Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 7, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մեր Յաղթանակներն Ամրապնդում Են Կամքն Ու Վճռակամութիւնը` Հասնելու Խաղաղութեան, Անվտանգ Պահելու Մեր Ժողովրդին, Վերահաստատելու Համազգային Համերաշխութիւնը. Գարեգին Բ.

Կիրակի, 2 յունիսին Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի առիթով յղած իր պատգամին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս շեշտեց, որ մեր յաղթանակներ կ՛ամրապնդեն կամքն ու վճռակամութիւնը` հասնելու խաղաղութեան, անվտանգ պահելու մեր ժողովուրդը, վերահաստատելու համազգային համերաշխութիւնը

«Սուրբ Էջմիածնի տեսիլքը այսօր եւս շարունակում է մնալ հոգեւոր ներուժն ու ակունքը յաղթանակների: Յաղթանակ` փորձութիւնների դէմ, յաղթանակ` ինքնութեան ու արժանապատուութեան համար մղուող պայքարում, յաղթանակ` առ հայրենին ու առ սրբազան արժէքների հաւատարմութեան:

«Մեր յաղթանակները չունեն թշնամանքի ու ատելութեան կնիք, այլոց արժանապատուութիւնը նսեմացնելու, սրբութիւնները ոտնահարելու եւ ինքնութիւնը ոչնչացնելու չարորակ նկրտում:

Մեր յաղթանակները ամրապնդում են կամքն ու վճռակամութիւնը` հասնելու խաղաղութեան, անվտանգ պահելու մեր ժողովրդին, վերահաստատելու համազգային սէրն ու համերաշխութիւնը», նշեց կաթողիկոսը:

 ՀՕՄ-ի Հիմնադրութեան 115-Ամեակին Առիթով 115 Ծառերւ Տնկումի Հովանաւորութիւն

25 մայիս 2024-ին ՀՕՄ-ի 33 անդամներ եւ համակիրներ միացան զանազան կազմակերպութիւններու հարիւրաւոր հայորդիներուն եւ ուխտագնացութեան  մեկնեցան դէպի Սիւնիք` մասնակցելու Տաթեւի վանական համալիրին մէջ «Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութեան կազմակերպած «Կենաց ծառ» նախագիծին, որ նուիրուած էր գործակալութեան հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի տարեդարձին:

ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան եւ անդամ Գոհար Մինասեան:

Տեղատարափ անձրեւն ու ցուրտը երբեք չխանգարեցին այս յատկանշական ուխտագնացութիւնը: Տաթեւի վանքին մէջ երգ ու պարով դիմաւորուելէ ետք տեղի ունեցաւ համատեղ աղօթք` Պաքուի բանտերուն մէջ ազատազրկուած հայ գերիներու ազատ արձակման համար: Ապա ՀՕՄ-ականները մասնակցեցան  վանքի մօտ Ռուբէն Վարդանեանի եւ իր ընկերներու անունով «Կենաց ծառի»` սօսիի տնկման արարողութեան, տեղի ունեցաւ Ռուբէն Վարդանեանի յուշատախտակի բացումը` առ ի երախտագիտութիւն Տաթեւի վանքի վերականգման անոր աւանդին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վանքի մօտակայ պտղատու ծառերու պարտէզին բացումը, ուր նոյն օրը պիտի տնկուէին 1000 պտղատու ծառեր` համապատասխան կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ: Սակայն աննպաստ օդին պատճառով ծառերը տնկուած էին մէկ օր առաջ:  Հայ օգնութեան միութիւնը ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին առիթով ստանձնած էր 115 ծառերու տնկման հովանաւորութիւնը:

Մատաղի բաժանումէն ետք Տաթեւի ուխտագնացութիւնը աւարտեցաւ «Վարք հայոց» ազգագրական ծրագիրով: Այնուհետեւ  ՀՕՄ-ականները մեկնեցան Հալիձոր, ուր ճաշակեցին աւանդական հերիսան, վայելեցին նկարչական ցուցահանդէսն ու հրամցուած ազգային երաժշտութիւնը:

Շարլ Ազնաւուրի 100-Ամեակին Նուիրուած «Քեզ Համար, Շարլ» Խորագիրով Ցուցահանդէս

Մայիս 22-ին Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Քեզ համար, Շարլ» ժամանակաւոր ցուցադրութեան պաշտօնական բացումը:

Աշխարհահռչակ երգիչ ու դերասան Շարլ Ազնաւուրի հարիւրամեայ յոբելեանին նուիրուած այս ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ շանսոնիէին կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող շուրջ 250 ցուցանմուշներ, որոնք կը ներառեն հազուագիւտ լուսանկարներ, պարբերականներ, ձայնապնակներ, ինչպէս նաեւ` Ազնաւուրին մասնակցութեամբ նկարահանուած շարժանկարներու ծանուցումներու եզակի նմուշներ:

Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի եւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեանի միացեալ ջանքերով ստեղծուած հաւաքածոյի հիման վրայ:

Բազմաթիւ այցելուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած բացման արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցան` Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարանի տնօրէն Զարուհի Հայրապետեանը, Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը եւ պատմական գիտութիւնների դոկտոր Հայկ Դեմոյեանը:

Իր խօսքին մէջ ցուցադրութեան համակազմակերպիչ Ռալֆ Եիրիկեան նշեց. «Շարլ Ազնաւուրը այն արուեստագէտն է, որ զգալի հետք ձգեց համաշխարհային մշակոյթին մէջ եւ ստացաւ մեծ ճանաչում ու սէր: Բայց ասով հանդերձ, ան երբեք չդադրեցաւ  հայ ըլլալէ, իր երկրին ու ազգին հաւատարիմ մնալէ, երբեք անտարբեր չմնաց մեր ուրախութիւններուն ու դժուարութիւններուն ի տես: Այսօր ես ուրախ եմ եւ հպարտ եմ, որ կրցած եմ մասնակից դառնալ այսօրուան նախաձեռնութեան, որ նուիրուած է այդ մեծ հայուն, որ կը ներկայացնէ մեր հայկական ինքնութիւնը»:

Հայկ Դեմոյեան իր ամփոփիչ խօսքին մէջ արձանագրեց. «Շարլ Ազնաւուրը իրաւամբ կարելի է նկատել 20-21-րդ դարերու մարդ-խորհրդանշան: Անոր արուեստը, երաժշտութիւնն ու ձայնը յիշողութիւններ ու ապրումներ ծնող մոգական ուժ ունին: Միլիոնաւոր մարդիկ ինքնին Շարլ Ազնաւուրի ձայնով կը վերապրին իրենց անցեալը, կը վերարժեւորեն ներկան… Ազնաւուրին անցած ուղին մաքառումներու ճամբայ է, որուն իբրեւ արդիւնք ալ ձեւաւորուած է անոր անհատականութիւնը` միլիոնաւոր մարդոց համար ձգելով հսկայական ժառանգութիւն մը: Շարլ Ազնաւուրը Ֆրանսան ու Հայաստանը կամրջող խորհրդանիշ է, որուն իմաստն ու խորութիւնը ապագայ սերունդները դեռ երկար ժամանակ կը գնահատեն ու կը վերաիմաստաւորեն»:

Նախաձեռնողները նպատակադրած են ցուցադրութեան աւարտէն ետք ամբողջ հաւաքածոն նուիրել Երեւանի մէջ գործող Շարլ Ազնաւուրի թանգարանին` մնայուն ու ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ կազմակերպելու համար:

Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 22 յուլիս:

Գիտաժողով` Նուիրուած Աղուանքի Պատմութեան

Մայիս 14-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Աղուանքը եւ հայ աղուանից եկեղեցին» խորագիրը կրող աշխատաժողով-գիտագործնական քննարկում: Այս կարեւոր գիտական քննարկումը կայացաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի նախաձեռնութեամբ` ԳԱԱ պատմութեան եւ Արեւելագիտութեան հիմնարկներուն աջակցութեամբ: Ներկայ էին` պատմաբաններ, արեւելագէտներ, հոգեւորականներ, աղուանագիտութեամբ հետաքրքրուողներ: Նիստին բացումը Տէրունական աղօթքով կատարեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը, որ մաղթեց բարի եւ արդիւնաւէտ ընթացք:

Բանախօսութեամբ հանդէս եկան աղուանագէտ, պատմաբան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ալեքսան Յակոբեանը, պատմական գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ «Հայ Աղուանից եկեղեցին (սկզբնաւորումից մինչեւ մեր օրերը)» աշխատութեան հեղինակ, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի նախկին խորհրդական Մելանեա Բալայեանը: Նիստը վարեց պատմաբան, Արցախի մշակոյթի նախկին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Անդամներ Այցելեցին Աղէտի Գօտի

Առաւել քան 40 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամներ 31 մայիսին այցելեցին Հայաստանի Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ 25-26 մայիսին տեղացած յորդառատ անձրեւներուն պատճառով եղած հեղեղումներուն ստեղծած արտակարգ իրավիճակին պատճառով յայտարարուած աղէտի գօտի: Անոնք եղան Ալավերդի քաղաքի տարբեր մասերու մէջ եւ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Տաւուշի մարզ:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան անոնց ներկայացուց աղէտէն վնասուած թաղամասերը, վնասներուն չափը, թէ ի՛նչ հարցերու դէմ յանդիման կանգնած են համայնքները: Սանոսեան անդրադարձաւ մեկուսացած հատուածներուն, նաեւ` թէ ի՛նչ վնասներ կրած են գետամերձ տարածքներուն մէջ գործունէութիւն իրականացնող գործարարները:

Անոնք այցելեցին նաեւ Ալավերդի քաղաքի կեդրոնին մէջ գործող Յունական բժշկական հիմնարկը, որ ամբողջովին վնասուած է: Անիկա հիմնադրուած էր Յունաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցներով: Կառոյցի տնօրէն Սիմոն Զախարով ըսաւ, որ կարելի չէ եղած որեւէ սարք փրկել, ջուրը մինչեւ 2 մեթր բարձրութեամբ լեցուած է տարածքը եւ միայն 2-3 օր ետք կարելի եղած է մուտք գործել հոն:

Յունաստանի դեսպանը հաստատեց, որ իրենց կառավարութիւնը պիտի աջակցի կեդրոնի վերականգնման:

Քանատայի դեսպանը եւս նշեց, որ իրենց կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցիլ Հայաստանին` աղէտին հետեւանքները վերացնելու համար:

Նոյն օրը Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի մամլոյ քարտուղար Անտրէյ Մատվէեւ լրագրողներու ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխվարչապետներուն` Ալեքսէյ Օվերչուքի ու Մհեր Գրիգորեանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համապատասխան` «Ռուսական Երկաթուղիներ» ընկերութեան մասնագէտները Հայաստանի մէջ սկսած են բնական աղէտին պատճառով վնասուած երկաթուղիին վերանորոգման աշխատանքներուն:

Ըստ անոր, Ռուսիա այդ նպատակով ֆինանսական միջոցներ յատկացուցած է, եւ նշեց, որ ռուս մասնագէտները ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնեն Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը արտաքին աշխարհին հետ:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ Առողջապահական Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Պէտք Է Վերանուաճել Ու Վերաիմաստաւորել Անկախութիւնը, Վերադարձնել Հպարտութիւնը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?