ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Հարաւը` Տաք Ռազմադաշտ
Լիբանանեան հակամարտ կողմերու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ ընդհատ բախումները` Պէյրութի արեւելեան թէ արեւմտեան շրջաններուն եւ երկրի տարբեր վայրերու մէջ կը շարունակուէին: Միւս կողմէ, Պէյրութի եւ այլ շրջաններու կարգ մը դիրքերէ արաբական զսպիչ ուժերու հեռացման որոշում առնուեցաւ: Նաեւ` լիբանանեան կառավարութիւնը 1980 փետրուարին որոշեց երկրին ապահովութիւնը բանակին վստահիլ:
Սակայն, քաղաքական հակադիր կեցուածքներու եւ վերապահութեանց բերումով` բանակին միջամտութիւնը արագացնող տուեալները վերատեսութեան ենթարկուեցան:
Այս իմաստով «Ազդակ», 11 փետրուար 1980-ի թիւով եւ «Ամէնո՛ւն բանակը» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ ամբողջական կազմալուծումէ ետք եւ տարիներու լուռ ու տենդագին աշխատանքի գնով, լիբանանեան բանակը կը ստանար վերակենդանացումի իր անդրանիկ ազդանշանը, որ արժանի էր անխտիր բոլոր լիբանանցիներու միահամուռ եւ դրական ընդունելութեան:
Բայց պատահեցաւ ճիշդ հակառակը եւ ազգային իր պատասխանատուութիւնը վերցնելու առաջին իսկ քայլին մէջ` լիբանանեան բանակը դէմ յանդիման դրուեցաւ քաղաքականապէս պառակտուած իր հայրենիքին, կը նշէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր ըսելով որ բոլոր կողմերն ալ շատ լաւ կը գիտակցէին, որ բանակին տրուած կանաչ լոյսը չէր նշանակեր քաղաքական այս կամ այն կողմին, լուծումի այս կամ այն տարազին յաղթանակը… բայց իւրաքանչիւր կողմ վարուեցաւ այնպէ՛ս, որ բանակը կու գար կա՛մ իր հետ եւ կամ իր դէմ ըլլալու…
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ Լիբանանի յոյսը իր սեփական բանակն է, ազգային դիմագիծով ու հաւատարմութեամբ, որ ամէնո՛ւն վստահութեամբ պիտի կարենայ միջամտել հայրենիքին բոլոր շրջաններուն մէջ, մէկ ու ամբողջական Լիբանանի կամքը մարմնաւորելու եւ այդ դերին հանդէպ լրիւ յարգանք պարտադրելու հայրենասիրական նախանձախնդրութեամբ:
***
Երկրի քաղաքական իրավիճակին անդրադառնալով «Ազդակ» 3 մարտ 1980-ի թիւով եւ «Կարելին եւ անկարելին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը պիտի լծուին ազգային համերաշխութեան կարելի տարազը յստակացնելու աշխատանքին:
«Ազդակ» կ՛ըսէր, որ քրիստոնեայ կողմին ապահովութիւն ներշնչելու ուղղութեամբ` անկարելի է խոստանալ միակողմանի բանակ եւ քաղաքական ապակեդրոնացում: Կարելին` համայնքային զգայնութիւններէ վեր կանգնող ազգային պատկանելիութեամբ դաստիարակուած բանակն է, հաւասարակշռուած դիմագծով. նմանապէս կարելին` շրջաններու բարգաւաճման նպաստող վարչական ապակեդրոնացումն է եւ ոչ թէ բաժանումի գացող տարազները:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ մահմետական կողմին մասնակցութեան իրաւունքը երաշխաւորելու գծով` անկարելի է խոստանալ իշխանութեան երկուութիւն եւ լիբանանեան առանձնայատկութեանց ջնջում: Կարելին` անտեսումները սրբագրելու կեցուածքն է, եւ ոչ թէ պետութիւնը երկու գլուխով օժտելու եւ զայն անդամալուծելու փոխադարձ անվստահութիւնը: Կարելին` համաարաբական որոշումներուն կիրարկումն է, եւ ոչ թէ արաբական բեւեռներուն միջեւ կողմնակցութիւնը:
***
Ուրբաթ, 7 մարդ 1980-ին բանակը ստանձնեց Պէյրութի արեւելեան արուարձաններուն գլխաւոր դիրքերը:
Արաբական զսպիչ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միաւորներուն միջեւ դիրքերու փոխանցման եւ ստանձնումի առաջին քայլերը առնուած էին մարտ 6-էն 7 լուսցող գիշերուան ընթացքին, Հազմիէի մէջ, ուր բանակայիններ ստանձնած էին անցարգել մը եւ պատկերասփիւռի ընկերութեան շէնքէն մօտակայ դիրքեր:
Նախատեսուած ծրագիրին հետեւելով, արաբական զսպիչ ուժեր ամբողջովին պարպեցին Սին էլ Ֆիլի Ճսըր Ուաթիէն մինչեւ Հըրշ Թապէթ եւ Մքալլէս, ապա` Կալըրի Սըմաանէն մինչեւ Հազմիէ եւ Շեւրոլէ տարածուող իրենց կեդրոնները:
Արաբական զսպիչ ուժերու հաւաքման զուգահեռ, լիբանանեան բանակէն միաւորներ, հրասայլերով եւ զրահապատներով օժտուած, ստանձնեցին յիշեալ շրջանները: Մինչեւ կէսօր, բանակը արդէն իսկ հաստատուած էր հետեւեալ գիծերուն վրայ.
ա) Ճսըր Ուաթի – Հայէքի բոլորակ – Տըքուանէ – Հըրշ Թապէթ – նախագահական հին պալատ (Սին էլ Ֆիլ) – Մքալլէսի բոլորակ – ու Մքալլէս – Ճսըր Պաշա – Հազմիէ,
բ) Հազմիէ – Շեւրոլէ – Սայտայի հին ճամբայ,
գ) Հազմիէ – Հատէթ – Կալըրի Սըմաան:
Այսպիսով, լիբանանեան բանակը ստանձնեց Պէյրութի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան արուարձաններուն ապահովութեան հսկողութիւնը:
***
Նախկին նախագահ եւ Ազատական կուսակցութեան պետ Քամիլ Շամուն չորեքշաբթի, 12 մարտ 1980-ին փրկուեցաւ մահափորձէ մը, որ խլեց կեանքը իր թիկնապահներէն մէկուն ու վիրաւորեց երեք այլ անձեր:
Մահափորձը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Տորայի բոլորակէն դէպի Անթիլիաս տանող մայրուղիին վրայ, այն պահուն, երբ Շամունի ինքնաշարժը կ՛անցնէր «Մերսետէս» ընկերութեան առջեւէն: Ազատական կուսակցապետը փոխադրուեցաւ «Օթէլ Տիէօ» հիւանդանոցը, ուր անմիջական բուժումի ենթարկուեցաւ, ապակիներու փշրանքներու հետեւանքով իր ստացած սկրթուքներուն համար:
Յաջորդող օրերուն, Պէյրութի արեւելեան ու հարաւային արուարձաններուն մէջ ծայր առին ծանրակշիռ բախումներ: Բախումներուն շրջագիծը հետզհետէ տարածուեցաւ Ուզայիէն մինչեւ Հանրի Շեհապ զօրանոց եւ անկէ մինչեւ Պասթա Թահթա տարածուող շրջաններուն մէջ, ուր Ֆաթհի եւ Ամալի միջեւ ծանր կռիւներ մղուեցան:
***
«Ազդակ» 17 մարտ 1980-ի թիւով եւ «Յուսատու քայլեր» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հակառակ կրակին վրայ իւղ թափելու խափանարար փորձերուն, պետութիւնը քայլ մը եւս առաւ հայրենիքը անելէն դուրս բերելու ուղղութեամբ:
«Ազդակ» կը նշէր, որ հակառակ քաղաքական մահափորձերուն եւ հոս ու հոն անակնկալօրէն պայթող բախումներուն` ազգային համերաշխութեան հասնելու ճամբուն վրայ յուսատու քայլեր կը յաջորդէին իրարու: Խաղաղութեան երթէն դժգոհ տարրեր կը շարունակէին պետութեան քայլերը դժուարացնելու իրենց ռազմախաղերը: Խռովարար այդ ձեռքերը ի վիճակի էին հասնելու հաւասարապէս բոլոր կողմերուն: Բայց նաեւ հնարաւոր դարձաւ մէկէ աւելի ականներ քակել եւ անվտանգ յառաջանալ տարբեր ճակատներու վրայ:
***
Շիահ – Ղպէյրի – Պուրճ Պարաժնի շրջանին մէջ արդէն իսկ լարուած կացութիւնը պայթեցաւ չորեքշաբթի, 16 ապրիլին ու յիշեալ շրջանները ստացան իսկական ռազմաճակատներու իրավիճակ, նկատի ունենալով որ Ամալ եւ անոր հակադիր պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը գործածեցին ամէն տեսակի ծանր եւ կիսածանր զէնքեր:
Բնակարանային շէնքերու ռմբակոծման ու կարգ մը կեդրոններու հրկիզման կողքին, հրթիռներ եւ ռումբեր արձակուեցան նաեւ իրանեան եւ իրաքեան դեսպանատուներուն վրայ:
Միւս կողմէ, զանազան կազմակերպութեանց զինեալներու հրապարակ իջնելուն պատճառով փակուեցաւ Պէյրութ – Թրիփոլի ճամբան, եւ լարուած կացութիւն տիրեց Սաֆրայի, Նահր Իպրահիմի եւ յատկապէս Մամըլթէյնի շրջաններուն մէջ:
***
Հարաւային Լիբանանի Սարաֆանտ գիւղը, որ իսրայէլեան սահմանէն մօտաւորապէս 40 քիլոմեթր հիւսիս կը գտնուի, ուրբաթ, 18 ապրիլ 1980-ին թատերաբեմ հանդիսացաւ իսրայէլեան քոմանտոյի մը կողմէ զինեալ յարձակումի մը, որ խլեց աւելի քան 20 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 1:30-ին, ուղղաթիռներու եւ մարտանաւերու հովանին վայելող իսրայէլեան քոմանտօ մը ցամաք ելաւ Սարաֆանտի մօտ ու յարձակում գործեց գիւղին մէջ գտնուող երկու բնակարաններու վրայ, որոնցմէ մէկը կը ծառայէր իբրեւ անմիջական բուժումի կեդրոն: Իսրայէլացի բանակայիններ ամբողջութեամբ քանդեցին երկու բնակարանները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան կարմիր մահիկին պատկանող հիւանդատար ինքնաշարժ մը: Ապա նահանջի ճամբուն վրայ, անոնք մօտաւորապէս 3 ժամ տեւողութեամբ բախում մը ունեցան պաղեստինցի զինեալներու հետ ու հեռացան` իրենց ետին թողելով զինական կարգ մը կազմածներ:
Յարձակման թիրախ հանդիսացած շրջանը ընդհանրապէս բնակուած էր հարաւցի գաղթականներու կողմէ: Զոհերէն վեցը պաղեստինցի զինեալներ էին, իսկ մնացեալը` քաղաքայիններ, որոնց կարգին` 3 մանուկներ, կին մը եւ ծերունի մը:
Հարաւի կացութիւնը անգամ մը եւս ուղղուեցաւ դէպի մագլցում: Սաատ Հատտատի ուժերը ռմբակոծեցին Սայտան եւ բախում ունեցան «Ֆինիւլ»-ի նիկերիական ուժերուն հետ:
Մայիս 7-էն 8 լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան ուժեր ցամաքահանում կատարեցին Տամուրի, Սաքսաքիէի եւ Սարաֆանտի մօտ եւ յարձակում շղթայազերծեցին պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն վրայ: Սակայն, պաղեստինեան եւ արաբական զսպիչ ուժերու հակաօդային հրետանին ստիպեց իսրայէլացիները որպէսզի հեռանան:
Մայիսի կիսուն, Սայտայէն մինչեւ Սուր եւ անկէ մինչեւ Նապաթիէ տարածուող շրջանները կը պարզէին իսկական ռազմադաշտ մը, որուն կը մասնակցէին իսրայէլեան ռազմանաւեր, ուղղաթիռներ ու բանակային գունդեր:
Իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումը սկսաւ մայիս 16-ի երեկոյեան ժամը 9:30-ին, իսրայէլեան ռազմանաւերու կողմէ Ռըմէյլիի վրայ կատարուած հրթիռարձակումներով, մինչեւ միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակէն զօրաբաժին մը հրասայլերու եւ ծանր զէնքերու ընկերակցութեամբ, անցաւ լիբանեւիսրայէլեան սահմանը եւ Ուատի Սլուքիէի շրջանէն ուղղուեցաւ դէպի հիւսիս:
Կարճ ատեն մը ետք, իսրայէլեան ռազմանաւեր ռմբակոծեցին Քասիմիէն ու մօտակայ ծովեզերեայ շրջանները, մինչ ուղղաթիռները լուսարձակ ռումբեր արձակեցին յիշեալ շրջաններուն վերեւ:
Ռմբակոծումներն ու ռազմանաւերէ կատարուած հրթիռարձակումները սաստկացան կէս գիշերուան մօտ ու տարածուեցաւ Սուրէն մինչեւ Տամուր ու աւելի հիւսիս: Պէյրութի ձայնասփիւռը զգուշացուց Պէյրութ-Սայտա ճամբուն վրայ երթեւեկելէ, իսրայէլեան ռազմանաւերէ կատարուած ռմբակոծումներուն պատճառով:
Յունիսի սկիզբը Սայտայի մէջ կացութիւնը ստացաւ գահավէժ ընթացք, երբ լիբանանեան բանակին պատկանող միաւորներ, նախ` մասնակի, ապա նաեւ` լայնածիր բախումներ ունեցան արաբական Լիբանանի բանակին եւ պաղեստինեան դիմադրութեան կարգ մը կազմակերպութեանց հետեւորդներուն հետ:
Ռմբակոծումներէն անկախ, յաջորդող օրերուն իսրայէլեան նոր ուժեր թափանցեցին հարաւային Լիբանան եւ դիրքեր հաստատեցին լիբանանեան հողերու վրայ:
Իսրայէլեան ուժեր նաեւ սկսան փշաթելերով պատել սահմանակից հողաշերտեր, զանոնք վերջնականապէս Իսրայէլի կցելու նպատակով:
***
Երկրի քաղաքական իրավիճակին եւ «մանր պետութիւններու» գոյավիճակին շուրջ խմբագրականով մը «Ազդակ», 22 մայիս 1980-ի թիւով եւ «Վտանգը կը սպառնայ բոլորին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ վճռելու կարողութեամբ օժտուած ուժերը նախընտրելի կը գտնեն այդ կացութեան երկարաձգումը, նոյնիսկ երբ հակառակին համար սկզբունքային ամէն պատրաստակամութիւն կը յայտարարեն:
Լիբանանեան տագնապին երկարաձգումը կը ծառայէ իսրայէլեան ռազմավարութեան` Լիբանանն ու արաբական աշխարհը անուղղակիօրէն պառակտուած ու շարժելու անկարող վիճակի մէջ պահելու նպատակով, կը նշէր «Ազդակ», պարզաբանելով, որ Քէմփ Տէյվիտի համաձայնագրերը գործադրելու յանձնառութեան տակ մտած մեծ թէ փոքր ուժերը կ՛ուզէին շարունակել լիբանանեան խաղաթուղթին գործածութիւնը: «Արտալիբանանեան ուժերուն ձեռնածալ ընթացքը որքան դատապարտելի, նոյնքան ալ հասկնալի է: Անբացատարելի ու մտահոգիչը սակայն ա՛յն է, որ լիբանանեան ուժեր եւս` գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ մեղսակից կը դառնան լիբանանեան վառօդարանը միշտ պայթուցիկ վիճակի մէջ պահելու խաղին», կը շեշտէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր ըսելով.
Պետութիւնը կը դժգոհի որ «մանր պետութիւններ» հաստատած զինեալ ուժերը կը մերժեն օգնել օրինական իշխանութեան եւ կը դժուարացնեն տագնապին լուծումը:
«Մանր պետութիւնները» կը դժգոհին որ «կեդրոնական» իշխանութիւնը անհրաժեշտ վճռականութիւնը չի ցուցաբերեր եւ հայրենիքի ճակատագրին տէր չի կանգնիր:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. «Մենք պահանջատէր ենք հաւասարապէս թէ՛ պետութենէն եւ թէ հակադիր կողմերէն, որ վերջ տան ազգային համերաշխութիւնը միայն խօսքի վերածելու ընթացքին, որովհետեւ այդ ուղին ոչ ոքի կը խնայէ եւ կը սպառնայ անխտիր բոլորին»:
Իսկ 5 յունիս 1980-ի թիւով եւ «Վարանումն է բուն չարիքը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր, որ օրինական իշխանութեանց կողմէ արձանագրուած վարանոտ իւրաքանչիւր կեցուածք, խորքին մէջ թէ՛ կ՛ամրապնդէ ապօրինի ուժերու անիշխանութիւնը եւ թէ կը դժուարացնէ հետագայ վճռական քայլերու իրագործումը:
Երբ իշխանութիւնը վարանումով կը ձեռնարկէ ազգային համերաշխութեան իրականացումին, եւ երբ կրկին ու կրկին անգամ խորհրդակցութեան կը դիմէ կողմերուն թէ քաղաքական ուժերուն հետ, հետեւանքը պարզապէս կ՛ըլլայ ա՛յն, որ ազգային համերաշխութեան տարազը դուրս կու գայ պետութեան ազդու խաղաթուղթը դառնալու կարելիութենէն եւ կը վերածուի կողմերու կամքէն կախեալ առաջարկի, կը նշէր «ազդակ»:
«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով որ լիբանանեան տագնապի շարք մը հանգոյցներ եւ անոնց վճռումը վեր են Լիբանանի կարողութենէն: Օրէնսդրական իշխանութիւնները զգուշաւորութեամբ պէտք է շարժէին, որպէսզի անակնկալ ականներու չբախէր լիբանանեան նաւը:
«Ազդակ կ՛եզրափակէր ըսելով որ Լիբանան կ՛ուզէ իր հաւաքական կամքը մարմնաւորող պետականութիւն, իբրեւ օրինական արտայայտիչը միատեղ ու ներդաշնակ կեանքի ու զարգացման իր ձգտումին: