Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 20, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Մէջ «Հայ Երիտասարդութիւնը` Խորացող Մարտահրաւէրներուն Ընդառաջ» Նիւթով Կլոր Սեղան–Քննարկում

ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ երիտասարդութիւնը` խորացող մարտահրաւէրներուն ընդառաջ» նիւթով կլոր սեղան-քննարկումը` մասնակցութեամբ շուրջ 20 համալսարաններէ ուսանողներու:

Քննարկման խօսք առնողներն էին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Զաքարիա ծ. վարդապետ Բաղումեան եւ ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէնուհի Կիւրեղեան:

Կիւրեղեան անդրադարձաւ կրթութեան ոլորտին մէջ ծառացած մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին, օրինակ, համալսարաններու դասախօսական կազմին: «Փրոֆեսէօրադասախօսական կազմին մէջ կը նկատենք ակնյայտ ծերացում: Այսօրուան վարած քաղաքականութեան պատճառով երիտասարդները գրեթէ չեն ձգտիր մտնելու համալսարանական համակարգ, որովհետեւ այդ համակարգը իրենց համար հետաքրքրական չէ, նախ եւ առաջ` ֆինանսական առումով: Համալսարանական համակարգին մէջ փրոֆեսէօրադասախօսական կազմին աշխատավարձը, մեղմ ըսած, ծիծաղելի է: Երեւանի մէջ փրոֆեսէօրի մը միջին աշխատավարձը 180 հազար դրամ է, իսկ Գիւմրիի, Վանաձորի` 150 հազար դրամի կարգի, դոցենտինը` 130-140 հազարի կարգի, այս պատճառով ալ երիտասարդը չ՛ուզեր` ոլորտը մտնել: Ասոր պատճառով կը նկատենք, որ վաղը-միւս օր պիտի չունենանք այն փրոֆեսէօրադասախօսական կազմը, որ կ՛ապահովէ արժանապատիւ եւ որակեալ կրթութիւն մեր համալսարաններուն մէջ: Այս կառավարութեան առջեւ պէտք է այսպիսի հարցադրումներ դնել: Աշխատավարձի բարձրացումը շատ կարեւոր է: Նաեւ համալսարանները երիտասարդին հետաքրքրական չեն, որովհետեւ մեր համալսարանները աւելի շատ ակադեմական բնոյթի են, հետազօտական մասը քիչ մը կը պակսի», ըսաւ Կիւրեղեան, որ նաեւ խօսեցաւ համալսարանական համակարգին մէջ կառավարման հարցերու մասին:

Զաքարիա ծ. վարդապետ Բաղումեան շեշտեց, որ երիտասարդները ո՛չ միայն մեր երկրի, եկեղեցւոյ ապագան են, այլ նաեւ` ներկան: «2021 թուականի փետրուար 4-ին Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց հանրակրթութեան պետական չափորոշիչը: Քաղաքականութիւնը հետեւեալն է. ի՞նչ տեսակ մարդ կ՛ուզենք պատրաստել, բայց որեւէ խօսք չկայ մարդու ինքնութեան ամրապնդման ու զօրացման մասին: Մայր Աթոռը կ՛ըսէր, որ նախագիծը պէտք է վերանայուի, ստեղծուի չափորոշիչ, որ պէտք է դաստիարակէ այն հայը, որ ամբողջովին պէտք է կապուած ըլլայ իր հողին ու ջուրին: Դասարան կը մտնէ կրթութեան չափորոշիչը, այդ դասարանէն դուրս կու գայ Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւնը», ցաւով արձանագրեց Զաքարիա ծ. վարդապետ Բաղումեան:

Ան հաստատեց, որ Հայ եկեղեցին եւս ազգային կառոյց է, որ մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր փուլերուն դերակատարութիւն ունեցած է: «Եկեղեցին եթէ պաշտօնապէս իր մտահոգութիւնները կ՛արտայայտէ տարբեր հարցերու մասին, եւ եթէ այս կ՛ընկալուի քաղաքականութեամբ զբաղիլ, ուրեմն մենք քաղաքականութեամբ կը զբաղինք. եկեղեցին չի կրնար չխօսիլ Արցախի հարցին մասին, չի կրնար չյիշեցնել մեր վանքերուն, արցախցիին իրաւունքներուն մասին, եկեղեցին պիտի ըլլայ բարոյականութեան պահապանը, քարոզողը», ըսաւ հայր սուրբը` աւելցնելով. «Կարծես կորսնցուցած ենք վտանգի զգացողութիւնը… Պէտք է հայրենասիրական ճառերէ անցնինք գործնական հայրենասիրութեան»:

Յիշատակի Ձեռնարկ` Նուիրուած «Նեմեսիս» Գործողութեան 103-Ամեակին

«Նեմեսիս» գործողութեան 103-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Աջափնեակի կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Աջափնեակ համայնքին մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին հարեւանութեամբ նախաձեռնուեցաւ յիշատակի ձեռնարկ:

Ձեռնարկին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, ազատամարտիկ Իգոր Սարգսեան կարեւոր նկատելով օրուան խորհուրդը` ըսաւ. «103 տարի առաջ Պերլինի մէջ թուրք մը զարկին, ո՞վ էր այդ թուրքը. անոր թրքական կառավարութիւնն անգամ, շարք մը այլ ղեկավարներու կողքին, դատապարտեցին գնդակահարութեան` հայերուն ցեղասպանելուն համար, բայց բաց ձգեցին, որ` ինչքան կ՛ապրին-կ`ապրին, կամ` ով կը խփէ, թող խփէ: Որոշում կայացուեցաւ, որ մեր ազգին ոճրագործները պէտք է ոչնչացնել… Գործողութիւնը կոչուեցաւ «Նեմեսիս» եւ անոր շրջանակներուն մէջ սպաննուեցան բազմաթիւ թուրքեր, բայց բազմահազար կատարողներ չպատժուեցան, եւ այդ անպատիժ մնալը ծնաւ նոր ցեղասպանութիւն: Թուրքը երբեք չճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, երբեք չուզեց ներողութիւն խնդրել եւ այսօր նորէն ոճրագործութիւններ կ՛իրականացնէ», նշեց Իգոր Սարգսեան:

«Հայոց դատը անմեռ է. մե՛նք պէտք է վճռենք մեր դատը` ուժեղանալով ու վստահելով իրարու… Այդ դատը մենք պէտք է իրականացնենք: Այսօր ալ կը պահանջեն` եւս 4 գիւղ տուէք, որ ձեր ձագը չուտենք. կազմակերպուինք, ոտքի կանգնինք», շեշտեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամը:

Ներկայ Ու Ապագայի Ծրագիրներու Քննարկում` ԱԵՄ–ի Եւ ՀՕՄ–ի Միջեւ

6 մարտին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ  Զոյա Քոչարեանին եւ ՀՕՄ-ի Արցախ մասնաճիւղի ատենապետուհի Մելանեա Բալայեանին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընթացիկ, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներ, որոնք պէտք է կեանքի կոչուին միացեալ ջանքերով:

Նշենք, որ այս հանդիպումը առաջինն էր ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնած հանդիպումներու շարքին` ՀՅԴ ուղեկից միութիւններուն հետ:

Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին Նուիրուեցաւ Յովհաննէս Երէցի Ընդօրինակած Աւետարանը

Մատենադարանին Յովհաննէս Երէցի ընդօրինակած Աւետարանի ընծայումով մեկնարկեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հիմնարկ հռչակուելու 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը:

Այս նշանակալի իրադարձութեան ներկայ գտնուեցան` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանը, բարերարներ, Մատենադարանի տարբեր տարիներու նուիրատուներ:

«Նուիրական անուններ. մատեանների տունդարձը» խորագրով ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուեցան մեծ նուիրատուներու` Մատենադարանին ընծայած ձեռագիրներու, արխիւային նիւթերու եւ հնատիպ գիրքերու բացառիկ հաւաքածոներ:

Օրուան խորհուրդին ամբողջացումը նշանաւորուեցաւ եւս մէկ մեծարժէք մատեանի վերադարձով. բարերար Վահէ Պատալեան Յովհաննէս Երէցի ընդօրինակած Աւետարանը ընծայեց Մատենադարանին:

Այս առիթով նուիրատուին շնորհուեցաւ «Մատենադարանի բարերար» առաջին ոսկիէ մետալը, որ յանձնուեցաւ բարերարի որդիին` Ռոման Պատալեանին: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան կարեւոր նկատեց Մատենադարանի նշանակութիւնը մեր երկրի գիտական, մշակութային ու կրթական կեանքին մէջ եւ ընդգծեց, որ ան մնայուն վերարժեւորուելու անհրաժեշտութիւնը ունի:

«Մատենադարանը իսկապէս հաւաքական ջանքի համախմբում է: Անիկա բազմաթիւ մարդոց եւ անոնց նուիրումին, սրտցաւութեան եւ հաւաքչութեան արդիւնք է: Այստեղ կը մէկտեղուին պետութեան, անհատներու անձնական ջանքերը, ու այս մէկը, կը կարծեմ, թէ ցոյց կու տայ այն նշանակութիւնը, որ Մատենադարանը ունի` կարենալ համախմբել եւ միաւորել»:

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան ընդգծեց, որ տարիներու ընթացքին ձեռագրի նուիրումը վերաճած է հայութեան գոյահաստատման իւրայատուկ գործի: Անոր գնահատումով, Մատենադարանի նուիրատուները կը միաւորեն` անկախ անոնց բնակավայրէն ու տարիքէն, զբաղումէն ու մասնագիտութենէն` հոգեւորական, գիտնական թէ քաղաքական այր, հաւաքչականութեան բնազդն ու գիտակցութիւնը. «Մատեանի ընծայումով իւրաքանչիւր հայ, գիտակցաբար թէ ենթագիտակցօրէն, կը մէկտեղէ իր հոգեւոր հայրենիքի աշխարհասփիւռ բեկորները: 2023 թուականի դեկտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ Մատենադարանը ձեռք բերաւ 1405 թուականին գրուած Առբերդի աւետարանը: Մատենադարանի մէջ աշխատող մարդու համար չկայ աւելի մեծ տօն, քան` մատեանի տունդարձը»:

Աւարտին Արա Խզմալեան նաեւ տեղեկացուց, որ այս տարի Մատենադարանը կը նախատեսէ կազմակերպել յատուկ ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին վերջին մէկ տարուան արժէքաւոր ձեռագրական համալրումները:

«Եւրոտեսիլ-2024» Երգի Մրցոյթին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Ladaniva-ն

Հայուհի Ժաքլին Պաղտասարեանի եւ ֆրանսացի Լուի Թոմայի հանդիպումով Ֆրանսայի Լիլ քաղաքին մէջ 2019-ին ծնունդ առած է «Ladaniva»-ն, որ արդէն բաւական ծանօթ է ֆրանսացի հանրութեան: Զոյգը յաջողած է իր դրոշմը դնել իւրայատուկ երաժշտութեան մը վրայ, որ արեւմտեան կշռոյթներու` պալքանեան եւ երբեմն ալ հայկական շեշտաւորումներով կը յատկանշուի:

Անոնք «Եւրոտեսիլ»-ի այս տարուան մրցոյթին պիտի ներկայացնեն Հայաստանը` իրենց «Ժաքօ» («Jacko», այնպէս ինչպէս կ՛անուանէին Ժաքլինը, երբ երեխայ էր) երգով: (Երգին տեսանիւթին կապն է` https://youtu.be/_6xfmW0Fc40):

Ի տարբերութիւն Հայաստանի նախորդ տարիներու երգերուն, որոնք կ՛ըլլային անգլերէն, այս մէկը հայերէն է եւ` փարաջանովեան տեսարաններ յիշեցնող բեմայարդարումով օժտուած:

Ժաքլին Պաղտասարեան ծնած է Հայաստան, բայց երեք տարեկանին ընտանեօք մեկնած են Պիելոռուսիա, ուրկէ ալ 18 տարեկանին գաղթած է Ֆրանսա:

Ladaniva զոյգին առաջին երգը` «Քեֆ չլինի», որ հրապարակ ելած է աւելի քան հինգ տարի առաջ, Եութեուպի վրայ արդէն շուրջ 30 միլիոն այցելու ունեցած է:

Հաղորդենք, որ Եւրոտեսիլի այս տարուան մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ Շուէտի Մալմէօ քաղաքին մէջ, յառաջիկայ մայիսին:

Պրիւքսելէն 2,5 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութեամբ` Թումօ–ն Պիտի Վերակառուցէ Գիւմրիի Շուկան

11 մարտին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի-Լու Փափազեան ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որուն համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը պիտի տրամադրէ 2,5 միլիոն եւրօ (2,7 տոլար), Գիւմրիի հին շուկան վերակառուցելու, միջազգային խոհարարական դպրոց մը հիմնելու եւ տնտեսական զարգացման խթանման երկարաժամկէտ ծրագիր մը իրականացնելու համար:

«Գիւմրիի շուկայ եւ խոհարարական դպրոց» ծրագիրին նպատակն է քաղաքը դարձնել զբօսաշրջութեան եւ խոհարարութեան տարածաշրջանային կեդրոն մը` մէկտեղելով հայկական խոհանոցի ժառանգութիւնը եւ նորարարական մօտեցումները:

Ծրագիրին հիմնասիւնը միջազգային մակարդակի կրթութիւն ապահովող խոհարարական դպրոցն է, որուն ուսումնական ծրագիրին մշակման համար ԹՈՒՄՕ-ն կը համագործակցի հեղինակաւոր Institut Lyfe ֆրանսական դպրոցին հետ` Հայաստան բերելով խոհարարական կրթութեան լաւագոյն փորձառութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած մօտեցումները: Աւելի՛ն. երկամեայ կրթական ծրագիրը աւարտած լաւագոյն ուսանողները առիթը պիտի ունենան իրենց ուսումը շարունակելու Institut Lyfe-ի մէջ, որ կը գտնուի Լիոն:

«Հայ խոհարարներու նոր սերունդի զարգացման նպատակով կը ստեղծուի իւրայատուկ կրթական փորձառութիւն, ուր ֆրանսական աշխարհահռչակ դպրոցի ուսումնական ծրագիրը կ՛ամբողջանայ ԹՈՒՄՕ-ի փորձուած մօտեցումներուն հետ: Ուսանողները հիմնական ուսուցումը պիտի ամբողջացնեն միջազգային փորձագէտներու կողմէ իրականացուող աշխատանոցներու մէջ», կը նշէ Փափազեան:

Դպրոցին մէջ բարձրակարգ խոհարարական հմտութիւններ ձեռք ձգելու կարելիութիւն պիտի ունենան տարին 30 ուսանողներ, որոնց մեծ մասը կրթանպաստ պիտի ստանայ:

«Այս ծրագիրը նոր էջ մը կը բանայ Գիւմրիի տնտեսութեան համար: Տեղւոյն բնակիչներուն, յատկապէս երիտասարդներուն եւ ձեռներէցներուն նոր հմտութիւններ ու կարելիութիւններ տրամադրելով` մենք կ՛օգնենք Գիւմրիին գործարկելու իր հսկայական ներուժը: Եւրոպական Միութիւնը հպարտ է աջակցելու այսպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք կը զարգացնեն  եւ կը խթանեն տնտեսութիւնը Հայաստանի մարզերուն մէջ: Շնորհակալութիւն ԹՈՒՄՕ-ին եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանին` ծրագիրի իրագործման մէջ համագործակցութեան համար», ըսաւ  դեսպան Մարակոս:

Գիւմրիի հին շուկան պիտի վերածուի կրթական, խոհարարական եւ տնտեսական զարգացման հանգոյցի մը, ուր խոհարարական դպրոցին կողքին պիտի տեղակայուին`

– Կրթական տարածքներ` աշխատանոցներու եւ այլ ուսումնական միջոցառումներու կազմակերպման համար,
– Առեւտուրի տաղաւարներ, որոնք տեղւոյն առեւտրականներուն առիթը կ՛ընձեռեն աշխատելու ապահով եւ առողջ պայմաններու մէջ,
– Ճաշարաններ,
– Արուեստի գործերու եւ ձեռագործ իրերու խանութներ,
– Փառատօներու, համերգներու, տօնավաճառներու եւ զբօսաշրջութեան ձեռնարկներու կազմակերպման տարածք մը:

Ծրագիրին կ՛աջակցին նաեւ Ճուտիթ Սարեան եւ Վիքթոր Ծառուկեան, ինչպէս նաեւ` Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնադրամը (JHM):

Պիտի յայտարարուի միջազգային ճարտարապետական մրցոյթ մը` ընտրելու համար այն խումբը, որ պիտի ստանձնէ կեդրոնի կառուցման աշխատանքները, որոնք պիտի սկսին խումբին ընտրութենէն անմիջապէս ետք` մինչեւ այս ամառ: Շուկային եւ խոհարարական դպրոցին բացումը նախատեսուած է 2026-ին:

 

 

 

Նախորդը

Հսկումներու Հսկումը. Հազար Գանձերէն Մէկուն Յանձնումը – Պատգամ Մեծ Մօրմէս

Յաջորդը

«Օսքար»-ի Արժանացած Կարճամեթրաժ Վաւերագրական Ժապաւէնին Մէջ Կայ Դրուագ` Պաքուի Հայերու Ջարդերու Մասին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?