Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Աղէտի Եւ Պայքարի Պատմութիւններ, Ինչպէ՞ս Պահպանել Մշակոյթը, Յիշողութիւնը Եւ Ազատ Արցախ Վերադառնալու Հաւատքը». Քննարկեցին Արցախցի Կիներ
«Հայկական առաքելութիւն» բարեգործական հիմնադրամը մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով կազմակերպեց «Արցախի կանայք հայկական հիմնահարցերու մասին. աղէտի եւ պայքարի պատմութիւններ» նիւթով քննարկում:
Քննարկումին բանախօսեցին լրագրողներ` Ծովինար Բարխուդարեանը, Աննա Մանկասարեանը, Ալուինա Աղաբաբեանը, Հադրութի շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի Երիտասարդութեան եւ մշակոյթի հարցերու բաժինի վարիչ Երազիկ Հայրիեանը, Արցախի եւ Հայաստանի նախկին պետական ծառայող, ներկայիս քաղաքացիական գործիչ Արեգա Յովսէփեանը:
Ձեռնարկին մասնակիցները խօսեցան շրջափակման, պատերազմի եւ բռնի տեղահանութեան ժամանակաշրջանի դժուարութիւններու, կիներու կողմէ զանոնք վերապրելու եւ յաղթահարելու պատմութիւններու մասին:
Անդրադարձան Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ արցախցիներու ներկայի հիմնահարցերուն եւ անոնց լուծման միջոցներուն` յատուկ ընդգծելով կիներու դերին նշանակութիւնը:
Մինչեւ քննարկման մեկնարկը լրագրողներուն հետ զրուցեց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը: Ան անդրադարձաւ այսպիսի ձեռնարկներու կարեւորութեան մասին:
«Այս առիթ է եւս մէկ անգամ ամէնէն զգայուն տեսանկիւնէն, ամէնէն ներառական եւ կնոջ տեսանկիւնէն անդրադառնալու այն աղէտին, որ եղած է 2023-ին: Անդրադառնալ, որպէսզի վեր հանենք նաեւ այն առաջադրանքները, որոնք ունինք այս փուլին` պահպանել յիշողութիւնը, մշակոյթը եւ հաւատքը ազատ Արցախ վերադառնալու համար: Մենք հարուստ ենք մեր քաղաքակրթական պատմութեամբ եւ արժէքներով, եթէ կորսնցնենք մեր արմատները, իսկ մեր ամէնէն խոր եւ հաստ արմատը Արցախն է, եթէ մենք բարբառէն սկսեալ մինչեւ մշակոյթն ու մինչեւ վերադարձի յոյսը չպահպանենք, ապա մենք մեզ կը զրկենք մեր արժէքներէն: Մենք հիմա չունինք հողը, բայց ունինք այն ժողովուրդը, որ շէնցուցած է այդ հողը եւ ստեղծած` պետութիւնը», ընդգծեց Ք. Վարդանեան:
Երեւանի Մէջ Կայացաւ «Վըսկէ Ծերքեր» Երկրորդ Փառատօնը
Երեւանի մէջ ապրիլ 7-ին կայացաւ արցախցի կիներու աշխատանքներու «Վըսկէ ծերքեր» (ոսկիէ ձեռքեր) երկրորդ փառատօնը: 65 արտադրողներու մասնակցութեամբ Երեւանի «Թումանեան՛ս ART» սրճարանի բացօթեայ տարածքին իրականացուեցաւ ցուցահանդէս-վաճառքը, որ ուղեկցուեցաւ` մրցոյթներով, հետաքրքրական անակնկալներով եւ երաժշտական կատարումներով: Վաճառքին ներկայացուած էին արցախցի արտադրողներու աշխատանքները` ձեռագործ, ասեղնագործ իրեր, քաղցրաւենիքներ, թէյեր, օճառներ եւ այլն:
2023 թուականի դեկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած էր Արցախի մէջ ծրագրուած փառատօնը, ուր ներկայացուած էին աւելի քան 50 ստեղծագործ արցախցիներու ձեռքի աշխատանքներ եւ արտադրանք:
Արեւիկ Պետրոսեան, ծնունդով Մարտակերտի շրջանէն, կ՛ապրէր Ստեփանակերտ: Ան կը ներկայացնէ «Արեւիկ» վաճառանիշը, կը պատրաստէ` մկրտութեան պարագաներ, մանկական հագուստ, մանկական աքսեսուարներ: «Արդէն վեց տարիէ կը զբաղիմ այս գործով: Սիրով կը մասնակցինք տօնավաճառին, Արցախի մէջ բաւականին պատուէրներ ունէինք, այստեղ ալ կը փորձենք նոյնը շարունակել` առայժմ փոքր կշռոյթով, բայց` մեծ յոյսերով», նշեց ան` յոյս յայտնելով, որ կը կարողանայ նոր միջավայր դուրս գալ եւ աւելի ճանաչելի դառնալ հայաստանեան շուկային մէջ:
Յաջորդ տաղաւարին մէջ Ստեփանակերտէն Էռնա Մկրտչեանն է: Ան ձեռագործ տիկնիկներ կը պատրաստէ եւ կը փորձէ իր տեղը գտնել հայկական արտադրանքի շուկային մէջ: «Կ՛աշխատէի Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնին մէջ` իբրեւ պատանի նկարիչ խմբակի խմբակավար: Արցախի մէջ իբրեւ ձիրք կը զբաղէի, իսկ այստեղ` ընկերային հարցերը յաղթահարելու համար», նշեց մասնագիտութեամբ նկարչուհի Էռնան:
«Հելիուն» առցանց խանութը ներկայացնող Անահիտ Բադալեանը իր սիրած գործով կը զբաղի դստեր` Անժելայի հետ: Անոնք Ասկերան քաղաքէն են եւ այժմ Հայաստանի մէջ կը փորձեն զարգացնել փոքրիկ առեւտուրը: «Որքան կը յիշեմ` միշտ ձեռագործ աշխատանքներ կատարած եմ: Հիմա ներկայացուցած ենք տակդիրներ եւ պայուսակներ, որոնք կը լուացուին եւ կ՛արդուկուին, որովհետեւ սկիզբն է, քանի մը ամիս առաջ առցանց էջ բացինք: Չեմ ըսեր, որ յաճախորդները շատ են, բայց քիչ-քիչ, ժամանակի ընթացքին թիւերնին կ՛աւելնայ», յայտնեց Անահիտ: Ըստ Անժելային, կը ձգտին իրենց տեսականին ընդլայնել, որպէսզի աւելի հետաքրքրական ըլլայ յաճախորդներուն համար:
Ծովինար Գրիգորեան Ստեփանակերտէն է, ան Արցախի մէջ կ՛աշխատէր հարկայինի բաժանմունքին մէջ, իսկ կարուձեւը իր սիրած զբաղմունքն էր: «Հայրիկս դերձակ էր, անկէ սորված եմ կարի հետ կապուած հմտութիւններ: Կը սիրէի կարը, ուղղակի սիրողական, հիմա այստեղ չեմ աշխատիր, որոշած եմ սիրած աշխատանքս առեւտուրի վերածել», յայտնեց Ծովինար: Ան Ստեփանակերտի մէջ կը կարէր մանկական անկողնային պարագաներ, ծամիկներ, իսկ այստեղ` ասեղնագործ իրերու ձեւաւորում, յոյս ունի, որ ժամանակի ընթացքին կը կարողանայ հաստատուիլ նաեւ հայաստանեան շուկային մէջ:
«Սիւնէ» ապրանքանիշը ստեղծուած է 2021 թուականին, Արցախի մէջ, եւ կ՛արտադրէ հայկական զարդանախշերով շարփեր: Ապրանքանիշը Արցախի մէջ բաւականին յայտնի էր, այստեղ ալ կամաց-կամաց կը փորձեն յարմարիլ նոր պայմաններուն, վաճառքը հիմնականօրէն «Ինսթըկրամ»-ի էջով կ՛իրականացուի:
Իրինա Գասպարեան Արցախի մէջ փրկարար ծառայութեան մէջ կ՛աշխատէր, Հայաստանի մէջ դեռ մնայուն աշխատանք չունի եւ այս տարուան յունուարէն ընկերուհիին հետ սկսած է զբաղիլ ձեռագործ օճառի արտադրութեամբ: Հումքը Ռուսիայէն կը ներկրեն, անիկա անվտանգ է ու գերզգայնութիւն չի պատճառեր: «Օճառներու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուէր ստանալէ ետք յառաջացաւ, անկէ ետք որոշեցինք առանձին զբաղիլ: Այս զբաղումը շատ դրական լիցքեր կը փոխանցէ դիմացինին», ըսաւ Իրինան` աւելցնելով, որ «Վաճառքը կը դժուարանայ, որովհետեւ անծանօթ ենք ոլորտին եւ միջավայրին»:
Տաղաւարներէն մէկուն մէջ ալ տեսանք տարբեր միրգեր, թէյերու տեսականի, մօտեցողները կրնային համտեսել նաեւ բնական չիրերը: Էլինա Աղաջանեան «Սանի Արցախ»-ով սկսած է զբաղիլ քանի մը տարի առաջ: Ան երկրորդ անգամն է, որ կը մասնակցի փառատօնին: Մենք մեզ կը զգանք Արցախի մէջ: Սկզբնական շրջանին տան պայմաններու մէջ կը պատրաստէի ընտանիքիս համար, հետագային հարազատներու խորհուրդով սկսայ զբաղիլ վաճառքով: «Բնական, առանց շաքարի չիրեր են, կը պատրաստենք նաեւ միրգային թէյեր: Վաճառքը կայ, պահանջուած է, կ՛ուղարկենք նաեւ արտերկիր: Դպրոցի մէջ կ՛աշխատիմ իբրեւ ուսուցչուհի եւ միաժամանակ կը զարգացնեմ փոքր առեւտուրը», պատմեց ան: Էլինան նպատակ ունի մեծ արտադրամաս ստեղծելու ու բանալ սրճարան, ուր պիտի մատուցուին իր պատրաստած չիրերը:
Կարինէ Մուսայէլեանի հեղինակած «Գարին հոմ» ապրանքանիշը կը գործէ 2020 թուականի պատերազմէն ետք: Հիմնական յաճախորդները ընկերային ցանցերէն են, անոնք կը պատուիրեն տարբեր երկիրներէ եւ Հայաստանէն: «Այլ տեղ ալ կ՛աշխատիմ, ասիկա ինծի համար փոքրիկ առեւտուր է, սիրած զբաղմունքս է: Այստեղ եկած եմ արցախցիները տեսնելու համար եւ յայտնուելու փոքրիկ Ստեփանակերտի մէջ», նշեց Կարինէն:
Բոլոր մասնակիցները յայտնեցին, որ վաճառքէն եւ նոր պատուիրատուներ գտնելէ զատ` կարեւոր կը նկատեն առաջին հերթին Արցախի շունչը զգալը, ծանօթ դէմքեր տեսնելը, կիսուիլը:
«Արցախի մայրիկներու աջակցման կեդրոն» ՀԿ հիմնադիր Մարիամ Աբրահամեանը մեզի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ փառատօնը կրկնելու մտայղացումը ծագեցաւ առաջին «Վըսկէ ծերքեր» փառատօնէն ետք, որմէ ստացած են բաւականին դրական արձագանգներ:
Անոր խօսքով, այս անգամ արձանագրութիւնը եղած է դիմումնագրի ճամբով, մասնակիցները ընտրած են մեկնելով որոշակի չափանիշներէ` ուշադրութիւն դարձնելով գին-որակ չափանիշներուն եւ ընկերային վիճակին:
«Առաջին փառատօնը առանձնացաւ այն առումով, որ կարելի եղաւ անոր միջոցով լուծել շարք մը հոգեբանական հարցեր, որոնք նոյնիսկ մենք չէինք պատկերացներ: Կային արտադրողներ, որոնք անձնական կորուստներէ կամ ընկերային շատ բարդ իրավիճակէ մեկնելով` վատ վիճակի մէջ կը գտնուէին, բայց փառատօնը յոյս ներշնչեց աշխատելու եւ հոգեբանական այդ ծանր վիճակը յաղթահարելու», մանրամասնեց Մարիամ: Ան յոյս յայտնեց, որ փառատօներու միջոցով կարենան նպաստել, որպէսզի արցախցիները իրենց տեղը գտնեն հայաստանեան շուկային մէջ:
Կոմիտասի Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Զրոյցներ Եղէգի Հետ» Ցուցադրութեան Բացումը
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Զրոյցներ եղէգի հետ» խորագրով ցուցադրութեան բացումը: Ներկայացումը հայկական եւ ֆրանսական երաժշտարուեստին մէջ եղէգի գործածութեան, մասնաւորապէս փողային նուագարաններու պատրաստութեան մասին է: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են պատմական փաստեր եղէգի կիրարկման վերաբերեալ` վերհանելով շարք մը հիմնահարցեր` կապուած նուագարանագործ վարպետներու արհեստի եւ երաժիշտ-կատարողներու գործունէութեան հետ, ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ֆրանսայի մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալներ Ալֆրետ Քոչարեանը եւ Դանիէլ Դանիէլեանը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիեն եւ ուրիշներ:
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիկոլա Կոստանդեանի խօսքով, այս ցուցահանդէսը առիթ կը հանդիսանայ` անդրադառնալու հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան, մշակութային երկխօսութեան, երաժշտութեան, վարպետներուն, Կոմիտասի կեանքին մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան, նաեւ` այդ աւանդոյթի շարունակականութեան:
«Այո՛, մենք ունինք հարց այդ աւանդոյթները, որոնք վարպետները ստեղծած են, շարունակելու մեր մատաղ սերունդին միջոցով: Այդ եւս առիթ մըն է սեւեռելու բոլորին հայեացքը դէպի երաժշտութիւն, դէպի այն պատրաստման եղանակին, ներկայացնելու, թէ ինչպէ՛ս կը հաւաքեն երաժշտութիւնը, ո՞ր տեղանքներէն կը հաւաքեն այն, ի՞նչ եղանակով կը պատրաստուին երաժշտական գործիքները եւ ի՞նչ ձեւով կ՛օգտագործուին անոնք մեր կեանքին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ երեք ամիս եւ մինչեւ յունիս բաց պիտի մնայ հանրութեան առջեւ», ըսաւ Կոստանդեան` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան դասախօսութիւններ եւ կրթական ծրագիրներ:
Ցուցադրութիւնը նախագծած է «Ահա կոլեկտիւը», իսկ համադրողը Նայիրի Խաչատուրեանն է: Ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս որոշեցին կազմակերպել «Զրոյցներ եղէգի հետ» ցուցահանդէսը:
«Նախ եւ առաջ ֆրանսացի երաժշտագէտ եւ հոբոյահար Լոլա Սուլիեն տեղափոխուեցաւ Հայաստան իր ընտանիքով եւ մօտեցաւ «Ահա կոլեկտիւ»-ին, որպէսզի միասին իրականացնեն, հետազօտեն արուեստի նախագիծը:
«Ան այստեղ սորվեցաւ վարպետներու մօտ, մասնաւորապէս` Յովհաննէս Խուդաւերտեանի մօտ, որ տուտուկներու համար ձայնոց պատրաստող վարպետ է: Այսպիով, ստեղծուեցաւ գեղեցիկ երկխօսութիւն Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ, դասական ֆրանսական նուագարանի եւ ժողովրդական հայկական նուագարանի միջեւ», ըսաւ Խաչատուրեան:
Ցուցադրութիւնը երկխօսութեան մէջ կը դնէ հայկական աւանդական եւ ֆրանսական պարոքքօ երաժշտութեան մէջ կիրարկուող փողային գործիքները (տուտուկ, զուռնայ եւ հոբօ) ու եղէգէն պատրաստուող ձայնոցները: Ան կ՛ընդգծէ այդ բոյսին պատմական եւ ժամանակակից կիրարկումը` լոյս սփռելով արդի հիմնական հարցերուն վրայ` նուագարանագործ վարպետներու արհեստէն մինչեւ երաժիշտներու գործունէութիւն:
Ցուցադրութիւնը նաեւ հարթակ է, ուր կը հանդիպին պատմական աղբիւրներն ու ժամանակակից ստեղծագործութիւնները, արուեստագէտները եւ արհեստաւորները, որոնք կը հաղորդակցուին եղէգին հետ եւ նոր շունչ կը հաղորդեն «եղէգի հասարակութեանը»:
Երուանդ Քոչարի «Ընդվզում» Ստեղծագործութիւնը Որմնային Արուեստի Տեսքով Կը Զարդարէ Երեւանի Կեդրոնական Փողոցներէն Մէկը
Նշանաւոր նկարիչ, քանդակագործ Երուանդ Քոչարի 125-ամեակին առիթով անոր «Ընդվզում» ստեղծագործութիւնը որմնային արուեստի տեսքով տեղ կը գտնէ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն` Պուշկին 62 հասցէին:
Այս ծրագրին հեղինակներէն է Դաւիթ Խաչատրեանը: Ան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ այսպիսի արուեստի միջոցով կարելի է երիտասարդներուն ծանօթացնել դասականներու ժառանգութիւնը:
«Երուանդ Քոչար» թանգարանի տնօրէնուհի Կարինէ Քոչար իր կարգին նշած է, որ սոյն գործը տեսնելով` թէ՛ տեղացիները, թէ՛ զբօսաշրջիկները յաճախ պիտի այցելեն թանգարան` հետաքրքրուելով Քոչարի ստեղծած այլ արժէքներով:
Երուանդ Քոչար «Ընդվզում»-ը նկարած է 1930-ին, Ֆրանսայի մէջ: Նկարիչին պատկանող քանի մը աշխատանք դիտելէ ետք ծրագրին հեղինակները կանգ առած են այս ստեղծագործութեան վրայ, որովհետեւ անիկա համահունչ է դարուն, մերօրեայ իրականութեան, քաղաքի անցուդարձին:
Կարինէ Քոչար դժուարութեամբ պատկերացուցած է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է «Ընդվզում»-ը վերարտադրել պատի վրայ, սակայն գոհ է իտալացի ճարտարապետ, նկարիչ Ֆապիօ Մարիա Ֆետելէի աշխատանքի արդիւնքէն:
Ֆետելէ Երուանդ Քոչարի արուեստին ծանօթացած է համալսարանական տարիներուն: Իտալացի նկարիչը մեծապէս տպաւորած են Քոչարի իւրայատուկ ոճն ու ձեռագիրը, սակայն ան բացայայտած է հայ արուեստագէտին ստեղծագործութիւններու հարուստ երանգապնակը Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ:
«Հիացայ անոր ստեղծագործութիւններուն բազմազանութեամբ: Քոչար ոչ մէկ աշխատանք կը կրկնէ միւսին պէս: Շատ կը ցաւիմ, որ Պաղ պատերազմը թոյլ չէ տուած, որ Քոչարի արուեստը աւելի լայն տարածում գտնէ Եւրոպայի մէջ», նշած է նկարիչը:
Հաղորդենք, որ այս ուշագրաւ որմնային պատկերին պաշտօնական բացման արարողութիւնը կայացաւ 16 ապրիլին:
Ֆրանսահայ Բեմադրիչ, Դերասան Սիմոն Աբգարեան` Երեւանի Մէջ
Ֆրանսահայ բեմադրիչ, դերասան Սիմոն Աբգարեան իր թատերախումբին հետ Հայաստան կը գտնուի: Ան Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած եւ բեմադրած «Էլեքթրան` գետնախորշերէն» թատերախաղը: Յունական ողբերգութեան ենթախորքին ստեղծուած այս գործը արժանացած է երեք «Մոլիեր» մրցանակի:
Սիմոն Աբգարեան ապրիլ 8-ին հանդիպում ունեցած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեանին հետ` ներկայութեամբ Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանի:
«Դուք մերօրեայ երիտասարդ արուեստագէտներուն համար ոգեշնչման աղբիւր կը հանդիսանաք: Շատ ուրախ ենք, որ հայ հասարակութիւնը առիթ պիտի ունենայ ձեր ստեղծագործութեան հաղորդակից դառնալու», նշած է փոխնախարարը` ներկայացնելով թատրոնի բնագաւառին մէջ նախատեսուող պետական ծրագիրները եւ թատրոնի քննադատական մշակոյթ ձեւաւորելու հեռանկարները:
Իր կարգին, ֆրանսահայ արուեստագէտը յայտնած է, որ պէտք է ապահովել դերասաններու շփումը եւ փորձառութեան փոխանակումը` յատկապէս երիտասարդներուն համար, անոնց արտայայտուելու եւ իրենք զիրենք դրսեւորելու կարելիութիւններ ստեղծելով: Ան նշելով, թէ վերոնշեալ թատերախաղը պիտի ներկայացուի նաեւ Գիւմրիի մէջ, տեղեկացուցած է, որ իր թատերախումբին եւ Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատրոնին հետ համագործակցութեան նոր ծրագիրներ կը մշակուին:
Տեսակցութեան աւարտին փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան յաջողութիւն մաղթած է Սիմոն Աբգարեանին` յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ իրագործուող ծրագիրները շարունակական բնոյթ կը կրեն: