Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բարձր Մակարդակի Շփումներէ Ետք` Զինադուլի Համաձայնութիւն Պուրճ Համուտի Հայկական Թաղերէն Ներս

Յունիս 10, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառներ կը դիմաւորեն Փիեռ Ժըմայէլն ու Քամիլ Շամունը
Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառներ կը դիմաւորեն Փիեռ Ժըմայէլն ու Քամիլ Շամունը

Արեւելեան շրջաններու հայութեան դէմ 1979 սեպտեմբեր 10-ին շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւնները շարունակուեցան երեք օր անընդհատ: Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 12-ի երեկոյեան, բարձր մակարդակի վրայ կատարուած շփումները յանգեցան զինադուլի առաջին լուրջ համաձայնութեան, որմէ ետք, յաջորդ օր համակարգիչ խառն մարմինը սկսաւ զինեալ երեւոյթներու եւ պատնէշներու վերացման աշխատանքներուն:

Սակայն հայկական դիրքերուն վրայ արձակազինութիւնը կը շարունակուէր, իսկ զինադուլի համաձայնութիւնը կը սպասէր գործադրութեան:

Համակարգիչ մարմինը որոշ դժուարութիւններու բախեցաւ Նապաայի շրջանին մէջ հաստատուած տամուրցի զինեալներու ընդդիմութեան պատճառով: Արդարեւ, կարգ մը զինեալներ մերժեցին հեռանալ իրենց դիրքերէն, սակայն խառն յանձնախումբը պարտադրեց իր կամքը:

* * *

Սեպտեմբեր 10-էն 13, սոսկալի փորձառութիւն մը ապրեցաւ արեւելեան շրջաններու հայութիւնը: Անզէն հայեր իրենց բնակարաններուն մէջ խոշտանգումի եւ վայրագ վերաբերմունքի ենթարկուեցան: Զէնքերու խուզարկութիւններ կատարելու պատրուակով զինեալներ դրամ փնտռեցին. ծանր պահերու ընթացքին շատերուն հոգեկան քաջութիւնը, արիութիւնը պակսեցաւ. շատեր սոսկացին եւ շփոթի մատնուեցան, անկարող ձայն ծպտուն հանելու: Գտնուեցան ընտանիքներ, որոնք առաջին իսկ պահանջին զինեալներուն յանձնեցին անոնց փնտռած ոսկեղէններն ու դրամը: Ոմանք իրենց արաբ դրացիներու կամ բարեկամներու բարեխօսութեան դիմեցին եւ անոնցմէ ոմանք պաշտպանեցին անմեղ հայերը:

Ֆանարի հայութիւնը յարձակումի ենթարկուեցաւ: Լէյլաւանի շէնքերուն վրայ հրթիռներ նետուեցան եւ կարգ մը բնակարաններ փուլ եկան: Ժողովուրդը վարի յարկերը ապաստանեցաւ: Պահակ տղաքը չպատասխանեցին կրակոցներուն եւ գրգռիչ տարրերու արձակած նախատական խօսքերուն:

Ժէլ Էլ Տիպի, Զալքայի եւ Անթիլիասի մէջ, մասնաւորաբար հայկական ակումբներէ հեռու եղող թաղերու մէջ, հայերու դէմ սանձարձակ ոտնձգութիւններ եղան. ոմանք տուներէ տարուեցան եւ սպաննուեցան: Ընտանիքի մը երկու եղբայրները իրենց ունեցած մէկական ատրճանակով իրենց տան մէջ սպասեցին եւ ինքնապաշտպանութեան դիմեցին:

Պէյթ Քեքոյի, Էլիսարի եւ Քըրնէթ Շըհուանի հայ բնակիչներէն ոմանց բնակարանները հրկիզուեցան, խանութները պայթեցուցին եւ արձանագրուեցան գողութեան ու բռնաբարութեան դէպքեր:

Պէյթ Քեքոյի մէջ զինեալներ մտան հայու մը բնակարանը, ուր կ՛ապրէին մայր մը եւ աղջիկ մը: Զինեալները, զէնք փնտռելու պատրուակով, խուզարկութեան ընթացքին գտան աղջկան տարիներու խնայողութիւնը եղող մօտաւորապէս տասը հազար լիբանանեան ոսկին, որուն վրայ ձեռք նետեցին: Երիտասարդուհին, քաջաբար խոյանալով պոռաց.

– Դուք զէ՞նք փնտռելու եկաք, թէ դրամ փնտռելու: Ուրեմն դուք գողեր էք: Այս դրամը կրնաք սեփականացնել միայն դիակիս վրայէն անցնելէ ետք: Այսպիսով ան զինեալներուն ձեռքէն խլեց իր ճակտին քրտինքը:

* * *

Մանօ Պոյաճեան
Մանօ Պոյաճեան
Զաւէն Յովհաննէսեան
Զաւէն Յովհաննէսեան
Պարոյր Տուտագլեան
Պարոյր Տուտագլեան

Տասնչորսամեայ Մանօ Պոյաճեան (ծնած` 1965-ին), Սեմերամիսի Արամեան դիրքի պատնէշին վրայ, ներխուժող զինեալներուն դէմ դրած ժամանակ, տոչքայի փամփուշտ մը ստացաւ վիզէն, որ նաեւ ծակեց ողնայարը: Ծանր վիրաւոր ան հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, բայց հետզհետէ հիւծեցաւ: Հետագային, 24 հոկտեմբեր 1979-ին ան Հայաստան փոխադրուեցաւ, անդամալուծութեան դէմ մասնագիտական դարմանումի եւ ապաքինումի համար: Վիճակը անյոյս ըլլալով, ան վերադարձաւ Պէյրութ, ուր մահացաւ 7 մայիս 1980-ին:

Տասնվեցամեայ Զաւէն Յովհաննէսեան (ծնած` 1963-ին) Ապրոյեանի պահակութեան կեդրոնին տանիքը զոհ գնաց արձակազէնի մը փամփուշտին:

Իսկ տասնիննամեայ Պարոյր Տուտագլեան (ծնած` 1960-ին) նահատակուեցաւ Նոր Սիսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ դիրքին վրայ, սեպտեմբեր 13-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Նոյն ատեն արձակազէնի փամփուշտին զոհ գնաց նաեւ անցորդ հայ կին մը:

Բախումներու եւ արձակազինութեան հետեւանքով վիրաւորուեցան Մովսէս Չափարեան, Վիգէն Քէսմէեան, Պետիկ Կարապետեան, Յարութ Գիւլխանճեան, Նուպար Նաճարեան, Նշան Պետրոսեան եւ Մարիամ Պաղտասարեան:

* * *

Զինադուլը ամրապնդելու եւ բախումներուն հետեւանքները դարմանելու նպատակով, քաղաքական աշխատանքները շարունակուեցան տարբեր մակարդակներու վրայ:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ 1:00, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներուն հրաւէրով գումարուեցաւ բարձր մակարդակի ժողով մը:

Հանդիպումին մասնակցեցան Քամիլ Շամուն, շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան, Ցոլակ Թիւթէլեան եւ Վարդգէս Տէր Կարապետեան:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան բախումներուն եւ լարուածութեան հետ կապուած զանազան հարցեր: Ներկաները ընդգծեցին հիմնական այն սկզբունքը, որ նման երեւոյթներ Լիբանանի միայն կը վնասեն, հետեւաբար անհրաժեշտ է ամէն բանէ առաջ ու արմատական ձեւով փարատել գրգռութեան եւ հակադրութեան մթնոլորտը:

Ժողովէն ետք հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ հաստատեց, թէ հանդիպումը  անցած է իրարհասկացողութեան մթնոլորտի մը մէջ, եւ թէ` կողմերուն մօտ զգացուած է կացութեան դարմանումին համար սերտ գործակցութեան վճռակամութիւնը:

Ժողովի աւարտին Քամիլ Շամուն հաստատեց, թէ հանդիպումը անցած է իրարհասկացողութեան մթնոլորտի մը մէջ` արծարծուած բոլոր հարցերուն առնչութեամբ: Ան ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը` անդորրութեան եւ ապահովութեան վերահաստատման, ինչպէս նաեւ զինեալ երեւոյթներու վերացման:

Իր կարգին շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ շատ օգտակար նկատեց տեղի ունեցած հանդիպումը ու հաւաստեց, որ ներկաները թափանցած են հարցերուն խորքը: Ան համոզում յայտնեց, որ լիբանանցիներու միջեւ գործակցութիւնը ամուր հիմեր պէտք է ունենայ, ու համոզում յայտնելով, որ հայերը անկեղծ են իրենց կեցուածքին մէջ ու մեծ դեր ունեցած են Լիբանանի բարգաւաճումին գծով, անհրաժեշտ նկատեց յարաբերութեանց  ամրապնդումը:

Մեթր Խաչիկ Պապիկեան հաստատեց, թէ ժողովը անկեղծ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ անցած է: «Որոշուեցաւ փակել սեւ էջը եւ ապագային նայիլ շինիչ ու Լիբանանի շահերուն նպաստելու հայեացքով», շարունակեց Պապիկեան ու ընդգծեց, թէ լաւագոյն Լիբանանի մը կառուցման աշխատանքը կը կարօտի իր բոլոր զաւակներու բազուկներուն, եւ թէ` որեւէ տարակարծութիւն վնասակար է Լիբանանի շահերուն:

* * *

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 14-ին, մինչ առօրեայ կեանքը զգուշաւոր քայլերով կ՛ընթանար դէպի բնականոնացում, զինադուլի համաձայնութիւնը ամուր հիմերու վրայ դնելու նպատակով, քաղաքական եւ զինուորական շփումները շարունակուեցան:

Քաղաքական շփումները տարուեցան բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, իսկ գործնական ճամբու մէջ, զինուորական խառն յանձնախումբը շարունակեց բախումներու թատերաբեմ հանդիսացած շրջաններուն մէջ զինեալ երեւոյթներու վերացման աշխատանքներն ու շրջուն ջոկատներու միջոցաւ հսկողութիւնը:

Իր կարգին շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ այցելեց փաղանգաւորներու Նապաայի շրջանի կարգ մը դիրքերը եւ աչքէ անցուց զինադուլի ամրապնդման ու զինեալ երեւոյթներու վերացման աշխատանքներու ընթացքը:

Միւս կողմէ, շէյխ Ամին Ժըմայէլ բարձրացաւ Պաապտա եւ Պուրճ Համուտի դէպքերուն շուրջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Իլիաս Սարգիսի հետ:

* * *

Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր պետը` Հմայեակ Պետրոս ԺԷ. Կէտիկեան պատրիարք սեպտեմբեր 14-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին այցելեց Պուրճ Համուտի Սարդարապատ ակումբ:

Պատրիարքը շրջանի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ լայն խորհրդակցութեան նիւթ դարձուց վերջին օրերու տագնապը:

Հոգեւոր տէրը փոխանցեց իր ախտաճանաչումները եւ հակահայ գրգռութեանց առնչութեամբ իր տեսակէտը: Ան նաեւ արտայայտուեցաւ իր տարած աշխատանքներուն եւ ունեցած շփումներուն մասին, որոնք կատարուած էին բաւական բարձր մակարդակի վրայ` ի խնդիր հայկական տեսակէտներու պաշտպանութեան:

Իրենց կարգին, պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները պարզեցին շրջանի կացութիւնը, անդրադառնալով մէկ կողմէ հայ բնակչութեան պաշտպանութեան կապուած հարցերուն, իսկ միւս կողմէ` տագնապի լուծման գծով թափուած ճիգերուն:

Կէտիկեան պատրիարք շեշտեց, որ ամբողջ կաթողիկէ հայ համայնքը փարած կը մնայ հայութեան միասնականութեան սուրբ սկզբունքին, եւ թէ` առ այդ, իբրեւ հայ մարդ, ինքզինք տրամադրելի կը նկատէ հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան ճիգերուն մէջ:

Իսկ յաջորդ օր, շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Սարդարապատ ակումբ այցելեց հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Անդրէաս եպիսկոպոս Պետողլեան ու տեսակցութիւն ունեցաւ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած դէպքերն ու տագնապալի կացութիւնը դիմագրաւելու նպատակով ի գործ դրուած հաւաքական ճիգերը: Պետողլեան եպիսկոպոս խոր ընդվզում արտայայտեց կատարուած հակահայ գրգռութիւններուն եւ արարքներուն դէմ ու յայտնեց թէ իր կարգին շփումներ կը կատարէ, դարմանելու համար ստեղծուած տագնապն ու անոր հետեւանքները:

* * *

Պուրճ Համուտի դէպքերու լոյսին տակ, «Ազդակ», 17 սեպտեմբեր 1979-ի թիւով եւ «Կամուրջը անխախտ կը մնայ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Կ՛ուզենք, որ յստակ դառնայ. Լիբանանի հայութիւնը կը մերժէ պատերազմիկի ամէն տրամաբանութիւն, նոյնիսկ երբ պաշարման օղակ կը հաստատուի հայահոծ թաղերուն շուրջ եւ մեր տղաքը հերոսաբար ետ կը մղեն ծանր զէնքերով գործուած ամէն յարձակում:

Կ՛ուզենք, որ մանաւանդ զինեալ տարրերուն համար յստակ դառնայ, թէ հայ անցորդներու առեւանգումը, անզէն հայերու խոշտանգումը, հայ տուներու բռնաբարումը թէ հայկական հաստատութեանց աւերումն ու աւարումը ոչինչ կրնան փոխել Լիբանանի հայութեան քաղաքացիական անշեղ կեցուածքէն:

Մենք դէմ ենք այս աղտոտ պատերազմին, ինչ ձեւի հիմնաւորում թէ արդարացում ալ տրուի անոր… Մենք կը մերժենք թշնամի տեսնել այս հայրենիքի ոեւէ զաւակին մէջ, ի՛նչ կողմի ալ պատկանի ան… եւ առ այդ կը մերժենք տրամաբանութիւնը բոլոր անոնց, որ զէնքի սպառնալիքով թէ ուժի գործածութեամբ հատուածամոլ այլամերժութիւն կ՛ուզեն պարտադրել իրենց շրջապատին:

Աւելի՛ն. հակառակ վերջին օրերու մեր մղձաւանջին, նահատակներուն, անմեղ զոհերուն եւ կորուստներուն, մենք կը շարունակենք հասկացողութեան եզրերը լայն բանալ բոլորին առջեւ, որովհետեւ վճռած ենք հեռու մնալ ակամայ մեր ժողովուրդին պարտադրուած ամէն ճակատումէ, բախումէ»:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ «Լիբանանի հայութիւնը ամբոխ չէ, որուն հետ կարելի է վարուիլ գրգռութիւններու տրամաբանութեամբ, զէնքի սպառնալիքին տակ անոր կեցուածքներ պարտադրելու ռազմավարութեամբ: Մեր ժողովուրդի դրական չէզոքութիւնը ո՛չ խուսափողական կամ պարտուողական դրդապատճառներ ունի, ոչ ալ կը ծառայէ այս կամ այն հատուածի հաշիւներուն: Անիկա կը բխի լիբանանեան հայրենիքի մեր հաստա՛տ պատկերացումէն եւ անոր մէջ կը տեսնենք այս երկրի վերամիացման ու պետական վերականգնումի կարելի միակ ուղին: Անոր պաշտպանութեան համար մենք պատրաստ ենք նաեւ մեր արիւնը տրամադրելու, որովհետեւ ազգային մեր փորձառութեամբ գիտենք, որ հայրենիքներու կենսունակութիւնը յաճախ կը պահանջէ նահատակութեան արիւնը», կ՛եզրափակէր «Ազդակ»:

* * *

Ընդհանուր առմամբ զգուշաւոր շաբաթավերջէ մը ետք, Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն մէջ առօրեայ եռուզեռը երկուշաբթի, սեպտեմբեր 17-ի առաւօտեան սկսաւ աշխուժ թափով, վաճառատուները վերաբացուեցան եւ երթեւեկը աստճանաբար վերստացաւ իր բնականոն ընթացքը:

Մինչեւ կէսօր, կացութիւնը ընթացաւ բնականոն հունով, ինչ որ ինքին աւելի եւս քաջալերեց հայկական թաղամասերու բնակիչներն ու բարձրացուց լաւատեսութեան ալիքը:

Սակայն կէսօրէ ետք, ժամը մէկը քիչ անց, միջադէպ մը պատահեցաւ դէպի Տորա տանող մայր ճամբուն վրայ. անհատական բանավէճի մը հետեւանքով, զինեալ մը կրակեց Ռամէզ Իպրահիմ անունով անձի մը վրայ ու վիրաւորեց զայն:

Դէպքը պահ մը պղտորեց հաստատուած անդորրութիւնը. բազմաթիւ վաճառատուներ փակուեցան ու զանազան անհիմն տարաձայնութիւններ շրջան ըրին: Սակայն Պուրճ Համուտի ապահովութեան հսկող խառն մարմինը անմիջապէս միջամտեց եւ իր սաղմին մէջ զսպեց դէպքը. կացութիւնը վերստին հանդարտեցաւ, մթնոլորտը պարզուեցաւ ու խառն մարմինին թելադրանքով` վաճառատուները վերաբացուեցան մեծ համեմատութեամբ:

Մինչ զինադուլի ամրապնդումը հետապնդող համակարգիչ մարմինը կը շարունակէր շփումներն ու շրջուն ջոկատներու միջոցով` ապահովութեան հսկողութիւնը, կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակով ժողով մը,  որուն մասնակցեցան շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեան, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութենէն ու փաղանգաւոր եւ ազատական կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ:

Ժողովը շարունակեց քննարկումը նախորդող օրերուն տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքներուն դարմանումի միջոցներուն: Ներկաները անգամ մը եւս ընդգծեցին անհրաժեշտութիւնը զինեալ բոլոր երեւոյթներու վերացման ու համակարգիչ մարմինի աշխատանքներուն շարունակման` մինչեւ անդորրութեան ամբողջացումը:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Հայերը Այսուհետեւ Հատուցման Պահանջներուն Վրայ Պիտի Կեդրոնանան. «Միլլիյէթ»

RelatedPosts

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է

Մարտ 24, 2023
Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023
Հրաշք Մանուկը
Մշակութային եւ Այլազան

Հրաշք Մանուկը

Մարտ 10, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In