Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 15, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ռուբէն Վարդանեան Ուղերձ Յղեց
Պաքուի Բանտէն

Գրեթէ 8 ամիս արտաքին աշխարհէն ամբողջովին մեկուսացուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հաստատեց, որ չի զղջար ընտրած ճամբուն համար:

Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտը, ամուսնոյն կողմէ Պաքուի բանտէն յղուած նամակը կարդաց «Օրորա 2024» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ:

«Հիմա, աւելի քան երբեւէ, համոզուած եմ, որ արժէքներն ու սկզբունքները աւելի կարեւոր են, քան` նոյնիսկ կեանքը», ըսաւ Վարդանեան` ներկայացնելով պատմութիւնը, թէ «Օրորան» ինչպէս ծնունդ առաւ` «Գիտակցումէ, որ պէտք է երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օգնած են մեր պապերուն, տատերուն եւ փրկած են կեանքեր»:

Ըստ Վարդանեանի, իրենք կ՛ուզէին փոխել հայկական մօտեցումը եւ զոհի կերպարը` անցեալի յիշողութենէն դէպի ապագայի յոյսերուն նայելով:

«Մենք կ՛երազէինք, որ Երեւանը դառնայ աշխարհի մարդասիրական մայրաքաղաքը եւ միաւորուէինք` Ցեղասպանութեան պատճառով ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած հայկական սփիւռքին հետ` դառնալով միասնական ազգ», նշեց ան:

Ըստ Վարդանեանի, «Օրորա»-ին շնորհիւ հանդիպած է մարդոց, որոնք սորվեցուցած են կարեւորագոյն դասը` հաւատարիմ մնալ մարդկային արժէքներուն եւ սեփական սկզբունքներուն` անկախ իրավիճակէն, եւ քալել ուրոյն ճամբով:

Վարդանեան շեշտեց, որ Արցախ տեղափոխուելու որոշում տուաւ «Օրորա»-ի հերոսներուն շնորհիւ որոշելով ըլլալ կողքին այն մարդոց, որոնք օգնութեան կարիքը ունէին:

Բարերարը վստահեցուց «Օրորա»-ի հերոսներուն, որ ուրիշներուն օգնելու անոնց յանձնառութիւնը իրեն ուժ կու տայ նաեւ այսօր` Պաքուի բանտին մէջ:

«Եւ թող սէրն ու արժէքները յաղթեն: Եւ թող մենք բոլորս տանք աւելին, քան երբեւէ կրնանք յուսալ, որ կը ստանանք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իրականութեան մէջ կրնայ շատ բան փոխել», եզրափակեց Վարդանեան:

Ազրպէյճանի Բարբարոս Ղեկավարութիւնը Հիմնայատակ
Կործանած Է Բերձորի Սուրբ Համբարձում Եկեղեցին

Լուսանկարը կը մերկացնէ պատահածը: Ազրպէյճանի ցեղասպան եւ մշակութակործան ղեկավարութիւնը հիմնայատակ ըրած է Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կու տայ «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող» հիմնադրամը:

Յիշեցնենք, որ այս նորակառոյց եկեղեցւոյ հիմը դրուած էր 1996-ին: Գմբէթաւոր յօրինուածքով, սրբատաշ պազալթով կառուցուած եկեղեցւոյ շինութիւնը աւարտած էր երկու տարի ետք եւ օծուած էր 31 մայիս 1998-ին:

Այսօր Շատերու Կողմէ Մշակոյթին Կարեւորութիւն Չի Տրուիր,
Այսօրուան Քաղաքական Միջավայրին Մէջ
Կը Զգանք Տարբեր Հարցեր. Սերգէյ Խաչատրեան

«Եթէ ազգը կ՛ուզէ գոյատեւել, յատկապէս` հայ ազգը, որուն համար ամէնէն կարեւոր արժէքը մշակոյթն է, պէտք է կարեւոր նկատել մշակոյթը, որովհետեւ այդ եղած է մեր զէնքը, գոյատեւելու աղբիւրը», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը:

Ան ցաւով նշած է, որ այսօր շատերու կողմէ մշակոյթը կարեւոր չի նկատուիր, այսօրուան քաղաքական միջավայրին մէջ կը զգամ, որ տարբեր հարցեր կան:

«Երաժշտանոցը տեղափոխել, փակել: Չենք հասկնար, թէ որքա՛ն կարեւոր է այն հանգամանքը, որ երաժշտանոցը քաղաքի կեդրոնն է: Ինծի կը թուի, թէ այդ երիտասարդ անցորդին համար, որ  նոյնիսկ կրնայ երաժշտութեան հետ կապ չունենալ, կը ստեղծէ մթնոլորտ մը, մշակութային օճախները, թանգարանները կ՛ազդեն երիտասարդներու մտածողութեան վրայ», շեշտեց ջութակահարը:

Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբին հետ, ղեկավարութեամբ Էդուարդ Թոփչեանի,  շրջագայութեամբ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մարզերուն մէջ: Շրջագայութիւնը սկսաւ մայիս 13-ին, Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնէն եւ պիտի շարունակուի մայիս 15-ին` Մեղրիի Մարզամշակութային կեդրոնին, մայիս 16-ին` Կապանի համայնքապետարանի մշակոյթի մեծ դահլիճին մէջ: Շրջագայութիւնը պիտի եզրափակուի մայիս 17-ին` Գորիսի Վաղարշեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ կայանալիք նուագահանդէսով: Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբէն կը յայտնեն, որ ծրագրին մէջ պիտի հնչէ Արամ Խաչատրեանի «Ջութակի նուագահանդէս»-ը, հատուածներ «Սպարտակ» պալէէն եւ «Դիմակահանդէս» տրամայի երաժշտութենէն:

«Համերգներու առումով, Երեւանը բաւականին աշխուժ է, նշանաւոր անուններ կու գան, որ ողջունելի է: Կը հասկնանք, որ բոլոր միջազգային անունները, որոնք կու գան, դժուար թէ երթան Մեղրի, Կապան, միւս քաղաքներ, որոնք պայմաններու բերումով թերեւս հետաքրքրական չթուին իրենց համար, այդ պատճառով աւելի կարեւոր կը դառնայ հայ երաժիշտներու  առաքելութիւնը», նշեց Ս. Խաչատրեան:

Ան նշած է` կարեւոր է մշակութային կեանքը առաւել բուռն դարձնել Հայաստանի միւս քաղաքներուն մէջ եւս:

«Ինչո՞ւ կ՛ուզեմ անպայման երթալ Հայաստանի հարաւային շրջանները: Կապուած Արցախի մէջ կատարուածին հետ` այդ քաղաքները կարծես առաջին գիծ էին, մարդիկ այնտեղ բաւականին դժուար ժամանակներ կ՛ապրին:

«Այս է պատճառը, որ անպայման կ՛ուզէի երթալ, նուագել  այնտեղ: Ուրախ եմ, որ սենեկային նուագախումբը, Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ, համաձայնեցաւ եւ ողջունեց գաղափարս», ըսաւ ջութակահարը:

Անդրադառնալով տեսակէտներուն, թէ այս ժամանակահատուածին մէջ ի՞նչ նուագահանդէս, մարդիկ տրամադրութիւն չունին, Սերգէյ Խաչատրեան ըսաւ. «Ինչ վերաբերում է դասական երաժշտութեանը, այդ աւելի շուտ կ՛օգնէ  մարդոց, թերեւս այդ ընթացքին  ինչ-որ չափով պահ մը կրնան դուրս գալ այդ ամբողջ իրավիճակէն, որուն մէջ այսօր բոլորս կ՛ապրինք:

«Կը հասկնամ, որ Հայաստանի ապագան մեծ առումով չէ փոխուած, բայց, ամէն պարագայի, ինծի կը թուի, թէ պէտք է ընել»:

«Եւրոտեսիլ-2024»-ին Հայաստան
Գրաւեց 8-րդ Դիրքը

«Եւրոտեսիլ-2024» երգի միջազգային մրցոյթին առաջնութիւնը նուաճեց Զուիցերիոյ ներկայացուցիչ Նեմոն` «The Code» երգով: Ազգային դատական կազմերու եւ հեռուստադիտողներու քուէարկութեան ընդհանուր արդիւնքներով Զուիցերիան առաջին յայտարարուեցաւ 591 միաւորով:

Երկրորդ հորիզոնականը գրաւեց Խրուաթիան, իսկ 3-րդը` Ուքրանիան:

Հայաստան գրաւեց 8-րդ հորիզոնականը` 183 միաւորով, իսկ Հայաստանի ներկայացուցիչ «Լատանիվա»-ն եւ իր խումբը  մրցոյթին մասնակցեցան «Jako» երգով:

Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Դարձաւ
Եւրոպական Շարժանկարի Ակադեմիայի Անդամ

«Թեւանիկ», «Վերջին բնակիչը», «Դրախտի դարպասը» եւ շարք մը այլ ժապաւէններու հեղինակ Ջիւան Աւետիսեան դարձաւ Եւրոպական շարժանկարի ակադեմիայի անդամ: Այս մասին Ջ. Աւետիսեան յայտնեց Դիմատետրի իր անձնական էջին մէջ արձանագրած գրառումով:

«Ինծի համար իսկապէս մեծ պատիւ է դառնալ Եւրոպական շարժանկարի ակադեմիայի անդամ: Այս տարիները շարունակ եւ անդադար աշխատանքի, հայրենիքիս, ընտանիքիս ու աշխատանքի նկատմամբ ունեցած պատասխանատուութեան զգացումի ուղղակի արդիւնքն է: Իբրեւ բեմադրիչ` գլխաւոր միտումս եղած է պատմել հայրենիքիս մասին, ներկայացնել Արցախն ու Հայաստանը եւ օգնել հայկական շարժանկարի յառաջխաղացման ամբողջ աշխարհին մէջ», նշեց ան:

Ջ. Աւետիսեան ընդգծեց, որ կ՛աշխատի շարք մը շարժանկարներու նախագիծներու վրայ, որոնցմով նպատակ ունի հարթելու իր հետագայ ուղին դէպի աւելի մեծ ձեռքբերումներ, որովհետեւ շատ աւելին պէտք է ընել աշխարհին մէջ էական փոփոխութիւններու հասնելու համար:

«Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Մէջ Կայացաւ
Երկխօսութիւն` «Ճամբորդական Նոթեր 1915-ին…
Յովհաննէս Թումանեան» Նիւթով

«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Անի Եղիազարեանի եւ պատմաբան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեանի երկխօսութիւնը` «Ճամբորդական նոթեր 1915-ին… Յովհաննէս Թումանեան» նիւթով:

1915 թուականի յունիսին Թումանեան պաշտօնական յանձնարարութեամբ գնաց Վան: Այս անգամ անոր ճամբորդութիւնը կ՛անցնէր Իգդիրէն Պայազետ, Բերկրի, Վան, ապա` կրկին Իգդիր: Այս Թումանեանի երկրորդ ուղեւորութիւնն էր արհաւիրքի ճամբաներով:

Նիւթը քննարկման ընթացքին Հայկ Դեմոյեանի անձնական հաւաքածուէն ցուցադրուեցան շարք մը լուսանկարներ:

Անդրադարձ` Սիւնիքի Մարզի Բանահիւսական
Ժառանգութեան Պահպանման Հարցին

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան մայիս 10-ին ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջազգային փորձագէտ, Թեհրանի Շահիտ Պեհեշթի համալսարանի իրաւագիտութեան փրոֆեսէօր Ժանեթ Պլէյքընը: Հանդիպումը նուիրուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աջակցութեամբ իրականացուած «Հայաստանի Սիւնիքի մարզի բանահիւսական ժառանգութեան համայնքահեն գոյքագրումը, փաստաթղթաւորումը եւ պահպանումը» վերնագրով դիմումնագրին ամփոփման:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան վարչութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ զարգացման բաժինի նախագահ Գառնիկ Մոմճեանը, նոյն բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Նայիրա Կիլիչեանը, Գիտութեան ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Արսէն Բոբոխեանը, հիմնարկի բանահիւսութեան թեքսթաբանութեան բաժինի վարիչ Թամար Հայրապետեանը, նոյն բաժինի գիտաշխատող Գոհար Մելիքեանը:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան ողջունեց հիւրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագրին ծիրին մէջ միացեալ աշխատանքներու իրականացման համար: Նախարարի տեղակալը անդրադարձաւ ծրագրի իրականացման կարեւորութեան եւ կառոյցին հետ համագործակցութեան:

«Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը անչափ կարեւոր նկատեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ միասին աշխատանքներն ու համագործակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ պէտք է նշեմ, որ բազմաթիւ միացեալ նախագիծներ պիտի իրականացնենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանիին տակ եւ յոյսով ենք, որ այս ծրագրին ամփոփումը նոր նախագիծներու իրականացման եւ փոխգործակցութեան շարունակականութեան հիմք կը հանդիսանայ», նշեց նախարարին տեղակալը` ընդգծելով նաեւ Իրանի գործընկերներու հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Կողմերը հանգամանօրէն անդրադարձան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աջակցութեամբ իրականացուած «Հայաստանի Սիւնիքի մարզի բանահիւսական ժառանգութեան համայնքահեն գոյքագրումը, փաստաթղթաւորումը եւ պահպանումը» ծրագրին, դիմումնագրի շրջանակի մէջ իրականացուած դաշտային հետազօտական աշխատանքներուն, Սիւնիքի մարզի համայնքներուն մէջ բանահիւսական նիւթերու արձանագրման, մարզի կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպումներու եւ տեղեկատուական աշխատաժողովներու կազմակերպման առնչուող հարցերուն:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջազգային փորձագէտ, Թեհրանի Շահիտ Պեհեշթի համալսարանի իրաւագիտութեան փրոֆեսէօր Ժանեթ Պլէյքը բարձր գնահատած է ծրագրի իրականացումը եւ այն ցուցանիշները, որոնք կ՛արտացոլացնեն ծրագրի արդիւնաւէտութիւնը` ներառելով Հայաստանի Սիւնիքի մարզի համայնքներու, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան կրողներու ներգրաւուածութիւնն ու մասնակցութիւնը:

2022 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» հռչակագիրի հիմնադրամէն միջազգային աջակցութիւն անուանակարգով Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրուած է դրամաշնորհ` 74 հազար 855 տոլար «Հայաստանի Սիւնիքի մարզի բանահիւսական ժառանգութեան համայնքահեն գոյքագրումը, փաստաթղթաւորումը եւ պահպանումը» վերնագրով դիմումնագրի ծիրին մէջ երկու տարի ժամկէտով ծրագիր իրականացնելու համար: Դիմումնագիրը պատրաստուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան խորհրդատուական աջակցութեամբ:

Դիմումնագրի նպատակն էր գոյքագրել, պահպանել եւ խթանել Հայաստանի Սիւնիքի մարզի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը` իբրեւ տարածաշրջանի տեղական առանձնայատկութիւններու եւ ինքնութեան դրսեւորում, որովհետեւ տակաւին այն կենսունակ է եւ կը շրջանառուի ժողովրդական հեքիաթներու, առասպելներու, աւանդոյթներու, ասացուածքներու, ծիսական երգերու եւ այլ ձեւերով: Ներկայիս անհրաժեշտութիւն է այս բոլորին արձանագրումը` կապուած սերնդափոխութեան եւ ժառանգութեան փոխանցման ապահովման հետ:

Փարաջանովի Շունչը` Գիւմրիի
Սերգէյ Մերկուրովի
Տուն–Թանգարանի Յարկին Տակ

Գիւմրիի Սերգէյ Մերկուրովի տուն-թանգարանի յարկին տակ 11 մայիսին սկսաւ գործելու  «Փարաջանով 100» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսը: Այս նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուած է Փարաջանովի եւ Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարաններուն կողմէ միասնաբար, նուիրուած  է Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեակին:

«Միասին ցուցահանդէս կազմակերպելու գաղափարը յղացուած էր մէկ տարի առաջ, որ հանգամանքներու բերումով կարելի դարձաւ իրագործել այս տարի` բեմադրիչին 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջանակներուն մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ այս տարուան սեպտեմբերը», նշեց Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարաններու տնօրէն Անի Նազարեանը` տեղեկացնելով, որ ներկայացուած են Փարաջանովի անձնական լուսանկարներէն, լուսանկարներ` ժապաւէններէ, ինչպէս նաեւ` ժապաւէններու հագուստներու էսքիզներ:

Մինչեւ սեպտեմբեր Գիւմրիի մէջ ապրող արուեստասէր հանրութեան եւ քաղաքի հիւրերուն կարելիութիւն պիտի ընձեռուի լուսանկարներու միջոցով վայելելու բեմադրիչին ստեղծագործութիւններն  ու ծանօթանալ անոր առօրեային:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Համազասպի Հրամանատարութեամբ` Ասկերանի Փայլուն Յաղթանակը, Ադիգէոզալ Բէկի Ջախջախումը Եւ Թաթարներուն Կոտորածը

Յաջորդը

Ծննդեան 70-Ամեակ Պետրոս Հերեանի (ԻԹ.) Միւս Պետիկը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?