ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պուրճ Համուտի եւ ընդհանուր առմամբ արեւելեան շրջաններու հայութեան դէմ 1979 սեպտեմբերին կատարուած յարձակումներէն եւ ոտնձգութիւններէն ետք, մինչ զինադուլը կ՛ամրապնդուէր եւ համակարգիչ խառն մարմինը կը հսկէր անդորրութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման, միւս կողմէ շփումներն ու հայութեան զօրակցութեան արտայայտութիւնները կը շարունակուէին:
Շաբաթ, 15 սեպտեմբերին Անթիլիասի կաթողիկոսարան այցելեց հայ կաթողիկէ համայնքի Հմայեակ Պետրոս Ժէ. Կէտիկեան պատրիարք եւ խորհրդակցեցաւ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներուն հետ:
Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին կաթողիկոսարան այցելեց Մեթնի գաւառապետ Նաժմ, որ հայ համայնքին նկատմամբ իր համակրանքը յայտնելէ ետք ցաւ յայտնեց պատահած դէպքերուն համար ու զանոնք վնասակար նկատեց Լիբանանի ընդհանուր շահերուն:
Վերջապէս, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառներ 18 սեպտեմբերին ընդունեցին այցելութիւնը ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Հոյէք պատրիարքին, որ իր համակրանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ ու ընդգծեց, որ Լիբանանի հանդէպ հայոց նուիրածութիւնն ու օրինակելի ընթացքը երբեք ստուերի տակ չեն կրնար իյնալ նման դէպքերու եւ արարքներու հետեւանքով, որոնք ոչ մէկ արդարացուցիչ հիմք ունին:
* * *
Դէպքերու հետեւանքներուն դարմանումի նպատակով շփումները շարունակուեցան: Այս ծիրէն ներս, սեպտեմբեր 18-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին ժողով մը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան երեսփոխաններ շէյխ Ամին Ժըմայէլ, Սուրէն Խանամիրեան եւ Արա Երեւանեան, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութենէն եւ ազատական ու փաղանգաւոր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ:
Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց տեղի ունեցած ցաւալի ու դատապարտելի դէպքերը եւ հաստատեց որ նմանօրինակ բախումներ վնասակար են երկու կողմերուն համար ալ` հաւասարապէս:
Խորհրդակցութեան ընթացքին, շէյխ Ամին Ժըմայէլ յայտարարեց, որ հայութեան մօտ ստեղծուած է այն շատ սխալ տպաւորութիւնը, որուն համաձայն` փաղանգաւորները դէմ են հայ համայնքի ինքնուրոյնութեան եւ մշակոյթին: Ընդհակառակն, ան ընդգծեց, որ իր կուսակցութիւնը յարգանք ու համակրանք կը տածէ հայութեան ու անոր արժէքներուն հանդէպ:
Եւ իբրեւ ապացոյց իր բարի տրամադրութիւններուն, հայ երեսփոխաններուն հետ ուղղուած է Անթիլիաս եւ յանձնած` Աղբալեան ակումբը:
Նշենք, որ Աղբալեան եւ Թեհլիրեան ակումբները գրաւուած էին փաղանգաւոր միլիսներուն կողմէ, որոնք յետոյ վերադարձուեցան:
Այս աշխատանքներէն ետք, շէյխ Ամին Ժըմայէլի փափաքով` փաղանգաւոր եւ հայ երեսփոխաններն ու կուսակցութեանց ներկայացուցիչները ուղղուեցան Անթիլիասի կաթողիկոսարան, ուր ընդունուեցան Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսին կողմէ: Ամին Ժըմայէլ կաթողիկոսին մօտ եւս վերահաստատեց իր բարի տրամադրութիւնները եւ զեկուցեց իր տարած աշխատանքներուն մասին: Ան նաեւ փափաք յայտնեց, որ իր լաւ տրամադրութիւնները փոխանցուին ժողովուրդին:
* * *
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Միշէլ Սասին չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին այցելեց Անթիլիասի կաթողիկոսարան եւ ընդունուեցաւ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներուն կողմէ:
Սասին յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է անգամ մը եւս վերահաստատել իր յարգալիր ու ջերմ զգացումները` վեհափառ հայրապետներուն եւ հայ համայնքին հանդէպ: Ան ընդգծեց, որ ինք եւս, բոլորին նման, կը դատապարտէ Պուրճ Համուտի դէպքերը ու համոզում յայտնեց, որ հայ համայնքը, իբրեւ մէկ մասնիկը լիբանանցի ժողովուրդին, միշտ եղած է հայրենիքին համար օգտակար եւ շինարար տարր, որուն անուրանալի ծառայութիւնները մեծապէս նպաստած են երկրի զարգացման եւ վերելքին: Վերջապէս, Սասին պատրաստակամութիւն յայտնեց իր բոլոր կարելիութիւնները դնելու եւ ի սպաս շրջանէն ներս անդորրութեան ամրապնդման ու կողմերուն միջեւ իրարհասկացողութեան գոյացման, մեկնելով այն հաստատ համոզումէն` որ պատահածը ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ կողմերէն ոեւէ մէկուն:
* * *

Ազատական կուսակցութեան զինուորական պատասխանատու Տանի Շամուն հինգշաբթի, 20 սեպտեմբերին այցելեց Պուրճ Համուտի Սարդարապատ ակումբ եւ ընդունուեցաւ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Ազատական պատասխանատուն հետաքրքրուեցաւ շրջանի ընդհանուր կացութեամբ. պատասխանատուները հաստատեցին, որ շնորհիւ տարուած աշխատանքներուն, Պուրճ Համուտէն ներս անդորրութիւնը ամբողջական է եւ առօրեայ կեանքը վերադարձած է բնականոն հունին:
Տանի Շամուն շեշտեց, որ Ազատական կուսակցութիւնը միայն յարգանք եւ համակրանք ունի հայ ժողովուրդին հանդէպ. ան բնական նկատեց որ քաղաքական տարակարծութիւններ գոյութիւն ունենան կուսակցութիւններու միջեւ, սակայն համոզում յայտնեց, որ զինուորական գործողութիւնները հաւասարապէս վնասակար են բոլոր կողմերուն: Վերջապէս, ան ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը ցաւալի դէպքերու կրկնութեան կանխարգիլման:
Ժողովը նպատակայարմար նկատեց տարուող ճիգերուն բազմապատկումն ու լայնախոհութեան մթնոլորտին տարածումը ժողովուրդին մօտ:
Միւս կողմէ, տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի հետ: Երկու պատասխանատուները համակարծիք գտնուեցան, որ անախորժ դէպքերը վնասակար են երկու կողմերուն համար ալ, հաւասարապէս:
Տեղական մակարդակի վրայ, Անթիլիասի Աղբալեան ակումբի պատասխանատուները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան Զալքայէն մինչեւ Տըպպայէ տարածուող շրջանի փաղանգաւորներու ակումբներուն պատասխանատուներուն հետ: Քննարկուեցան բնակիչներուն ապահովութիւն ներշնչելու եւ բոլոր ոտնձգութիւններուն միանգամընդմիշտ վերջ տալու կարելիութիւնները:
* * *
10-էն 13 սեպտեմբերի դէպքերուն ընթացքին ինկած հայ զոհերու յիշատակին, կիրակի, 23 սեպտեմբեր 1979-ին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագիչն էր Կիպրոսի հայոց առաջնորդ Զարեհ վրդ. Ազնաւորեան:
Տաճարը եւ շրջափակը լեցուած էին սգակիր ու հաւատացեալ հոծ բազմութեամբ:
Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Շնորհալի» երգչախումբը:
Այս առիթով, Խորէն Ա. վեհափառին եւ իր անունով` իմաստալից եւ հոգեշնչող քարոզ-պատգամ մը տուաւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս: Նախքան պատգամին անցնիլը, Գարեգին Բ. վեհափառ Խորէն Ա. վեհափառին, իր Կիլիկեան միաբանութեան խոր ցաւը յայտնեց Լիբանանի, յատկապէս` Պուրճ Համուտի եւ հայահոծ թաղերուն մէջ պատահած դէպքերուն եւ ինկած զոհերուն համար: Ան կարդաց նաեւ Էջմիածինէն ստացուած Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսին ցաւակցական եւ սրտակցական հեռագիրը:
Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսին ուղղած պատգամէն ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, հանդիսապետութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, որ իր կարգին աղօթեց հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ բարօրութեան համար, նաեւ վասն «հոգւոց ննջեցելոց» հայցելով յաւիտենական հանգիստ:
Տաճարը լեցուցած ժողովուրդը, յուզուելով հանդերձ պահուն առթած մթնոլորտէն եւ մասնաւորաբար զոհեր տուած ընտանիքներու ողբաձայն յուզումէն, գօտեպնդեց ինքզինք չթուլնալու վճռակամութեամբ, կուրծք տալու համար արուեստականօրէն սարքուած բոլոր տեսակի դաւերուն:
Նոյն օրը, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Անդրէաս եպիսկոպոս Պետողլեան, որ նաեւ տուաւ յաւուր պատշաճի պատգամ մը:
Գերապայծառը յորդորեց ժողովուրդը` ըլլալ քաջ, չթուլնալ փորձանքներու դիմաց եւ մանաւանդ` ըլլալ կարգապահ եւ զուսպ, դէպքերը եւ եղելութիւնները չչափազանցել ու սահման դնել լեզուներու արշաւին:
* * *
«Ազդակ», 25 սեպտեմբեր 1979-ի թիւով եւ «Համայն հայութեան հետ` հայօրէն ապրելու համար» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
«… Բնական օրէնք է եւ պատերազմական վիճակի մէջ ապրող հաւաքականութիւն մը կ՛անցնի ուժերու վերադասաւորման փորձութենէն: Նոյնիսկ կռիւներէն հեռու մնացած ուժերը ենթակայ են նոյն օրէնքին: Այդպիսին է պարագան Լիբանանի մէջ եւ, բնականաբար, նոյն փորձութեան դիմաց կանգնած է նաեւ մեր ժողովուրդը` տեղական ուժերու վերադասաւորման ընդհանուր շրջագիծին մէջ:
… Բնաւ պէտք չէ մոռնալ, որ եթէ պատերազմի մէջ մտնելու համար էական պայման է նախապատրաստութիւնը բոլոր ճակատներուն եւ մակարդակներուն վրայ, այդ զօրաշարժը կրկնակի տարողութեամբ ստիպողութիւն է պատերազմի մը առաջքը առնելու ձգտող ազգային որեւէ քաղաքականութեան պարագային: Եւ ակամայ կռիւի տրամաբանութիւնը մերժող Լիբանանի հայութիւնը ուրիշ ելք չունի. ազգային իր բոլոր ուժերով պատրա՛ստ պիտի ըլլայ, որպէսզի կարենայ իրողապէս, թէ՛ խաղաղ եւ թէ հատու միջոցներով ձախողութեան մատնել զինք կռիւի մէջ մխրճելու կոչուած ամէն փորձ»:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ «համայն հայութիւնը ժամը ժամին ապրեցաւ սեպտեմբեր 10-էն 13 երկարող օրերու անձկութիւնը: Հաղորդակցութեան ամէն միջոց գործածելով` աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը քայլ առ քայլ հետեւեցաւ դէպքերու շղթային, պատրաստ` ամէն միջոց գործադրելու, որ հակահայ մոլուցքը վերջ գտնէ, նաեւ պատրաստ ամէն ձեւով օժանդակութեան` որպէսզի Պէյրութի արեւելեան շրջաններու հայութեան ազգային դիմադրողականութիւնը ամրապինդ մնայ: Եւ ազգային ամբողջական ինքնավստահութեամբ կարենանք հաստատել, որ համահայկական այդ զօրաշարժը իր բարեբեր անդրադարձը ունեցաւ թէ՛ ուղղակի ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղող մեր թաղերուն բարոյական գօտեպնդումին վրայ, եւ թէ զինադուլը յարգելու քաղաքական շփումներու շրջագիծէն ներս»:
* * *
Իսկ 26 սեպտեմբեր 1979-ի թիւով եւ «Նահանջի ճամբայ չենք ձգած» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Սեպտեմբեր 10-էն 13-ի դէպքերը միանգամընդմիշտ հաստատեցին, որ Լիբանանի հայութիւնը անցորդ չէ այս երկրին մէջ: Պատրաստ է արեան գնով իսկ կառչած մնալու ազգային-քաղաքական ա՛յն գոյավիճակին, որ այս գաղութին եզակի ու անփոխարինելի դեր մը ապահոված է համահայկական առումով:
Մենք չենք կրնար մոռնալ, որ Երեւանէն մինչեւ արտասահմանի հեռաւոր ափերը, հայ ժողովուրդը` ի՛ր գոյութեան պայքարը դարձուց Լիբանանի հայահոծ մեր թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան կռիւը: Չենք կրնար անտեսել, մանաւա՛նդ, որ Լիբանանի հայութեան ընկրկումը կամ ինքնալքումը անդարմանելի հարուած մը կրնայ տալ հայ ժողովուրդի ազգային-պահանջատիրական պայքարին:
Եւ ճիշդ այդ իրողութեան մէջ պէտք է փնտռել վերջին փորձառութեան երկրորդ դասը. Լիբանանի հայութեան մէջ մենք կը տեսնենք Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր ժողովուրդի զանգուածային ամէնէն կարեւոր խարիսխներէն մէկը, որուն ապահովութեան եւ պահպանումին համար պատրաստ ենք համազգային ամբողջական զոհաբերումի եւ վճռական կեցուածքի:
Չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք հակահայ ոճիրներով կը յուսան խուճապի մատնել եւ պարտուողականութեան մղել մեր ժողովուրդի զաւակները:
Չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք զինուորական ուժի իրենց առաւելութեանց ապաւինելով, անհաւասար կռիւի սպառնալիքով քաղաքականապէս ամլացնել կ՛ուզեն Լիբանանի հայութեան ազգային անկախ կամքը:
Վերջապէս, չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք ինչ-ինչ հաշիւներով կամ մեղսակցութեամբ, կ՛ուզեն իրականացած տեսնել ցեղասպան թուրքին հետապնդած ծրագիրը, որ պահանջատէր հայութեան այս ազդու կռուանին տկարացումն է ու տարտղնումը ի սփիւռս աշխարհի:
Ո՛չ, հայ ժողովուրդը պատմական պատասխանատուութեամբ վճռած է պատնէշի վերածել Լիբանանի մեր գաղութը, որուն ամրապնդումը ցուցանիշն է Հայ դատի հետապնդման ուժականացումին, եւ որուն անկումը ախտանշանն է ազգային-քաղաքական մեր պայքարի ընկրկումին:
Եւ պատնէշի վրայ արթուն ու անվեհեր կանգնած հերոսներու օրինակով, մենք փակած ենք նահանջի բոլոր ճամբաները, համազգային այս կռուանը անձեռնմխելի պահելու անքննելի վճիռով:
Թող լա՛ւ գիտնան բոլորը, որ մէկուկէս միլիոն նահատակներու արիւն տեսած այս ժողովուրդը ո՛չ յաւելեալ արիւնէ կը վախնայ եւ ոչ ալ զուրկ է յեղափոխական պայքարի աւանդէ:
Թող լա՛ւ գիտնան բոլորը, որ գործ ունին իր ազգային խիզախումին մէջ յուսալքում չճանչցող հայութեան, եւ ոչ թէ անտէր ու աստանդական հայանուն բեկորներու հետ, որոնց բեռը այս գաղութը թօթափած է արդէն:
Փակած ենք այլեւ հայոց պատմութեան ա՛յն էջը, ուր 1915-ի հայասպանութեան խոցէն ցնցուած` մեր ժողովուրդը ամբողջ տասնամեակներ քշուեցաւ հոսանքին հետ, երկրէ երկիր:
Վերականգնած ենք արդէն իբրեւ մարտունակ հաւաքականութիւն, որ գիտէ հոսանքին դէմ ծառանալ եւ իր կռուաններուն կառչիլ:
Եւ գաղափարական ու բարոյական այդ կորովին, ազգային-քաղաքական բոլոր ուժերով հաստատակամ գործերու այդ դիմադրողականութեան բախտորոշ փորձաքարը կը նկատենք Լիբանանի մեր կռուանին ամէն գնով պաշտպանութիւնը:
Անշուշտ թէ կը դողանք իւրաքանչիւր հայու կրած մարդկային թէ նիւթական կարուստին համար: Անշուշտ որ նախանձախնդիր ենք իւրաքանչիւր հայու ֆիզիքական թէ ընկերային ապահովութեան: Այս պատճառով ալ կը մերժենք Լիբանանի հայութեան պարտադրուած ամէն պատերազմ:
Բայց միաժամանակ, նոյնքան եւ աւելի վճռակամութեամբ, բաց ճակատով կը դիմագրաւենք մարդկային ամէն զոհ ու ընկերային ամէն կորուստ: Հայոց պատմութիւնը վկա՛յ, որ վերապրումի անսպառ դիմադրականութիւն մը կուտակած ենք մեր ժողովուրդին ստացած վէրքերուն գնով: Այլեւս զոհերու եւ կորուստներու անձկութեամբ չեն առաջնորդուիր մեր քայլերը, որովհետեւ կեանքի աննպաստ հոսանքներուն դէմ մեր ժողովուրդին մնացած է իր հաւաքական կամքը ամէն բանէ վեր դասելու կռուանը: Այնքան ատեն որ բոլոր ուժերով ու ամբողջական զոհաբերումով լծուած ենք այդ կամքը կռանելու պայքարին, անփոխարինելին կը մնայ կանգուն, անվթար:
Պա՛րզ է, որ համայն հայութեան պատմական գրաւը դրուած է մեր գաղութի դիմադրականութեան վրայ: Համահայկական ուժերու լարումով ոտքի պիտի պահենք ազգային մեր կամքին խորհրդանիշ դարձած Լիբանանի հայութեան բերդը, որովհետեւ այդ վճռականութեամբ միայն կրնանք դարձնել հայրենազուրկ մեր կեանքի յետեղեռնեան սեւ էջը, եւ որովհետեւ այդ գնով միայն նահանջի ճամբաները կը փակուին Հայաստանի իտէալով գոյատեւող աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին համար»:
* * *
Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, կիրակի, 21 հոկտեմբեր 1979-ին տեղի ունեցան յատուկ արարողութիւններ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, նուիրուած` սեպտեմբեր 10-էն 13 տեղի ունեցած բախումներու եւ անոնց ընկերացած դէպքերու զոհերուն յիշատակին: Այդ արարողութեանց ընթացքին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կարդացուեցաւ Լիբանանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Արամ վրդ. Քէշիշեանի պատգամը: Այնուհետեւ, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական միթինկ մը: