ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
-Իմամ Մուսա Սատրի Անհետացումը Եւ
Տաճատ Սրբազանի Վախճանումը
Հանրապետութեան նախագահ Իլիաս Սարգիս, զինուորական գահավէժ ընթացքին եւ Պէյրութի արեւելեան թաղամասերու ռմբակոծումին ի տես, 1978-ի յուլիսի սկիզբը հրաժարելու տրամադրութիւն յայտնեց: Ան անդրդուելի մնաց իր հրաժարականին վրայ, որովհետեւ ներքին թէ արտաքին այն կողմերը, որոնց ուղղուած էր հրաժարականը, որեւէ տրամադրութիւն չէին ցուցաբերեր հրաժարելու երկիրը հրաբուխի վրայ պահող իրենց ուղեգիծերէն. որեւէ տրամադրութիւն չէին ցուցաբերեր դիւրացնելու իր` նախագահ Սարգիսի առաքելութիւնը` ի խնդիր երկրին ամբողջական անդորրութեան, գերիշխանութեան ու պետական հեղինակութեան հաստատման: Նախագահ Սարգիս իր հրաժարականին տուն տուող պատճառներուն եւ երեւոյթներուն մասին սրտբացօրէն խօսեցաւ իրեն այցելողներուն, քողարկուած կերպով դիտել տալով թէ որքան ալ որ իր որոշումին պատճառները եղած են քրիստոնէաբնակ թաղամասերուն ռմբակոծումը, այսուհանդերձ կարելի չէր ուրանալ, որ սուրիական իշխանութիւնը համբերութեան ու խոհականութեան բազմաթիւ ապացոյցներ տուած էր երկար ատեն եւ պարկեշտօրէն յարգած իր յանձնառութեանց մեծագոյն մասը:
Նախագահ Սարգիսի հրաժարելու տրամադրութեան լոյսին տակ, խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտաւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Մելգոն Էպլիղաթեանի հետ, անոր հաղորդելով հանրապետութեան նախագահին որոշումը, հրաժարելու մասին: Լիբանանեան խորհրդարանէն ներս հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներու անունով, Էպլիղաթեան խոր ցաւ յայտնեց հանրապետութեան նախագահի որոշումին համար, ու ատիկա ազգային աղէտ մը նկատելով, Քամէլ Ասաատէն խնդրեց ճիգ չխնայել նախագահ Իլիաս Սարգիսը տարհամոզելու համար, որ ետ քաշէ իր հրաժարականը ու շարունակէ տէր կանգնիլ իր պատմական իրաւասութեանց:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, Պաապտա այցելելով, նախագահ Իլիաս Սարգիսի հանգամանօրէն պարզեց իր տեսակէտները` ծանրակշիռ կացութեան ու հրաժարման ունենալիք անդարմանելի հետեւանքներուն մասին: Հանրապետութեան նախագահը անկեղծ շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ համակրանքին, ինչպէս նաեւ երկրին ընդհանուր կացութեան վտանգաւոր բնոյթին ըմբռնողութեան համար: Նախագահ Իլիաս Սարգիս շատ բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին կեցուածքը Լիբանանը յուզող բոլոր հարցերուն նկատմամբ, մաղթելի նկատելով, որ բոլոր համայնքներն ու կազմակերպութիւնները օրինակ առնեն հայ համայնքէն:
Իրենց կարգին, Խորէն Ա. կաթողիկոս եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատեցին նախագահ Սարգիսի հետ եւ յայտնեցին, թէ խորապէս ազդուած են այն լուրէն, թէ անել կացութեան մէջ հանրապետութեան նախագահը հարկադրուած կը զգայ իր հրաժարականը ներկայացնելու: Վեհափառները անձնապէս եւ յանուն հայ համայնքին նախագահէն խնդրեցին որ քաջ եւ զօրաւոր մնայ իր պաշտօնին վրայ, եւ թէ` հայ համայնքը իր կողքին կանգնած է դժուարին օրերուն, որպէսզի թափուած ճիգերը արդիւնաւորուին` պետական օրինական իշխանութեան շուրջ համախմբելու բոլոր լիբանանցիները եւ լիբանանեան հայրենիքի մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու համար:
***
Նախագահական հրաժարականը սառեցուցած էր զինուորական ճակատին վրայ տիրող լարուած հակադրութիւնը, քաղաքական սակարկութեանց մղելով տեղական թէ արտաքին կողմերը, որպէսզի կարելի ըլլար առաջքը առնել սահմանադրական հաւանական տագնապին:
Մինչեւ իսկ զինուորապէս հակադիր կողմերը մեղմացուցին իրենց քաղաքական փոխադարձ արշաւները, որպէսզի կարելի ըլլար կացութեան պատուաբեր լուծում մը գտնելու իրենց բանակցութիւնները վարել հանդարտ մթնոլորտի մէջ:
Պաապտա իր վրայ կեդրոնացուց քաղաքական ու համայնքային ղեկավարութեանց ուշադրութիւնը, իսկ միւս կողմէ լիբանանեան չէզոք կողմերը մղեց, որ տագնապը դուրս բերեն հակամարտ կողմերուն միջեւ սահմանափակուելու անել վիճակէն:
Նախագահ Սարգիս ընդունեց այցելութիւնը անխտիր բոլոր կողմերու ներկայացուցիչներուն, որոնք հանրապետութեան նախագահին փոխանցեցին հրաժարականը յետս կոչելու իրենց խնդրանքն ու պահանջը, շեշտելով, թէ Լիբանան պէտք ունի իր նախագահական իշխանութեան ուժեղացումին, եւ թէ վճռած են իրենց բոլոր ուժերով դիւրացնել նախագահին առաքելութիւնը:
Սուրիացիք կտրուկ ազդարարութիւն մը տուին իրենց հակադրուող ճակատին, յայտարարելով որ կամ կ՛ընդունին նախագահ Իլիաս Սարգիսի օրինական իշխանութիւնը եւ կամ ալ ամբողջական պարտութեան կ՛ենթարկուին:
Հակադարձելով` նախկին նախագահ Քամիլ Շամուն յայտարարեց, որ «սուրիական ազդարարութիւնը անիմաստ է, որովհետեւ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի մեր եւ նախագահ Սարգիսի միջեւ»: Իսկ լիբանանեան ճակատի այլ պատասխանատուներ նշեցին, որ քրիստոնեաները կը նախընտրեն պատուով մեռնիլ, սուրիացիներու տիրապետութեան տակ ապրելու փոխարէն:
Մինչ այդ, պէյրութցիք արդէն սկսած էին զանգուածաբար հեռանալ վտանգաւոր նկատուած շրջաններէն եւ ապաստան գտնել գիւղական շրջաններու մէջ:
Արեւելեան Պէյրութի սահմանային գօտիներէն սկսեալ մինչեւ Էշրեֆիէ, կայուն մնացած, վնասուած կամ ամբողջովին քանդուած շէնքերը անկենդան վիճակ մը կը պարզէին: Էշրեֆիէ լքուած քաղաքամասի մը բնոյթը ունէր: Անմեղներուն հետ կամ նոյնիսկ անոնցմէ առաջ, նաեւ մեծ թիւով զինեալներ հեռացած էին: Կարգ մը թաղեր գրեթէ անբնակ դարձած էին:
Հեռաձայնի, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապը զգալի էր ամէն կողմ:
Արեւելեան Պէյրութի այդ շրջաններուն մէջ իրենց թաղերուն կառչած կը մնային առաւելաբար հայ քաղաքացիները, որոնք դժոխային օրեր անցուցած ըլլալով հանդերձ, չէին հեռացած իրենց տուներէն:
Սըրսոքներու թաղը ամայի էր: Հարուստ դասակարգի բնակչութիւնը հեռացած էր, ու շատեր փախած էին Լիբանանէն, Ժունիէի նաւահանգիստէն Կիպրոս գացող նաւերով, որոնք դարձեալ եռուն գործունէութեան լծուած էին:
Թապարիսի հրապարակին մօտ գտնուող շէնքերու բնակիչներուն հետ, բազմաթիւ քաղաքական դէմքեր եւս նախընտրած էին ուղղուիլ Ժունիէ, մինչ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարար Ֆուատ Պութրոս եւ ընտանիքը Պաապտայի նախագահական պալատ փոխադրուած էին, իսկ շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ նախընտրած էր Պիքֆայայի տունը տեղափոխուիլ:
Արեւմտեան Պէյրութի մէջ եւս կեանքը մասամբ սառած կը մնար ու մտահոգութիւնը նոյնքան զգալի էր բնակչութեան հետ:
Սուրիացի զինուորները, որոնք կը հակակշռէին Քարանթինայի կամուրջը, քաշուեցան իրենց բանակատեղին, որ կը գտնուէր կամուրջէն 30 մեթր անդին գտնուող Պաթայի շէնքը եւ կամուրջի դիրքը լիբանանցի 30 ոստիկան-զինուորներու յանձնեցին: Կամուրջը դէպի հիւսիս գլխաւոր ելքերէն մէկն էր արեւելեան Պէյրութի քրիստոնեայ թաղերուն:
Նախագահ Իլիաս Սարգիս շաբաթ, 15 յուլիս 1978-ին յետս կոչեց իր հրաժարականը, յայտարարելով որ պետութիւնը ջլատելու փորձերը պիտի ձախողին, իսկ արաբական զսպիչ ուժերը օրինական իշխանութեան գործօն ուժը կը հանդիսանան ու այդ դիրքին վրայ ալ պիտի մնան` մինչեւ ազգային բանակին վերակազմակերպումը, մինչ այդ վայելելով օրինական ուժի մը բոլոր իրաւունքները եւ կրելով պարտականութիւնները:
***
Նախագահ Իլիաս Սարգիս իր հրաժարականը յետս կոչելու պայմաններուն տակ, «Ազդակ» 17 յուլիս 1978-ի թիւով եւ «Անփոխարինելին փրկելու համար» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ լիբանանեան ամէն տագնապ լուծելի է` այնքան ատեն որ օրինական պետութիւն ու անոր սահմանադրական կառոյցները կը վայելեն երկրի անխտիր բոլոր զաւակներուն վստահութիւնը եւ գործակցելու պատրաստակամութիւնը:
Ոչ ոք կրնայ ուրանալ, որ միջարաբական եւ միջազգային վէճեր կը խանգարեն լիբանանեան արդէն իսկ կորսուած անդորրութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը, կը շեշտէր «Ազդակ», նշելով որ նախագահ Սարգիս ամէնէն առաջ պահանջատէր է, որ վերջակէտ դրուի Լիբանանը լարուածութեան մէջ պահելու արտաքին այդ ռազմավարութեան:
Օրինական պետութեան ամրապնդումով լիբանանեան հարցերու լուծման հասնելու ճամբան ներդաշնակ է Լիբանանի հայութեան ուղեգիծին հետ, որովհետեւ մեզի համար հետեւողական քաղաքականութիւն կը մնայ սահմանադրական Լիբանանի կառչելու սկզբունքային կեցուածքը, կ՛եզրափակէր «Ազդակ»:
Խորէն Ա. կաթողիկոս, Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս Ուրֆալեան եւ պետական հայ երեսփոխաններ երկուշաբթի, 17 յուլիսին այցելեցին նախագահ Իլիաս Սարգիսի եւ իրենց գոհունակութիւնը փոխանցեցին հրաժարականը յետս կոչելու նախագահական որոշումին համար: Անոնք նաեւ հանրապետութեան նախագահին յայտնեցին, թէ հայութիւնը կառչած կը մնայ իր անշեղ քաղաքականութեան, ամբողջութեամբ զօրավիգ կանգնելով օրինական իշխանութեանց ու անոնց գերագոյն ներկայացուցիչին` հանրապետութեան նախագահին:
***
Օգոստոս 10-ին կառավարութիւնը հրապարակեց ապահովութեան նոր ծրագիր մը, որ պիտի բաղկանար երեք հանգրուաններէ:
Առաջին հանգրուանով արաբական զսպիչ ուժերը պիտի տեղափոխուէին Էշրեֆիէի իրենց դիրքերէն ու պիտի խմբուէին Ռըզք աշտարակին շուրջ: Երկրորդ հանգրուանով անոնք պիտի պարպէին մայրաքաղաքէն ներս գրաւած իրենց բոլոր դիրքերը եւ պիտի բաւարարուէին միայն Ռըզք եւ Մըր աշտարակները իրենց հակակշիռին տակ պահելով: Իսկ վերջին հանգրուանով ամբողջովին պիտի քաշուէին մայրաքաղաքէն, յիշեալ աշտարակները լիբանանեան բանակին փոխանցելով:
Կողմերու համաձայնութեամբ մշակուած ծրագիրին առաջին հանգրուանին գործադրութիւնը սկսաւ նոյն օրը, արաբական զսպիչ ուժերու, լիբանանեան բանակի եւ քրիստոնէական զինեալ ուժերու պատասխանատուներէն կազմուած խառն մարմինի մը հսկողութեամբ:
Պարպումի առաջին գործողութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի շրջանէն, ուր արաբական զսպիչ ուժերը քաշուեցան գլխաւոր երեք դիրքերէ` ընդհանուր ապահովութեան շէնքէն, Քարմ Զէյթունէն եւ Սէյտէ եկեղեցիի շրջափակէն եւ ուղղուեցան Ռըզք աշտարակի իրենց դիրքերը: Այս ձեւով, Ֆասուհ-Սիուֆի շրջանը պարպուեցաւ արաբական զսպիչ ուժերէն:
Զոյգ գործողութիւնները կատարուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներով եւ տեւեցին 12 ժամ:
***
Լիբանանի շիի համայնքի պետ իմամ Մուսա Սատր, 25 օգոստոս 1978-ին, շէյխ Մոհամէտ Եագուպի եւ թղթակից Ապպաս Պատրէտտինի ընկերակցութեամբ, պաշտօնական այցելութեամբ Լիպիա մեկնեցաւ եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Մուամմար Քազզաֆիի հետ:
Լիպիական կառավարութեան պաշտօնական տեղեկութեան համաձայն, իմամ Մուսա Սատր օգոստոս 31-ին, ժամը 20:15-ին, «Ալիթալիա» օդանաւային ընկերութեան 881 թիւը կրող թռիչքով Լիպիայէն մեկնած է Հռոմ: Սակայն իտալական իշխանութիւնները հերքեցին այդ տեղեկութիւնը, յայտնելով, որ իմամը Հռոմ չէ հասած: Իսկ օդանաւային յիշեալ ընկերութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ իմամ Մուսա Սատր չէ գտնուած իրեն պատկանող որեւէ օդանաւի մէջ:
Այսպիսով կորսուեցաւ հետքը շիի համայնքապետին: Կ՛ենթադրուի, որ Քազզաֆի սպաննել տուաւ զայն, շիի-սիւննի կրօնական հարցով վիճաբանութենէ մը ետք: Կ՛ենթադրուի նաեւ, որ Եասէր Արաֆաթ մեղսակից էր անոր սպանութեան: Կը խօսուի նաեւ իսրայէլեան գաղտնի գործակալութեան մեղսակցութեան մասին:
Իմամ Մուսա Սատր ծնած էր 1928-ին, Իրան, շիիներու Քոմ սուրբ քաղաքը: Սատրները հարաւային Լիբանանի Շարաֆէտտին գերդաստանէն ճիւղաւորուած են, տարածուած են դէպի Իրաք եւ Իրան եւ շիի եօթներորդ իմամ Մուսա Քազիմի սերունդէն են եւ սէյիտ կոչում ունին (սէյիտ կրօնաւորները գլուխնին սեւ փաթթոց կը կրեն, մինչ միւս կրօնաւորները` ճերմակ): Մուսա Սատրի հայրը` այաթոլլա Սատրէտտին Սատր, մեծ հայրը` այաթոլլա Իսմայիլ Սատր եւ մեծ հօր հայրը` Սատրէտտին պըն Սալէհ, շիի նուիրապետութեան մէջ բարձր դիրք ունեցած են:
Մուսա Սատր 1960-ին Իրանէն Լիբանան փոխադրուած եւ հետագային շիի համայնքին պետը եղած էր: Ան բարեսիրական միութիւններ եւ 1974-ին ալ Ամալ զրկեալներու շարժումը հիմնած էր: Իմամը հարաւային Լիբանանի մէջ պաղեստինցիներու բնակեցման մեծագոյն եւ միակ բացայայտ ընդդիմացողն էր:
***
Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս Ուրֆալեան չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 1978-ի առաւօտուն սրտի տագնապի մը հետեւանքով վախճանեցաւ կաթողիկոսարանի իր սենեակին մէջ:
Հոգելոյս սրբազանը ծնած էր 30 դեկտեմբեր 1919-ին, Հալէպ: Աւազանի անունով` Մկրտիչ, 1933-ին ծնողքին հետ փոխադրուած էր Գրըքխան: 1935-ին ընդունուեցաւ Անթիլիասի դպրեվանքը եւ 1940-ին սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Խադ սրբազանին: 1942-ին աւարտեց ընծայարանի դասընթացքը եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ կաթողիկոսական տեղապահ Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կարոյեանի ձեռամբ, վերակոչուելով Տէր Տաճատ աբեղայ:
Վանական իր կեանքի ընթացքին ան հետզհետէ կոչուեցաւ մատենադարանապետի, մատակարարի, Մեսրոպեան նախակրթարանի տեսուչի եւ «Հասկ»-ի վարչական գործերու վարիչի պաշտօններուն: 19 նոյեմբեր 1944-ին ստացաւ վարդապետական գաւազան կրելու իրաւունք, ձեռամբ Եփրեմ արքեպիսկոպոս Տոհմունիի: Այնուհետեւ դպրեվանքին եւ հայկական վարժարաններու մէջ սուրբ գրոց եւ ազգային պատմութիւն դասաւանդեց:
1947-ին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ ընտրուեցաւ: 14 հոկտեմբեր 1951-ին ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացաւ ձեռամբ Զարեհ եպիսկոպոսին (ապա` կաթողիկոս), Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ: 21 հոկտեմբեր 1956-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին: 1961 փետրուարին արքութեան աստիճան շնորհուեցաւ անոր:
Տաճատ սրբազան 1963-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ ընտրուեցաւ: Այնուհետեւ, ամբողջ տասնհինգ տարի, ան անխոնջ ներկայութիւն դարձաւ Լիբանանի հայութեան կեանքին, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր ծառայութեան մարզերէն ներս: Քաղաքացիական պատերազմի ճգնաժամային օրերուն միշտ մնաց իր ժողովուրդի լայն խաւին հետ հայահոծ թաղերէն ներս, մասնակցեցաւ հոգեւորականներու մակարդակին վրայ կատարուած տագնապի լուծման միջլիբանանեան բոլոր ժողովներուն ու ճիգերուն, միշտ նախանձախնդիր մնալով հայութեան իրաւունքներուն եւ ապահովութեան նկատմամբ:
Հոգելոյս սրբազանին օծման եւ թաղումի արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 1978-ին: Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիաս: Պատարագեց Վարդան եպիսկոպոս Տեմիրճեան, իսկ վերջին օծումը կատարեց Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս, նախագահութեամբ Խորէն Ա. վեհափառին: Գարեգին Բ. վեհափառի դամբանականէն ետք, տխրահունչ շարականներու եւ մահերգներու երգեցողութեամբ հող իջաւ յոգնաբեկ մարմինը ժողովուրդին սիրելի առաջնորդին: