Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Մարտունիի Եւ Հրազդանի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Ներկայի Մարտահրաւէրները
Մարզային շրջանները տուած այցելութիւններու եւ ունեցած հանդիպումներու ծիրին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ տեսակցութիւններ ունեցան Մարտունի եւ Հրազդան քաղաքներուն մէջ:
Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան, խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, պատգամաւորներ` Աղուան Վարդանեան, Արման Ղազարեան, Քրիստինէ Վարդանեան, Թադէոս Աւետիսեան եւ Գեղամ Մանուկեան, հանդիպումին ընթացքին խօսեցան Տաւուշի մէջ հայկական զօրքերը ետ քաշելու երկարաժամկէտ ու խորքային բոլոր հետեւանքներուն մասին, քննարկեցին օրուան իշխանութեան առաջարկած վտանգաւոր օրակարգերուն հանրային դիմադրութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը եւ ներկայացուցին ճգնաժամային իրավիճակը յաղթահարելու ուղիները:
«Գիւմրիի մէջ Նիկոլ Փաշինեան արդէն բոլոր խաղաքարտերը բացաւ. Կը խօսի շատ բաց ու կ՛ըսէ` ես եւ Քաղաքացիական պայմանագիրը ունինք մէկ առաքելութիւն` մենք պատմական Հայաստանէն պէտք է անցնինք իրական Հայաստան: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ինքը ստանձնած էր 2018 թուականին, 42 հազար 500 քառակուսի քիլոմեթրնոց 2 հայկական պետութիւն էր… 42 հազար 500 քառակուսի քիլոմեթրին 30 առ հարիւրը արդէն յանձնած է թշնամիին», ըսաւ Սաղաթելեան:
Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքը այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ԳՄ-ի նախագահ Աշոտ Սիմոնեան, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ` Սէյրան Օհանեան, Լիլիթ Գալստեան, Աննա Գրիգորեան, Էլինար Վարդանեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Արթուր Խաչատրեան:
Քաղաքացիներուն հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հրազդանի Տրամաթիքական թատրոնին մէջ:
Սաղաթելեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Հայաստանի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, սպառնացող նոր վտանգները եւ հարցերը միասնաբար յաղթահարելու ուղիները:
Ան շեշտեց, որ Ոսկեպարի մէջ ծագած հարցը միայն ոսկեպարցիին հարցը չէ, այլ ընդհանրապէս հայ մարդունն է:
«Ոսկեպարն ու Տաւուշը միայն ոսկեպարցիներունը եւ տաւուշցիներունը չէ, այլ մեր ժողովուրդինն է: Չտալու բանաձեւը հետեւեալն է` համահայկական եւ համազգային դիմադրութիւն: Եթէ կ՛ուզենք հայրենիք ունենալ, ժողովուրդը պէտք է պատրաստ ըլլայ այդ հայրենիքը պաշտպանելու, իսկ իշխանութիւնը` կազմակերպելու», շեշտեց Սաղաթելեան:
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Քննարկում` «Հայ Կնոջ Դերը Հասարակական–Քաղաքական Կեանքին Մէջ» Նիւթով
Վերջերս ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ քննարկում` «Հայ կնոջ դերը հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ» նիւթով:
Քննարկումին ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Հայաստանի Շրջանային վարչութեան եւ Արցախի միաւորի ընկերուհիներ եւ ՀՕՄ-ուհիներ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ կառոյցի ընկերներ, ՀՀԿՄՄ Արցախի գրասենեակի անդամներ, ՀՄԸՄ Արցախի մասնաճիւղի անդամներ, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ ԱՊՄ ընկերներ:
Քննարկում-հանդիպումին խօսքեր արտասանեցին` ՀՕՄ-ի Արցախի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մելանիա Բալայեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը, ՀՀԿՄՄ Արցախի գրասենեակի ուսուցչուհի Նուարդ Բաղրեանը:
Բանախօսութիւններուն նախորդեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ԱՊՄ ընկերներու պատրաստած գեղարուեստական ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ անոնք ներկայացուցին տեղեկութիւններ նշանաւոր հայ կիներու մասին, երգեցին մայրերու նուիրուած երգեր, արտասանեցին բանաստեղծութիւններ: Այս խրախուսական մթնոլորտին մաս կազմեց նաեւ սուրիահայ սիրուած երգիչ Սուրէն Աճեմեանը:
Ծրագիրը մեծարանքի երեկոյ էր` նուիրուած հայ հերոսական եւ հերոսածին կիներուն, հայ մայրերուն, որոնք հերոսացան հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն մէջ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Արցախի Թեմին Յորդորեց Շարունակել Բարձրաձայնել Արցախցիներու Իրաւունքներու Ապահովման Հարցերը
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի անդամները` թեմակալ առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին, ըստ Մայր Աթոռի լրատուական բաժանմունքին, քննարկուեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց ընկերային կացութեան եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակին առնչուած հարցեր: Անդրադարձ եղած է նաեւ եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող աջակցութեան ծրագիրներուն:
Կաթողիկոսը Արցախի թեմի անդամները յորդորեց շարունակել կարելի բոլոր միջոցները գործադրել միջազգային ու միջեկեղեցական կառոյցներու առջեւ բարձրաձայնելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ապահովման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնահարցերը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Գագիկ Գինոսեանի Երազը Իրականացուցին Իր Արուեստագէտ Ընկերներն Ու Աշակերտները. Բացումը Կատարուեցաւ «Կարին» Համոյթի Պարասրահին
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Գեղարուեստական դաստիարակութեան եւ մշակոյթի մանկապատանեկան կեդրոնին մէջ կայացաւ «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի պարասրահի բացումը, որ նուիրուած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած Յարութիւն Ստեփանեանի յիշատակին: Ան եղած է «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի յենասիւներէն մէկը:
Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆեսէօր եւ «Սայաթ-Նովա» մշակութային միութեան ղեկավար Թովմաս Պօղոսեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ պատմութիւնը կը կերտեն ոչ թէ ժողովուրդները, այլ` անոնց արժանի զաւակները, որոնցմէ են ե՛ւ «Կարին» խումբի հիմնադիր Գագիկ Գինոսեանը ե՛ւ Յարութիւն Ստեփանեանը:
«Ըստ Գինոսեանի նախատեսած ծրագրին, այս պարասրահը ինքը պէտք էր անուանակոչէր Յարութիւն Ստեփանեանի անունով, աւա՜ղ չհասցուց: Այսօր մենք, որ կոչուած ենք անոր ծրագիրները եւ գործերը շարունակելու, հպարտութեամբ կը կատարենք իր իղձը: Խորին երախտագիտութեան խօսքերու արժանի են նաեւ այս մշակութային մեծ կեդրոնի երկարամեայ տնօրէն Սամուել Բալոյեանն ու ներկայիս արժանաւոր ղեկավար Տիգրան Բալոյեանը, որոնք ընդառաջեցին այս գեղեցիկ ծրագրի իրագործումը», նշեց Պօղոսեան:
Գագիկ Գինոսեանի դուստրը` «Կարին» համոյթի անդամ Ծովինար Գինոսեան, տեղեկացուց, որ իր հայրը շատ մեծ նուիրումով ի սկզբանէ կը ձգտէր, որ կատարուէր հիմնական վերանորոգում, եւ բոլորը ունենային Յարութիւն Ստեփանեանի անուան պարասրահ: Շինարարական աշխատանքները իրականացնելու նպատակով նոյնիսկ կազմակերպուած է դրամահաւաք: «Կարին» եւ «Լեռնապար» համոյթներու պատանի աշակերտները նոյնպէս մասնակցած են վերանորոգման աշխատանքներուն եւ շատ բաներ կառուցած են իրենց ձեռքերով:
«Յարութիւն Ստեփանեան մարդ տեսակը ճանչցողը գիտէ, թէ ան ինչպէ՛ս ամէնուր կը տարածէր սէր եւ ջերմութիւն: Անոր յիշատակը այսօր ալ կ՛ապրի մեր մէջ: Հայրս նոյնպէս մեծ ոգեւորութեամբ մասնակցած էր շինարարական աշխատանքներուն: Եղած են օրեր, երբ բաւական ուշ ժամու կը զանգահարէինք, կ՛անհանգստանայինք, կը հարցնէինք, թէ երբ տուն պիտի գար, իսկ ան կը պատասխանէր, որ դեռ կան չաւարտուած աշխատանքներ, կ՛ուզէր օր առաջ աւարտին հասցնել սկսած գործը, աշխատողներուն կը բերէր քաղցրաւենիք, կը հիւրասիրէր եւ կ՛օգնէր, որպէսզի պարասրահին բացումը իր արուեստագէտ ընկերներուն եւ սաներուն հետ հանդիսաւորութեամբ նշէր Յարութիւն Ստեփանեանի յիսնամեակի օրը` ապրիլ 4-ին: Հայրիկը չկայ, բայց մենք սիրով կը կատարենք այդ յանձնառութիւնը», ըսաւ Ծովինար Գինոսեան:
Ան աւելցուց, որ բոլորը ի սկզբանէ գիտէին Գագիկ Գինոսեանի քայլերուն յաջորդականութիւնը եւ աշխատանքը աւարտած են այնպէս, ինչպէս ան մտայղացած էր նախապէս:
«2003 թուականէն Յարութիւն Ստեփանեան պարած է «Կարին» համոյթէն: Ան նաեւ լուսանկարիչ էր եւ վաւերագրած է համոյթի ամբողջ տարեգրութիւնը 2003-2020 թուականներու ժամանակահատուածին: Բոլոր համերգները, մեծ ու փոքր ձեռնարկները, նոյնիսկ արտագնայ շրջագայութիւնները լուսանկարած եւ յանձնած է պատմութեան: Բոլորին հետ ան ալ անչափ ուրախ էր, երբ «Կարին» համոյթը յաղթեց Սպանիոյ մէջ կայացած միջազգային փառատօնին, եւ մեծ ոգեւորութեամբ վաւերագրած` այդ իրադարձութիւնը: Յարութիւնը մեր համոյթի պատմութեան անբաժանելի մասն է: Անոր կինը նոյնպէս պարած էր «Կարին»-էն, անոնք ծանօթացած են իրարու հետ այստեղ եւ` ամուսնացած: Յարութիւնին կնքահայրը Գագիկ Գինոսեանն էր: Երբ սկսաւ 44-օրեայ պատերազմը, Ստեփանեան չսպասեց, որ «Կարին»-ի մասնակիցներէն ձեւաւորուի մարտական ջոկատ ուստի օգտուելով առաջին իսկ կարելիութենէն` մեկնեցաւ ռազմաճակատ եւ հազարաւոր հերոսներու պէս իր կեանքը զոհեց յանուն հայրենիքի», յայտնեց Ծովինար Գինոսեան:
Վերջապէս, գեղեցիկ ու յարմարաւէտ պարասրահը իր դռները բացաւ բոլորին առջեւ: Այդտեղ առկայ են անհրաժեշտ պայմաններ` հայկական պարերուն հաղորդակից ըլլալու եւ սորվելու համար: Պարասրահի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ բազմաթիւ պատանիներ, որոնք հետագային պիտի շարունակեն հայկական պարարուեստի լաւագոյն աւանդոյթները, որոնց ակունքներուն կանգնած են Գագիկ Գինոսեանի եւ Յարութիւն Ստեփանեանի պէս նուիրեալ հայորդիներ:
Հայաստանի Առաջին Կին Դիւանագէտ Տիանա Աբգարի Դրոշմաթուղթը
Համաշխարհային նամակաբաշխութեան միութեան 150-ամեակին առիթով տեղի ունեցող «Կիները դրոշմաթուղթերու մէջ» (She Stamps) արշաւի ծիրէն ներս հրապարակուած է «Տիանա Աբգար» դրոշմաթուղթի վերաբերեալ տեղեկութիւն եւ դրոշմաթուղթին նկարը:
Տիանա Աբգար 1920-ին նշանակուած է Ճափոնի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս: Ան Հայաստանի առաջին կին դիւանագէտն է եւ աշխարհի մէջ` առաջին դիւանագիտական պաշտօն վարող կիներէն մէկը:
Յայտնենք, որ Համաշխարհային նամակաբաշխութեան միութիւնը ՄԱԿ-ին մաս կազմող մասնագիտական հիմնարկութիւն մըն է, որուն կ՛անդամակցի 192 պետութիւն: Հայաստան 1992-էն ի վեր սոյն միութեան անդամ է:
«Արցախն Ապրում Է» Խորագրով Ցուցահանդէս «Թէքէեան» Կեդրոնին Մէջ
«Թէքէեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արցախն ապրում է» խորագրով ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին միաւորուած ձեւով ներկայացուեցան Հադրութի ստեղծագործական կեդրոնի սաներուն ձեռային աշխատանքները եւ լրագրող, արցախեան ազատամարտիկ Զոհրապ Ըռքոյեանի` Արցախի պատմական մշակութային յուշարձաններու լուսանկարները:
Հադրութի ստեղծագործական կեդրոնը ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայացաւ բազմապիսի աշխատանքներով, որոնք ընդգրկեցին` գորգագործութիւն, ասեղնագործութիւն, ուլունքագործութիւն, խեցեգործութիւն, գեղանկարչութիւն եւ այլն: Իւրօրինակ գործերը արտացոլացուցին հայկական ինքնութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը: Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` ան մասնաւորապէս նշեց, որ Արցախը կը շարունակէ ապրիլ, եւ ցուցահանդէսի մասնակիցները անոր վառ վկայութիւնն են: «Պէտք է պահպանենք Արցախի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշները, որոնք մեր յաջողութիւններուն գրաւականը պէտք է կրկին ըլլան, եւ վստահութիւնն ու համոզմունքը երբեւէ պէտք չէ մեզ դաւաճանեն: Արցախի Հանրապետութիւնը միշտ պէտք է ապրի», աւելցուց ան:
Հադրութի ստեղծագործական կեդրոնի տնօրէն Իրա Թամրազեան ներկայացնելով հաստատութեան պատմութիւնն ու գործունէութիւնը` յատկանշեց ազգայինը պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու գաղափարախօսութիւնը: «Կը փորձենք մեր եկեղեցիները, խաչքարերն ու յուշարձանները, նոյնիսկ արցախեան բնութիւնը մեր աշխատանքներուն մէջ վերարտադրել` օգտուելով լուսանկարներէն, որովհետեւ, ցաւօք, ներկայիս բնօրինակներէն օգտուելու կարելիութիւն չունինք», ըսաւ տիկին Թամրազեան:
Հադրութի ստեղծագործական կեդրոնը առաջին անգամն է, որ ցուցանմուշները վաճառքի կը հանէ, 420 աշակերտներու անվճար ուսուցանումը կարելի դարձնելու եւ կեդրոնը պահպանելու համար:
Լուսանկարիչ Զոհրապ Ըռքոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Թէքէեան» կեդրոնին նմանատիպ մշակութապահպան ձեռնարկները իր հովանիին տակ առնելուն եւ խրախուսելուն համար: Հեղինակը, ներկայացնելով լուսանկարները` նշեց, որ իր 25 տարուան աշխատանքի որոնց մէջ պատկերուած են Արցախի պատմական մշակութային յուշարձանները, որոնցմէ շատերը արդէն ոչնչացուած են թշնամիին կողմէ:
Հաղորդենք, որ «Արցախն ապրում է» խորագրով ցուցահանդէս-վաճառքը բաց պիտի մնայ մինչեւ 10 ապրիլ:
«Նռան Գոյնը» Ժապաւէնով ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Կեդրոնին Մէջ Մեկնարկեցին Սերգէյ Փարաջանովի 100-Ամեակին Նուիրուած Յոբելենական Ձեռնարկները
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ 3 ապրիլին մեկնարկեցին Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկները, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:
Ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուեցաւ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց քննարկում` նուիրուած մեծանուն արուեստագէտին ստեղծագործական ժառանգութեան:
Ժապաւէնի դիտումէն առաջ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի մշակոյթի հարցերով տեղակալ Էռնեսթօ Օտտոնեն` արժեւորելով Փարաջանով արուեստագէտը եւ անոր ձգած ժառանգութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարութեան աջակցութեան եւ ներկաներուն` մասնակցութեան համար, Ժաննա Անդրէասեան նշեց. «Սերգէյ Փարաջանով ստեղծագործ հանճարի մարմնացում է, մեծանուն վարպետ, որուն ժապաւէնները խորապէս կը հիացնեն աշխարհի բոլոր հանդիսատեսները եւ կը կազմեն համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան անբաժանելի մէկ մասը»: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարը առանձնակի արժեւորեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դերը մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ մշակութային բազմազանութեան խրախուսման գործին մէջ:
Ժապաւէնի դիտումէն ետք կայացաւ քննարկում, որ վարեց ֆրանսահայ բեմադրիչ եւ դերասան Սերժ Աւետիքեանը: Իբրեւ բանախօսներ` հանդէս եկան Վալերիէ Պոզները, Պատրիկ Կազալսը եւ Լեւոն Աբրահամեանը: Բանախօսները մեկնաբանեցին Փարաջանովի երեւոյթը` արժեւորելով անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ ներկայացնելով Փարաջանով-ազգագրագէտը, բեմագիրը եւ բեմադրիչը: Անոնք ընդգծեցին նաեւ Փարաջանովի հանճարը` Խորհրդային Միութեան օրերուն խորհրդաւոր, ազատ եւ խոր մտածողութեամբ ժապաւէն ստեղծելու առումով:
Յոբելենական ձեռնարկներու շրջանակին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ 3-10 ապրիլին պիտի գործէ նաեւ Սերգէյ Փարաջանովին նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս եւ «Կինոյի տաճար» տեղադրումը, որ կառուցուած է «Նռան գոյնը» ժապաւէնի հիմքին վրայ:
Փարիզ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը այցելեց նաեւ Քէ Պրանլի Ժաք-Շիրակ թանգարան, ուր հանդիպեցաւ թանգարանի նախագահ Էմանուէլ Քազարարէուի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինէ Յակոբեանն ու Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանը: Քննարկուեցան Քէ Պրանլի թանգարանին մէջ հայկական ցուցանմուշներու ժամանակաւոր ցուցադրութեան կազմակերպման, ինչպէս նաեւ կարելի համագործակցութեան այլ ձեւաչափերու` փորձի փոխանակումներու, մասնագիտական վերապատրաստումներու եւ գորգերու ցուցադրութեան կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:
Նշենք, որ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն` նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանը, Ժամանակակից արուեստի վարչութեան նախագահ Սուետլանա Սահակեանը, Հայաստանի Ազգային կինոյի շարժակեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեանը, Ս. Փարաջանովի թանգարանի խումբ մը աշխատակիցներ` տնօրէն Անահիտ Միքայէլեանի գլխաւորութեամբ, «Նռան գոյնը» ժապաւէնի դերակատար Լեւոն Աբրահամեանը, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանը եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինէ Յակոբեանը: