ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Բանակային Միաւորներ
Հարաւային Լիբանանի Մէջ

Լիբանան 1978 հոկտեմբերի ծանր ռմբակոծումներէն ետք թեւակոխեց համեմատական հանդարտութեան շրջան մը եւ Պէյրութի ու արուարձաններուն մէջ արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերու նոր դասաւորումներ կատարուեցան: Սուրիական ուժեր քաշուեցան կարգ մը դիրքերէ եւ որոշ դիրքեր ստանձնեցին սէուտական ուժերը, իսկ 1979 մարտին սկսաւ սէուտական ուժերը լիբանանեան օրինական ուժերով փոխարինելու զինուորական ծրագիրը:
Արդարեւ ուրբաթ, 23 մարտ 1979-ին, Ֆայատիէի զօրանոցէն ճամբայ ելլելով, լիբանանեան բանակի 700 զինուորներ ստանձնեցին Պէյրութի եւ արեւելեան արուարձաններու այն դիրքերը, որոնք յանձնուած էին արաբական զսպիչ ուժերու սէուտական միաւորին:
Կիսածանր զէնքերով, զրահապատներով ու զինուորական այլ կազմածներով օժտուած զինուորական կառքերը անցան Հազմիէէն դէպի Ճսըր Պաշա, Սին էլ Ֆիլ, Ճսըր Ուաթի եւ ուղղուեցան դէպի իրենց նպատակակէտ դիրքերը` Պուրճ Համուտի եւ Քարանթինայի կամուրջները, Ռըզք աշտարակ եւ Սոտեքօ, ուր իրենց կը սպասէին սէուտցի զինուորները` դիրքերու յանձնումին համար: Զինուորական գործողութիւնները տեւեցին մօտաւորապէս երեք ժամ:
Փոխանցուած դիրքերուն գործնական հսկողութիւնը ստանձնեցին ներքին ապահովութեան ուժերու միաւորները, որոնք արդէն իսկ հաստատուած էին կամուրջներու դիրքերուն վրայ:
***
Երեքշաբթի, 10 ապրիլ 1979-ին պաղեստինեան դիմադրութիւնը ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարեց Թէլ Աւիւի Քարմէլ շուկային մէջ:
Հակադարձելով` նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ իսրայէլեան օդանաւեր ռմբակոծեցին Սուրէն Տամուր երկարող ծովեզերեայ շրջանները եւ պաղեստինեան գաղթակայանները: Ամենածանր հարուածները ստացան Տամուրը, Սուրի արուարձանները ու Ռաշիտիէ պաղեստինեան գաղթակայանը:
Հարաւային Լիբանանի վրայ ռմբակոծումը շարունակուեցաւ յաջորդ օր, այս անգամ` պաղեստինեան դիրքերէ դէպի իսրայէլեան Քրիաթ Շմոնա եւ Նահարիա գիւղերուն վրայ արձակուած հրթիռներու հետեւանքով: Իսրայէլեան օդանաւեր քանի մը անգամ թռիչք կատարեցին Սուրէն մինչեւ Տամուր ծովեզերեայ շրջաններու վերեւ, եւ ցածէն անցան նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վերեւէն:
Օդանաւերու թռիչքներուն զուգահեռ, իսրայէլեան ու Սաատ Հատտատի ուժերու հրետանին ռմբակոծեցին Նապաթիէն, Առնունը, Ռաշիտիէն, Հասպայան, Քֆար Թպնինը, Քաուքապան ու մինչեւ Սուրի արուարձանները:
Հակառակ Հարաւի սահմանային գօտիէն ներս տիրող լարուած կացութեան, լիբանանեան բանակէն զօրագունդ մը, բաղկացած` 500 սպաներէ եւ զինուորներէ, երեքշաբթի, 17 ապրիլին ուղղուեցաւ Հարաւ:
Զօրագունդը, որ կը բաղկանար հրետանիի եւ հրասանդի երկու զօրաբաժիններէ, Եարզէէն ճամբայ ելլելով անցաւ Հատեթէն, Շուէյֆաթէն եւ Խալտէէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Տամուր ու Սայտա: Ճամբու ամբողջ երկայնքին եւ Սայտայի մուտքին, զօրագունդը արժանացաւ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան: Թափօրը ստիպուեցաւ յաճախ կանգ առնել, ընդունելու համար ծաղկեփունջեր ու առիթ տալու ժողովուրդի ցնծութեան արտայայտութեանց: Քաղաքացիք աւանդական արարողութիւններով դիմաւորեցին երկար ատենէ ի վեր այդ շրջաններէն բացակայած բանակին առաջին առաքեալները:
Յաջորդ օր, ապրիլ 18-ին զօրագունդը Սայտայէն ուղղուեցաւ դէպի սահմանային գօտի եւ «Ֆինիւլ»-ի ուժերու կողքին գրաւեց բոլոր այն դիրքերը, որոնք ճշդուած էին նախօրօք, բանակի հրամանատարութեան եւ ՄԱԿ-ի ուժերուն միջեւ համաձայնաբար:

Սուրէն անդին, ճամբաները ամայի էին: Սաատ Հատտատի ուժերը կը ռմբակոծէին «Ֆինիւլ»-ի դիրքերը, միաժամանակ սպառնալով հարուածել Հարաւ մտնող լիբանանեան բանակը:
Բանակի զօրաբաժինը «Ֆինիւլ»-ի հակակշիռին (նաեւ` Սաատ Հատտատի ուժերու թնդանօթներու հասողութեան) ենթակայ սահմաններէն ներս մտաւ առաւօտեան ժամը 9:00-էն առաջ, սակայն յառաջացաւ դանդաղօրէն, յաճախ` կանգ առնելով ու պաշտպանական դիրքեր գրաւելով, որպէսզի խուսափի ուղղակի իր վրայ արձակուած ռումբերէն:
Այնուհետեւ, ժամը 11:00-էն ետք բանակային միաւորներ սկսան տարածուիլ ու հաստատուիլ զանազան գիւղերու մէջ իրենց համար սահմանուած դիրքերուն վրայ:
Նոյն օրը Հարաւի «իրողական ուժեր»-ու հրամանատար Սաատ Հատտատ Մերժայունի մէջ տեղի ունեցած «պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին» հռչակեց «անկախ Լիբանանի» պետութիւնը (800 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ): Հատտատ հաստատեց, որ պիտի շարունակէ պայքարը` «ամբողջացնելու համար Լիբանանի ազատագրումը» ու դիտել տուաւ, որ «Պէյրութը կը մնայ Լիբանանի մայրաքաղաքը» եւ թէ` «ամբողջ Լիբանանի ազատագրումէն ետք» պիտի կազմակերպէ ընտրութիւններ:
Յաջորդ օր, ապրիլ 19-ին վարչապետ Սելիմ Հըս յայտարարեց, որ որոշուած է բանակէն արտաքսել Սաատ Հատտատը: Իսկ բանակի կարգապահական խորհուրդին առաջարկին վրայ հրապարակուեցաւ յատուկ հրամանագիր մը, որուն հիմամբ Հատտատ արտաքսուեցաւ բանակէն: Նաեւ որոշուեցաւ օրինազանց հրամանատարը դատի քաշել – ի բացակայութեան – գերագոյն դաւաճանութեան եւ թշնամիին հետ գործակցած ըլլալու ամբաստանութեամբ:
Կիրակի, ապրիլ 22-ի արեւածագէն առաջ Իսրայէլի հիւսիսային ծովեզերեայ Նահարիա գիւղը թիրախ դարձաւ պաղեստինեան ֆետայական գործողութեան մը, որուն ընթացքին սպաննուեցան չորս իսրայէլացիներ եւ վիրաւորուեցան չորս ուրիշներ:

Նոյն օրը երեկոյեան իսրայէլեան ռազմանաւեր երեւցան Թրիփոլիի մօտակայ Նահր Պարէտի գաղթակայանին դիմաց եւ ռմբակոծեցին պաղեստինեան դիրքեր: Միաժամանակ իսրայէլեան օդանաւեր թռիչք կատարեցին գաղթակայանին մօտակայ շրջաններուն վերեւ: Իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով սպաննուեցան չորս քաղաքայիններ եւ տասը ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Քանի մը օր ետք, կիրակի, 6 մայիսին իսրայէլեան չորս օդանաւեր ռմբակոծեցին Նահր Պարէտի մօտակայ Մուհամարա գիւղը, խլելով վեց զոհ եւ տասը վիրաւոր:
Միւս կողմէ, Հարաւի մէջ, Սաատ Հատտատի «իրողական ուժեր»-ուն եւ «Ֆինիւլ»-ի միջեւ բախումները կը շարունակուէին առօրեայ յաճախակիութեամբ: Իսրայէլեան օդանաւեր մայիս 7-ին անգամ մը եւս ռմբակոծեցին պաղեստինեան ու լիբանանեան դիրքեր, իբրեւ գլխաւոր թիրախ ունենալով պաղեստինեան Ռիհան եւ Ռաշիտիէ գաղթակայանները. այդ օր իսրայէլեան օդանաւեր առաջին անգամ ըլլալով անցան Լիթանիի վերեւէն, մինչդեռ նախապէս կատարուած ռմբակոծումներու պարագային, իսրայէլեան օդանաւերը Լիբանան կը հասնէին Միջերկրականի վրայով:
***
Արեւելեան շրջանները կը մնային յարաբերաբար հանդարտ, բայց պարբերաբար միջադէպեր կ՛արձանագրուէին: Կացութիւնը սկսաւ վատթարանալ ապրիլ 21-էն 22 լուսցող գիշերուան ընթացքին եւ ծանր գնդացիրներու ու հրետանիի ռմբակոծումներու ձայները արձագանգեցին ամէնուրեք, իսկ Այն Ռըմմանէի, Պատարոյի եւ Թայունէի ճակատները բռնկեցան:
Միաժամանակ արձակազէններ գործի լծուեցան Թանգարանի շրջանին մէջ, վտանգելով մայրաքաղաքի երկու մասերուն միջեւ երթեւեկի գլխաւոր անցքերէն մէկը հանդիսացող այդ գիծը:
***
Հայաշէնի մէջ լարուած մթնոլորտ կը տիրէր փաղանգաւորներուն եւ «Ռոստոմ» ակումբին միջեւ, յատկապէս հայ պահակ տղոց զինեալ ներկայութեան պատճառով:
Մեծ եղեռնի 64-ամեակին առիթով, հայկական ուսանողական միութիւններու հրապարակած որմազդներ կը փակցուէին հայաբնակ շրջաններու մէջ: Հայաշէնի մէջ, որմազդներու ցրւումի ընթացքին, շաբաթ, 21 ապրիլ 1979-ին տեղի ունեցաւ միջադէպ մը, որ յանգեցաւ հայ երիտասարդներու եւ փաղանգաւորներու միջեւ զինեալ բախումի:
Պատասխանատու մարմիններու կողմէ կատարուած բանակցութիւններէ ետք միջադէպը փակուած նկատուեցաւ: Սակայն յաջորդ օր շրջանի փաղանգաւոր պատասխանատուն յայտարարեց, որ հայեր յարձակում գործած են իրենց ակումբին վրայ:
Կիրակի, ապրիլ 22-ի երեկոյեան «Ռոստոմ» ակումբի ներկայացուցիչը փաղանգաւորներուն մօտ կանչուեցաւ, բացատրութեան համար: Ներկայացուցիչը, փաղանգաւորներուն վերաբերմունքը վիրաւորական նկատելով, մերժեց ընդառաջել: Առիթը յարմար նկատելով, փաղանգաւոր զինեալներ յարձակում գործեցին ակումբին վրայ եւ գրաւեցին զայն, իրենց հետ տանելով ակումբ գտնուող տղաքը` հարցաքննութեան համար: Հարցաքննութեան ընթացքին կարգ մը տղաք բիրտ վերաբերմունքի ենթարկուեցան:
Քանի մը ժամ ետք, գիշերը, բարձր մակարդակի վրայ կատարուած բանակցութիւններէ ետք փաղանգաւորները քաշուեցան ակումբէն:
***
Երկուշաբթի, 7 մայիս 1979-ի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին Արագած թաղին մէջ տամուրցի քրիստոնեայ զինեալներ անակնկալ կերպով կրակ բացին Փիլիպոսեան վարժարանին քով, խանութի մը առջեւ նստած հայ երիտասարդներու` Կարօ Ուզունեանի, Սագօ Պօսոյեանի եւ Վարդան Պօսոյեանի վրայ, որոնք վիրաւորուեցան:
Արդէն օրերէ ի վեր յարաբերութիւնները լարուած էին տամուրցի գաղթականներուն եւ հայ տղոց միջեւ, եւ յարձակումը գործուած էր անհատական վրէժխնդրութեան ձեւին տակ:
Քանի մը վայրկեան ետք, տամուրցի արձակազէններ Արագած թաղի մուտքի բոլոր ճամբաները գնդակներու տարափի տակ առին:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ, հայ տղաքը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին եւ փութով դիրքեր բռնեցին Սին էլ Ֆիլէն Արագած մուտքի ճամբաներուն վրայ:

Բուռն բախումներէ ետք, հայ տղաքը հակայարձակողականի անցան: Երկուստեք ինկան վիրաւորներ: Հայկական կողմէն Սիմոն Մելքոնեան (ծնած` 1955-ին) ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք մահացաւ: Նախայարձակ կողմը իր կարգին ունեցաւ կորուստներ:
Անդորրութիւնը վերահաստատուեցաւ երեկոյեան ժամը 5:30-էն ետք, երբ նախայարձակ կողմին պատասխանատուները ներկայացան «Դրօ» ակումբ եւ զինադուլ խնդրելէ ետք առաջարկեցին համակարգիչ խառն մարմին մը կազմել, բախումին դրդապատճառները քննելու եւ նման միջադէպեր կանխարգիլելու մտադրութեամբ: Առաջարկը ընդունուեցաւ եւ բախումներուն ընթացքին երկուստեք առեւանգուածները փոխանակուեցան:
Յաջորդ օր, երեքշաբթի, 8 մայիսի յետմիջօրէին բախումները վերսկսան տամուրցի փաղանգաւոր զինեալներուն եւ հայ տղոց միջեւ:
Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, երբ համակարգիչ խառն մարմինը իր ժողովէն ետք ինքնաշարժով կը շրջէր Արագածի շրջանէն ներս, տամուրցի փաղանգաւորներ անակնկալօրէն կրակ բացին յանձնախումբին վրայ, որուն մաս կազմող փաղանգաւոր ներկայացուցիչները հազիւ փրկուեցան մահէ:
Կացութիւնը վերստին բռնկեցաւ. բախումները վերարծարծուեցան ու տեւեցին քանի մը ժամ: Հայ տղաքը ցուցաբերեցին բարձր կորով ու մնացին կարգապահ:
Պատասխանատու մարմիններու միջամտութեամբ ու կապերու հաստատումով, կարելի եղաւ մթնոլորտը վերստին հանդարտեցնել: Փաղանգաւոր պատասխանատուներ անձամբ միջամտեցին` կանխարգիլելու համար դէպքերու հանգրուանային զարգացումը:
Հակառակ բախումներու սաստկութեան, հայկական կողմը ոչ մէկ զոհ տուաւ: Այսուհանդերձ, մահացաւ հայ կին մը, որ զոհ գնաց արձակազէնի մը անարգ փամփուշտին, իսկ Ստեփան Մարգարեան վիրաւորուեցաւ:
Նախայարձակ կողմը ունեցաւ մէկ մեռեալ ու բազմաթիւ ծանր վիրաւորներ:
Երեկոյեան ժամը 7:15-ին զինադուլ հաստատուեցաւ, բայց նախայարձակ կողմը քանի մը անգամ խախտեց զայն:
Նոյն օրը ուշ գիշերին Խալիլ Պատաուիի մէջ «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատուն-տպարանը զոհ գնաց խափանարարական արարքի մը: Քրիստոնեայ միլիսներ 16 քիլոկրամ ուժանակով պայթեցուցին հայկական թերթին գրասենեակներն ու տպարանը, խոր ընդվզում յառաջացնելով հայկական, լիբանանեան ու մամլոյ շրջանակներուն մօտ:
Չորեքշաբթի, 9 մայիսին, մինչ քաղաքական մակարդակի վրայ շփումներ տեղի կ՛ունենային Արագած ու շրջակայ թաղամասերուն կացութեան դարմանումին նպատակով, կացութիւնը մնաց լարուած` բախումներու թատերաբեմ հանդիսացած շրջաններուն մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ հայկական թաղամասերու մէջ առօրեայ կեանքի դանդաղումին: Հայկական թաղամասերուն հակադիր դիրքերէն արձակազինութիւնը շարունակուեցաւ որոշ ընդհատումներով: Գէորգ Թէքէեան ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ ողնայարէն:
«Լիբանանի ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ամբողջ օրը իր լրատուութեանց ընթացքին հակահայ գրգռիչ ու անհիմն տեղեկութիւններ հաղորդեց: Այդ տեղեկութեանց կարգին, խօսնակը հայ զինեալներու վերագրեց դէպի Պուրճ Համուտի կամուրջները կատարուած արձակազինութեան պատասխանատուութիւնը, ինչ որ բացարձակապէս անճիշդ էր: Աւելի քան կէս ժամ տեւած զինարձակութեան ընթացքին լիբանանցի բանակային մը սպաննուած էր:
Միւս կողմէ, Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերը եւ «Սարդարապատ» ու «Դրօ» ակումբները այցելեց Լիբանանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Արամ վարդապետ Քէշիշեան ու հանդիպումներ ունեցաւ շրջաններու պատասխանատուներուն եւ հայ զինեալ տղոց հետ եւ բարձր գնահատեց հայկական թաղերու պահապան երիտասարդներուն կորովն ու յորդորեց զանոնք:
Վերջապէս, նախորդ օրուան բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած Ստեփան Մարգարեան (ծնած` 1957-ին) մահացաւ հիւանդանոցին մէջ:
Նոյն օրը, մայիս 9-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն 7:00, նախագահ Քամել Շամունի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ լայն հանդիպում մը, որ յատկացուեցաւ Արագածի մէջ, տամուրցի փաղանգաւոր զինեալներու եւ հայ տղոց միջեւ տեղի ունեցած բախումներու դրդապատճառներուն ու անոնց հետեւանքներուն դարմանումի միջոցներուն քննարկման:
Նախագահ Շամունի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցեցան տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան, շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ, Տանի Շամուն եւ անոնց գործակիցները:
Կարծիքներու լայն փոխանակումէն ետք, հանդիպումը յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեանց.
ա) Տեղւոյն վրայ ուղղակի եւ ազդու միջամտութիւն, բոլոր կողմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, որպէսզի անմիջապէս վերջ գտնեն ընդհարումներն ու բախումները եւ շրջանէն ներս վերահաստատուին կեանքի բնականոն պայմանները:
բ) Առաջին ու անմիջական այս քայլէն ետք, սկսիլ բարձր մակարդակի վրայ խօսակցութեանց` տագնապին տուն տուող պատճառները վերջնականապէս հարթելու եւ նման դէպքերու ապագային կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար: