Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայաստան Ունի Իր Ուրոյն Տեղը Համաշխարհային Քրիստոնէութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապ
17 մայիսին Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Բորիս Սահակեան իր հաւատարմագիրները յանձնեց Ֆրանչիսկոս պապին:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` դիտել տալով, որ արարողութեան յաջորդած առանձնազրոյցին ընթացքին դեսպան Սահակեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է տարածաշրջանին մէջ մնայուն կայունութեան հաստատման ու հոգեւոր եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման առումով նորին սրբութեան շարունակական կոչերուն ու ուղերձներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ սկզբունքային դիրքորոշման համար:
Դեսպանը նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է ա՛լ աւելի զարգացնել եւ խորացնել դարաւոր պատմական կապերու եւ նոյնական հոգեւոր արժէքներու վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պապը ընդգծեց, որ Հայաստանը` ըլլալով առաջին քրիստոնեայ երկիրը, ունի իր ուրոյն տեղն ու դերը համաշխարհային քրիստոնէութեան ու քաղաքակրթութեան մէջ, եւ կարեւոր նկատեց երկու քրիստոնեայ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացումը:
Բռնագրաւուած Շուշիի Մէջ Ազրպէյճանցի Վանտալներու Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը Իսլամացնելու Նոր Փորձերը
Monument Watch-ը ահազանգ կը հնչեցնէ` տեղեկացնելով, որ 11 մայիսին բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ստորագրուած է «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամի եւ ISESCO-ի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր մը, որ կը նախատեսէ մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակում, նոր արհեստագիտութիւններու մշակում, ինչպէս նաեւ` միատեղ նախագիծներու իրականացում:
Նշենք, որ ISESCO-ն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան մասնագիտական ճիւղն է, որ կը զբաղի իսլամական կրթական, գիտական եւ մշակութային հարցերով` նպատակ ունենալով ամրապնդել կապերը մահմետական ազգերու միջեւ եւ խթանել կայուն զարգացումը այդ բնագաւառներուն մէջ:
Նմանատիպ յուշագիրներն ու պայմանագիրները Շուշիի իսլամացման ընդհանուր ծրագրին մէկ մասն են: Տակաւին 2021-էն սկսեալ Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաւաստումով, Պաքու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի քարտուղարութեան փաստաթուղթեր ներկայացուցած է հայկական պատմական Շուշի քաղաքը (44-օրեայ պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի մշակութային մայրաքաղաք) «ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ստեղծարար քաղաքներու ցանցին մէջ» ընդգրկելու համար: Իսկ Ազրպէյճանի այն օրերու մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով 17 սեպտեմբեր 2021-ին Խիվա (Ուզպեքիստան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած թուրք նախարարներու միջազգային 38-րդ հանդիպումին հաստատած էր, որ Պաքու կը պատրաստուի 2023-ին Շուշին հռչակել «Թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք»` աշխուժացնելով կապերը թուրք ժողովուրդներու մշակոյթի զարգացմամբ զբաղող «TURKSOY» միջազգային կազմակերպութեան հետ: Ասկէ բացի` 2021-2022 թուականներուն բռնագրաւուած Շուշիի մէջ տեղի ունեցած են տարբեր բնոյթի համաժողովներ, որոնք քաղաքի պատմական, մշակութային կերպարը նենգափոխելու եւ գործընթացը միջազգայնօրէն ամրագրելու, քաղաքը միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն իբրեւ զուտ ազրպէյճանական ներկայացնելու եւ այդ ամէնը օրինականացնելու նպատակ կը հետապնդէին:
Այս միտումները ակնյայտ են բոլոր ծրագիրներուն մէջ եւ ելոյթներու ընթացքին, ուր Շուշին կը ներկայացուի իբրեւ ազրպէյճանական եւ թրքական բնակավայր` բացարձակօրէն անտեսելով Շուշի քաղաքի հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, պատմական անցեալն ու բազմաթիւ յուշարձաններու գոյութիւնը: Ի մասնաւորի` 21 հոկտեմբեր 2022-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան հոգեւոր առաջնորդներու երրորդ համաժողովը` «Թուրք-իսլամական ժառանգութեան հարստութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը արդի հարցերու լուծման համածիրին մէջ» նիւթին շուրջ, որու նախօրեակին` 20 հոկտեմբերին, Շուշիի մէջ կնքուած է փաստաթուղթ մը, եւ հիմքը դրուած` Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մահմետական վարչութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին: Ուշագրաւ է, որ համաձայնագրին մէջ մատնանշուած է «հայկական գրաւման» տարիներուն վնասուած մահմետական ժառանգութեան վերականգնման ծրագիրներուն մէջ միացեալ օգնութեան ապաւինելու պարագան:
Աղաւնոյի Եկեղեցին Ոչնչացման Վտանգի Տակ
2024 թուականի ապրիլ ամսուան արբանեակային լուսանկարներու դիտարկումը բացայայտեց, որ ազրպէյճանական կողմը հիմնայատակ աւերած էր Բերձոր քաղաքի Ս. Համբարձման եկեղեցին: Այս մասին գրած է monumentwatch.org-ը:
Նախքան աւերումը` եկեղեցին ամբողջութեամբ ծածկուած էր տախտակամածներով եւ ծածքերով:
Ներկայիս ոչնչացման վտանգի տակ է Աղաւնոյ բնակավայրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որ կառուցուած էր 2002 թուականին:
Ազրպէյճանական ընկերային ցանցերու դիտարկումը ցոյց կու տայ, որ եկեղեցին, ինչպէս որ Բերձորի Ս. Համբարձումն էր, ամբողջութեամբ ներառուած է տախտակամածներու եւ ծածքերու մէջ: Այդ կ՛երեւի այս տարուան փետրուարի վերջերուն ներբեռնուած տեսանիւթի 1:29 վայրկեանէն (https://www.youtube.com/watch?v=BYjaXyoYHyk): Նկատի առնելով Բերձորի եկեղեցւոյ նախադէպը` նոյն ճակատագիրը կը սպառնայ նաեւ Աղաւնոյի եկեղեցւոյ:
Համազգայինի Երիտասարդական Հաւաքի Արցախի Մասնակիցի Ընտրութեան Մրցում
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ արդէն աւանդութիւն դարձած տարեկան երիտասարդական ֆորումը կը միաւորէ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը` մշակութային ամուր կամուրջներով: Այս տարի ֆորումը պիտի կայանայ 13-24 յուլիսին, անոր կը մասնակցին երիտասարդներ սփիւռքի տարբեր շրջաններէն, Հայաստանէն ու Արցախէն:
Ֆորումի յանձնախումբին որոշումով այս տարի Արցախի մասնակիցը պիտի ընտրուի ստեղծագործական-բանաստեղծական մրցոյթի միջոցով, որ նուիրուած է Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած, նախկին ֆորումական Արտակ Իշխանեանի յիշատակին:
Ռուբէն Վարդանեանին Ընտանիքը Միջազգային Հանրութեան Դիմեց
Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը Վարդանեանի եւ միւս 22 հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցով դիմեց միջազգային հանրութեան:
17 մայիսին տարածուած յայտարարութեան մէջ Վարդանեանի ընտանիքը նշեց, որ ութ ամիս շարունակ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արհամարհեցին միջազգային իրաւունքը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը` Ռուբէն Վարդանեանը պահելով անազատութեան մէջ` առանց դատավարութեան եւ պատշաճ գործընթացի: Ըստ ընտանիքին, Պաքու նաեւ չի տեղեկացներ, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենան պատշաճ դատավարութիւն կամ լսումներ: Վարդանեանի կալանքը յաւելեալ հինգ ամիսով երկարաձգելու 16 մայիսին հրապարակուած որոշումը, ըստ յայտարարութեան, տեղի ունեցած է առանց պատշաճ իրաւական ընթացակարգի, եւ կը հանդիսանայ մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւս մէկ կոպտագոյն խախտում:
«Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան` կառավարութիւններուն, գործարարութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն` պահանջելու Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս 22 հայ բանտարկեալներու անվերապահ ազատ արձակումը, եթէ Ազրպէյճան կը շարունակէ պահպանել COP 29-ը հիւրընկալելու արտօնութիւնը, զոր Ազրպէյճան հռչակեց իբրեւ «Խաղաղութեան COP», նշուեցաւ ընտանիքին յայտարարութեան մէջ:
Հենրիկ Մխիթարեան Ձայն Կը Բարձրացնէ Ապօրինաբար Պաքուի Բանտերուն Մէջ Շղթայուած Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Դէմ Գործադրուող Արարքներուն Շուրջ
Միլանոյի «Ինթեր»-ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան «Ինսթըկրամ»-ի իր էջին գրառումով հակազդած է Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ ապօրինաբար Պաքուի բանտերուն մէջ շղթայուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու բանտարկութեան ժամկէտին` ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ երկարաձգման վերաբերեալ լուրին:
Ան նախապէս ալ բողոքած էր այս ապօրինութեան համար` պահանջելով ազատ արձակել Ազրպայճանի մէջ շինծու մեղադրանքներով բանտարկուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն ու միւս գերեվարուած հայերը:
Ազդարարուեցաւ «Գիւմրիի Միջազգային Թատերական Փառատօն»-ին Մեկնարկը
Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնին մէջ մայիս 17-ին Երեւանի պետական սենեկային թատրոնի «Fe-Show» ներկայացումով (բեմադրութիւնը` Սենիկ Բարսեղեանի) ազդարարուեցաւ «Գիւմրիի միջազգային թատերական փառատօն»-ին մեկնարկը, որ իրականացաւ ոչ սովորական միջավայրի մէջ` հանդիսականը ոչ թէ դահլիճին մէջն էր, այլ` բեմին. տարբերուող ձեւաչափով, սիրուած համաշխարհային ու հայկական երգերով, հիւրասիրութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ:
Մայիս 17-31 Գիւմրիի մէջ երկրորդ անգամ իրականացուող «Գիւմրիի միջազգային թատերական փառատօն»-ի շրջանակներուն մէջ Գիւմրիի հանդիսատեսին կը ներկայացուին հայաստանեան եւ միջազգային թատրոններու եւ թատերախումբերու 22 ներկայացումներ:
«Փառատօնը արդէն երկրորդ անգամն է, որ կը կազմակերպուի: Նախորդ տարուան խանդավառութիւնը, որ յառաջացած էր այս ծրագրին շուրջ, վստահաբար համոզեց, որ պէտք է կրկնել զայն, ու ի պատիւ ե՛ւ կազմակերպիչներուն, ե՛ւ աջակիցներուն, կը յայտնենք, որ թատերական այս մեծ տօնը արդէն Գիւմրիի մէջ է` իրեն հետ Գիւմրի բերելով Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզային թատրոններու տասնեակէ մը աւելի ներկայացումներ, պիտի ներկայացուին նաեւ միջազգային ներկայացումներ` Ռուսիայէն, Պելճիքայէն եւ Վրաստանէն, որ նոյնպէս շատ կարեւոր է, որովհետեւ այս նաեւ փորձի փոխանակման լաւագոյն կարելիութիւնն է: Ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս փառատօնին գլխաւոր նպատակը մէկ կողմէ փորձի փոխանակումն է միւս կողմէ` գիւմրեցի հանդիսականին այլ թատրոններու լաւագոյն ներկայացումները հասանելի դարձնելն է», տեղեկացուց «Գիւմրիի միջազգային թատերական փառատօն»-ի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Լիլիթ Թովմասեանը` վստահութիւն յայտնելով, որ թատերական այս մեծ ներգրաւուածութիւնը գիւմրեցի հանդիսականին ու Գիւմրի այցելած հիւրերուն թատերական մեծ տօն պիտի պարգեւէ:
Փառատօնային ներկայացումները տեղի կ՛ունենան Գիւմրիի պետական տրամաթիքական թատրոնի մեծ եւ փոքր դահլիճներուն, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի Մտորումներու թատրոնին մէջ:
Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի Աշակերտները Այցելեցին Արցախցի Դպրոցականներուն
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Մասիս քաղաքին մէջ գործող խմբակները կոչուած են կրթութեան եւ մշակոյթի ճանապարհով սատարելու Արցախէն տեղահանուած դպրոցականներուն:
Մայիս 2024-ին Մասիս քաղաքի աշակերտները այցելեցին Ֆրանսայի Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի աշակերտներուն, որոնք նաեւ կը ներկայացնեն «Կիլիկիա» ազգագրական պարի համոյթը:
Մասիսի համայնքապետարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուեցաւ ջերմ հանդիպում, որուն ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը:
Արցախի աշակերտները Ֆրանսայէն եկած իրենց հասակակիցները ողջունեցին երգով, ասմունքով եւ նուիրեցին իրենց պատրաստած ձեռային աշխատանքներէն: Ճեմարանականները նոյնպէս խորհրդանշական նուէրներ պատրաստեցին անոնց համար:
Հանդիպման միացաւ նաեւ Մասիսի հանայնքապետ Դաւիթ Համբարձումեանը: Ան ողջունեց ներկաները` նշելով, որ միշտ պատրաստ է համագործակցելու, սատարելու Արցախի դպրոցականներուն հետ տարուող մշակութային ծրագիրներուն:
Յայտնենք, որ Համազգայինի սաները ջերմ շփում ունեցան իրարու հետ, եւ օրը ամբողջացաւ բացօթեայ շուրջպարերով:








