Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գորիսի Մէջ` Համազգայինի Հրատարակութիւններու Շնորհահանդէս
Մեծն Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Գիրք նուիրելու օրուան զոյգ առիթներով, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակը Սիւնիքի մարզի Գորիս համայնքին մէջ նախաձեռնեց Համազգայինի հրատարակութիւններու շնորհահանդէսի մը:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Գորիսի պետական համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ:
Ներկաները ծանօթացան Համազգային աշխարհասփիւռ կառոյցի գործունէութեան, նաեւ` Հայաստանի ու Արցախի գրասենեակներուն կողմէ հրատարակուած գիրքերուն:
Խօսքեր արտասանեցին` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, գրականագէտ Նանար Սիմոնեան, Սիւնիքի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Մհեր Քումունց:
Աւարտին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը մասնակցողներուն նուիրեց գիրքեր:
Պռօշեանի «Զօրաց» Պանթէոնին Մէջ Կայացաւ Խոստման Եւ Երդման Արարողութիւն
Փետրուար 24-ին Պռօշեանի «Զօրաց» պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնած խոստման եւ երդման արարողութիւնը:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը, նախագահ Աշոտ Սիմոնեանը, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Հայաստանի մարզերէն եկած համակիրներ, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամներ:
«Ըլլալ ազգասէր հայու օրինակ». այս խոստումով շուրջ 60 երիտասարդներ անդամակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան, եւ շուրջ 10 երիտասարդներ համալրեցին ՀՅԴ շարքերը: Անոնք խոստացան. «… Պէտք եղած պարագային կեանքի գնով ծառայել հայրենիքին…»:
Խոստման եւ երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմի հերոս Պետրոս Ղեւոնդեանի (Պետոյի) շիրիմին մօտ: Կնքահայրը ՀՅԴ անդամ Սիմոն Սիմոնեանն էր:
«Կ՛ապրինք դժուար ժամանակներ: Մեր տեսակը, ձեր տեսակը պարտուած է, բայց` ժամանակաւոր: Կը պարտուինք այն ժամանակ, երբ դադրինք պայքարելէ: Պայքարը պէտք է շարունակուի մինչեւ վերջնական յաղթանակ», իր խօսքին մէջ նշեց ան:
«Հայրենիք–Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» Եռահատորեակի Շնորհահանդէսը
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կեդրոնական շէնքին մէջ փետրուար 20-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի հիմնադիր նախարար, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» (2008-2018) եռահատորեակին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախկին աշխատակիցներ եւ այլ հիւրեր:
Շնորհահանդէսը սկսաւ Արարատեան հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» խումբի Հայաստանի պետական օրհներգի մեկնաբանութեամբ: Տէրունական աղօթքէն ետք Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը արտասանեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ եւ Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի ղեկավար Անուշաւան եպս. ժամկոչեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մարդասիրական բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ապա յաջորդեցին` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Լեզուի հիմնարկի տնօրէն, դոկտոր Վիկտոր Կատուալեանի, Երեւանի պետական համալսարանի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ, դոկտոր, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեանի, «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոնի» նախագահ, բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանի, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախկին աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի, Գաւառի պետական համալսարանի ղեկավար, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր Ռուզաննա Յակոբեանի եւ ուրիշներու խօսքերը:
Բանախօսները ընդգծեցին աշխատութեան պատմական գիտական կարեւորութիւնը, Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու` քաղաքական, ազգային, բարոյական, պատմական, հոգեւոր-մշակութային շերտերու միասնական վերհանումը, ինչպէս նաեւ` համաշխարհայնացման մարտահրաւէրներու պայմաններուն համայն հայութեան գերակայ հարցերուն, համահայկական օրակարգի ձեւակերպումը, որոնց նպատակը 10 միլիոն հայերու ներուժով հայրենիքի առջեւ ծառացած տարածաշրջանային եւ ներքին հիմնահարցերու լուծումն է:
Շնորհահանդէսի աւարտին ողջունելով հիւրերը` Հրանուշ Յակոբեան ընդգծեց, որ այս եռահատորեակը նախատեսուած է` հասարակական-քաղաքական գործիչներու, համայնքային ղեկավարներու, սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ընթերցողներու լայն շրջանակի համար, եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա կրնայ օգտակար ըլլալ սփիւռքագէտներու, պատմաբաններու, հետազօտողներու համար: Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքեան համահայկական, եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն, համայնքային գործիչներուն, անհատներուն սերտ գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ նախարարութեան բոլոր աշխատակիցներուն` իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:
Աւելցնենք, որ «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» (2008-2018) եռահատորեակին մէջ ամփոփուած են ե՛ւ սփիւռքի ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ե՛ւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ հեղինակին ունեցած մօտաւորապէս տասը տարիներու հիմնական հրապարակային խօսքերը, զեկուցումները` նուիրուած Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, պետական քաղաքականութեան տարբեր հարցերուն:
Օհանաւանի Մէջ Յայտնաբերուած Է Միջնադարեան Ժայռափոր Դամբարան Մը
Օհանաւանի տարածքին` Քասախի կիրճին մէջ, բնակիչներէն մէկը իր հողին վրայ աշխատելու պահուն յայտնաբերած է միջնադարեան ժայռափոր դամբարան մը: Լուրը կը հաղորդէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:
«Պատմական մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան» կազմակերպութեան Արագածոտնի մարզային ծառայութեան կողմէ դէպքը արձանագրուած եւ աշխատանքները դադրեցուած են: Քննարկուած է յայտնաբերուած հնագիտական առարկաները պետութեան յանձնելու եւ հրատապ պեղումներու անհրաժեշտութիւնը: Յառաջիկային նոր յայտնաբերուած դամբարանը պիտի վկայագրուի եւ ստանայ նաեւ նորայայտ յուշարձանի կարգավիճակ», նշուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Արցախաբնակ Եւ Հայաստանաբնակ Մեր Քոյրերն Ու Եղբայրները Միաձուլուած Են Մայր Հայաստանի Մէջ». Արցախի Թեմ
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով յղեց հետեւեալ ուղերձը.
«36 տարի առաջ Արցախը ոտքի ելաւ` պաշտպանելու իր ինքնորոշման իրաւունքը: Ամբողջ ժողովուրդին յամառ պայքարի հիմքը կը հանդիսանար միակամութեան արժէքի գիտակցումը, եւ ամէն ոք խորապէս կը հասկնար անհատական ներդրումի կարեւորութիւնը:
«Ցաւօք, յաղթանակով ամրագրուած խաղաղ օրերը տարիներ անց կրկին խաթարուեցան. պատերազմ, շրջափակում եւ հայաթափում: Արցախի ժողովուրդը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ հայրենիքը վեր է ամէն ինչէ, երբ շրջափակման օրերուն կրելով բազմաթիւ զրկանքներ, այնուամենայնիւ, չյանձնուեցաւ եւ շարունակեց կառչած մնալ իր հողին: Այս ալ իր կարգին իւրօրինակ պայքարի դրսեւորում էր:
«Այսօր, հակառակ ցաւալի հանգամանքներուն, կրնանք համարել, որ կայացած է «միացում»-ը: Այժմ արցախաբնակ ու հայաստանաբնակ մեր քոյրերն ու եղբայրները միաձուլուած են մայր Հայաստանի մէջ: Շատ կարեւոր է իմաստուն եւ արդիւնաւէտ կերպով օգտագործել այս հանգամանքը` ոգեշնչուելով մեր նախնիներու օրինակով: Այն կրնայ դառնալ ազգային վերածնունդի վճռորոշ նախապայման:
«Սիրելինե՛ր, այս նշանակալից օրը մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Տէրը իմաստութիւն եւ արթնութիւն տայ բոլորիս մտքերուն, որպէսզի ամէն հայ իր անձնական հարցերուն զուգահեռ` կարեւորութիւն տայ նաեւ ազգային հարցերուն` գիտակցելով վերջինիս վեհ գաղափարը»:
Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Հերթական Զոհերը Ստեփանակերտի «Անդրանիկ» Փողոցին Մէջ Տեղադրուած Քանդակներն Են Եւ Քարվաճառի Ծար Գիւղի Սուրբ Սարգիս Ու Սուրբ Գրիգոր Եկեղեցիները
Ազրպէյճանը բռնագրաւուած բնակավայրերու մէջ կը շարունակէ պետական մակարդակով վարել անհանդուժողական քաղաքականութիւն` հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ:
«Ամէնօրեայ պարբերականութեամբ բազմաթիւ փաստեր կ՛արձանագրենք` բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան առնչութեամբ: «Հայքի մշակոյթ»-ի մարդու իրաւունքներու գրասենեակի գործընկեր Մխիթար Կարապետեան հերթական անգամ ահազանգեց, որ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ազրպէյճանցի զաւթիչներուն կողմէ հրապարակած տեսանիւթին մէջ վանտալիզմի հետքեր կը նկատեն»:
Խօսքը Էլմին Պայրամլիի կողմէ 13 փետրուար 2024-ին Եութիւպի վրայ հրապարակած տեսանիւթի մասին է: Մեր գրասենեակին կողմէ կատարելով տեսանիւթի ուսումնասիրութիւն` ակնյայտ դարձաւ, որ այս անգամ Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան հերթական զոհը դարձան Ստեփանակերտի «Անդրանիկ» փողոցին մէջ տեղադրուած քանդակները:
Այս բոլորը անգամ մը եւս կը վկայեն այն մասին, որ Ազրպէյճան պետական մակարդակով կ՛ոչնչացնէ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը:
Վերջերս համացանցի վրայ յայտնուած է ազրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուող մշակութային վանտալիզմի հերթական փաստը ապացուցող այլ հրապարակում մըն ալ: Այս մասին յայտնեցին «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն»-էն:
Ըստ այդ հրապարակման, Քարվաճառի շրջանի Ծար գիւղի Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներու տարածքին (նիւթի աղբիւրին մէջ վերջիններս ներկայացուած են իբրեւ աղուանական) պիտի իրականացուին պարսպապատման եւ վերանորոգման աշխատանքներ:
Լուսանկարներէն հասկնալի կը դառնայ, որ եկեղեցւոյ տարածքին արդէն իսկ սկսած են շինարարական աշխատանքները. հանուած են Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ խաչը, արձանագիր քարերէն մէկը, եկեղեցւոյ տարածքէն կը բացակային նաեւ խաչքարերու բեկորները:
Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ տարածքին քանդուած են նաեւ մինչեւ 1993 թուականը տեղի թրքացած քիւրտ ընտանիքի մը կողմէ կատարուած կցակառուցումները:
«Նիկոլ Աղբալեան» Մրցանակ` Փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանին
Հայաստանի Գրողներու միութեան ամէնամեայ «Նիկոլ Աղբալեան» մրցանակը գրականագիտութեան ոլորտին մէջ շնորհուած է ՀՊՄՀ փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանին:
Մրցանակը տրուած է ՀՊՄՀ հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչի պաշտօնակատար, «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանին` «Օշականի ստեղծագործական հիմնախնդիրները. մեկնութիւն եւ մանրուքներ» գիրքին համար:
Փրոֆեսէօր Դանիէլեանին գիրքը լոյս տեսաւ վերջերս եւ նուիրուած է Յակոբ Օշականի ծննդեան 140-ամեակին:
Աւելի վաղ, գիրքի շնորհահանդէսին Սուրէն Դանիէլեան նշած էր. «Չափազանց դժուար է երկխօսութիւն ձեւաւորելը սերունդներու, գրական աշխարհներու եւ մարդոց միջեւ: Օշական բացած է իր առջեւ գրականութեան նշանակութիւնը` իբրեւ գերխնդիր, իբրեւ ճանաչողութիւն: Ան իսկապէս փոխեց մեր պատկերացումներուն աւանդական կարգը: Այսօր զայն ճանչնալու համար պարզապէս պէտք է կարդալ»: