Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Կայացաւ «Պատուոյ Արահետ» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ներկայացումը
«Մոսկուա» թատերասրահին մէջ կայացաւ բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեանի «Պատուոյ արահետ» շարժապատումին անդրանիկ ներկայացումը` նուիրուած արցախեան երեք պատերազմներու մասնակից, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» երկրորդ եւ առաջին աստիճանի ասպետ, գնդապետ Նորայր Ասլանեանի մարտական ուղիին եւ բացառիկ սխրանքներուն:
«Գնդապետ Նորայր Ասլանեանի մասին, անկասկած, կարելի է խօսիլ երկար եւ տեւականօրէն, բայց այս պարագային ընդամէնը երկու բան կրնամ ըսել` Նորայր Ասլանեան այլեւս տեսակ է: Դժբախտաբար մենք քիչ մը խառնակ ժամանակներ կ՛ապրինք, երբ որոշ մարդիկ անհասկնալի կամ թերեւս հասկնալի վարքագիծի մեջ են` մասնաւորապէս տրոհելու, քայքայելու, փոշիացնելու, ոչնչացնելու մեր մշակոյթը, գիտութիւնը: Եւ հալածանքի առարկայ կը դարձնեն մարդիկ զորս չեն կրնար կոտրել: Այն հայու մարտնչող, պայքարող, արիածին տեսակն է: Այդ թիւին մաս կը կազմէ գնդապետ Ասլանեանը: Ես կը կարծեմ, որ ճիշդ այդ պատգամը, ըսելիքը ունինք` պէտք է պաշտպանենք մեր արժէքները: Փորձենք ներկայացնել մարդ մը, որ պարզապէս առասպելական հրամանատար է, պարզապէս` հերոս», իր խօսքին մէջ նշեց Սամուէլ Թադեւոսեան:
Լոյս Տեսաւ Ազգային–Ազատագրական Պայքարի Նուիրեալ, Պետական Գործիչ Զաքար Եոլեանի Յուշերու Ժողովածուն
Վերջերս լոյս տեսաւ Աղասի Ազիզեանի եւ Աշոտ Սիմոնեանի կազմած ազգային-ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչ, նուիրեալ դաշնակցական Զաքար Եոլեանի «Անցեալի յուշեր» յուշագրութիւններու մեծածաւալ ժողովածոն: Գիրքը կը ներառէ անոր մամուլին մէջ տպագրած յօդուածները:
Լեռնահայաստանի յայտնի գործիչին յօդուածները լոյս տեսած են Թիֆլիսի «Ժամանակ», Պաքուի «Արեւ» եւ «Գրոհ», Գորիսի «Սիւնիք», իսկ Իրան փոխադրուելէ ետք Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթերուն մէջ, նաեւ` Պոսթընի «Հայրենիք», ՀՅԴ օրկան «Դրօշակ», ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ ժամանակին լոյս տեսնող «Յեղափոխական ալպոմ» պարբերաթերթերուն մէջ:
Նոր հրատարակուած գիրքին նիւթերը դասաւորուած են` ըստ բովանդակութեան եւ տպագրուած` թուականի ժամանակագրութեամբ: Հետաքրքրական է, որ Եոլեան որոշ յուշերու մէջ իր մասին խօսած է երրորդ դէմքով: Ասոր վառ օրինակներէն են` Սահակ Տէր Գաբրիէլեանի հետ հանդիպման պատմութիւնը կամ Դրոյի հետ անոր ճամբորդութիւնը դէպի Երեւան:
Ստորեւ ամփոփ կերպով կը ներկայացնենք գիրքին մէջ տեղ գտած Զ. Եոլեանի համառօտ կենսագրութիւնը, որ 1992 թուականին կազմած է իր որդին` Աշոտ Եոլեանը.
Զաքար Եոլեան ծնած է 17 յունիս 1882-ին, Զանգեզուրի Գորիս քաղաքը: Տարագրուած է Պարսկաստան 10 յուլիս 1921-ին: Տեղափոխուած է Թեհրան 1946-ին:
Տարրական դպրոցը աւարտելէ ետք, 1898 թուականի աշնան ան կը հեռանայ իր ծննդավայր Գորիսէն եւ կ՛երթայ Պաքու, ուր իր բարեկամներուն աջակցութեամբ կը զբաղի գրագիրի պաշտօնով:
Շուրջ երկու տարի գիշեր-ցերեկ եռանդուն աշխատանքի շնորհիւ կը նշանակուի պահեստապետ: Ան կը կարողանայ թերթեր եւ գիրքեր գնել ու կը նուիրուի ընթերցանութեան, ի մասնաւորի` միջազգային քաղաքական կուսակցութիւններու գաղտնի յեղափոխական գրականութեան, եւ կը մասնակցի գաղտնի ժողովներու:
1900 թուականին տեղի կ՛ունենայ 20-օրեայ գործադուլ, որուն կը մասնակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իբրեւ քաղաքական կազմակերպութիւն, որուն գոյութեան իմաստն ու նպատակը հայ աշխատաւոր դասակարգի ազատագրումն ու անոր շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն է թրքական եւ ռուսական բռնատիրութենէն: Զաքար Եոլեան 1903 թուականին կ՛անդամագրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: 18 դեկտեմբեր 1910-ին կ՛ամուսնանայ Հայկանուշ Յովհաննիսեանին հետ: Անոնք միասին 8 տարի կ՛ապրին Պաքու: Զ. Եոլեան կ՛ընտրուի 4 հազար բանուորներու ներկայացուցիչ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակ կ՛ընտրուի խորհրդարանի անդամ եւ հետագային կը նշանակուի Զանգեզուրի ներկայացուցիչ եւ զօրավար կոմիսար:
10 յուլիս 1921-ին կը տարագրուի Պարսկաստան եւ կը հաստատուի Թաւրիզ: Ան Թաւրիզի մէջ կը զբաղի հաշուապահութեամբ` ճանապարհներ եւ կամուրջներ կառուցող ընկերութիւններու մէջ, հետագային կը զբաղի այլ գործերով:
31 դեկտեմբեր 1946-ին Զաքար իր ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Թեհրան, ուր «Ալիք» թերթի եւ սփիւռքի այլ ամսագիրներու մէջ նիւթեր կը գրէ:
Զաքար ձախլիկ էր, բայց երկու ձեռքով ալ կը գրէր: Շատ ծանր ձեռք ունէր: Կ՛ըսեն, որ անգամ մը մէկու մը հարուածած էր ձախ ձեռքով. այդ անձը երեք ամիս մնացած էր հիւանդանոց: Այդ պատճառով ան երբեք ձախ ձեռքը չէր գործածեր:
4 ապրիլ 1970-ին կաթուածահար ըլլալէն երեք ամիս ետք Զ. Եոլեան կը մահանայ: Թաղումը տեղի կ՛ունենայ ապրիլ 6-ին, Թեհրանի Դուլաբի գերեզմանատունը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պանթէոնը:
Հայաստանի Ազգային Գրադարանը Ցուցադրութեամբ Մեկնարկեց Պարոյր Սեւակի 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկները
Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին առիթով փետրուար 1-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ ցուցադրուեցան գրողին կենդանութեան օրերուն հրատարակուած գիրքերը, անոր թարգմանած ու խմբագրած հրատարակութիւնները եւ այլ նիւթեր: Առաջին անգամ ցուցադրուեցան «Մարդը ափի մէջ» գիրքին համար Մինաս Աւետիսեանին նկարած էսքիզներու պատճէնները:
Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէն, գրականագէտ Սեւակ Ղազարեան, որ Պարոյր Սեւակի թոռն է, շեշտեց` ցուցադրութեան համար բերած է «Անլռելի զանգակատուն» բանաստեղծութիւնը` ֆրանսերէն թարգմանութեամբ, որ լոյս տեսաւ քանի մը տարի առաջ, ուքրաներէն թարգմանութիւններ եւ նոր հրատարակութիւններ:
«Սեւակը ինծի համար առաջին հերթին խոր մտածող եւ միշտ անկեղծ էր: Ան չէր վարաներ բարձրաձայնելու իր կարծիքը: Ինչո՞ւ Պ. Սեւակի գրութիւնները ցարդ այժմէական են, որովհետեւ ըսածները ճշմարիտ խօսքեր են, որոնք երբեք չեն մաշիր ու չեն հիննար», շեշտեց Սեւակ Ղազարեան:
Անոր խօսքով, յոբելենական տարուան ընթացքին կը պատրաստուին վերահրատարակել «Մարդը ափի մէջ» ժողովածուն: «Ժամանակին, երբ կը զբաղէի ժողովածուին արխիւային նիւթերով, անակնկալի եկայ: Բոլորիս յայտնի է, որ «Եղիցի լոյս» գիրքը արգիլուած է, պարզուեցաւ` «Մարդը ափի մէջ» ժողովածուն եւս ենթարկուած է գրաքննութեան: Այս տարի ամբողջական տարբերակով պիտի դնենք ընթերցողին սեղանին մօտաւորապէս երկու- երեք տասնեակ նոր ու անտիպ գործեր», ըսաւ Ղազարեան:
Պարոյր Սեւակ ծնած է յունուար 24-ին, սակայն ընտանիքին անդամները անոր ծնունդը տօնած են յունուար 26-ին: Այս տարի բացառութիւն չեղաւ: «Սեւակի ծնունդէն երեք օր առաջ կը մեռնի Լենինը, եւ նորածինին ծնունդը չեն արձանագրեր, որովհետեւ երկրին մէջ սուգ յայտարարուած էր: Ծնունդը կ՛արձանագրեն 26-ին: Յունուար 24-ին յոբելեանը նշեցինք տուն-թանգարանին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով մը, այնուհետեւ` Համազգային թատրոնին մէջ ներկայացումով, իսկ հարազատներով հաւաքուեցանք յունուար 26-ին», պատմեց գրողին թոռը եւ աւելցուց, որ այս տարի իր հօրեղբայրը, որ 1990 թուականէն Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր, ընտանիքով եկաւ Հայաստան: Անոնց ընտանիքը, Սեւակի կրտսեր որդիին` Արմէն Ղազարեանի եւ Հրաչեայ Ղազարեանի ընտանիքները միասին տօնեցին մեծ գրողին 100-ամեակը:
Արուեստաբան, գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեան անդրադարձաւ հեղինակին գիրքերուն` նշելով, որ անոնք դիւրին ճակատագիր չեն ունեցած: Ան յիշեցուց, որ 11 սեպտեմբեր 1957 թուականէն Պ. Սեւակ սկսած է գրել «Անլռելի զանգակատուն» բանաստեղծութիւնը, որ աւարտած է 21 նոյեմբեր 1958-ին: «Աւելի քան 7 հազար տող է, բայց կարծես` մէկ շունչով գրուած ստեղծագործութիւն է: Այն տպագրուած է 1959 թուականին: Երբ 1966-ին վերահրատարակուեցաւ, բանաստեղծը ահագին փոփոխութիւններ կատարեց եւ աւելցուց` «Ղօղանջ հերոսական»-ը եւ այլն, որովհետեւ մենք նաեւ կռուած, պայքարած էինք», ընդգծեց Տէր Խաչատրեան:
Ան հետաքրքրական համարեց այն, որ գիրքը ցնցող ազդեցութիւն ունի: «Ամբողջ ժողովուրդ մը, որ վարժուած էր կոլխոզական կեանքի վէպերուն` հողը, ոսկիէ վազերը եւ այլն, շրջուեցաւ եկաւ դէպի բանաստեղծութիւն: Այդ գիրքը կը կարդային բոլորը դպրոցներու, համալսարաններու մէջ, ամէնուր կ՛արտասանէին», շեշտեց գրականագէտը:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Ներսէս Հայրապետեան ուրախութեամբ նշեց, որ գրադարանը ամփոփած է յունուար ամսուան ամէնէն կարդացուած գիրքերուն տուեալները հանրային գրադարաններու մէջ եւ` յայտնած, որ Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ Պարոյր Սեւակ առաջին դիրքը կը գրաւէ:
Օրերս Ազգային գրադարանին մէջ քննարկուեցաւ Պարոյր Սեւակի մատենագիտութիւնը կազմելու հարցը: Անոնք կը ծրագրեն երեք հատոր լոյս ընծայել, իսկ գրողին նուիրուած ձեռնարկները շարունակական պիտի ըլլան:
Կոմիտասի Ստեղծագործութիւնները Արձանագրուած Են ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Աշխարհի Յիշողութեան Միջազգային Գրանցամատեանին Մէջ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի միաձայն որոշումով Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները արձանագրուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աշխարհի յիշողութեան միջազգային գրանցամատեանին մէջ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Կոմիտասի թանգարանի տնօրէն Նիկոլա Կոստանդեանը` նշելով, որ այս իրադարձութիւնը համընկնած է թանգարանի հիմնադրման 9-ամեակին հետ:
«Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջազգային գրանցամատեանին մէջ արձանագրելը շատ պարտաւորեցնող է: Այս իրականացաւ թանգարանին, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ 7-8 տարուան մեծ աշխատանքի եւ համագործակցութեան շնորհիւ», ըսաւ Կոստանդեան:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան նշեց, որ նմանատիպ գործընթացները կը պահանջեն տեւական եւ հետեւողական աշխատանք` տարբեր գերատեսչութիւններու ընդգրկումով: «Կը յուսամ, որ այս ըլլայ լաւ առիթ մը, որպէսզի մենք անգամ մը եւս արժեւորենք եւ իմաստաւորենք այն ժառանգութիւնը, որ ունինք», նշեց ան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան շնորհաւորելով այս կարեւոր իրադարձութիւնը` ընդգծեց, որ 2019 թուականին Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեակը ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու ցանկին մէջ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ անիկա: «Կ՛ուզեմ նշել, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աշխարհի յիշողութեան միջազգային գրանցամատեանին մէջ արձանագրուած են բացառիկ արժէք ներկայացնող փաստագրական նմուշներ: Այս ծրագրին նպատակն է կանխել աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներու, գրադարաններու եւ արժէքաւոր հաւաքածոներու կորուստը եւ նպաստել անոնց արդիւնաւէտ պահպանման ու տարածման», յայտնեց Վահան Կոստանեան:
Թանգարան-հիմնարկին մէջ քաղաքացիները արդէն կարելիութիւն կ՛ունենան Կոմիտասի աշխատասենեակը տեսնել տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու շնորհիւ` VR ցուցադրութեամբ: Նախագիծը կարելիութիւն կը ստեղծէ VR ակնոցի միջոցով մուտք գործել Կոմիտաս վարդապետի` Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող բնակարանի աշխատասենեակ: Եռաչափ ձեւաւորմամբ ստեղծուած վիրթուալ աշխատասենեակի ներսում ներկայացուած են Կոմիտասի «Ռոյալ» դաշնակը, ֆիսհարմոնը եւ անձնական այլ իրեր: Ամբողջ ընթացքին կը հնչէ նաեւ Կոմիտասի ձայնը:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան կարեւոր նկատելով նորագոյն արհեստագիտութիւններու կիրարկումը` նշեց, թէ շատ ուրախալի է, որ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը կը միանայ այն թանգարաններու շարքին, որոնք օգտագործելով նորագոյն արհեստագիտութիւնները` կարելիութիւն կ՛ընձեռեն այցելուներուն, յատկապէս երեխաներուն, բոլորովին նորովի բացայայտել Կոմիտասի աշխատասենեակը:
«Վստահ եմ, որ այս յատկապէս մեր երեխաներուն համար անկրկնելի փորձառութիւն պիտի ըլլայ, երբ տեսնեն, օրինակ, այն ստեղները, որոնց վրայ նուագած է Կոմիտաս վարդապետ», նշեց նախարարը:
Հաղորդենք, որ թանգարանի յոբելեանին առիթով հանրութեան ներկայացուեցաւ նաեւ «Հազար ու մի երգ» հայկական ժողովրդական երգերու մատենաշարին «Աշխատանքային երգեր» հատորը:
Ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի Մէջ Աւերեցին Արցախի Հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկորի) Յուշարձանը
Ազրպէյճանցիները Ստեփանակերտի մէջ աւերեցին Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկորի) յուշարձանը:
Ըստ ազրպէյճանական Թելեկրամի ալիքներով տարածուած տեղեկութեան, վանտալիզմը տեղի ունեցաւ փետրուար 1-ին: Այս փաստը եւս մէկ անգամ կ՛ապացուցէ, որ Ազրպէյճան չունի եւ չէ ունեցած ալ խաղաղութեան օրակարգ:
Հաղարծինի Վանական Համալիրը Դարձաւ Ազրպէյճանի Կեղծարարութեան Թիրախ
Հայքի մշակոյթի պաշտպան Յովիկ Աւանեսով 29 յունուարին ահազանգեց, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ պետական մակարդակով տարածքային յաւակնութիւններ դրսեւորել Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ` օրէ օր խորացնելով բռնագրաւողի իր քաղաքականութիւնը: Արդարեւ, Տաթեւի վանական համալիրէն, Էջմիածինի մայր տաճարէն, Հառիճավանքէն ետք, Ազրպէյճանի կեղծարարութեան թիրախ դարձաւ Հաղարծին վանական համալիրը, որ կը գտնուի Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքէն 18 քիլոմեթր հիւսիս` Հաղարծին գիւղին մէջ:
«Ազրպէյճանական պետական քարոզչամեքենան ո՛չ միայն կը խեղաթիւրէ նշանաւոր այս վանական համալիրին պատմութիւնը, այլ նաեւ իբրեւ «ազրպէյճանական պատմական բնակավայրեր» կը ներկայացնէ Դիլիջան քաղաքն ու Հաղարծին գիւղը: Այս ամէնը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Ազրպէյճան չունի ո՛չ պատմութիւն, ո՛չ մշակոյթ, այլ կ՛իւրացնէ տարածաշրջանի տեղաբնիկ ժողովուրդներու պատմութիւնն ու մշակոյթը, որոնք ստեղծուած են հազարամեակներ շարունակ: Այն, որ Ազրպէյճանի մէջ ամէն ինչ կեղծ եւ արհեստական է, դիպուկ կերպով նշուած է զօրավար-տեղակալ Դենիկինինի աշխատութեան մէջ. «ազրպէյճանական հանրապետութեան մէջ ամէն ինչ արհեստական է», «ոչ իսկական»` սկսեալ անուանումէն, որ վերցուած էր Պարսկաստանի նահանգներէն մէկէն: Արհեստական տարածք, որ կ՛ընդգրկէր լեզգիական Զաքաթալան, Պաքուի եւ Ելիզաւէտպոլի հայ-թաթարական նահանգները եւ ռուսական Մուղանը` միաւորուած թրքական քաղաքականութեամբ` իբրեւ փանթուրքիզմի յենակէտ Կովկասի մէջ: Արհեստական պետականութիւն, որովհետեւ այս հողերը, որոնք ինկած էին ժողովուրդներու մեծ գաղթի ճանապարհին եւ կ՛ենթարկուէին զիրար յաջորդող նուաճողներու տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան, միշտ բնակեցուած էին ցրուած փոքրաթիւ ցեղերով, որոնք կը թշնամանային իրարու դէմ եւ, տակաւին, կը պահպանէին քոչուորական կեանքի առանձնայատկութիւնները: Ի վերջոյ, արհեստականօրէն կը պահպանուէր նաեւ ազրպէյճանական կառավարութիւնը. սկիզբը` Նուրի փաշայի կամքով, յետոյ` զօրավար Թոմսոնի, իսկ հետագային` պարզապէս բնական մղումով: Վերջերս ազրպէյճանական թիքթոքեան ալիքները հրապարակեցին տեսանիւթեր, որոնց մէջ Հաղարծին վանական համալիրը ներկայացուած է իբրեւ աղուանական: Այս եւ բազմաթիւ այլ փաստեր ակնյայտօրէն ցոյց կու տան Ազրպէյճանի հակահայկական քաղաքականութեան դիմագիծը, որ կ՛իրականացուի պետական մակարդակով», գրած է Յ. Աւանեսով:
Ըստ Ազրպէյճանի Երեւակայածին Ծրագրին, Շարք Մը Եկեղեցիներ Եւ Վանքեր Կը Պատկանին «Հինաւուրց Ազրպէյճանին»
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, «Թաթոյեան» հիմնարկի տնօրէն Արման Թաթոյեան Դիմատետրի իր էջին վրայ կ՛ահազանգէ, որ, ըստ Ազրպէյճանի երեւակայածին ծրագրին, շարք մը եկեղեցիներ եւ վանքեր կը պատկանին «հինաւուրց Ազրպէյճանին»:
«Հայաստանի բռնագրաւման ազրպէյճանական իշխանութեան ծրագրով Գոշավանքը, Ապարանի Սուրբ Պօղոս-Պետրոս պազիլիք եկեղեցին եւ Ախթալայի Սուրբ Աստուածածին վանքը կը պատկանին «հինաւուրց Ազրպէյճանին»: Ըստ այդ ծրագրի կեղծ տուեալներուն, հայկական Գոշավանքը ալպանական (թրքական) տաճար է թրքական սուլթանութեան տարածքին, եւ հայերը կը մեղադրուին իբր թէ անոր «իրական» թրքական անունը փոխելուն մէջ: Ազրպէյճանական ծրագրին համաձայն, վանքին գտնուելու տարածքը թուրք-օղուզ ցեղերու հայրենիքն է, իսկ առաջին հայերը «բերուած» են Իրանէն եւ Թուրքիայէն 19-րդ դարու սկիզբը, որմէ ետք ալ անոնք իւրացուցած են տաճարը: Հայաստանի բռնագրաւման ծրագրի կեղծիքներուն համաձայն, Ազրպէյճանի կը պատկանի Ապարանի հայկական Սուրբ Պoղոս-Պետրոս պազիլիք եկեղեցին: Իբր թէ` «Հին թրքական տաճար է, որ կառուցած են թրքական ցեղերը 5-րդ դարուն, իսկ հայերը առաջին անգամ Ապարան բերուած եւ բնակեցուած են Թուրքիայէն 1829-1830 թուականներուն»: Ըստ ազրպէյճանական յօրինուած ծրագրին, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի անբաժան մասն է Ախթալայի հայկական Սուրբ Աստուածածին վանքը, իսկ Ախթալան թրքական ցեղերու հայրենիքն է, ուր մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը իբր թէ հայեր չեն ապրած», գրած է Թաթոյեան: