճամբուն վրայ գտնուող Վիլլա Մանսուրը, որ յատկացուած էր խորհրդարանին, ստացաւ երկու հրթիռ:

Ռմբակոծումներու ծաւալումին պատճառով, նախագահ Իլիաս Սարգիս ամբողջ օրը հաղորդակցութեան մէջ մնաց ապահովութեան պատասխանատուներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջեց ամէն ճիգ ի գործ դնել բախումներու դադրեցման համար:

Ռմբակոծումներուն թափը նուազեցաւ երեկոյեան ժամը 6:40-էն ետք, բայց քանի մը ժամ ետք, գիշերուան ուշ ժամերուն վերսկսան բուռն կերպով եւ շարունակուեցան մինչեւ առաւօտ:

Նախագահ Իլիաս Սարգիս ուրբաթ, 29 սեպտեմբերի առաւօտուն երկարատեւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ արաբական զսպիչ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Սամի Խաթիպի հետ եւ անոր հետ քննարկեց բուռն բախումներու առանցքներուն վրայ խաղաղութիւնը վերահաստատելու միջոցները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Մուրատ Եթքին. «Հիւրրիյէթ». Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Պիտի Կարենա՞ն Յաղթահարել Հայկական Հարցի Փորձութիւնը

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?