Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Մէջ Գործող ՀՅԴ Արցախի Կառոյցները Նշեցին Արցախեան Շարժման 36-Ամեակը
Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն մասնակցեցան Երեւանի մէջ գործող ՀՅԴ Արցախի կառոյցներու անդամներ, հրաւիրեալներ:
Բանախօսները ներկայացուցին շարժման սկզբնաւորման պատմութիւնը, կիսեցին յիշողութիւններ, խօսեցան պայքարի շարունակականութեան, նոր պայմաններու մէջ ձեռնարկուելիք անհրաժեշտ քայլերուն մասին:
ՀՅԴ Հայաստանի Եւ Արցախի Երիտասարդական Միութիւններու Երկօրեայ Սեմինար
ՀՅԴ Հայաստանի եւ Արցախի երիտասարդական միութիւններու անդամներ 2-3 մարտին Ջերմուկի մէջ ունեցան երկօրեայ սեմինար մը, որուն ընթացքին տրուեցան դասախօսութիւններ, կատարուեցան զրոյցներ ու այլ աշխատանքներ` Հայաստանի քաղաքական ներկայ վիճակին մասին:
Սեմինարին մասնակիցները առկայ քաղաքական իրավիճակին եւ իրենց ընելիքներուն մասին հանդիպում եւ քննարկում ունեցան նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանին հետ: Անոնք առիթը ունեցան հասկնալու, թէ ի՛նչն է այսօր Դաշնակցութեան ընելիքը եւ ի՞նչ ուղղութիւններով կուսակցութիւնը կ՛իրականացնէ իր քաղաքական գործունէութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան խօսեցաւ երիտասարդութեան յեղափոխական նկարագրի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցի` Հայաստանի մէջ վերստեղծման, այդ օրերու քաղաքական իրավիճակին եւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան մասին:
Երիտասարդները հանդիպում ունեցան նաեւ դաշնակցական մամուլի երկարամեայ գործիչ Վաչէ Բրուտեանին հետ, որուն դասախօսութիւնը հիմնականօրէն նուիրուած էր ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցին եւ կուսակցութեան կազմակերպական աւանդութիւններուն:
Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան մասնակիցներուն ներկայացուց ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս, ՀՕՄ-ի կարիքներն ու յառաջիկայ ընելիքները: Շեշտելով երիտասարդներուն դերն ու մասնակցութիւնը իրականացուող աշխատանքներուն մէջ` ներկաները կիսուեցան գաղափարներով եւ լսեցին առաջարկներ:
ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար Սարգիս Մկրտչեան երիտասարդներուն ներկայացուց Դաշնակցութեան էութիւնն ու աշխարհահայեացքը, բացատրեց ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարաբանութիւնը, որ սերտօրէն առնչուած է ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան: Ան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը պէտք է ըլլայ ազգային, ընկերվար, ժողովրդավար եւ կարեւորագոյնը` յեղափոխական:
Բոլոր դասախօսութիւններու աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու, ինչպէս նաեւ շինիչ եւ մտքեր փոթորկող զրոյց ծաւալեցաւ դասախօսներուն եւ մասնակից երիտասարդներուն միջեւ:
22-27 Փետրուար 1988-ին Տեղի Ունեցած Սումկայիթի Ջարդերու Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած Հանդիսութիւն
Փետրուար 28-ին` ազրպէյճանական կազմակերպուած ջարդերու նահատակներու յիշատակին եւ բռնագրաւուած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, սումկայիթեան ջարդերու ականատեսներ եւ քաղաքացիներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ազրպէյճանական կազմակերպուած ջարդերուն նահատակներու յիշատակին: Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին ազրպէյճանական կառավարութեան կազմակերպած Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ), Պաքուի կոտորածներու նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած խաչքարերուն մօտ:
Ծաղիկներու խոնարհման արարողութենէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու դահլիճին մէջ կայացաւ գիտական գործնական հանդիպում-քննարկում, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան: Ան նշեց, որ ազրպէյճանական իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ եւ թոյլատրութեամբ հայերու դէմ իրականացուած ոճրագործութիւնները Ազրպէյճանի պետական հայատեաց քաղաքականութեան հերթական հետեւանքն էր: Նոյն քաղաքականութեան ականատես եղանք նաեւ մեր օրերուն` Արցախի շրջափակումէն մինչեւ հայաթափում: Գիտական գործնական հանդիպումը վարեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի հայութեան բռնաճնշումներու ուսումնասիրութեան բաժինի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեան: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Արսէն Յակոբեան փաստերով հիմնաւորեց ազրպէյճանական կողմին տարածած, այսպէս կոչուած, Կապանի դէպքերու հակագիտական եւ սնանկ ըլլալը: Յարութիւն Մարութեան անդրադարձաւ սումկայիթեան ջարդերուն, հայոց պատմական եւ հաւաքական յիշողութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան` նշելով, որ սումկայիթեան ոճրագործութիւնները ժողովուրդին մէջ կ՛ընկալուէին տակաւին Օսմանեան կայսրութեան օրերէն սկսած ցեղասպանութեան շարունակութիւն: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Հրանուշ Խառատեան ընդգծեց զոհ եւ զոհաբերութիւն եզրոյթները սահմանելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ, ըստ անոր, զոհերը միայն սպաննուածներ չեն, այլ` անոնք, որոնք կորսնցուցած են իրենց հայրենիքը, հարազատը, դարձած են հաշմանդամ: Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի գիտութեան գծով փոխնախագահ, տնտեսագիտութեան դոկտոր Թաթուլ Մկրտչեան ներկայացուց 1988-1992 թուականներու Ազրպէյճանէն Հայաստան բռնի տեղահանուած հայերուն ունեցած տնտեսական կորուստները: Այնուհետեւ խօսք արտասանեց «Ազրպէյճանական ԽՍՀ-էն փախստականներու համագումար» կազմակերպութեան համակարգող, կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու Մարիամ Աւագեանը: Ան նշեց, որ 1988 թուականին սումկայիթեան ջարդերը, չստանալով համապատասխան քաղաքական եւ իրաւական գնահատական, յանգեցուցին Կիրովապատի, Պաքուի, Մարաղայի հայկական կոտորածներուն: Այնուհետեւ «Գարդման-Շիրվան-Նախիջեւան» համահայկական միութեան նախագահ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիլեն Գաբրիէլեան ներկայացուց «Գարդման-Շիրվան-Նախիջեւան» համահայկական միութեան իրականացուցած աշխատանքները` աւելցնելով, որ շուտով կը գործարկուի www.armrefugees.am կայքը, որ ստեղծուած է 1988-1992 թուականներուն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան կամ արտերկիր ապաստանած մեր հայրենակիցներուն համահաւաք ցուցակ կազմելու եւ քարտէսագրելու նպատակով:
Շարլ Ազնաւուրի Յուշարձանը Եւս Ստեփանակերտէն Կ՛անհետանայ
«Ազրպէյճանի վարչախումբը բռնագրաւուած Ստեփանակերտի «Փոլ Էլուարի ֆրանսախօսութեան կեդրոն»-ի շրջափակին մէջ գտնուող Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը կազմաքանդած է», այս մասին կ՛ահազանգէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը:
Յիշեցնենք, որ Ազնաւուրի յուշարձանը այդ վայրին մէջ տեղադրուած էր 22 մայիս 2022-ին` աշխարհահռչակ երգիչին ծննդեան 100-ամեակին առիթով: Կիսանդրիին հեղինակը ճարտարապետ Մամիկոն Ֆարսիեանն է, իսկ քանդակագործը` Եուրի Յովհաննիսեանը: Ան Շարլ Ազնաւուրի ժպտող քանդակով փորձած է ծանր իրավիճակի մէջ գտնուող արցախցիներուն ապագայի յոյս ներշնչել:
Շէնքի ճակատին փակցուած էր արցախցի քանդակագործ Հրանդ Մնացականեանի «Մեղեդի» ցուցանակը: Վերջինիս ներկայ վիճակի մասին տեղեկութիւններ չկան:
Ինչպէս կը փաստեն լուսանկարները, որոնք նկարուած են մինչ ազրպէյճանական վանտալիզմը, յուշարձանը ամբողջական էր, իսկ նոյն վայրը արդէն այսօր առանց Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանի է:
Յայտնի Դարձաւ, Թէ Շարլ Ազնաւուրի Ո՛ր Քանդակը Պիտի Կանգնեցուի Շանսոնիէի Անուան Հրապարակին Մէջ
Յայտնի դարձաւ հայազգի մեծանուն երգիչ, Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանի նախագիծին յաղթող տարբերակը:
Ընդհանուր առմամբ, ստացուած էր 60-է աւելի դիմումնագիր, իսկ ներկայացուած մանրակերտերուն տարբերակները գերազանցած էին հարիւրը: Յաղթող քանդակին հեղինակը Դաւիթ Մինասեանն է: Ան 9 ձայնով յառաջացում արձանագրեց մնացեալ տարբերակներէն, երկրորդ դիրքը 2 ձայնի տարբերութեամբ զբաղեցուցած է Արմենակ Վարդանեանի քանդակը, որ խրախուսական դրամական պարգեւի պիտի արժանանայ:
Ընտրող յանձնախումբին կազմը բաղկացած էր 11 անդամներէ, որոնց շարքին` Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, քաղաքապետի տեղակալ Լեւոն Յովհաննիսեան, Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան նախագահ Գոշ Սարգսեան, Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքի անդամներ, ոլորտի մասնագէտներ` նկարիչներ, քանդակագործներ, ճարտարապետներ եւ ուրիշներ:
Շարլ Ազնաւուրի որդին` Նիքոլա Ազնաւուր, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն քանդակագործներուն, որոնք մասնակցեցան մրցոյթին:
«Ես կը նկատեմ, որ բոլորը իրենց հոգին ու սիրտը ներդրած են իրենց գործերուն մէջ: Դժուար էր ընտրութիւն կատարելը, բայց լիայոյս ենք, որ այն, ինչ որ ընտրած ենք, պիտի արդարացնէ մեր եւ հասարակութեան սպասելիքները», ընդգծեց Նիքոլա Ազնաւուր: Ան տեղեկացուց, որ Ֆրանսայի մէջ տեղադրելիք քանդակի աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Սակայն սկիզբը բացումը պիտի կատարուի Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող զբօսայգիին, որ պիտի կայանայ Փարիզի կեդրոնին մէջ:
«Disney»-ն Առաջին Անգամ Ըլլալով Գծանկարային Ժապաւէնի Փոքր Դրուագով Անդրադարձաւ Հայկական Մշակոյթին
«Mickey Mouse Funhouse» ժապաւէնի փոքր դրուագը, որ կը ցուցադրուի «Disney Channel»-ով, անուանի Մինի Մաուսն ու իր ընկերները նշեցին «Վարդավառ»-ը:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց «Armenianfilmsociety»-ին իր Ինսթակրամի պաշտօնական էջին վրայ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ժապաւէնի բեմագիրը Քեթլին Սարնելի Կապուկչեանն է, որուն ամուսինը հայ է:
«Այդ դրուագին մէջ Մինի Մաուսը սխալ հանդերձանք կրած է «Վարդավառ»-ը տօնելու համար: Մինին, Միքին եւ անոնց ընկերները ողջունած է Աստղիկ աստուածուհին, որ հայկական աւանդական տարազ կրած է: Աստուածուհին կ`իջնէ իր կախարդական տաճարէն եւ ջուր շաղ կու տայ անոնց վրայ», ըսուած է նկարագրութեան մէջ:
Այդ իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան առասպելներու եւ աւանդավէպերու երկրին մէջ եւ կառուցուած է հայկական ճարտարապետութեան օրինակով, մասնաւորապէս Գառնիի եւ Քասքատի հիման վրայ` ստեղծելով երկու վայրերու միաձուլում:
Աստղիկի կերպարը հնչիւնաւորած է Լիանա Պտեւին, որուն մայրը հայուհի է, իսկ հայրը` լիբանանցի:
Դրուագը յագեցած է հայկական մշակութային տարրերով: Մինին կրած է հայկական տարազ, եւ անոնք խօսած են հայերէն, իսկ սիրուած հերոսները` Չիփն ու Տէյլը, վաճառած են թան եւ պատրաստած են խորոված:
Գծանկարային ժապաւէնի այս դրուագը միակն է, որով «Disney»-ն, առաջին անգամ ըլլալով, կ՛անդրադառնայ հայկական մշակոյթին:
Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցին Շնորհուած Է Քեմպրիճ Միջազգային Դպրոցի Հաւատարմագրում
Դիլիջանի միջազգային դպրոց, Հայաստան հիմնադրամի կառավարման խորհուրդը յայտնեց, որ Նախապատրաստման դասընթացքներու կեդրոն Դիլիջանին շնորհուած է Քեմպրիճ միջազգային դպրոցի հաւատարմագրում` տարրական, միջին եւ աւագ դասարաններու համար:
Նախապատրաստման դասընթացքներու կեդրոն Դիլիջանը տեղակայուած է UWC Դիլիջանի միջազգային դպրոցի շրջափակին մէջ: Յիշեցնենք, որ UWC Դիլիջանի մէջ կը դասաւանդուի Միջազգային պաքալորէայի վկայականի կրթական ծրագիրը, եւ այնտեղ կը յաճախեն 220 ուսանող` աւելի քան 80 երկրէ: Յայտնենք, որ Նախապատրաստման դասընթացքներու կեդրոն Դիլիջանը գործարկուած էր UWC Դիլիջանի անձնակազմին երեխաներուն կրթութիւնը կազմակերպելու նպատակով:
UWC Դիլիջանի գոյութեան տասը տարիներու ընթացքին կեդրոնը զարգացած է` վերածուելով լիարժէք դպրոցի, եւ այժմ ունի աշակերտներ` նախակրթարանէն մինչեւ 9-րդ դասարան: Այսպիսով, միջազգային հաւատարմագրման գործընթացը դպրոցի բնականոն զարգացման տրամաբանական շարունակութիւնը կը հանդիսանայ:
Քեմպրիճ միջազգային դպրոցներու հաւատարմագրումը ճանչցուած է կրթական գերատեսչութիւններու կողմէ` իբրեւ բարձրորակ միջազգային կրթութիւն տրամադրելու յանձնառութիւն: «Քեմպրիճ դպրոցները կը կազմեն մէկ համաշխարհային համայնք, որ կը նպատակադրէ նախապատրաստել ուսանողներ` յարափոփոխ աշխարհի մէջ յաջողութեան հասնելու համար:
Անդրադառնալով հաւատարմագրման գործընթացին` Նախապատրաստման դասընթացքներու կեդրոն Դիլիջանի ղեկավար Սթեֆանի Ճոնս նշեց. «Տարրական, միջին եւ աւագ դպրոցի համար Քեմպրիճ միջազգային դպրոցի հաւատարմագրումը կը զօրացնէ մեր անձնակազմին կարողութիւնը եւ կը հաւաստէ բազմազգ ուսանողական կազմի համար բարձրակարգ կրթութիւն ապահովելու մեր յանձնառութիւնը»:
«Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Ադամ Արմանսկի նշեց. «Հաւատարմագրումը մեզի համար նշանակալի ձեռքբերում է: Արտաքին գնահատում անցնելը խիստ կարեւոր է 70 աշակերտ ունեցող եւ աճող հաստատութեան համար: Յառաջիկայ տարի մեր աշակերտներուն մէկ մասը պիտի փոխադրուի 10-րդ դասարան: Այսպիսով, կ՛ունենանք ամբողջական լրակազմ` նախակրթարանէն մինչեւ UWC Դիլիջանի Միջազգային պաքալորէայի ծրագիր 12-րդ դասարան»:
«Շատ ուրախ ենք, որ մեր Նախապատրաստման դասընթացքներու կեդրոնը, որ հիմնած էինք UWC Դիլիջանի անձնակազմի երեխաներու կրթութիւնը ապահովելու նպատակով, հասաւ այս կարեւոր հանգրուանին: Երբ սկսանք ընդլայնուելու եւ դուրսէն աշակերտներ ներգրաւելու, հաւատարմագրումը անհրաժեշտութիւն դարձաւ: UWC Դիլիջանը կարեւոր կը նկատէ արտաքին չափանիշներու համապատասխանութիւնը: Այս մէկը կրթութեան գերազանցութեան կեդրոն դառնալու եւ պահպանելու պայմանն է», դիտել տուաւ UWC Դիլիջանի համահիմնադիր եւ կառավարման խորհուրդի նախագահ, Դիլիջանի միջազգային դպրոց, «Հայաստան» հիմնադրամի կառավարման խորհուրդի նախագահ Վերոնիքա Զոնապենտը: