Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երիտասարդ Նորագիրներ Համալրեցին ՀՅԴ Հայաստանի Կառոյցի Շարքերը Կիրակի, 30 յունիսին, Եռաբլուրի մէջ 6 նորագիրներ դաշնակցականի երդում տալով` համալրեցին կուսակցութեան շարքերը: «ՀՅԴ-ի շարքերուն կը միանաք ծանր ժամանակներու ընթացքին, երբ երիտասարդները կը խուսափին կուսակցական դառնալէ, կը խուսափին տարատեսակ պիտակաւորումներէ, կը նախընտրեն ապրել իրենց կեանքը` հանգիստ, առանց մտահոգուելու կամ ներգրաւուելու համընդհանուր ու ամէն հարցէ վեր այս հոգերուն մէջ: Ձեր կամքի դրսեւորումը,...




















