ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ


Արեւելեան շրջաններուն մէջ հակահայ գրգռութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասան 1979 սեպտեմբերին: Պուրճ Համուտի մէջ ծայր առած անախորժ միջադէպերը տարածուեցան եւ յանգեցան զինեալ բախումներու, առեւանգումներու, ռմբահարումներու, անմարդկային արարքներու եւ սպանութիւններու:
Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 1979-էն սկսեալ, բախտախաղի վայրեր փակելու թէ նմանօրինակ երեւութական այլ պատրուակներով` զինեալ տարրեր գրգռութիւններ, միջամտութիւններ եւ ոտնձգութիւններ կատարեցին հայահոծ թաղերէն ներս: Պուրճ Համուտ թատերաբեմ դարձաւ զինեալ տարրերու անկարգ երթեւեկին եւ գրգռիչ ելոյթներուն:
Երկուշաբթի, 10 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին մեծ թիւով զինեալներ մտան Նոր Սիս եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ դիմաց հասնելով անարգական արտայայտութիւններ կատարեցին հայութեան հասցէին եւ ապա կրակ բացին, իր տան սեմին սպաննելով 62-ամեայ Եանքօ Կէրէքմէզեանը (ծնած` 1917-ին):
Հայ պահակ տղաքը հակադարձեցին եւ նախայարձակ կողմը ունեցաւ հինգ վիրաւոր եւ մէկ սպանեալ:
Այնուհետեւ զինեալ տարրերը մարդորսութեան դիմեցին: Արուսեակ Գարաքէշիշեան (ծնած` 1923-ին) զոհ գնաց անարգ փամփուշտի մը: Յառաջացած դիրքի մը վրայ, ինքնապաշտպանութեան ընթացքին, ժամը 5:30-ին նահատակուեցաւ 16-ամեայ Րաֆֆի Պալեան (ծնած` 1963-ին): Իսկ Սահակ Գանձապետեան Արագածի իր բնակարանին մէջ զոհ գնաց ռումբի մը պայթումին:
Նոյն պահուն շրջուն անցարգելներ հաստատուեցան Տորայէն, Նահր Մոթէն մինչեւ Սին էլ Ֆիլ երկարող մայրուղիին վրայ եւ մանաւանդ «Թորինօ» ճաշարանին մօտ եւ առեւանգուեցան անմեղ հայ անցորդներ, որոնցմէ մաս մը ուշ գիշերին ազատ ձգուեցաւ:
Միւս կողմէ, Ամանոս թաղի Թեհլիրեան ակումբի պատասխանատուն առեւանգուեցաւ, իսկ ակումբը հրդեհուեցաւ: Շրջանի բնակիչները աւելի ուշ իրենց մասնակցութիւնը բերին ակումբին հրդեհը մարելու աշխատանքին:
Նոյն ժամերուն աւելի քան տասնեակ մը հայ անցորդներ առեւանգուեցան եւ անձնաթուղթի վրայ սպաննուեցան:
Ուշ գիշերին ծանր եւ միջին տարողութեամբ զէնքերով ռմբակոծում մը սկսաւ եւ Պուրճ Համուտի թաղերը կրակի տակ առնուեցան: Միաժամանակ Մար Եուսէֆի, Անթիլիասի մայրուղիին եւ Զալքայի մայր ճամբուն վրայ հայկական վաճառատեղիներ ռմբահարուեցան:



Կէս գիշերին Անդրանիկ Սասունեան, Ճորճ Վարդանեան եւ Յարութիւն Խաչերեան «քանի մը հարցումներու համար» իրենց բնակարաններէն հանուեցան եւ Ռէյֆունի ստորոտը տարուելով սեպտեմբեր 10-էն 11 լուսցող գիշերուան ընթացքին գնդակահարուեցան:
***
Երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերի առաւօտ կանուխ Պուրճ Համուտը եզերող ճամբաներուն վրայ անցարգելներ դրուեցան եւ զինուորական ընդհանուր կեդրոնացում մը կատարուեցաւ այդ դիրքերէն: Շուտով դիրքային բախումները վերսկսան եւ Պուրճ Համուտի զանազան թաղերուն մէջ փաղանգաւորները յարձակողականի դիմեցին, բայց հայ տղոց ուժեղ դիմադրութեան հանդիպեցան: Առաւօտեան ժամը 6:30-ին անարգ ոճիրի զոհ գնաց Յարութիւն Գազանճեան:
Հակահայ գրգռութեանց ու անմարդկային արարքներուն դէմ բողոքելու նպատակով, Պէյրութի արեւելեան ու արեւմտեան շրջաններուն մէջ, հայկական հաստատութիւններ եւ վաճառատուներ այդ օր ընդհանուր գործադուլի դիմեցին: Գործադուլին մասնակցեցան նաեւ կարգ մը ոչ հայկական հաստատութիւններ:
Կարգ մը վաճառատուներու փակ փեղկերուն վրայ զետեղուած էին պաստառներ, որոնք կը յայտարարէին գործադուլին շարժառիթն ու կը դատապարտէին հակահայ արարքները:
Պուրճ Համուտի ու հայահոծ այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցող հակահայ ելոյթներուն եւ անոնց ընկերացող բախումներուն հարցով երեսփոխաններ Խաչիկ Պապիկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան կէսօրին բարձրացան Պաապտա եւ տեսակցութիւն մը ունեցան նախագահ Իլիաս Սարգիսի հետ: Հայ երեսփոխանները պարզեցին դէպքերուն մանրամասնութիւններն ու անոնց առթած մտահոգութիւնները:
Հայկական շրջաններուն մէջ պատահող դէպքերը խորհրդակցութեան նիւթ դարձան նաեւ վարչապետ Սելիմ Հըսի եւ արաբական զսպիչ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Սամի Խաթիպի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան մը ընթացքին:
Մինչ բախումները պարբերական ընդհատումներով կը շարունակուէին, համեմատաբար խառն բնակչութիւն ունեցող թաղերու` Մար Եուսէֆի, Նահր Մոթի, Զալքայի, Անթիլիասի եւ Նաքքաշի հայ բնակչութիւնն ու հայկական ակումբները պաշարումի ենթարկուեցան:
Կացութեան վատթարացումին առաջքը առնելու նպատակով եւ նախկին նախագահ Քամիլ Շամունի միջնորդութեան շնորհիւ քաղաքական բանակցութիւններ տարուեցան եւ կարելի եղաւ երեկոյեան ժամը 9:00-ին սկզբունքային կրակմար մը հաստատել:
Բայց հազիւ կրակմարը հաստատուած, գրեթէ նոյն պահուն կրակ բացուեցաւ հայկական դիրքերուն վրայ, զինուորական նոր կեդրոնացումներ կատարուեցան եւ Անթիլիասի շրջանէն ներս ամէն ակումբ եւ կեդրոն պարպելու սպառնալիք եղաւ:
Անմեղ հայ անցորդներուն եւ մարդաբնակ թաղերուն դէմ գործուած այս ոճիրներուն եւ յարձակումներուն մասին թէ՛ «Լիբանանի ձայն»-ը եւ թէ պաշտօնական ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը ո՛չ տեղեկատուութիւն կատարեցին եւ ոչ ալ դատապարտանքի խօսք արձանագրեցին:
***
Չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի եւ Զալքայի մէջ հայ տուներ խուզարկութեան ենթարկուեցան: Մինչդեռ, նոյն պահուն, պատասխանատու մակարդակի վրայ զինադուլ կնքելու ճիգեր կը թափուէին:
Ժամը 2:30-ին զինադուլի համաձայնութիւն մը գոյացաւ, որուն գործադրութիւնը յարաբերական իմաստով յարգուեցաւ` միայն կարճատեւ ժամանակի մը համար:
Ժամը 3:00-ին հայ տղաքը փաղանգաւորներուն յանձնեցին պատանդ բռնուած տեղական պատասխանատու մը, այն յստակ համոզումով, որ զինադուլը յարգելու հայութեան պատրաստակամութեան յաւելեալ ապացոյցը պիտի նկատուի ատիկա:
Ժամը 3:30-ին, Տորայի շրջանին մէջ զինուորական նոր կեդրոնացումներ կատարուեցան Նիկոլ Դուման ակումբին ուղղութեամբ եւ ռազմական գործողութիւնները վերսկսան: Գործածուեցան ծանր զէնքեր:
Սաստիկ բախումներէ ետք, ժամը 4:00-ին զինադուլի նոր համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ: Բայց ժամը 4:30-ին փաղանգաւոր կողմը տակաւին չէր յարգած զինադուլը:
Մինչ զինադուլը խախտող դէպքերը կը բազմանային, հակառակ հայ տղոց ինքնազսպումին, ժամը 5:00-ին Ժէլ էլ Տիպի մէջ փաղանգաւոր զինեալներ խուժեցին հայ բնակիչներու տուներէն ներս, եւ աւելի քան տասնեակ մը անզէն հայեր ձերբակալեցին:
Զանազան մակարդակներու վրայ շփումներ կատարուեցան ժամը 5:00-էն 6:00-ի միջեւ, ձերբակալուած հայերու ազատ արձակումը ապահովելու համար: Խոստումներ տրուեցան, բայց ապարդիւն մնացին:
ժամը 6:00-ին, կացութիւնը ամբողջական իմաստով վատթարացաւ: Զինադուլը ոչ մէկ ձեւով կը յարգուեր: Ամէն կողմէ կրակ բացուեցաւ Պուրճ Համուտի վրայ: Ծանր զէնքեր կը պայթէին ամէն տեղ:
Փաղանգաւորներ ժամը 6:15-ին զինուորական նոր կեդրոնացումներ կատարեցին Շէլի կայարանին մօտ, Թիրոյի ուղղութեամբ:
Այնուհետեւ, ժամը 6:40-ին սկսաւ Նիկոլ Դուման ակումբին վրայ յարձակումը: Երեք անչափահաս մանուկներու մայր 32-ամեայ Մարի Էսկիճեան (ծնած` 1947-ին) զոհ գնաց ծերանոցին մօտ գտնուող ոստիկանատան շուրջ թաքնուած արձակազէնի մը փամփուշտին:
Մինչ Պուրճ Համուտի հայկական թաղերուն վրայ յարձակումները կը շարունակուէին բուռն թափով, ժամը 7:00-էն 8:00-ի միջեւ Նահր Մոթի, Զալքայի եւ Ժէլ Էլ Տիպի մէջ հայկական վաճառատեղիները լայնատարած խափանարարութեան եւ կողոպուտի ենթարկուեցան:
Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսներու նախաձեռնութեամբ ժամը 8:00-ին սկսաւ բանակցութեանց նոր հանգրուան մը, որուն առաջին քայլը եղաւ ժամը 9:00-ին շէյխ Փիեռ Ժըմայէլի Պիքֆայա այցելութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցան ժամը մէկի քաղաքական եւ ժամը 4:30-ի զինուորական հանդիպումները:
***

Վեհափառ հայրապետներուն նախաձեռնութիւնը յանգեցաւ հոգեւոր եւ քաղաքական ընդլայնուած հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ, սեպտեմբեր 12-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, մամլոյ, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի թղթակիցներու ներկայութեան:
Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառներու կողքին, հանդիպումին մասնակցեցան հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչներ, պետական երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեան, կուսակցական ներկայացուցիչներ, իսկ փաղանգաւորներուն կողմէ` շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ, Ամին եւ Պեշիր Ժըմայէլներ ու շրջանային տեղական փաղանգաւոր պատասխանատուներ:
Ժողովին բացումը կատարեց Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս, որ Խորէն Ա. վեհափառին եւ իր անունով գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումին համար, որ կոչուած է վերջ տալու երկու-երեք օրէ ի վեր շարունակուող կռիւներուն, որոնց զոհ գացին բազմաթիւ հայ անմեղներ, եղան առեւանգումներ եւ պայթեցուեցան խանութներ: Իբրեւ հայ համայնքի հոգեւոր պետեր իրենց ընդվզումը արտայայտելով, Գարեգին Բ. վեհափառ ընդգծեց թէ «Կարելի չէ անտարբեր մնալ պատահած դէպքերուն հանդէպ, մանաւանդ որ եղածը անըմբռնելի է ու անարդարանալի»:
Իր կարգին խօսք առնելով, շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ յայտնեց թէ «անէծքի պէս բան մը կայ Լիբանանի վրայ. չարաղէտ բան մը կը պատահի, որ ոչ ոքի համար նպաստաւոր է եւ զգոյշ պէտք է ըլլալ խռովարար ձեռքերէն: Պէտք է վերջ տալ տարակարծութեանց, ինչ որ իւրաքանչիւր անկեղծ լիբանանցիի փափաքն է»:
Մեթր Խաչիկ Պապիկեան անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետներու դրական նախաձեռնութեան եւ շեշտեց լարուածութեան մթնոլորտը փարատելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր կողմէ, Անդրէաս եպիսկոպոս Պետողլեան գերապայծառ ուժգնօրէն դատապարտեց հակահայ գրգռութիւնները, ներկաներուն պատմելով թէ ինչպէս ականատես եղած էր անցորդ ու անզէն հայ երիտասարդի մը վայրագ առեւանգումին: Ան պահանջեց որ շուտով վերջ դրուին անարդարանալի այդ արարքներուն:
Շէյխ Ամին Ժըմայէլ յայտնեց, որ հանդիպումին եկած են ճիշդ այդ նպատակով եւ կ՛ուզեն կացութեան արմատական լուծումներ գտնել:
Իսկ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ ըսաւ որ «վերջերս հայերը որոշ մարտունակութիւն կը ցուցաբերեն, ինչ որ լաւ նշան է եւ կը յուսամ որ օր մը միասին գործածենք ատիկա: Պէտք է անմիջապէս վերջ տալ տագնապի երեւոյթներուն: Զինադուլի յարգումին մենք պէտք է սկսինք»:
Արտայայտուած տեսակէտներու հիման վրայ, հանդիպումը որոշեց ձեռնարկել անմիջական եւ կայուն զինադուլի մը գործադրութեան եւ լարուածութեան ամբողջական փարատումին:
***
Նոյն օրը, սեպտեմբեր 12-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին փաղանգաւորներու Մեթնի շրջանային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու զինուորական մակարդակի ժողովը, քննելու եւ գործադրութեան դնելու համար վեհափառ հայրապետներու, շէյխ Փիեռ Ժըմայէլի եւ նախագահ Քամիլ Շամունի թելադրանքները՝ ամբողջականօրէն վերջ տալու համար Նապաա-Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն եւ հարթելու անոնց հետեւանքները.
Ժողովին մասնակցեցան ՀՅ դաշնակցութեան, փաղանգաւորներու եւ ազատականներու ներկայացուցիչները:
Ժողովէն ետք հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը բովանդակէր հետեւեալ կէտերը.
1) Զինադուլ հռչակել ժողովի ժամէն սկսեալ:
2) Պատանդներու փոխանակումը կատարել գիշերուան ընթացքին:
3) Կազմուեցաւ եռակողմանի յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն էր հսկել համաձայնութեան պայմաններուն գործադրութեան, պատանդներու փոխանակումին եւ զինեալ երեւոյթներու վերացման:
4) Համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ որ յաջորդ օր, հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, շրջուն խառն յանձնախումբ մը գործի լծուի, հսկելու համար զինեալ երեւոյթներու վերացման աշխատանքին:
Նշենք, որ «Լիբանանի ձայն» ձայնասփիւռի կայանը, ժողովի այդ որոշումները հաղորդող իր լուրին մէջ, հաղորդագրութեան վրայ աւելցուց նաեւ հինգերորդ կէտ մը, որուն համաձայն «ուրիշ նիստի մը յետաձգուած էր երկուշաբթի օրուան բախումի ընթացքին փաղանգաւոր զինեալներու վրայ կրակած հայ տղոց յանձնումի հարցին քննարկումը»: Ժողովը նման որոշում չէր առած:
***
Երկօրեայ բախումները խոր մտահոգութիւն պատճառեցին նաեւ պետական պատասխանատուներուն, որոնք հաղորդակցութեան եւ շփման մէջ մտան հակադիր կողմերու պատասխանատուներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ, քննելու համար կացութիւնն ու ճշդելու` տագնապի դարմանումին միջոցները:
Արդարեւ, նախագահ Իլիաս Սարգիս շփման մէջ մտաւ շէյխ Փիեռ ժըմայէլի հետ, իսկ վարչապետ Սելիմ Հըս տեսակցութիւն մը ունեցաւ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի հետ: Վարչապետը Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն հարցը արծարծեց նաեւ արաբական զսպիչ ուժերու հրամանատար գնդապետ Սամի Խաթիպի եւ բանակի հրամանատար զօրավար Խուրիի հետ իր ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար շէյխ Պեհիճ Թաքիէտտին իր կարգին այս հարցը, ապահովութեան այս հարցերուն կողքին, խորհրդակցութեան նիւթ դարձուց ապահովութեան պատասխանատուներու հետ ժողովի մը ընթացքին: