Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ոմանք Կը Փորձեն Մոռնալ Կամ Մոռացութեան Մատնել Ազգին Պատմական Մշակոյթն Ու Ակունքներ». Ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան
«Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ օրեր առաջ ելոյթ ունեցաւ աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան` Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբին հետ, Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ:
Նարեկացիի «Հաւուն-հաւունը» կատարելէ առաջ Սերգէյ Խաչատրեան արտասանեց սրտի խօսք մը, որ արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն:
«Այս դժուար օրերուն, որ մենք հիմա կ՛ապրինք, այս կը դառնայ աւելի կարեւոր: Այդ մէկը գործ մըն է, որ կու գայ մեր պատմական Հայաստանէն: Ոմանք կը փորձեն մոռնալ կամ մոռացութեան մատնել ազգին իր պատմական մշակոյթէն, ակունքներէն: Ես կը կարծեմ, որ այդպիսով իմաստ չ՛ունենար ընդհանրապէս իբրեւ հայ գոյատեւելը, որովհետեւ առանց մեր պատմութեան եւ առանց պատմական Հայաստանի, մշակոյթի` ինծի կը թուի, թէ կարելի է նոյնականացնելը… Առանց այդ արժէքներուն, ես յամենայն դէպս իմաստ չեմ գտներ ապրելու եւ ստեղծագործելու», ըսաւ Ս. Խաչատրեան:
Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Անդամները
Մայիս 4-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեանի:
Հանդիպման ընթացքին Գ. Մանուկեան կաթողիկոսին տեղեկութիւններ տուաւ միութեան ստեղծման պատմութեան եւ ներկայ գործունէութեան մասին:
Այնուհետեւ, Գարեգին Բ. ողջունելով եւ իր օրհնութիւնը բերելով միութեան անդամ երիտասարդներուն, իր գնահատանքը յայտնեց անոնց հայրենանուէր իրագործումներուն համար: Կաթողիկոսը նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր հայորդի հայրենասիրութեամբ եւ քաջարի ոգիով պէտք է իմաստաւորէ յանուն հայրենիքի նահատակուած մեր զաւակներուն զոհաբերութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ կերտել անվտանգ, բարօր եւ յառաջընթաց հայրենիք:
Վեհափառ հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ առ Աստուած ամուր հաւատքի, արիութեան եւ միասնականութեան շնորհիւ` հայ ժողովուրդը կը կարողանայ յաղթահարել հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները: Այս առնչութեամբ հայոց հայրապետը յորդորեց երիտասարդները` ըլլալու միաբան, ամուր կառչած մնալ ազգային արժէքներու, աշխուժօրէն ներգրաւուիլ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին, ամուր պահել սէրն ու նախանձախնդրութիւնը հայրենիքի նկատմամբ, առաջնորդուիլ նախնեաց լուսաւոր օրինակով եւ չտկարանալ մեր երկրի առջեւ ծառացած դժուարութիւններու յանդիման:
Հաղորդենք, որ հանդիպման աւարտին հայրապետը պատասխանեց երիտասարդներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին` եկեղեցւոյ հոգեխնամ եւ ազգապահպան առաքելութեան, հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներուն:
«Ապրելու Ձայնը» Միշտ Պիտի Հնչէ. Արցախի Բարբառին Նուիրուած Ձեռնարկ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, ապրիլ 30-ին կայացաւ գրական երեկոյ` նուիրուած Արցախի բարբառին:
Ձեռնարկին ընթացքին «Դիզակ արտ» մշակութային կեդրոնի սաները հանդէս եկան արցախեան բարբառով գրուած շարք մը երգերով:
Կարդացուեցան Արցախի գրողներէն` Գուրգէն Գաբրիէլեանի, Վարդան Յակոբեանի, Վազգէն Օւեանի, Ալեքսանդր Մանասեանի, Արիս Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ երիտասարդ գրող Վաչիկ Դադայեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Յայտնենք, որ երեկոն վարեց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը:
Արցախի բարբառը` իբրեւ մեր ոսկեղենիկ մայրենիի մէկ ճիւղը, ունի իր առանձնայատկութիւնը, որուն անդրադարձաւ երիտասարդ բարբառագէտ Ռենա Մովսիսեանը:
Խօսքերով հանդէս եկան` «Դիզակ արտ» կեդրոնի հիմնադիր Երազիկ Աւանեսեանը, գրականագէտ Նոնա Դաւթեանը, հրապարակախօս, թարգմանիչ Միքայէլ Հաճեանը, Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի դերասանուհի Ռուզան Գասպարեանը:
Կարդացուեցան նշխարներ Արցախի բանահիւսութենէն, որուն շուրջ կազմակերպուեցաւ հետաքրքրաշարժ հարց-պատասխան:
Ներկաները անդրադարձան Արցախի սովորութիւններուն, օրհնանքներուն, տարածուած շրջասոյթներուն, նաեւ կիսուեցան իրենց տպաւորութիւններով:
Երեկոն ամբողջացաւ շնորհալի երգիչ Արթուր Խաչենցի` Արցախի բարբառով գրուած երգերով:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հ. Աւագեան խոստացաւ, որ «Ապրելու ձայնը» նախագիծը շարունակական ըլլայ` Համազգայինի շուրջը համախմբելով Արցախի գրողներն ու արուեստագէտները:
Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Մէջ Լիբանանահայ Մտաւորական Եւ Անուանի Արուեստագէտ Մովսէս Հերկելեան Դասախօսեց Արշիլ Կորքիի Մասին
«Արեւմուտքի մէջ, հայ մշակոյթի համաշխարհային ճանաչում ունեցող դէմքերու մէջ, ինչպէս` Արամ Խաչատրեան, Շարլ Ազնաւուր, Ատոմ Էկոյեան, ամերիկահայ նկարիչ Արշիլ Կորքին ամէնէն ճանչցուած եւ ընդունուած արուեստագէտն է»: Մայիս 2-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճին մէջ լիբանանահայ ճանչցուած մտաւորական, արուեստագիտութեան թեկնածու Մովսէս Հերկելեան այս խօսքերով սկսաւ իր հանրային դասախօսութիւնը, որ նուիրուած էր Արշիլ Կորքիի:
Ազգային գրադարանի հանրային կապերու բաժինի վարիչ Ներսէս Հայրապետեան ներկայացնելով դասախօսը` նշեց, որ Ազգային գրադարանը արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ Մովսէս Հերկելեանը: Նախորդ տարի ան գրադարանին մէջ հանդէս եկաւ «Այվազովսկին եւ թուրքերը» հետաքրքրական բանախօսութեամբ:
Հերկելեան գրադարանին նուիրեց արժէքաւոր արուեստագիտական գրականութիւն, ինչպէս նաեւ տուաւ իր հրատարակած գիրքերուն հրապարակման եւ հայ գիրքի շտեմարաններուն մէջ ազատ գործածութեան իրաւունքը:
Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Արշիլ Կորքիի ընտանիքին պատմութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանէն Արեւելեան Հայաստան գաղթի ճանապարհը, ապա նաեւ` Միացեալ Նահանգներ անոնց հաստատուիլը: Ծանր եղած է նկարիչին ամբողջ կեանքը` մինչեւ ողբերգական վախճանը:
Բանախօսը նշեց, որ Արշիլ Կորքիի կտաւները 1980-ական թուականներէն միջազգային աճուրդներու մէջ թանգարաններու եւ անհատ հաւաքորդներու համար տարուէ տարի աւելի մրցակցային դարձան: Ուրիշ ոչ մէկ հայ նկարիչի գործեր երբեւէ այսպիսի բարձր գիներով չեն վաճառուած, որքան` Արշիլ Կորքիի կտաւները: Սակայն, ցաւօք, անոր ստեղծագործութիւնը տակաւին անծանօթ է հայ հասարակութեան:
Մովսէս Հերկելեան խօսեցաւ նաեւ նկարիչին առանձին գործերուն եւ նկարչական շարքերուն մասին: Այնուհետեւ զրոյցը շարունակուեցաւ հարց-պատասխանի ձեւաչափով:
Ազրպէյճանցիները Ոչնչացուցած Են Ստեփանակերտի «Հերոսներու Պանթէոն»-ը
Ազրպէյճան պետական մակարդակով կը շարունակէ ոչնչացնել բռնագրաւուած Արցախի մէջ գտնուող եւ յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներուն նուիրուած համալիրները: Այս մասին ահազանգ կը հնչեցնէ «Հայք» մշակոյթի պաշտպանութեան միութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան Յովիկ Աւանէսով:
«Պաքուի քաղաքականութեան հերթական թիրախը դարձաւ Ստեփանակերտի «Հերոսներու պանթէոն»-ը: Այս տեղեկութիւնը տարածուած է «Թելեկրամ»-ի ազրպէյճանական ալիքներով», նշած է ան: