ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի արեւելեան շրջաններու եւ արուարձաններու ապահովութեան կացութեան ամրապնդումը 1978-ի նոյեմբերի սկիզբը կ՛ընթանար քայլ առ քայլ: Արաբական զսպիչ ուժերու հրամանատարութեան եւ Սին էլ Ֆիլի բնակչութեան միջեւ զինադուլ հաստատուեցաւ եւ երկու կողմերը որոշեցին վերաբանալ շրջանի գլխաւոր ճամբաները:
Ճսըր Պաշայի արաբական զսպիչ ուժերու սուրիական միաւորները քաշուեցան իրենց դիրքերէն, իսկ Ճըսր Ուաթիի ուղղութեամբ երթեւեկի աշխուժացումը քաջալերեց քաղաքացիները: Այսպիսով գործածելի եղան Սալոմէի, Հայէքի եւ Մքալլեսի բոլորակները, ուր երթեւեկը վերագտաւ գրեթէ իր բնականոն ընթացքը: Զինեալ երեւոյթները քաշուեցան հրապարակէն:
Իր կարգին, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետութիւնը լծուեցաւ հիմնական ճամբաները մաքրելու աշխատանքին: Այսպիսով շրջանի ճամբաները մաքրուեցան ապակիներու փշուրներէն, աղբակոյտերէն, քարերու եւ երկաթի կոյտերէն, ինչպէս նաեւ հրկիզուած ինքնաշարժներու կմախքներէն, որոնք փողոցներէն վերցուեցան քաղաքացիներու օժանդակութեամբ:
Սակայն Այն Ռըմմանէի եւ Թայունէի փողոցները կը մնային վտանգաւոր, որովհետեւ շրջանի մարդորսները կը շարունակէին իրենց խափանարարութիւնները` կրակելով շրջանի ճամբաները օգտագործելու յանդգնութիւն ունեցող սակաւաթիւ ինքնաշարժներուն վրայ:
* * *
Լիբանանեան տագնապի զարգացումներուն մօտէն հետեւելու եւ հակահայ գրգռութեանց շուրջ տեղական եւ արտաքին պատասխանատու շրջանակներու տրամադրութեանց իրազեկ դառնալու նպատակով, հայ երեսփոխաններու պլոքը լծուեցաւ դիւանագիտական եռուն գործունէութեան:
Լիբանանի հայութեան անունով` պետական հայ երեսփոխանները առանձին տեսակցութիւններ ունեցան Լիբանանի մէջ պաշտօնավարող Մեծն Բրիտանիոյ, Արեւմտեան Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան դեսպաններուն հետ:
Իրենց տեսակցութեանց ընթացքին, հայ երեսփոխանները հանգամանօրէն բացատրեցին Լիբանանի հայութեան քաղաքացիական կեցուածքը եւ որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը: Երեսփոխանները անդրադարձան մանաւանդ հակահայ գրգռութեանց եւ ատոր հետեւանքով ստեղծուած լարուած կացութեան, դեսպաններուն փոխանցելով հայկական պատասխանատու շրջանակներու մեկնաբանութիւնը այդ գծով:
Իրենց կարգին, դեսպանները բաժնեցին հայ համայնքին որդեգրած քաղաքականութեան առողջ սկզբունքները եւ համակրական արտայայտութիւններ ունեցան հայութեան քաղաքացիական դերին մասին: Դեսպանները նոյնպէս ընդգծեցին որ ամբողջապէս զօրավիգ կը կանգնին լիբանանեան օրինական իշխանութեան եւ անոր շուրջ բոլորուած տեղական ուժերուն, որոնց շարքին հայ համայնքի դրական դիրքորոշումին:
* * *
Հակահայ գրգռութիւնները համահայկական միասնական շարքերով դիմագրաւելու համար աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով զօրավիգ կանգնեցաւ Լիբանանի հայութեան: Այս իմաստով «Ազդակ» 14 նոյեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Նոյն բաբախումով» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ Ս. Էջմիածինէն մինչեւ Նիւ Եորք` Լիբանանի հայութեան զօրավիգ կանգնելու եւ աղէտեալ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու նոյն վճռականութեամբ կը տրոփէին հայու հոգին:
«Ցիրուցան են մեր ուժերը. տարբեր են մեր կազմակերպ ուժերուն շարժելու պայմանները. բայց որոշապէս նո՛յն ապրումն է, որ ոտքի հանած է բոլորս հոս` Լիբանանի մէջ, եւ ամէնուրեք` Հայաստան աշխարհի թէ հայկական սփիւռքի տարածքին», կը նշէր «Ազդակ», շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի մէկ ու ամբողջական մարմնի յստակատեսութեամբ, հայութիւնը չի կրնար առողջ ու կենսունակ ըլլալ, երբ վտանգուած է հայկականութիւն խորհրդանշող իր մէկ արժէքը, կամ` վիրաւոր է հայահոծ իր մէկ կեդրոնը:
* * *
Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս կոչ ուղղեց համայն հայութեան, Լիբանանի հայ աղէտեալներուն օգնութեան համար: Վեհափառը նաեւ դիմեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին եւ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ տոքթոր Փոթըրի, ի խնդիր Լիբանանի հայ համայնքի պաշտպանութեան եւ օգնութեան:
Միւս կողմէ, Վազգէն Ա. վեհափառին հրաւէրով Էջմիածին մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի պատուիրակութիւնը, խորհրդակցելու եւ միատեղ ծրագիր մշակելու համար Լիբանանի հայ համայնքներու աղէտեալներուն օգնութեան գործը համահայկական տարողութեամբ կազմակերպելու առաջադրանքով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին դպրեվանքի տեսուչ Տաթեւ եպիսկոպոս Սարգիսեան, Ազգային ընդհանուր ժողովի եւ Լիբանանի հայոց գաւառական ժողովի ատենապետ մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Վարդգէս Տէր Կարապետեան:
Մայր աթոռի ներկայացուցիչներն էին` գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ատենապետ Սիոն արքեպիսկոպոս Մանուկեան, Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Տէր Ստեփանեան, գերագոյն խորհուրդի անդամ Յովհաննէս Թոփուզեան եւ «Էջմիածին» ամսագիրի խմբագիր Արթուն Հատիտեան:
Խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցան Սուրբ Էջմիածնի ընդունելութեան դահլիճին մէջ:
Երկու պատուիրակութիւնները միաձայնութեամբ որոշեցին
ա) Ողջունել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ կազմուած Լիբանանի վերականգնումի կեդրոնական մարմինը:
բ) Ողջունել Վազգէն Ա. կաթողիկոսի պատրաստակամութիւնը` ստանձնելու Լիբանանահայ աղէտեալներուն ի նպաստ կատարուելիք համազգային հանգանակութեան հովանաւորութիւնը:
գ) Մայր աթոռը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռը հանգանակութեան գործը կը կազմակերպեն իւրաքանչիւրը իր թեմերուն մէջ, թեմական-եկեղեցական մարմիններու միջոցաւ, տուեալ թեմերուն մէջ կազմելով հանգանակիչ յատուկ մարմին:
դ) Հրաւիրել ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը իր ներկայացուցիչը ունենալու Լիբանանի վերականգնումի կեդրոնական մարմինէն ներս:
ե) Խնդրել Մայր աթոռի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի գահակալներէն, նշանակել մեծանուն բարերարներէ եւ ազգային անձնաւորութիւններէ բաղկացած պատուոյ ցանկ մը, օժանդակելու համար աղէտեալներուն ի նպաստ կատարուելիք հանգանակութեան:
զ) Հայաստանէն եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներէն հանգանակուած գումարները կեդրոնացնել եւ տրամադրել Պէյրութի մէջ կազմուած վերականգնումի կեդրոնական մարմինին:
* * *
Հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւններուն գործը բաւական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր: Վիրաւորներու փշոտ հարցին միացած էին անտունիներու, անգործութեան եւ հիւանդութիւններու պարագաները: Վիրաւորները բազմացած էին, ստեղծելով ընկերային բազմատեսակ բարդութիւններ, տնտեսական տագնապէն մինչեւ բժշկական օգնութեան եւ նպաստաբաշխումի հարցեր:
Բազմաթիւ եւ բազմատեսակ դժուարութիւններէն գլխաւորներն էին` անտունիներու անմիջական տեղաւորումը, կենսական սննդեղէններու չգոյութեամբ ստեղծուած սուր բնոյթի տագնապը, հայահոծ շրջաններու մէջ գործի եւ եռուզեռի ամբողջական դադարումը, վիրաւորներու եւ հաշմանդամներու հարցը, անոնց հիւանդանոցի ծախսերը եւ յետ հիւանդանոցի անհրաժեշտ դարմանումի պարագաները, ինչպէս նաեւ կրթական հաստատութիւններու անհրաժեշտ վերանորոգումը եւ վերակահաւորումը եւ կրթաթոշակներու անմիջական հայթայթումը:
Գլխաւոր հարցերուն վրայ կարելի էր աւելցնել թաղերու մաքրութեան պարագան` աղբահաւաքում, փլատակներու մէկտեղում եւ փոխադրութիւն, ինչպէս նաեւ ելեկտրական ցանցերու նորոգութիւն, լուսաւորում եւ ջուրի պայթած խողովակներու նորոգութիւն:
Անտունիներու պարագային կարելիութեան սահմաններուն մէջ կատարուեցաւ նիւթական յատկացում, խոհանոցային տարրական գոյքերու, ծածկոցներու եւ հագուստեղէնի բաշխում բոլոր անոնց, որոնց տուները այրած էին, քանդուած եւ կամ կիսաքանդ ու անբնակելի դարձած:
Հայաբնակ թաղերուն մէջ կային մօտաւորապէս հազար վնասուած բնակարաններ, որոնց 250-ը` ամբողջութեամբ անբնակելի, առանց անմիջական նորոգութեան կարելիութեան:
Ճարտարարուեստական եւ առեւտրական մարզին մէջ, Պուրճ Համուտի, Խալիլ Պատաուիի, Հաճընի, էշրեֆիէի եւ Ամանոսի մէջ քանդումը 50 առ հարիւր համեմատութեան կը հասնէր, իսկ Մատինէ Սինաիէ գրեթէ ամբողջութեամբ կողոպտուած ու քանդուած էր:
Համատարած աղէտին դիմաց, հայ համայնքի միջբարեսիրական միութիւններու ժողովը օժանդակութեան ծրագիր մը մշակեց, որուն հիմամբ ծանրօրէն վնասուած հայերուն պիտի հայթայթուէր բնակարանային եւ տնտեսական վերականգնումի նիւթական օժանդակութիւն:
Ընդհանուր վնասներու արժեւորման ու գնահատման համար վերաշինութեան յանձնախումբը յառաջացուց թաղային յանձնախումբեր, որոնք վնասներու մանրամասնուած տախտակներ պատրաստեցին:
Վիրաւորներու եւ հաշմանդամներու օգնութեան գործը բաւական կարգի մտաւ շնորհիւ վիրաւորներու յանձնախումբի հետեւողական ճիգերուն եւ նուիրատուներու բարեացակամութեան:
Հայ պահակ տղաքը աննման նուիրումով հասան բոլորին եւ օգնութեան փութացին ամէն տեղ: Անոնք մաքրեցին փողոցներուն աղբերը եւ առողջապահական տանելի պայմաններ ստեղծեցին: Ելեկտրական փրթած ու քանդուած ցանցերու նորոգութեան աշխատանքին իրենց նպաստը բերին, որպէսզի հայաբնակ թաղերը լուսաւորուէին շուտով. այլապէս` հարկ էր մութին մէջ սպասել գոնէ տարի մը: Օգնեցին պայթած ջուրի խողովակները նորոգելու աշխատանքին, ու այսպիսով մեծ նպաստ բերին հայաբնակ թաղերէն ներս բնականոն կեանքի ստեղծումին:
Լիբանանահայութեան դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն անդրադառնալով տոքթոր Զաքար Մկրեան «Ազդակ»-ի 16 նոյեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Անյետաձգելի կարիքներ» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ մեր ազգակիցներէն շատերուն, հազարաւորներու բնակարանները եւ առեւտրական կամ ճարտարարուեստական ձեռնարկները մասամբ կամ ամբողջութեամբ քանդուած կը մնան: Կրթական հաստատութիւնները, գրեթէ առանց բացառութեան, վնասուած են ռմբակոծումներէն:
«Ի՞նչ պիտի ըլլայ աշակերտութեան ճակատագիրը վերամուտի սեմին», հարց կու տար տոքթոր Մկրեան կը նշէր ըսելով. «Ներկայ պայմաններու տակ, խնամակալ մարմինները չունին նիւթական միջոցները` անհրաժեշտ նորոգութիւններուն սկսելու, իսկ ծնողները չեն կրնար իրենց մասնակցութիւնը բերել. բոլորին ծանօթ է անոնց նիւթական անձուկ վիճակը»:
«Նկատի ունենալով նաեւ որ անձրեւները արդէն իսկ սկսած են, վերաշինութեան հարցը մեզի համար կը ստեղծէ վիճակ մը, ուր ազգովին, համահայկական եւ համամարդկային ամէն միջոցառում պէտք է ընդհանուր զօրակոչի ենթարկենք», կը շեշտէր Մկրեան եւ կ՛աւելցնէր.
«Մենք որոշած ենք վերաշինել, վերանորոգել մեր դպրոցները, ազգային հաստատութիւնները, բնակարանները, առեւտրական եւ ճարտարարուեստական ձեռնարկները, մեր թաղերը»:
«Իւրաքանչիւր հայ պարտաւորուած պէտք է զգայ անձնապէս իւրացնելու մեր մտահոգութիւնները, եւ ճիգ չխնայէ` մասնակցելու համար վերականգնումի ընդհանուր աշխատանքին», կ՛եզրափակէր տոքթոր Մկրեան:
* * *
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հոլովոյթին եւ հակահայ տրամադրութիւններուն անդրադառնալով «Ազդակ» 20 նոյեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Պատմական սխալը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ ծայրայեղութեան, նեղմտութեան եւ կեցուածքներու կարծրացման հետեւանքով Լիբանան ապրեցաւ պատմական սխալներու շարք մը, որոնց մասին քննական ու անշահախնդիր վերլուծումներ կատարող պատմագիրը անպայման նաեւ կանգ պիտի առնէ պատմական այն միւս ու մեծ սխալին առջեւ, որ ի գործ դրուեցաւ Լիբանանի հայ համայնքին հանդէպ:
«Առանց բառերը ծամծմելու ըսենք, որ պատմական սխալի հետեւանք էին երկամեայ պատերազմով սկսած ու այնուհետեւ թափ առած ոմանց հակահայ տրամադրութիւնները, որոնք աստիճանաբար յանգեցան գրգռիչ արարքներու երկար շղթայի մը, եւ որոնց վերջին օղակը եղաւ Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին ուժանակումը: Սխալ էր յատկապէս վերջին գրգռութիւնը, որովհետեւ ոչ միայն համայն հայութեան, այլեւ` լիբանանեան ծանօթ դէմքերու իսկ բնորոշումով, անիկա ուղղուած էր Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին դէմ: Հակահայ այդ խափանարարութիւնը փաստօրէն կ՛ոտնակոխէր լիբանանեան հայրենիքը բնորոշող հանդուրժողականութեան, մարդկայնապաշտութեան եւ քաղաքակրթական համակեցութեան արժէքները», կ՛ըսէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր.
«Լիբանանի հայութիւնը արիւնոտ խաղին մասնակից դարձնելու նպատակով Նահատակաց յուշարձանը ուժանակած աղտոտ ձեռքերը ձախողեցան, որովհետեւ ջղագրգիռ ամբոխի մը փոխարէն` իրենց դէմ գտան գօտեպինդ հայութիւն մը: Տարբեր չէր կրնար ըլլալ մեր կեցուածքը եւ տարբեր չեղաւ»:
«Լիբանանի հայութեան ուղղուած որեւէ հարուած համազօր է հայրենիքին քայքայման մեղսակից դառնալու անգիտութեան, որովհետեւ միայն ու միայն երկրին բարգաւաճման սպասարկած աշխուժ տարրերէն մէկը տկարացնել փորձելով` կարելի է ջղագրգիռ ամբոխներուն սնունդ տալ, բայց կարելի չէ հայրենիքին ծառայել», կը շեշտէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Լիբանանի հանրապետութեան ծնունդէն սկսեալ հայութիւնը եղաւ ու կը շարունակէ մնալ պետութեան դիմագիծին բիւրեղացման, զօրացման ու բարգաւաճման ի խնդիր որեւէ զոհողութեան առջեւ կանգ չառած ու չառնող ամէնէն գործօն ուժերէն մէկը: