Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 26, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախցիները Պէտք Է Հետապնդեն Եւ Բարձրացնեն Արցախ Վերադառնալու Իրենց Իրաւունքը, Արցախի Առաջնորդ

19 յունիսին տեղի ունեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս, Աբրահամեանի արցախահայութեան հետ հերթական հանդիպումը Երեւանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: Հանդիպումի ընթացքին խօսք առին նաեւ Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի փոխտնօրէն Ազատուհի Սիմոնեան:

Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ հանդիպումին մեկնարկը տրուեցաւ Տէրունական աղօթքով: Վրթանէս սրբազանը իր օրհնանքի եւ գօտեպնդման խօսքերը ուղղեց ներկաներուն` յորդորելով ըլլալ միասնական եւ անկոտրում:

Ան դիտել տուաւ, որ արցախցիները պէտք է կարենան իրենց վերադարձի հարցը լսելի դարձնել խուլ ականջներուն: «Վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ, Արցախի թեմը չլուծարուեցաւ, այլ ընդհակառակն, նոր ձեւաչափով իր ծառայութիւնը կը մատուցէ արցախահայութեան` մեր վերադարձի, պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, նաեւ ընկերային հարցերու շուրջ: Համապատասխան միջազգային կառոյցներուն դիմելով` մեր ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման, անոր իրաւունքներու հարցերը իրաւական դաշտ բերելու ուղղութեամբ, որքան կրնանք եւ որքան կարելիութիւն ունինք, այդ բոլորը պէտք է օգտագործենք», ըսաւ սրբազանը:

Ան արցախցիներուն կոչ ուղղեց` չարտագաղթելու Հայաստանէն, որքան ալ շատ ըլլան ընկերային հարցերը: «Որպէսզի մենք մնայուն մեր սրտին մէջ ունենանք Արցախը եւ ունենանք վերադարձի յոյսը, պէտք է ըլլանք իրարու քով, համախմբուած: Եւ այդ համախմբուածութիւնը կը ներկայացնէ բաւականաչափ ուժ: Եթէ ցրուած ըլլաք, տարբեր վայրերու մէջ գտնուիք, կրաւորական դիրք բռնէք, անտարբեր ըլլաք եւ զբաղիք միայն ձեր անձնական հարցերով, Արցախի հարցը դուրս կը մնայ: Ես չեմ ըսեր` վաղը բոլորով եկէք հանրահաւաքին, այլ ձեր մտածումները, ցանկութիւնները, պահանջատիրութիւնը եթէ դնէք դատարանի ու դատաւորի առջեւ, եթէ կայ այդպիսի դատաւոր, ինքը կը տեսնէ ու կը հասկնայ, որ արդարացի լուծումն է միայն այն, որ դրուած է այդ թղթապանակին մէջ», ըսաւ Վրթանէս եպս, Աբրահամեան:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան շեշտեց, որ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի Արցախի հարցը չփակուի, ան ըսաւ. «Մեզմէ կախեալ է, ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի նորէն վերադառնանք մեր արմատներուն»:

Ան շարունակեց` նշելով, թէ հիմնած են գրասենեակ մը, որ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ մասնաւորապէս Արցախի պատմական մշակութային ժառանգութեան հարցին: «Ճիշդ է, որ մեզ ցեղային զտման եւ բռնագաղթի ենթարկեցին, բայց մեր արմատները այնտեղ են` ի դէմս մեր եկեղեցիներուն, խաչքարերուն, մեր պատմական մշակութային ժառանգութեան: Մենք գրեթէ ամէն օր ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ կը տեսնենք Արցախի մէջ մեր յուշարձաններու ոչնչացման, պղծման դէպքեր: Եւ այս բոլորը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ, եթէ մենք ամէն օր չբարձրաձայնենք այդ հարցերը: Այս գրասենեակը այդ բոլորը համակարգելու միտում ունի: Մենք ամէն օր այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք, շաբաթ չկայ, երբ ես զեկոյց չեմ ուղարկեր այս կամ այն միջազգային կառոյցներուն, որոնք զբաղած են հակամարտութեան գօտիներու մէջ յուշարձաններու պահպանման հարցերով: Միւս կարեւոր ուղղութիւնը արտաքին քաղաքականութիւնն է», ըսաւ Յովհաննիսեան` աւելցնելով. «Այսօր միջազգային համախոհութիւն կայ, ոեւէ մէկը չի մերժեր, որ արցախցիները պէտք է վերադառնան, բայց` ինչպէ՞ս, ի՞նչ երաշխիքներով: Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները բազմաթիւ խոչընդոտներ կը յարուցեն Արցախի ընտրուած Ազգային ժողովի գործունէութեան համար, իսկ Արցախի թեմը փաստօրէն միակ օրինական մարմինն է: Ասկէ մեկնելով` ամէն ինչ պէտք է կեդրոնացնենք Արցախի թեմի շուրջ, որպէսզի կարողանանք մեր իրաւունքներուն մասին հարցադրումներ կատարել»:

Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ սփիւռքի մէջ գործող զանազան կառոյցներ դատական դիմումնագիրներ ներկայացուցած են Ազրպէյճանի դէմ: Օրինակ` դիմումնագիր ներկայացուած է Միջազգային քրէական դատարան` Իլհամ Ալիեւը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: «Կրնաք ըսել` անկէ ի՞նչ օգուտ կայ, բայց երբ Պէյրութի մէջ հանդիպեցանք Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ, ան ըսաւ` հիմա ձեզի համար թուղթեր հաւաքելու ժամանակն է, միջազգային իրաւական փաստաթուղթեր պէտք է հաւաքէք: Եթէ դուռը փակ է ձեզի համար, պատուհանէն մտէք, բայց ամէն օր խօսեցէք այդ մասին, ամէն օր պայքարեցէք», եզրափակեց ան:

Հանդիպման աւարտին ներկաները կարելիութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ բարձրացնելու այն հարցերը, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին արցախահայերը այսօր Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի Կրթութեան Նախարարութիւնը Հերքեց Ազրպէյճանի Կողմէ Մշակութային Պատմական Իրականութիւններու Խեղաթիւրումները

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս հերքեց Ազրպէյճանի զանազան լրատուական հարթակներու վրայ տեղ գտած հրապարակումները, ըստ որոնց, իբր թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատուող (եւ ոչ միայն) հատուածներուն մէջ գտնուող հայկական պատմական եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ամրակայման, նորոգութեան եւ վերականգնման աշխատանքները «աղուանական հետքերու» վերացման նպատակ կը հետապնդեն:

Այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Նմանօրինակ լրատուութիւն ակնյայտ սուտ է, պատմական փաստերը կեղծելու Ազրպէյճանի ձեռնավարական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում:

Մասնաւորապէս Հայաստանի Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղի եկեղեցին (տեղացիները կ՛անուանեն Ս. Երրորդութիւն) կառուցուած է 19-րդ դարուն` տեղական կոպտատաշ քարէն, եւ եռանաւ պազիլիք հայկական եկեղեցի է: Պահպանուած են հայկական ըլլալու փաստը հաստատագրող` հարաւային աւանդատան պատուհանի վերեւի հատուածին մէջ պահպանուած արձանագրութիւնը («1888 ամի»)` կառուցման տարեթիւով, իսկ անկէ աջ նաեւ հայերէն արձանագրութիւնը: Կիրանցի այս եկեղեցին խորհրդային շրջանին վերածուած էր պահեստի: 2024 թ. Հայաստանի կառավարութեան յատկացուցած միջոցներով կ՛իրականացուին յուշարձանի ամրակայման, նորոգման, վերականգնման եւ զանգաշտարակ-ռոտոնդայի (կլոր գմբէթաւոր շէնք) տեղադրման գիտական նախագծային փաստաթուղթերու կազմման աշխատանքները»:

«Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ոսկեպարի Ս. Աստուածածին կեդրոնագմբէթ եկեղեցին կառուցուած է 7-րդ դարուն: Անիկա պատկանած է հայկական վաղմիջնադարեան եկեղեցական ճարտարապետութեան «մաստարայատիպ» կառոյցներուն (Մաստարայի Ս. Յովհաննէս, Հառիճավանքի Ս. Գրիգոր, Արթիկի Ս. Գէորգ, Կարսի Առաքելոց): Ոսկեպարի վաղմիջնադարեան եկեղեցին հիմնական վերանորոգման ենթարկուած է 1975-1977 թուականներուն, սակայն մթնոլորտային տեղումներու պատճառով յառաջացած խոնաւութեան ներթափանցումէն եկեղեցւոյ տանիքածածկերը քայքայուած են, ծածկասալերը` վնասուած: 2024 թուականին պետական միջոցներով վերականգնուեցան յուշարձանի տանիքի ծածկասալերը:

«Հայաստանի Շիրակի մարզի Երերոյքի վաղքրիստոնէական տաճարը, որ նոյնպէս յայտնուած է ազրպէյճանական տեղեկատուական քարոզչութեան թիրախին եւ պատմական կեղծ պնդումով ներկայացուած` իբրեւ թրքական կոթող, ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան նախնական ցանկին եւ Եւրոպա Նոստրայի ամէնէն վտանգուած մշակութային կոթողներու ցանկին մէջ:

«Երերոյքի տաճարի եւ յարակից տարածքը հարուստ է մշակութային շերտով, որուն մասին կը վկայեն տարիներ շարունակ հայ եւ իտալական հնագիտական արշաւախումբերու կատարած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները:

«Երերոյքի վաղքրիստոնէական տաճարի ամրակայման եւ վերականգնման ծրագիրը կ՛իրականացուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ` Միացեալ Նահանգներու դեսպանին «Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի» նիւթական յատկացումով:

«Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, վերականգնումն ու հանրահռչակումը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան առաջնահերթութիւններէն է, եւ այս ուղղութեամբ պետութիւնը կ՛իրականացնէ շարունակական աշխատանք:

«Կոչ կ՛ընենք Ազրպէյճանի համապատասխան շրջանակներուն` չխեղաթիւրել պատմական փաստերը, ինչպէս նաեւ` ապահովել Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական պատմական մշակութային յուշարձաններու պահպանումը` մասնաւորապէս ապահովելով նաեւ միջազգային դիտորդական առաքելութեան այցելութիւնները` Արցախի տարածքին գտնուող հայկական յուշարձաններու մշտադիտարկման նպատակով»:

Պաքուի Աջակցող Որեւէ Իսլամական Երկիր Պէտք Է Գիտնայ, Որ Կ՛օժանդակէ Կազայի Կոտորածին

Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան արձագանգելով Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման` կը գրէ.

«Հայաստան այլեւս կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը, իսկ Պաքուի բարբարոսական վարչախումբը Արցախի հայութեան նկատմամբ կատարած ցեղասպանական բնոյթի ցեղային զտումէն ետք ուժանիւթատարներ կը մատակարարէ Կազայի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ անմարդկային գործողութիւններով ուշադրութիւն գրաւող Նեթանիահուի վարչախումբին:

«Ա՛յս է այն ճշմարտութիւնը, զոր պէտք է իմանայ իսլամական եւ արաբական աշխարհը պարբերաբար իսլամի եւ իսլամական համերաշխութեան մասին ճամարտակող Պաքուի երեսպաշտ վարչախումբի իրական բնոյթի մասին:

«Այսուհետեւ իսլամական որեւէ երկիր, եւ յատկապէս` Փաքիստանը, Պաքուի բարբարոսական վարչախումբին աջակցելով` պէտք է նկատի ունենայ, որ կ՛օժանդակէ, Կազայի անմարդկային կոտորածի օգնողին, երկրի մը դէմ, որ կը ճանչնայ պաղեստինցիներուն սեփական պետութիւն ունենալու բնական իրաւունքը»:

Լոյս Տեսաւ Արցախի Թեմի Առաջնորդին` Ազրպէյճանական Վանտալիզմի Մասին Պատմող Գիրքը

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հրամանաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի, լոյս տեսաւ «Վանտալիզմի պետական քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանում» գիրքը, որուն մէջ ներկայացուած են Արցախի պատմական մշակութային յուշարձաններու նկատմամբ ազրպէյճանական վայրագութիւնները: Այս մասին յայտնեցին Արցախի թեմի մամլոյ ծառայութենէն:

Հաղորդենք, որ գիրքը հրատարակուեցաւ Քրասնոտարի երկրամասի հայկական ազգային մշակութային ինքնավարութեան «Արցախ» էթնոմշակութային կեդրոնի մեկենասութեամբ:

Եւրոպական Միութիւնը 15 Միլիոն Պիտի Տրամադրէ Արցախէն Տեղահանուածներու Ընկերային–Տնտեսական Համարկման Համար

Կառավարութիւնը հաստատեց «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական յանձնախումբին միջեւ «Պետութեան եւ դիմակայունութեան ամրապնդման պայմանագիր Հայաստանի Հանրապետութեան համար» ֆինանսաւորման համաձայնագիրը հաստատելուն մասին», hանրապետութեան նախագահին հրամանագիրի նախագիծը: Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 2024-ի առաջին եռամսեակին, 15 միլիոն եւրօ գումարով:

«Ծրագրի նպատակն է` աջակցիլ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական դիմակայունութեան մասնաւորապէս, նպաստել Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն առաջնահերթ, միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ հարցերու հասցէագրման, ինչպէս նաեւ` անոնց երկարաժամկէտ ընկերային-տնտեսական ներառման: Ծրագրի շրջանակներուն մէջ կը նախատեսուի միանուագ բազմանպատակ դրամական օգնութեան տրամադրում` աջակցութիւն ժամանակաւոր կացարաններու կարիքներու եւ ընդհանուր ծախսերու ուղղութեամբ, աջակցութիւն` կիներու ու խոցելի խումբերուն, ինչպէս  նաեւ` հիւրընկալող համայնքներու ընկերային-տնտեսական վերականգնման», ըսաւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:

Ան նշեց, որ 15 միլիոնը անհատոյց դրամական աջակցութիւն է: Գրիգորեան տեղեկացուց նաեւ, որ 20 յունիսին հաստատուեցաւ նախագիծ, որուն համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին պիտի յատկացնէ յաւելեալ երեք միլիոն եւրօ` Հայաստանի կառավարութեան աջակցելու` առաւելագոյն չափով լայն բարեփոխումներ իրականացնելու համար:

Հայաստանի Վաստակաւոր Արուեստագէտ Լալա Մնացականեան Ոչ Եւս Է

22 յունիսին գիշերը յանկարծամահ եղած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Լալա Մնացականեանը: Այս մասին տեղեկացուցին Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկէն: «Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ կեանքէ անժամանակ հեռացած է դերասանի վարպետութեան եւ բեմադրական ամպիոնի փրոֆեսէօր, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Լալա Մնացականեանը»:

Լալա Մնացականեան ծնած է 8 հոկտեմբեր 1957-ին, Երեւան: Մայրը` Էլիզա Կիւլեսերեան, եղած է բեմական խօսքի դոցենտ, հայրը` Բաբգէն Մնացականեան` մեթեմաթիկոս, թուաբանական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ: Եղած է իր ընտանիքին երրորդ աղջիկը:

Ուսանած է Երեւանի թիւ 78 դպրոցին մէջ, որմէ ետք ընդունուած է Երեւանի պետական գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի թատրոնի եւ շարժանկարի դերասանական բաժինը, որ աւարտած է 1978 թուականին կարմիր վկայականով:

Խաղացած է բազմաթիւ դերեր` թատրոնի, շարժանկարի եւ պատկերասփիւռի աշխարհներուն մէջ: Հետաքրքրական դերակատարումներով հանդէս եկած է տարբեր թատրոններու մէջ` Երեւանի Երիտասարդական փորձառական, Վանաձորի Յովհաննէս Աբէլեանի անուան պետական տրամաթիքական, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական, «Մեթրօ» եւ Մհեր Մկրտչեանի անուան թատրոններուն մէջ: Ան նաեւ 140 մանրապատումներու բեմագիր եւ դերակատար է:

Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Են Սերգէյ Փարաջանովի Ծննդեան 100-Ամեակին Նուիրուած Դրոշմաթուղթերը

20 յունիսին շրջանառութեան մէջ դրուած է երկու դրոշմաթուղթ` նուիրուած Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 100-ամեակին: Այս մասին յայտնեց «Հայաստանի Ֆիլատելիա»-ն:

Դրոշմաթուղթերը արտադրուած են Ֆրանսայի Cartor տպարանին կողմէ, իսկ ձեւաւորման հեղինակն է Վահագն Մկրտչեան:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ իւրաքանչիւրէն տպագրուած է 15 հազար օրինակ, իսկ չափերն են` 30 x 40 մմ.:

 

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Պատերազմի Եւ Զինադուլի Միջեւ

Յաջորդը

Առեղծուա՞ծ, Ո՛չ, Զաւթուած Հողեր

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?