Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Փաղանգաւոր-Ազատական Բուռն Կռիւներ Եւ Ազատական Միլիսներու Լուծարքը

Յուլիս 1, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արեւելեան շրջաններուն մէջ 1980-ի ամրան սկիզբը բախումները յաճախակի դարձած էին փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներուն միջեւ: Միւս կողմէ, Վերին Մեթնի Պասքինթա եւ Զաարուր շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենային փաղանգաւոր եւ ղովմի զինեալներուն միջեւ: Իսկ Պաթրունի եւ Ժիպէյլի լեռնային շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար` Նիհա-Տէյր Պալլա-Տումա-Պըժժէ-Մայֆուզ-Մեթրիթ-Շաննաթա գիծերուն եւ Քանաթի ու Հարտինի բարձունքներուն վրայ մարտերը իրարու հակադրած էին փաղանգաւոր եւ մարատա ուժերը:

Լեռնային շրջաններու բախումներուն զուգահեռ, յուլիս 2-էն 3 լուսցող գիշերուան ընթացքին, քաղաքային տարազով եւ անզէն չորս ազատականներ Ուատի Շահրուրի մէջ անակնկալ յարձակման ենթարկուեցան փաղանգաւոր զինեալներու կողմէ, երբ ինքնաշարժով կ՛անցնէին քաղաքամէջէն: Անոնցմէ մէկը սպաննուեցաւ, իսկ միւս երեքը վիրաւորուեցան: Հակադարձելով` ազատականները անմիջապէս գրաւեցին փաղանգաւորներու երկու ակումբներ եւ ձերբակալեցին հինգ տարրեր, որոնցմէ մէկը սպաննուեցաւ զինեալ բախումի մը ընթացքին:

Հինգշաբթի, յուլիս 3-ի առաւօտէն սկսեալ ազատականներ առեւանգեցին կարգ մը փաղանգաւորներ, որոնց կարգին քաղաքական դիւանի նախկին անդամ Ժան Ապի Ռաշէտ, որ սակայն քանի մը ժամ ետք ազատ արձակուեցաւ:

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ եւ Քամիլ Շամուն
Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ եւ Քամիլ Շամուն

Այնուհետեւ ազատական ուժեր ծանր զէնքերով յարձակում մը շղթայազերծեցին փաղանգաւոր շրջաններու վրայ, պայթեցուցին Ուատի Շահրուրի փաղանգաւորներու ակումբը եւ սպաննեցին հոն գտնուող պատասխանատու մը:

Յետմիջօրէին փաղանգաւորներ թնդանօթային կեդրոնացած ռմբակոծման սկսան Ուատի Շահրուրի ազատականներու ակումբին ու մօտակայ բնակարաններու վրայ: Ծանր ռմբակոծումը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր եւ վերսկսաւ ուրբաթ, յուլիս 4-ի առաւօտուն:

Շաբաթ, 5 յուլիս 1980-ի առաւօտուն, լիբանանեան բանակէն 500 զինուորներ մուտք գործեցին Ուատի Շահրուր, վերջ դնելու համար կռիւներուն, որոնք խլեցին 9 սպանեալ եւ 22 վիրաւոր եւ քանդեցին բազմաթիւ բնակարաններ, որոնց կարգին` Ուատի Շահրուրի եւ Պըթշէյի փաղանգաւոր ակումբները:

Առտուան ժամը 6:00-ին սկսած մուտքի ընթացքին կարգ մը զինեալներ դիմադրեցին, սակայն բանակայինները ձերբակալեցին այդ զինեալներէն երեքը, իսկ մնացեալները խոյս տուին. ապա միաւորը շարունակեց կեդրոնացումի իր աշխատանքը:

Յաջորդ հերթին, զինուորները անցարգելներ հաստատեցին, մինչ շրջուն պահակախումբեր աշխատանքի լծուեցան:

Բանակին շրջան մուտքը մեծ ոգեւորութիւն առաջացուց Ուատի Շահրուրի եւ շրջակայքի բնակչութեան մօտ, որ յաջորդաբար չորս օր բանտարկուած մնալէ ետք դուրս եկաւ բնակարաններէն եւ ծաղիկով ու զովացուցիչով հիւրասիրեց զինուորները:

Միւս կողմէ, ազատական կուսակցութեան պետ Քամիլ Շամուն այցելեց փաղանգաւոր կուսակցապետ շէյխ Փիեռ Ժըմայէլի, որուն հետ քննեց Ուատի Շահրուրի դէպքին հետեւանքները դարմանելու միջոցները: Նոյն առիթով երկու կուսակցապետերը պարզեցին երկու կուսակցութիւններու միաձուլման կարելիութիւնները: Շամուն փաղանգաւոր եւ ազատական զինեալներուն թելադրեց մէկ կողմ դնել զէնքը եւ գործակցիլ իրարու հետ:

***

Երկուշաբթի, 7 յուլիս 1980-ին, Սաֆրայի մէջ (Ժունիէէն Ժիպէյլ երկարող ճամբուն վրայ) ծայր առած միջադէպ մը կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին վերածուեցաւ փաղանգաւոր եւ ազատական զինեալ տարրերու միջեւ ծանրակշիռ բախումի մը, որուն առաջին հանգրուանը տեւեց ամբողջ չորս ժամ:

Բախումներուն շղթայազերծման պատրուակը Աքուա Մարինայի մօտ, փաղանգաւոր կուսակցականի մը` Մարուն Մաշաալանիի եւ զինեալ տարրերու միջեւ միջադէպ մըն էր, որուն ընթացքին Մաշաալանի վիրաւորուեցաւ: Դէպքը ծաւալ ստացաւ, երբ Մաշաալանիի զինակիցներ օգնութեան փութացին անոր:

Ազատական պատասխանատուները անակնկալի եկան առաւօտուն, երբ 300 զինեալներէ բաղկացած փաղանգաւորներու ջոկատ մը փոխադրակառքերով եւ ինքնաշարժներով Սաֆրա հասաւ, սկսաւ կրակել ու բնակարաններու խուզարկութեան ձեռնարկեց, ինչ որ պատճառ դարձաւ տունէ տուն եւ թաղէ թաղ մղուող բախումներու սաստկացման:

Հետզհետէ ծաւալող բախումներուն ընթացքին գործածուեցան կիսածանր եւ ծանր բոլոր տեսակի զէնքեր, թնդանօթներ եւ հրասայլեր, որոնց հարուածներուն թիրախ դարձան բազմաթիւ բնակարաններ, ի միջի այլոց` ազատական ղեկավար Տանի Շամունի բնակարանը:

Սաֆրայի մէջ ազատական 500 միլիսներ կեդրոնացած էին: Քանի մը ժամուան կռիւներէ ետք անոնք տեղի տուին եւ շատեր անձնատուր եղան: Փաղանգաւորներ անոնցմէ 83-ը սուրի քաշեցին:

Ազատական, ինչպէս նաեւ մայրիի պահակներու միլիսները հաշուեյարդարի ենթարկելու եւ քրիստոնէական բոլոր ուժերը «Լիբանանեան ուժեր»-ու մէկ հրամանատարութեան տակ միաւորելու շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի ծրագիրն էր, որ գործադրութեան դրուեցաւ Սաֆրայի սպանդով: Ազատականներ չյաջողեցան դէմ դնել փաղանգաւորներու գերազանց ուժին եւ հետզհետէ քաշուեցան իրենց դիրքերէն:

Օթէլ Տիէոյի մօտակայքը 7 յուլիս 1980-ին
Օթէլ Տիէոյի մօտակայքը 7 յուլիս 1980-ին

Սաֆրայի դէպքերուն շղթայազերծման լուրին արագութեամբ, տարածուեցաւ նաեւ բախումներուն ծիրը. Պէյրութ-Թրիփոլի ճամբան փակուեցաւ, իսկ Ժունիէէն մինչեւ Տըպպայա, Անթիլիաս, Մատինէ Սինահիէ, Սին էլ Ֆիլ, ինչպէս նաեւ մինչեւ Տորա, Պուրճ Համուտ, Էշրեֆիէ եւ Ասորիներու թաղամաս (Օթէլ Տիէոյի եւ Թանգարանի մօտակայ շրջաններ) մթնոլորտը ելեկտրականացաւ: Վաճառատուները փակուած էին մեծ մասամբ: Զինեալ անցարգելները բազմացան, իսկ քաղաքայիններու երթեւեկը իջաւ նուազագոյն համեմատութեան:

Կէսօրէ առաջ իսկ, բախումներ ծայր առին Ասորիներու թաղամասին մէջ եւ Օթէլ Տիէոյի մօտակայ ազատականներու ակումբ մը գրաւուեցաւ փաղանգաւորներու կողմէ:

Սաֆրայի եւ Օթէլ Տիէոյի մօտակայ ամենածանրակշիռ բախումներուն զուգահեռ, համեմատաբար սահմանափակ տարողութեամբ ընդհարումներ տեղի ունեցան նաեւ Էշրեֆիէի այլ շրջաններու մէջ, Պուրճ Համուտի երկաթուղագիծին մօտ (ուր պատահմամբ վիրաւորուեցաւ նաեւ անցորդ հայ մը), ինչպէս նաեւ` Պէյթ Մերիի, Աժալթունի, Ֆաքրայի եւ հիւսիսային Մեթնի ու Քեսրուանի այլ շրջաններու մէջ:

Կացութեան գահավէժ ընթացքը զսպելու եւ արիւնահեղութեան վերջ տալու նպատակով, փաղանգաւոր եւ ազատական կուսակցութեանց ղեկավարներն ու քաղաքական թէ զինուորական պատասխանատուները անդուլ աշխատանքի լծուեցան:

Կէսօրին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ շէյխ Ամին Ժըմայէլի եւ ազատական ղեկավար Մարուն Հըլուի միջեւ. քննարկուեցան Տըպպայայէն մինչեւ Սին էլ Ֆիլ երկարող գիծին վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը պայթումէ փրկելու միջոցները:

Կէսօրէ ետք, ազատականներու Սոտեքոյի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ աւելի լայնածիր ժողով մը, որուն մասնակցեցան փաղանգաւորներու եւ ազատականներու քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներ:

Երեկոյեան կայացաւ երկրորդ լայնածիր ժողով մը` Սոտեքոյի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ. մասնակցեցան, փաղանգաւորներուն կողմէ` շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ, Էտմոն Ռըզք, շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ, Քարիմ Բագրատունի, Փիեռ Սայէղ, Ժոզէֆ Մաարաուի, Սամիր Իսհագ, շէյխ Ամին Ժըմայէլ եւ Թոֆիք Տաղէր, ազատականներուն կողմէ` Քամիլ Շամուն, Շարլ Ղոսթին, Սերիլ Պուսթրոս, Նեպիլ Քարամ, Մարուն Հըլու եւ Սամիր Հաքիմ:

Ժողովը յանգեցաւ զինադուլի անմիջական համաձայնութեան մը, իսկ մանրամասնութեանց ու դէպքերու հետեւանքներու դարմանումը, յետաձգուեցաւ երկրորդ ժողովի մը:

Զինադուլի համաձայնութենէն ետք, կացութիւնը զգալիօրէն խաղաղեցաւ արեւելեան շրջաններուն մէջ, սակայն Սաֆրայի մէջ հրացանաձգութիւնը  շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:

Կէս գիշերուան մօտ, բուռն բախումներ ծայր առին Ամշիթի եւ Մաժտալ Աքուրայի մէջ եւ Ժիպէյլի մօտակայ բարձունքներուն վրայ:

***

Ամբողջ գիշերը շարունակուած ընդհանուր բախումներէ ետք, երեքշաբթի, 8 յուլիսի առաւօտուն կացութիւնը դարձեալ մտահոգիչ դարձաւ Թանգարանին մօտակայ թաղամասերուն մէջ: Պէյրութի եւ արուարձաններուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութ-Ժունիէ-Սաֆրա-Ժիպէյլ գիծին վրայ բախումները շարունակուեցան մինչեւ կէսօր:

Սակայն Քեսրուանի լեռնային շրջաններուն մէջ ծանր զէնքերով տարուած բախումները շարունակուեցան ամբողջ օրը, ի վերջոյ մեղմանալու համար գիշերը:

Մասնակի բախումները ընդհանուր առմամբ լարուած վիճակի մէջ պահեցին Էշրեֆիէէն մինչեւ Սին էլ Ֆիլ, Պուրճ Համուտ, Տորա եւ Անթիլիաս տարածուող շրջանները, ուր առօրեայ աշխատանքներն ու երթեւեկը անդամալուծուեցան ամբողջութեամբ, իսկ զինեալներու խիտ ներկայութիւնը լարուած պահեց շրջանի մթնոլորտը: Վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ, ազատականներու բազմաթիւ կեդրոններ կամ անոնց հակակշիռին ենթակայ շրջաններ խաղաղօրէն ու առանց յիշատակելի միջադէպի գրաւուեցան փաղանգաւոր ուժերու կողմէ:

Փաղանգաւոր եւ ազատական պատասխանատուներու ժողով 8 յուլիս 1980-ին
Փաղանգաւոր եւ ազատական պատասխանատուներու ժողով 8 յուլիս 1980-ին

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ եւ ազատական պատասխանատու Մարուն Հըլու շրջեցան Էշրեֆիէէն մինչեւ Քեսրուան եւ Ժիպէյլ տարածուող շրջաններ, հսկելու համար զինեալ տարրերու հրապարակէն հեռացման քայլերուն:

Մարոնիներու Խըրէյշ պատրիարք հաղորդակցութեան մէջ մտաւ փաղանգաւոր եւ ազատական պատասխանատուներու հետ, անոնց թելադրելով արագօրէն դարմանել մտահոգիչ կացութիւնը:

Սոտեքոյի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամուն-շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան երկու կուսակցութեանց քաղաքական ղեկավարները: Ժողովը շարունակութիւնը եղաւ նախորդ օր նոյն վայրին մէջ կայացած ժողովին, սակայն դարձեալ վերջնական եզրակացութեան մը չյանգեցաւ, այլ` այդ նպատակին համար որոշուեցաւ երրորդ ժողով մը գումարել:

Միւս կողմէ, շէյխ Ամին Ժըմայէլ ուղղաթիռով ուղղուեցաւ Ֆաքրա, ուր հանդիպում ունեցաւ Տանի Շամունի հետ: Այնուհետեւ Ժըմայէլ եւ Շամուն մեկնեցան Եարզէ, ուր ժողով մը գումարեցին Տորի Շամունի ընկերակցութեամբ: Անոնք այնուհետեւ հաղորդակցութեան մէջ մտան Քամիլ Շամունի հետ:

***

Յաջորդող օրերուն արեւելեան շրջանները մեծ համեմատութեամբ վերագտան իրենց բնականոն վիճակը: Փակ մնացած վաճառատուները մեծ մասամբ վերաբացուեցան, իսկ ամայացած փողոցներուն եւ շրջաններուն մէջ ինքնաշարժներու երթեւեկը թափ առաւ զգալիօրէն:

Ազատական եւ փաղանգաւոր ղեկավարներ շարունակեցին շփումները, երկու կուսակցութեանց ուժերու միաձուլման եւ քաղաքական գետնի վրայ անոնց գործակցութեան վերադասաւորման առնչութեամբ ներկայացուած առաջարկներուն իրագործման համար:

Միւս կողմէ, բախումներու ընթացքին փաղանգաւորներու կողմէ ձերբակալուած ազատական պատանդները ազատ արձակուեցան եւ վերադարձան իրենց տուները:

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ «Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներուն հետ
Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ «Լիբանանեան ուժեր»-ու միլիսներուն հետ

Ազատական աղբիւրներու համաձայն, յուլիս 7-8-ի բախումները քրիստոնեայ համայնքէն խլեցին մօտաւորապէս 530 զոհ: Չէզոք աղբիւրներ զոհերուն թիւը կը նկատէին 300 հոգի:

Յուլիս 7-8-ի կռիւներէն ետք, ազատական զինեալ ուժերը լուծուեցան եւ քրիստոնէական ուժերուն հակակշիռը ամբողջութեամբ կեդրոնացաւ փաղանգաւորներու ձեռքերուն մէջ:

Քամիլ Շամուն պատահածը որակեց սարսափելի ջարդ, սակայն ընդգծեց, որ վրիժառութեան պիտի չդիմէ: «Բարոյապէս կամ տրամաբանօրէն պատրաստ չեմ բախումներու, սակայն քաղաքական գետնի վրայ, այսօր աւելի զօրաւոր ենք, քան երբեւիցէ», ընդգծեց ան:

Իր կարգին, «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատար շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ յայտարարեց, որ իր «7 յուլիսի շարժումը» կը միտէր քրիստոնէական ուժերը համախմբել լիբանանեան միացեալ դիմադրութեան մը ներքեւ: Ան քրիստոնեայ բոլոր զինեալները հրաւիրեց մերժելու իրենց կուսակցական պատկանելիութիւնը եւ անոր փոխարէն հնազանդելու «Լիբանանեան ուժեր»-ուն, որ «լիբանանեան դատի պաշտպան մարմինն է»:

«Մեր դատը կորսնցնելու վտանգին առջեւ էինք եւ ասոր համար` որոշեցինք մենք զմեզ պաշտպանել մեր զէնքերը միացնելով», շեշտեց Ժըմայէլ:

***

Յուլիս 7-8-ի կռիւներու լոյսին տակ, «Ազդակ», 14 յուլիս 1980-ի թիւով եւ «Վերադարձի ճամբան» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Լիբանանը կազմալուծող ամէն ցնցումէ ետք աստիճան մը աւելի կը խորանայ այս հայրենիքի մարմնաւորած արժէքներուն վերադառնալու համոզումը: Շատ դիւրին է Լիբանանը մասնատող տրամադրութիւններ սերմանել, բայց ոչ մէկ ձեւի տակ կարելի է ամբողջական ու հաւասարակշռեալ Լիբանանը փոխարինող լուծում գտնել:

Որքան դիւրին է լիբանանեան արժեչափերը խախտել, նոյնքան եւ աւելիով դժուար է տարբեր պատկերացումով հասարակ յայտարարի մը բերել ո՛չ միայն հակադիր բեւեռները, այլեւ` նոյն ինքն գաղափարակիցները, կը նշէր «Ազդակ», աւելցնելով.

Զէնքի լեզուն չի կրնար նպաստել լիբանանեան հարցերու լուծումին: Ոչ միայն չ՛օժանդակեր հակադիր կողմերու փոխադարձ հասկացողութեան, այլեւ` կը դժուարացնէ նոյնիսկ գաղափարակիցներու փոխադարձ վստահութիւնը, որովհետեւ երբ խախտած է լիբանանեան հաւասարակշռութիւնը եւ միայն բիրտ ուժը կ՛իշխէ, ամէնէն ըմբռնելի եւ ամէնէն արդար դատերն իսկ կը կորսնցնեն իրենց բարոյական արժէքը:

Փաստը այն է, որ զինուորական ամէն ճակատում քայլ մը աւելի կը խորացնէ անհասկացողութեան խրամատը եւ քաղաքական ամլութեան կը մատնէ ամբողջ հայրենիքը, մանաւանդ` յաւելեալ ուժի տիրացած կողմերը, որոնք ամէնէն աւելի դերակատար են տագնապին լուծում մը գտնելու գծով, կը շեշտէր «Ազդակ»:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ազգային համերաշխութեան տարազը կը շարունակէ մնալ  լիբանանեան բեմը գրաւած բոլոր դատերուն իրենց արդար իրաւունքը տուող անհրաժեշտ երաշխիքը եւ ոչ մէկ բիրտ ուժ կրնար զայն փոխարինող երաշխիք մը դառնալ: Այդ է Լիբանանի ճամբան եւ ծով տառապանքներու գնով բիւրեղացած այդ տարազին պէտք է վերադառնալ: Համայնքային մտավախութիւնները փարատող եւ հակասական դատերուն միջեւ լիբանանեան հանդուրժողութեան գետինը վերահաստատող մեկնակէտով կարելի էր վերջակէտ մը դնել նոյնիսկ գաղափարակիցներուն սպառնացող խզումի անել վիճակին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Շատերու Համար Վտանգաւոր Է Դպրոց Յաճախելը
Մշակութային եւ Այլազան

Շատերու Համար Վտանգաւոր Է Դպրոց Յաճախելը

Մարտ 31, 2023
Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է

Մարտ 24, 2023
Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In