ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լիբանանահայութեան
Վերականգնումի Ծրագիրներ
Պէյթէտտինի մէջ 1978-ի հոկտեմբեր 15-էն 17 գումարուած արաբական արտակարգ ժողովէն ետք, լիբանանցի ժողովուրդը լիայոյս սպասեց, որ ժողովին կայացուցած որոշումներուն գործադրութիւնը սկսի շուտով ու իրագործուի արագօրէն, նկատի ունենալով որ լիբանանեան տագնապին քաղաքական թէ ապահովութեան հարցերուն հարթումը նպատակադրող որոշումները կու գային թարգմանը հանդիսանալու արաբական եւ լիբանանեան տրամադրութիւններուն, ու կը համապատասխանէին տագնապահար ժողովուրդի ակնկալութեանց:
Ապահովութեան կացութեան բարելաւումին ձգտող որոշումներուն մեկնակէտը կը հանդիսանար նախագահ Իլիաս Սարգիսի պահանջին վրայ արաբական զսպիչ ուժերու կողմէ մշակուած ու ժողովին ներկայացուած նախագիծ մը, որուն գլխաւոր գիծերը պատրաստուած էին նախագահին արաբական երկիրներ շրջապտոյտին ընթացքին:
Ներքին ճակատի վրայ նախատեսուած աշխատանքներն ու շփումները, որոնց սկսաւ նախագահ Իլիաս Սարգիս, կը հետապնդէին, ապահովութեան կացութեան ամրապնդումին զուգահեռ, նաեւ քաղաքական համերաշխութեան նպաստող մթնոլորտի մը գոյացումը:
Պէյթէտտինի նախարարական ժողովին որոշումներուն տրամադրութիւնները, յատկապէս` ապահովութեան ամրապնդման քայլերուն ու նորանոր բախումներու կանխարգիլման միջոցառումներուն վերաբերեալ, իրագործման ընթացքի մէջ մտան հոկտեմբեր 18-էն սկսեալ: Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերուն շուրջ եւ անոնց միջեւ զինուորական շարժումներ եւ դիրքերու փոփոխութիւններ կատարուեցան: Կատարուող փոփոխութիւնները կ՛ընդգրկէին գլխաւորաբար այն շրջանները, որոնք բախումներու եւ ռմբակոծումներու թատերաբեմ հանդիսացած էին:
***

Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի հայահոծ թաղերու անխնայ ռմբակոծումներէն քանի մը օր ետք, «Ազդակ», 18 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Մե՛ր յաղթանակը» խորագիրով ակնարկով կը հաստատէր, որ հայահոծ թաղերուն մէջ արագ պտոյտ մը կը հաստատէ, որ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ պարտութեան մատնել հայուն կամքը, պողպատեայ վճռակամութիւնը:
«Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, օրերը դժոխային էին մեր հայահոծ թաղերուն մէջ: Կեանքը սպաննուած կը թուէր եւ փողոցները պարպուած էին զիրենք շնչաւորող հայկական կենսունակութենէն: Օրերը գեղեցիկ չեն այսօր ալ, բայց ծիածանի մը զուարթութեամբ զարթնող տունդարձը չի կրնար տգեղ ըլլալ: Տունդարձ մը, որուն առաջին գիծի մարտիկները արդէն իսկ վերադարձած են իրենց նախկին խարիսխները, քանդուած պատշգամին փոխարէն աւելի ամրակառոյցը բարձրացնելու եւ հրդեհի գորշ մրուրով ներկուած տունը իր հոգիին լոյսերով, հայ ազգի կրանիթեայ կամքով եւ յոգնիլ չգիտցող բազուկին աշխատանքի երգով ոսկեպատելու վճռակամութեամբ», կը գրէր «Ազդակ», վստահեցնելով որ լիբանանահայութիւնը ոտքի պիտի կանգնի վերանորոգուած հաւատքով:
«Ազդակ» կը շեշտէր, որ Լիբանան կը ներկայանայ իբրեւ խարիսխը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, եւ այդ գիտակցութեամբ ալ կառչած պիտի մնանք Լիբանանի, որուն պայծառ դիմագիծի պահպանման եւ ուժեղացման ի խնդիր ոչինչ խնայեցին մեր աննման տղաքը:
Իսկ 20 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Հաւատարիմ` մեր ոճին» խորագիրով ակնարկով «Ազդակ» կը գրէր, որ լիբանանահայութիւնը կը գտնուի ազգային քննութիւն մը անցընելու կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման: 1978 հոկտեմբերի բախումներուն հարուածները ծանր ճնշեցին հայահոծ թաղերուն եւ ազգային ու մշակութային կառոյցներուն վրայ: Լիբանանահայ կեանքը խորապէս կը մնար անդամալուծուած: Հայկական թաղերուն մեծ մասը կը մնար լուռ, իսկ ապահով վայրեր ապաստանած ժողովուրդը կը գտնուէր ամբոխի վերածուելու սպառնալիքին ենթակայ:
«Բազմաթիւ ճակատամարտեր շահած հայ ժողովուրդը նաեւ պիտի շահի լիբանանահայութեան վերականգնումի գոյամարտը, որովհետեւ ասիկա է սերունդներու պատգամը, մեր ազգային նկարագրին ամէնէն բնորոշ յատկանիշներէն մէկը, մահուան դէմ մաքառելու հայկական ապրելաոճը», կը շեշտէր «Ազդակ», եզրափակելով, որ լիբանանահայը առաւել զօրացած դուրս պիտի գայ իր ստացած հարուածներէն:
***

Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներ, 18 հոկտեմբեր 1978-ին սրտագին կոչ մը ուղղեցին հայ ժողովուրդին: Բուռն կռիւներու եւ ահաւոր ռմբակոծումներու հետեւանքով ծանր վնասներու ենթարկուած հայութեան վիճակը բնութագրելէ ետք վեհափառները պատգամ մը ուղղեցին հայ ժողովուրդին, հաւատալու, որ ինք իր տէրն ու տիրականը զգայ ինքզինք, ինք` իր պաշտպանը, ինք` իր ճակատագիրը դարբնողը: Անոնք կը յայտնէին, որ իրենք յատուկ մարմին մը պիտի գոյացնէին, համահայկական եւ համագաղութային տարողութեամբ, լիբանանահայ ժողովուրդի վերականգնումի նուիրական եւ ազգակերտ աշխատանքին լծուելու առաջադրանքով:
Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառները նաեւ այս ուղղութեամբ հեռագիր մը ուղղեցին Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսին:
Խորէն Ա. վեհափառ եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս շաբաթ, 21 հոկտեմբերին այցելեցին Հաճըն, Խալիլ Պատաուի եւ Էշրեֆիէ: Երկու հայրապետները ժողովուրդին հետ աղօթեցին եւ պատգամ ուղղեցին Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Յարութիւն եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիներուն մէջ: Նոր Հաճընի մէջ հետիոտն գացին մինչեւ ՀՄՄ-ի ակումբը եւ մօտէն ծանօթացան աշխատանքներուն եւ այցելեցին ՀԲԸՄ-ի նպաստի բաշխման կեդրոնը: Էշրեֆիէի մէջ այցելեցին Ազատամարտ ակումբ եւ անձամբ ծանօթացան կացութեան եւ տարուող աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետները քաջալերեցին երիտասարդները` իրենց արի կեցուածքին եւ նուիրեալ աշխատանքին համար:
***
Արաբական զսպիչ ուժերու սուրիական գումարտակները ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին Էշրեֆիէի կեդրոնին տիրապետող Ռըզք աշտարակին եւ Քարանթինայի ու Նահրի կամուրջներուն հսկողութիւնը սէուտական գունդին փոխանցեցին: Պէյթէտտինի ժողովէն բխած ապահովութեան նախագիծին մէկ կարեւոր օղակը հանդիսացող այդ քայլը նախապայման կը համարուէր ընդհանուր անդորրութեան վերահաստատման համար:
Սէուտական ուժերը, որոնք խմբուած էին արեւմտեան Պէյրութի երկու վայրեր` Տոլֆին պանդոկին մօտ եւ Այշէ Պաքքար թաղին մէջ, դէպի արեւելք շարժեցան երկու ուղղութիւններով. դէպի Էշրեֆիէ` անցնելով Սոտեքօ-Նասրա թաղերէն, իսկ դէպի կամուրջ` Թանգարան-Արդարութեան պալատ-Քորնիշ Նահր ճամբով: Լիբանանեան բանակէն եւ ոստիկանական ուժերէն միաւորներ միացան սէուտցի զինուորներուն, որոնց կողքին պիտի մնային նաեւ նշանակուած դիրքերուն վրայ:
Էշրեֆիէէն տեղափոխուած սուրիական միաւորները կայք հաստատեցին Եարզէի եւ Ժամհուրի շրջակայքը, իսկ կամուրջէն հեռացողները` Սին էլ Ֆիլ, Պէյթէտտինի ժողովին որոշումներուն համաձայն` ստիպողական պարագաներու մէջ սէուտցի զինուորներուն օգնութեան հասնելու իրաւասութեամբ:
Մինչ երկիրը խաղաղութեան հունին մէջ դնելու համար զինադուլը ամրապնդելու մեծ ճիգեր կը տարուէին, անդին ապահովութեան կացութիւնը կրկին վատթարացաւ եւ կիրակի, հոկտեմբեր 22-ին բախումներ սկսան Տըքուանէի մէջ, ուր ինկան բազմաթիւ ռումբեր: Ռմբակոծումը տեւեց մինչեւ կէսօր, բայց հրացանաձգութիւնն ու կիսածանր զէնքերով կրակի փոխադարձութիւնները շարունակուեցան մինչեւ երեկոյ:
Երեկոյեան, Այն Ռըմմանէ եւս բուռն ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ:
Միւս կողմէ, Ժիպէյլի շրջանի շիի բնակչութեամբ գիւղեր թիրախ դարձան զինեալ խմբակներու յարձակումներուն:
***

Հայաբնակ թաղերու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար սերտ շփումներ տեղի կ՛ունենային: Այս ծիրէն ներս հայ համայնքի երեսփոխաններ տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան եւ Սուրէն Խանամիրեան այցելեցին վարչապետ Սելիմ Հըսի եւ անոր հետ քննարկեցին Պուրճ Համուտի, Խալիլ Պատաուիի, Հաճընի եւ հայաբնակ միւս թաղերուն ապահովութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:
Այնուհետեւ անոնք այցելեցին արաբական զսպիչ ուժերու կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում ունեցան վերոյիշեալ ուժերու հրամանատար գնդապետ Սամի Խաթիպի եւ սէուտական ուժերու հրամանատար գնդապետ Սաատ Աշշաուիի հետ: Երեսփոխանները քննարկեցին հայկական թաղերու ապահովութեան հարցը եւ անդրադարձան հետզհետէ աւելի ակներեւ դարձած գրգռութիւններուն: Բարձրաստիճան զինուորականները խոստացան ոչինչ խնայել հայաբնակ թաղերու ապահովութիւնը զօրաւոր հիմերու վրայ դնելու համար:
Այնուհետեւ տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Հրաչ Թուրիկեան այցելեցին նախագահ Իլիաս Սարգիսի, որ իր կարգին խոստացաւ ոչինչ խնայել եւ բոլոր ճիգերը ի գործ դնել հայ համայնքի իրաւունքներն ու ապահովութիւնը պաշտպանելու համար:
***
Հայութեան դէմ կատարուող գրգռութիւններուն եւ անոր լիբանանցիութիւնը հարցականի տակ դնող երեւոյթներուն անդրադառնալով, «Ազդակ» 23 հոկտեմբեր1978-ի թիւով եւ «Լիբանանը` կողմերէն վեր» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ վաթսուն տարի առաջ Լիբանան կայք հաստատած գաղթական հայութիւնը, առանց նոր հայրենիքին բեռ ըլլալու շինեց իր տունը, թաղամասեր, շուկայ, մշակութային ու առեւտրական կեդրոններ: Լիբանանի պետական բոլոր դէմքերը, կրօնապետերը, բանաստեղծներն ու արուեստագէտները բաց սրտով վկայած են հայութեան բերած այլազան ու պայծառ նպաստներուն մասին եւ հայութիւնը համարած են Լիբանանի անհրաժեշտ մէկ տարրը:
Սակայն, լիբանանեան տագնապի ընթացքին, որոշ մարդոց ու խմբաւորումներու մտքին մէջ պղտորեցաւ բացայայտ ճշմարտութիւնը եւ հայութեան կեցուածքին տրուեցան կամայական մեկնաբանութիւններ:
«Լիբանանեան հայրենիքը չի կրնար ընդունիլ ինծի հետ` միւսին դէմ նշանակութիւնը ունեցող կողմնակալ որեւէ տարազ. անոր ղեկավար ու միակ սկզբունքը ամէնքս` ամէնուն հետ եւ Լիբանանի համար նշանաբանն է, որուն գծած ճանապարհէն չշեղեցանք տագնապին ամբողջ երկայնքին, չենք կրնար շեղիլ նաեւ այսուհետեւ, ամէնուն հաւասարապէս պատկանող հայրենիքին մէջ ըլլալու մէկուն հետ ընդդէմ միւսին, որքան ալ ծանր ըլլան մեր վէրքերը, ու մեծ` փորձութիւնները», կ՛եզրափակէր «Ազդակ»:
***

Հայ ժողովուրդին կրած ահաւոր վնասները դարմանելու, ժողովուրդին տունդարձին բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակելու, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գաղութի վերականգնումը համասփիւռքեան տարողութեամբ առաջ տանելու նախանձախնդրութեամբ, Խորէն Ա. կաթողիկոս խորհրդակցական ժողովի մը հրաւիրեց հայ հոգեւոր պետերը, կուսակցութեանց եւ բարեսիրական գլխաւոր երկու միութիւններու ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ երեսփոխանները եւ ազգային այլ պատասխանատուներ:
Ժողովը կայացաւ երկուշաբթի, 23 հոկտեմբեր 1978-ին, Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ:
Զոյգ հայրապետներու աղօթքէն ետք, Խորէն Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով ըսաւ, որ անհրաժեշտ է միասնաբար խորհիլ բոլոր ընելիքներու մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ դարմանել պատահած աղէտին հետեւանքները:
Խորէն Ա. կաթողիկոսի պատգամէն ետք, Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս ժողովականներու ուշադրութիւնը կեդրոնացուց այն իրողութեան վրայ, որ ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցող հաւաք մըն է: Ապա ան ծանրացաւ միւս գաղութներուն կատարուելիք ցուցմունքներուն վրայ:
Ժողովականները ծանրացան վերականգնումի աշխատանքը երկու հանգրուանով առաջ տանելու հրամայականին վրայ, նախ կատարելով անմիջական օժանդակութիւններ, եւ յետոյ` լայն տարողութիւն ունեցող եւ երկար ժամանակի վրայ երկարող աշխատանքներ, որպէսզի ազգային, կրթական, կրօնական, մշակութային եւ ճարտարարուեստական հաստատութիւններն ու կառոյցները յաջողին իրենց վերականգնումը ամուր հիմերու վրայ խարսխել:
Հանդիպումի աւարտին Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս ժողովականներուն անունով կատարեց յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուէր, որ իբրեւ ուղեգիծ որդեգրուած են հիմնական քանի մը սկզբունքներ.
ա) Միասնաբար դիմագրաւել պատահած աղէտը, միասնաբար դարմանել ահաւոր կորուստը եւ միասնաբար առաջ տանիլ վերականգնումի հիմնական, հրատապ եւ հասարակաց գործը:
բ) Առաջացնել կեդրոնական մարմին մը, որուն հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլար`
– միջոցներ հայթայթել հասնելու համար ժողովուրդի մարդկայնական, անմիջական կարիքներուն,
– սատարել ժողովուրդին բնակարաններու վերաշինութեան գործին,
– միջոցներ հայթայթել ազգային, կրօնական, կրթական, մշակութային հաստատութեանց եւ կազմակերպութեանց վերականգնումին համար: