ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Բարեսիրական Միութեանց Գործունէութիւն
Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին դէմ գործուած ոճրափորձէն (26 հոկտեմբեր 1978) ետք, Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան թաղամասերու հայկական հաստատութիւնները նոյեմբեր 1-ին ընդհանուր գործադուլի դիմեցին, բողոքելու համար հակահայ գրգռութեանց դէմ, որուն ամէնէն ընդվզեցուցիչ արտայայտութիւնը եղաւ Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին դէմ գործուած խափանարարական անարգ ոճիրը:
Գործադուլին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայկական կրթական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հայկազեան քոլէճի, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի եւ Պի. Եու. Սի.ի հայ ուսանողները, որոնք իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն միօրեայ դասադուլ հռչակեցին: Իսկ վերջին երկու համալսարաններու պարագային, ամբողջ ուսանողութիւնը մէկ ժամուան ընդհանուր դասադուլ կատարեց:
Միւս կողմէ, փաղանգաւոր կուսակցութեան պետ շէյխ Փիեռ Ժըմայէլ այցելեց Անթիլիաս, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը, ուր ընդունուեցաւ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսներուն կողմէ: Ժըմայէլ խոր ցաւ յայտնեց եւ ընդվզումով արտայայտուեցաւ յուշարձանին դէմ կատարուած խափանարարական արարքին նկատմամբ, համոզում յայտնելով որ օտար ձեռքեր խափանարարական նմանօրինակ աշխատանքներ տանելով կը նպատակադրեն վէճեր ու խռովութիւններ հրահրել:
Վեհափառ հայրապետները Փիեռ Ժըմայէլի ուշադրութեան յանձնեցին թէ յուշարձանին դէմ կատարուած ոճրափորձը իւրայատուկ պարագայ մը չէր, այլ հայութեան դէմ կատարուած են այլ արարքներ եւ ուղղուած գրգռիչ արտայայտութիւններ, որոնք անհաշտ եւ վնասակար են Լիբանանի շահերուն: Վեհափառ հայրապետները նաեւ հաստատեցին որ հայութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ ամբողջական Լիբանանի եւ նմանօրինակ դէպքեր չեն կրնար ազդեցութիւն ունենալ լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ հայութեան հաւատարմութեան եւ նուիրումին վրայ:
Նոյն օրը շէյխ Ամին Ժըմայէլ այցելեց Պիքֆայա եւ իր վրդովումը յայտնեց յուշարձանին դէմ կատարուած անմարդկային արարքին համար: Այնուհետեւ ան այցելեց Անթիլիաս եւ իր ցաւն ու ընդվզումը յայտնեց վեհափառ հայրապետներուն:
Նոյեմբեր 2-ին նախկին վարչապետ Ռաշիտ Սոլհ, երեսփոխան Ֆուատ Լահուտ եւ իսլամական խորհուրդի նախագահ Շաֆիք Ուազզան յաջորդաբար այցելեցին Արա Երեւանեան ակումբ, ուր տեսակցութիւններ ունեցան հայ պատասխանատուներու հետ: Անոնք խոր ցաւ յայտնեցին Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին դէմ կատարուած ոճրափորձին համար ու դատապարտեցին անոր հեղինակները:
*
* *
Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսներ նոյեմբեր 3-ին այցելեցին Պքերքէ, մարոնիներու Խըրէյշ պատրիարքին, Վատիկանէն անոր վերադարձին առիթով, եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան անոր հետ: Պատրիարքը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ լիբանանեան դէպքերուն ընթացքին հայութեան ցուցաբերած քաղաքացիական առողջ կեցուածքին եւ դատապարտեց բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն խեղաթիւրել այդ կեցուածքը: Ան խոր ընդվզում արտայայտեց Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանի ռմբահարումին համար:
Նոյն օրը Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբը Փարիզի մէջ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, դիտել տալով որ 1915-ին, թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին ուժանակումը Լիբանանի մէջ, կը հանդիսանայ ծանրակշիռ նոր քայլ մը, Լիբանանի 250 հազար հայերուն դէմ կատարուած գրգռութեանց մագլցումին մէջ:
Նոյեմբեր 4-ին Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան այցելեց պապական նուիրակ մոնսենիոր Ալֆիօ Ռափիսարտա եւ իր խոր ցաւը յայտնեց Պիքֆայայի յուշարձանին դէմ գործուած ոճրային եւ քանդիչ արարքին համար:
*
* *
Ֆրանսայի, Իրանի, Յունաստանի, Անգլիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Արժանթինի, Պրազիլի եւ Ուրուկուէյի մէջ հայ երիտասարդներ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին լիբանանեան դեսպանատուներուն առջեւ, արտայայտելու համար իրենց դժգոհութիւնը Լիբանանի հայութեան հանդէպ կատարուող գրգռիչ արարքներուն նկատմամբ:
Նմանապէս, յիշեալ երկիրներու հայութեան ազգային պատասխանատու մարմիններուն կողմէ դատապարտանքի հեռագիրներ յղուեցան տեղական իշխանութեանց ու արտաքին գործոց նախարարութեանց, պահանջելով որ միջամտեն լիբանանեան կառավարութեան մօտ եւ աշխատին` վերջակէտ մը դնելու համար հակահայ գրգռութեանց փորձերուն: Բողոքի հեռագիրներ յղուեցան նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին, խնդրելով որ անհրաժեշտ միջոցառումներուն դիմեն եւ արգելք հանդիսանան միջհամայնքային պառակտումի վտանգաւոր քայլերուն:
Միւս կողմէ, արտասահմանի հայկական մարմիններուն կողմէ զգուշացումի եւ ազդարարութեան յայտարարութիւններ ուղղուեցան այն բոլոր ուժերուն, որոնք կը շարունակէին գրգռիչ կեցուածք ունենալ Լիբանանի հայութեան հանդէպ: Անոնք յստակօրէն դիտել տուին թէ հակահայ արարքները չեն կրնար շարունակուիլ, եւ թէ` հայութիւնը անտէր չէ:
*
* *
Ազատական կուսակցութեան պետ Քամիլ Շամուն եւ որդին` Տանի Շամուն նոյեմբեր 6-ին հանդիպում ունեցան լիբանանահայ պատասխանատուներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին հայր եւ որդի Շամուններու ուշադրութեան յանձնուեցան հայաբնակ շրջաններէն ներս անդորրութիւնը խանգարող խռովարար եւ անիշխանական տարրերը հակակշռելու, ինչպէս նաեւ` հայահոծ թաղերու բնակչութեան հատուածներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւն հաստատելու հրամայական հարցերը:
*
* *
Հակահայ գրգռութեանց առիթով հայկական կուսակցութիւններու ուսանողական միութիւնները նոյեմբեր 7-ին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, ուր կ՛ըսուէր: «Գրգռիչ արարքները կու գան փաստելու թէ կը միտին հայերը մղել կռիւի մը, որ ելք չունի, եւ զանոնք դարձնել Լիբանանի տագնապին մասնակից կողմ: Բան մը, որ մեր ամբողջ ուժով կը մերժենք»:
Հաղորդագրութիւնը կը շեշտէր ըսելով. «Մեր քաղաքականութեան մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն մուտք գործած է անկախութենէն ասդին: Կը գործակցինք բոլոր անոնց հետ, որոնք համաձայն են մեր քաղաքական ուղղութեան, եւ կը մերժենք մեր քաղաքացիութեան եւ հայրենասիրութեան նկատմամբ որեւէ ամբաստանութիւն: Մենք լաւապէս գիտակից ենք մեր պարտաւորութեանց եւ պատասխանատուութիւններուն»:
Հաղորդագրութիւնը կ՛եզրափակէր ըսելով որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ եղած գրգռութիւնները ոչ մէկ ձեւով կրնան փոխել հայութեան կեցուածքը եւ վճռակամութիւնը:
*
* *
1978 հոկտեմբերի ռմբակոծումները անգամ մը եւս զօրաշարժի ենթարկեցին լիբանանահայ գաղութի բարեսիրական նպատակներ հետապնդող միութիւնները` Լիբանանահայ Օգնութեան խաչը, ՀԲԸՄ, Ճինիշեան յիշատակի ֆոնտը, Զուիցերիական հայասէրներու միութիւնը, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, Կաթողիկէ բարեսիրական մարմինը, Ազգային խորհուրդը եւ Գարակէօզեան հիմնարկութիւնը:
Սննդաբաշխումը եւ առողջապահական պէտքերու հայթայթումը եղան անմիջական ու գլխաւոր մտահոգութիւնները վերոյիշեալ միութիւններուն, որոնք հայկական բոլոր թաղերէն ներս դարձան մնայուն ներկայութիւն:
Ռմբակոծումներու աղէտէն ետք, ժողովուրդին անմիջական օժանդակութիւն հայթայթելու լծուած մարմինները աշխատեցան ամենայն փութաջանութեամբ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնութեան հասնելու համար բոլորին:
Ընկերային 17 կեդրոններ, Պուրճ Համուտէն մինչեւ Զալքա եւ Մար Մըխայէլէն մինչեւ Հայաշէն, գործի լծուեցան թաղային յանձնախումբերու գործակցութեամբ, իրագործելու համար նպաստաբախումի գործը: Այդ կեդրոններուն մէջ կը տեսնուէին բազմաթիւ ու բազմատեսակ պարագաներ: Մէկը անօթի էր, ուրիշ մը անտուն, երրորդ մը հագուելիք չունէր, չորրորդ մը անկողին չունէր, միւսը տեղ կ՛ուզէր, յաջորդը հիւանդանոց պէտք է երթար, անդին` որբուկ մը պէտք է տեղաւորուէր տեղ մը, քիչ հեռուն ծերուկ մը ծուարած էր եւ անտէր էր: Ողբերգութեան շարքը երկար էր եւ նպաստաբաշխումի կեդրոններէն ներս սրտաճմլիկ տեսարաններ կը պարզուէին:
Բարեսիրական կազմակերպութիւններու առջեւ ներկայացած գլխաւոր երկու հարցերն էին` սննդաբաշխում եւ անտունի դարձածներու տեղաւորում:
Սննդաբաշխումի թէ վերաշինութեան գծով տարուած աշխատանքները մեծագումար ծախսերու կը կարօտէին: Այս ուղղութեամբ յիշատակելի գործակցութիւն ցուցաբերեցին ուտեստեղէնի հայ առեւտրականները, որոնք իրենց մեծաքանակ թէ փոքրաքանակ պահեստները տրամադրեցին, պատասխանատուներուն հետ փոխադարձ հասկացողութեամբ:
Բարեսիրական միութիւնները որոշ գումար մը ներդրելով գոյացուցին 125 հազար լիբանանեան ոսկիի գումար մը, որուն վրայ աւելցաւ օտար բարեսիրական մարմիններէ ստացուած 37 հազար լիբանանեան ոսկիի նուէր մը: Այդ գումարը ամբողջութեամբ, 150 հազար ոսկիէն աւելի, տրամադրուեցաւ սննդաբաշխումի եւ այլազան նպաստներու: Նպաստաւորուած ընտանիքներուն թիւը հասաւ երկու հազարի:
Նշենք, որ կային մեծ թիւով ընտանիքներ, որոնք, հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն, չէին դիմեր որեւէ միութեան:
*
* *
1978 հոկտեմբերի ռմբակոծումներէն եւ այնուհետեւ հաստատուած զինադուլէն ետք ստեղծուած երկրի քաղաքական իրավիճակին շուրջ իր տեսակէտները յայտնելով եւ հայութեան կեցուածքը յստակացնելով «Ազդակ» 2 նոյեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Նոր հանգրուանը եւ մեր պարտաւորութիւնները, ի՛նչ կը հետապնդեն» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ լիբանանեան կացութեան մօտէն թէ հեռուէն շահագրգռուած պետութիւնները ոչ մէկ առիթ կը փախցնեն ընդգծելու համար որ Լիբանանի ողբերգութեան վերջակէտ կրնան դնել միայն իրենք` լիբանանցիները, ներքին հասկացողութեան ու փոխադարձ վստահութեան առաջնորդող քաղաքական համակեցութեան նոր ու կայուն տարազ մը գտնելով իրենց միջեւ:
«Ազդակ» կը նշէր ըսելով, որ լիբանանեան տագնապը կրնայ տեւաբար նկարագիր փոխել, զինակցութիւնները կրնան մէկ օրէն միւսը հիմնովին շրջուիլ, բայց լիբանանեան հորիզոնը կրակի տուող ուժերը կը մնան նոյն զինեալ կազմակերպութիւնները:
«Տագնապի լուծման քաղաքական որեւէ տարազ այս ուժերուն կողմէ կ՛ընդունուի միայն մէկ պայմանով. պատերազմի ճամբով նուիրագործուած իրենց իրողական կշիռը պէտք է ստանայ օրինական ուժի իրաւունք», կը շեշտէր «Ազդակ», նկատելով որ Լիբանան պէտք է վերադառնայ իր ամբողջականութեան, ազգային միութեան եւ պետական գերիշխանութեան, որոնք կրնան յարգուիլ օրինական ուժեղ իշխանութեամբ մը միայն:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ հայութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ այդ հանգրուանին, որովհետեւ օրինականութեան կողքին կանգնելու քաղաքացիական իր կեցուածքը թիրախ պիտի ծառայէ անիշխանական գրգռութեանց, օրինականութեան դէմ ճակատող ուժերը անպայման պիտի փորձեն հարուածել այն հաւաքականութիւնները, որոնց օրինապահութիւնը կը հանդիսանայ սահմանադրական իշխանութեանց ամէնէն զօրաւոր կռուաններէն մէկը:
Իսկ 6 նոյեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Որպէսզի օրինակ դառնանք» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր, որ Լիբանանի եւ հայութեան միջեւ ստեղծուած է հարազատութեան խորունկ կապ մը, որ քաղաքացիական պարզ պատկանելիութենէն շատ անդին կ՛անցնի եւ իր տեսակին մէջ աննախընթաց փորձառութիւն մը կը խորհրդանշէ ամբողջ մարդկութեան համար:
«Մենք շարունակ կը մերժենք պատերազմի ամէն տրամաբանութիւն: Չուզեցինք եւ պիտի չուզենք կողմ ըլլալ, որովհետեւ կը մերժենք հայրենիքին ամբողջականութիւնն ու ազգային միութիւնը հարցականի տակ առնող որեւէ կողմ, որքան ալ արդար նպատակներ հետապնդէ ատիկա», կը շեշտէր «Ազդակ», նշելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կողմեր կրնան ըմբռնելի դառնալ այն ատեն միայն, երբ հակասութիւնները հաշտեցնող փոխադարձ հանդուրժողութեան սկզբունքը անխախտ կը պահուի:
Լիբանանին տուած ենք ամէն բան եւ պարտաւոր ենք նուիրաբերելու, որովհետեւ զայն ըմբռնած ենք իբրեւ տարբեր կռուաններու վրայ խարսխուած մարդկային եզակի ներդաշնակութեան մը տիպար հայրենիքը, կ՛ընդգծէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.
«Լիբանանեան տագնապի այս բախտորոշ հանգրուանին մեր ժողովուրդը առաւել պատճառներ ունի իր տասնամեակներու ուղեգիծին կառչած մնալու, Լիբանանը հաւասարապէս ե՛ւ քրիստոնեային ե՛ւ մահմետականին, ե՛ւ աջին ե՛ւ ձախին հարազատ հայրենիքը նկատելու, այդ ճամբուն վրայ ամէն գրգռութիւն ի սկզբանէ վիժած նկատելով, որպէսզի Լիբանանի հանդէպ մեր անխախտ հաւատքը այս անգամ եւս օրինակ դառնայ բոլոր թերահաւատներուն»:
*
* *
Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան օժանդակելու համար կոչ ուղղեց համայն հայութեան: Վեհափառը հայրական սիրոյ եւ խաղաղութեան իր խօսքը ուղղեց Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն, որոնք բոլորն ալ անմեղ զոհերը դարձած էին ներքին հակամարտութիւններու:
Վեհափառը հրաւէր ուղղեց Հայաստանի եւ սփիւռքի եկեղեցիներուն եւ համայն հայ հաւատացեալ ժողովուրդին, որ շուտով օգնութեան փութան իրենց հաւատակից եղբայրներուն եւ քոյրերուն ի Լիբանան, ամոքելու համար անոնց վէրքերը, ապահովելու` անոնց կեանքի տարրական կարիքները, վերաշինելու` անոնց աղօթքի տուներն ու դպրոցները եւ վերակառուցանելու` անոնց բնակավայրերը: