Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 3, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երիտասարդ Նորագիրներ Համալրեցին ՀՅԴ Հայաստանի Կառոյցի Շարքերը

Կիրակի, 30 յունիսին, Եռաբլուրի մէջ 6 նորագիրներ դաշնակցականի երդում տալով` համալրեցին կուսակցութեան շարքերը:

«ՀՅԴ-ի շարքերուն կը միանաք ծանր ժամանակներու ընթացքին, երբ երիտասարդները կը խուսափին կուսակցական դառնալէ, կը խուսափին տարատեսակ պիտակաւորումներէ, կը նախընտրեն ապրել իրենց կեանքը` հանգիստ, առանց մտահոգուելու կամ ներգրաւուելու համընդհանուր ու ամէն հարցէ վեր այս հոգերուն մէջ: Ձեր կամքի դրսեւորումը, գալը եւ միանալը մեզ աւելի ուժեղ պիտի դարձնեն», նշեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Տարօն Ղազարեան:

Երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ լիբանանահայ դաշնակցական, Արցախի Մարտունիի 26-րդ գումարտակի հետախուզական եւ զինական մասի խորհրդական, նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի շիրիմին վրայ:

Երդման կնքահայրը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ եւ ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեանն էր: Ան կոչ ուղղեց նորագիրներուն` պատրաստուելու երկարատեւ պայքարի:

Տօնոյեան ընդգծեց, որ պայքարը բոլոր սերունդներունն է, եւ պայքարի մէջ է նոյնիսկ անձնական երջանկութիւնը:

Նորագիրներէն մէկը ըսաւ, որ կուսակցութեան գաղափարներուն ծանօթանալով որոշած է միանալ այս կուսակցութեան, իսկ ուրիշ մը նշեց, որ մասնակցած է «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած «Ազգային-քաղաքական դպրոց» նախաձեռնութեան միջոցով ծանօթացաւ դաշնակցական երիտասարդներուն եւ որոշեց անցնիլ կուսակցութեան շարքերը:

Արբանեակային Պատկերները Կը Բացայայտեն Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Լայնածաւալ Ոչնչացումը. «Caucasus Heritage Watch»

«Caucasus Heritage Watch»-ը (CHW) 24 յունիսին հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման 7-րդ զեկոյցը:

Վերջին զեկոյցը ցոյց կու տար, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերածութիւններուն թիւը 2023-ի աշունէն ի վեր աւելցած է 75 տոկոսով:

«Caucasus Heritage Watch»-ը մշտադիտարկման սկսած էր 2021-ին եւ վերջին զեկոյցին մէջ բացայայտած է վտանգուած հայկական մշակութային վայրերու մեծագոյն քանակը` 6 նոր աւերուած վայրեր եւ գոյատեւման սպառնալիքին առջեւ կանգնած 7 վայրեր:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտումներէն ետք, «Caucasus Heritage Watch»-ը իր դիտարկման ծրագիրին մէջ աւելցուցած է առաւել քան 180 վայրեր: CHW-ի մշտադիտարկման մեկնարկէն ի վեր, անոնք 57 տեղանքներ իբրեւ աւերուած, վնասուած կամ վտանգուած նկատեցին:

Վերջին զեկոյցին մէջ ներառուած են Կանաչ ժամի եւ Շուշիի Ղազանչեցոց գերեզմանատան ամբողջական աւերումները:

Կը նշուի նաեւ, որ Քարինտակ գիւղը ամբողջութեամբ հողին հաւասարեցուած է անցեալ տարուան աշունէն այս տարուան ապրիլ ամիսը երկարող ժամանակաշրջանին, ինչ որ հաւանաբար տեղ պիտի բանայ ազրպէյճանական նոր բնակելի աւանի մը համար:

Բացի այդ` խումբը վտանգուած վայրերու ցանկին վրայ աւելցուց հինգ եկեղեցիներ եւ երկու գերեզմանատուներ` 24 դեկտեմբեր 2023-էն վայրերու թիւը հասցնելով յունիս 2024-ի դրութեամբ:

«Caucasus Heritage Watch» հետազօտական նախաձեռնութիւնը, որ կը ղեկավարուի «Քորնել» եւ «Փերտիու» համալսարաններու հնագէտներուն կողմէ, վերջին մէկ տարուան ընթացքին իր ցանկին վրայ աւելցուցած է հայկական ժառանգութեան 181 վայրեր: Այդ ցանկը այժմ կը ներառէ 489 վայրեր` ամբողջ Արցախի տարածքին:

«COP29-ի նախապատրաստական աշխատանքները կրնան լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան վրայ. ենթակառուցուածքներու եւ վերակառուցման ծրագիրները կը սպառնան, կը վնասեն կամ կ՛ոչնչացնեն մշակութային վայրերը», կ՛ըսուի  «Caucasus Heritage Watch»-ի զեկոյցին մէջ:

 ՀՕՄ-ի Բոլոր Միաւորները Միասնական Կամքով Նիւթապէս Եւ Բարոյապէս  Սատար Կանգնեցան Արցախցիներուն

Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Մելանիա Բալայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է միաւորին հարցերուն, տեղահանութենէն ետք իրականացուած ծրագիրներուն եւ ընելիքներուն մասին: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով Արցախի միաւորը կը գործէ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ներքեւ` իբրեւ «Արցախ» մասնաճիւղ պահպանելով մեկուսի կարգավիճակը:

Մ. Բալայեան նշած է, որ Արցախի բռնատեղահանումէն ետք առաջնային հարցը կապուած էր Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ սփռուած ՀՕՄ-ուհիներու մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու, կապ հաստատելու եւ նոր իրավիճակի մէջ աշխատանքները կազմակերպելու հետ:

Անոր խօսքով` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կոչին ընդառաջ, ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորները միասնական կամքով նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կանգնեցան արցախցիներուն: Տեղահանութենէն ետք Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ծրագիրները ուղղուած էին արցախահայութեան օժանդակութեան, որուն անմիջական մասնակցութիւն ցուցաբերած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը` իր գործունէութիւնը շարունակելով ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան գրասենեակին մէջ:

«Մեր ՀՕՄ-ուհիները աշխուժօրէն մասնակցեցան արցախահայերուն համար առաջին անհրաժեշտութեան` սնունդի, առողջապահական առարկաներու ու նիւթերու տուփերու պատրաստութեան եւ բաշխումի աշխատանքներուն: Կարճաժամկէտ ծրագիրներով շուրջ 10 հազար ընտանիքներու յատկացուած է տարբեր տեսակի օժանդակութիւն` դրամական, նուէր-քարտերու, սննդեղէնի արկղերու, անկողնային պարագաներու, ծածկոցներու, տաքացուցիչներու, տաք հագուստի, առողջապահութեան պարագաներու տեսքով, որոնք բաշխուած են Հայաստանի բոլոր մարզերուն եւ Երեւանի մէջ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու եւ ՀՅԴ կոմիտէներու միջոցով», յայտնած է Մելանիա Բալայեան:

2024 թուականի փետրուարին դրամական օժանդակութիւն տրամադրուած է Գորիսի եւ շրջակայ գիւղերու մէջ բնակութիւն հաստատած Արցախէն տեղահանուած 53 կարիքաւոր ընտանիքներու: Օգնութիւնը տրամադրուած էր ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին կողմէ, նախապէս ճշդուած ցուցակներով:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանին կողմէ դրամական օգնութիւն տրամադրուած է Խնձրիստանէն տեղահանուած 50 ընտանիքի` առաջնահերթութիւն տալով Խնձրիստանի «Սօսէ» մանկապարտէզներու սանիկներու, զոհուած եւ պայթիւնէն վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ բազմազաւակ ընտանիքներու:

Կեդրոնական վարչութեան որոշումով 40 հազար դրամ (100 $) արժողութեամբ «Երեւան սիթիի» սննդային քարտեր տրամադրուած են 847 ընտանիքի: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած են 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ին եւ 25-ին մարտական գործողութիւններու եւ պայթիւնի պատճառով զոհուած, անհետ կորած եւ գերի ունեցող ընտանիքները, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի եւ ուղեկից կառոյցներու անդամները:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհիին խօսքով, երկարաժամկէտ ծրագիրներու ծիրին մէջ կը նախատեսուի իրականացնել բնակարանային, աշխատանքի տեղաւորման, հոգեբանական, առողջապահական, իրաւախորհրդատուական ծրագիրներ:

Ան նշած է, որ արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն զուգահեռ, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը հետեւողականօրէն շարունակած է նաեւ իր մնայուն ծրագիրները: Կեդրոնական վարչութեան որոշումով «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ 19 սեպտեմբեր 2023-ի մարտական գործողութիւններու եւ սեպտեմբեր 25-ի վառելիքի պահեստի պայթիւնին պատճառով զոհուածներու եւ անհետ կորածներու անչափահաս երեխաները: Առ այսօր ծրագրին մէջ ընդգրկուած են 360 նոր երեխաներ:

ՀՕՄ-ի «Կրթաթոշակ» ծրագրի ծիրին մէջ հազարական ամերիկեան տոլար տրամադրուած է 2023-2024 ուսանողական տարուան ՀՕՄ-ի կրթաթոշակի արժանացած Երեւանի համալսարաններուն մէջ ուսանող արցախցի երկու ուսանողներու:

Մելանիա Բալայեան աւելցուցած է, որ այսօր կը փորձեն նոր պայմաններու եւ իրավիճակի մէջ շարունակել ՀՕՄ-ի աշխատանքները: «Տեղ գիւղէն այն կողմ հայրենիք ձգած ենք, բայց այսօր ալ հայրենիքի մէջ ենք, ուստի պէտք է սրբել արցունքները եւ յանուն համազգային տեսլականի շարունակել ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը», աւելցուցած է ան:

«Համախմբել Արցախահայութիւնը». Թեմակալ Առաջնորդը Մարզերու Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ Արցախցիներուն Հետ

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան արցախահայութեան հետ հանդիպումներու օրակարգով այցելեց Հայաստանի տարբեր թեմեր:

Սրբազան հայրը, թեմակալ առաջնորդներու ուղեկցութեամբ այցելեց Արմաւիրի թեմ` Արմաւիր եւ Մեծամօր, Գուգարաց թեմ` Վանաձոր, Շիրակի թեմ` Գիւմրի:

Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի փոխտնօրէն Ազատուհի Սիմոնեան, որ նոյնպէս իր խօսքը հնչեցուց այցելութեան նպատակին եւ հետագայ քայլերուն մասին: Այս շարունակական այցելութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի անդամները:

Հանդիպումներուն նպատակը նոյնն էր` համախմբել եւ սրտապնդել արցախահայութիւնը, տեղեկանալ վերջիններուս հարցերուն մասին եւ գտնել համապատասխան լուծումներ:

«Յանուն Հայրենիքի Յարատեւման» Գրական Մրցանակաբաշխութիւնը` Հայաստանի Գրողներու Միութեան Տան Մէջ

Երկրորդ տարին է, որ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը կազմակերպեցին ամէնամեայ գրական մրցանակաբաշխութիւնը, որ կրեց «Յանուն հայրենիքի յարատեւման» խորագիրը` նպատակ ունենալով օժանդակելու հայ գրողին ու խթանելու ժամանակակից հայ գրականութեան բնականոն ընթացքը:

Յունիս 25-ին Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստեղծագործութիւնները երեք տեսակի էին` արձակ, բանաստեղծութիւն եւ մանկապատանեկան-հեքիաթ, պատմուածք կամ բանաստեղծական շարք: Դատական կազմը գնահատեց ընդհանուր առմամբ 30 ստեղծագործութիւն, որոնք մրցոյթին ներկայացուած էին անանուն եւ արձանագրուած` միայն ծածկագիրներով:

«Արձակ» անուանակարգին առաջին մրցանակակիրը Ֆելիքս Բախչինեանն էր, «Բանաստեղծութիւն» անուանակարգինը` Հերմինէ Աւագեանը, իսկ դատական կազմի որոշումով «Մանկապատանեկան» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակ չշնորհուեցաւ:

Լոյս Տեսած Է «Հայկական Հարցի Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Արխիւի Տեղեկագիր Մատեան. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան» Գիրքը

Գիրքին մէջ առաջին անգամ ցուցակագրուած եւ մանրամասն նկարագրուած են 1938 թուականէն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ պահուող 1919-1922 թուականներուն Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Զաւէն Տէր Եղիայեանի հովանիին տակ ստեղծուած «Տեղեկատու դիւանի»` «Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան» 11 տուփերէ բաղկացած անմշակ այս արխիւին առաջին տուփին վաւերագիրները` համապատասխան ծանօթագրութիւններով:

Յունիս 24-ին տեղի ունեցած է «Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան արխիւի տեղեկագիր մատեան. Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան» գիրքի երեւանեան շնորհահանդէսը: Գիրքին հեղինակներն են` Լուսինէ Սահակեան, Անի Ոսկանեան եւ Անի Սարգսեան:

Ուսումնասիրութիւնը իրականացուած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու ուսումնարանէն ներս` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի հետ համագործակցաբար:

Արխիւին մէջ հաւաքուած են` հայ եւ օտար քաղաքական, հասարակական, հոգեւոր գործիչներու, դիւանագէտներու բազմաթիւ զեկոյցներ, տեղեկագիրներ, նամակներ, ականատեսներու վկայութիւններ եւ օրագիրներ, ինչպէս նաեւ` Ա. Աշխարհամարտէն առաջ եւ ետք Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ այլ վայրերու հայ բնակչութեան, որբերու, բռնի իսլամացած ու առեւանգուած հայերու, նիւթական կորուստներու վիճակագրական ցանկեր, առաջնորդարաններէն Կ. Պոլսոյ պատրիարքարան ուղարկուած նամակներ, օսմանեան իշխանութիւններու հայերու բնաջնջման հրամանագիրներ, երիտթուրք ոճրագործներու անուանացանկեր, քեմալականներու իրականացուցած ոճրագործութիւնները վկայող վաւերագիրներ եւ այլն:

Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակի Նախաձեռնութեամբ Սիւնիքի Մարզի Լոր Գիւղին Մէջ Կայացաւ Համօ Սահեանի 110-Ամեակին Նուիրուած Գրական Ցերեկոյթ

Հայ մեծանուն բանաստեղծ Համօ Սահեանի ծննդեան 110-ամեակին առիթով, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Սիւնիքի մարզի Լոր գիւղին մէջ կայացաւ գրական ցերեկոյթ` բանաստեղծին տուն-թանգարանէն ներս, ուր հիւրերը դիմաւորեց եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց թանգարանի տնօրէն Քնքուշ Յարութիւնեանը:

Գրական ցերեկոյթին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ խօսք արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ, գրող, հրապարակախօս Արտաշէս Շահբազեանը:

Ներկաները առիթ ունեցան կիսուելու Հ. Սահեանի գրականութեան մասին իրենց մտորումներով:

Խօսքեր արտասանեցին` Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանը, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեանը, դոցենտ Նոնա Դաւթեանը, Նանար Սիմոնեանը, ազատամարտիկ, «Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը, գրականութեան ուսուցչուհի Անուշ Միքայէլեանը:

Ձեռնարկին ընթացքին հնչեցին մեծ բանաստեղծին ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ գրուած երգեր` Գարիկ Տէր Ստեփանեանի եւ Տիանա Յարութիւնեանի մեկնաբանութեամբ, մինչ ցերեկոյթը վարեց Վահագն Զաքարեան:

Ձեռնարկին աւարտին  Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռ. Առաքելեան անդրադարձաւ սփիւռքահայ ժամանակակից գրողներ Կարօ Արմէնեանի եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի`  օրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած բանաստեղծական ժողովածուներուն: Նշեալ գիրքերէն ան նուիրեց ներկաներուն եւ թանգարանի գրադարանին:

Հայաստանի ՀՕՄ–ի «Շուշի» Մասնաճիւղը Կազմակերպեց Հանդիպում Մը` Արցախեան Պատերազմի Զոհուած Ազատամարտիկներու Մայրերուն Հետ Եւ Նշեց «Տատիկներու Տօնը»

Հայաստանի ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղը 19 յունիս 2024-ին  ՀՅԴ-ի Զէյթունի  կոմիտէութեան  գրասենեակէն ներս կազմակերպեց հանդիպում մը` արցախեան պատերազմի զոհուած ազատամարտիկներու մայրերուն հետ, նշելու համար մասնաճիւղին աւանդական դարձած «Տատիկներու տօնը»:

Մասնաճիւղի  անդամները առանձնակի ջերմութեամբ նախ շնորհաւորեցին բոլորին անցած մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով` փափաքելով խաղաղ երկինք մեր հայրենիքին, Արցախին աշխարհին եւ սրբազան  հողին, կատարուեցաւ մտերմիկ հիւրասիրութիւն եւ իւրաքանչիւր մօր տրամադրուեցան համեստ նուէրներ:

Յարգանքի եւ անմոռացութեան արժանի են այս մայրերը, որոնք ծնած, մեծցուցած եւ դաստիարակած են այնպիսի զաւակներ, որոնք դարձած են հայրենասիրութեան եւ հայրենապաշտութեան անմահ հերոսներ:

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Փափրաւանդի Գրաւումը Եւ Վարազաբունի Հերոսական Պաշտպանութիւնը

Յաջորդը

Թատերական Կեանքին Մէջ 40 Տարուան Վաստակ Ունեցող Դերասան Ու Բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին Նուիրուած Յուշ Երեկոյ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?